Յօդուածներ

ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական Բ. Համագումարը Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական Բ. Համագումարը Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

Երկու օրուան վրայ երկարած նիստերէ ետք, ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական Բ. համագումարը իր աշխատանքները յաջողութեամբ աւարտեց Նիկոսիոյ մէջ, Կիպրոս: Պաշտօնական բացման հանդիսութենէն ետք, ուրբաթ, 28 ապրիլի կէսօրին համագումարը անցաւ իր առաջին օրուան աշխատանքներուն եւ տեսանիւթով լսեց վկայութիւնները երիտասարդական Ա. համագումարի (Աթէնք, մայիս 2019) խումբ մը մասնակիցներու: Ապա համագումարը կազմեց իր դիւանը եւ աշխատանքային յանձնախումբերը: Այնուհետեւ, համագումարը լսեց երեք նիւթեր եւ կատարեց համապատասխան...

Սթափելու Ժամանակը

Աշխատանքը Աղբիւրն Է Յառաջդիմութեան

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Գոյութենական տագնապի արտակարգ պայմաններուն մէջ կը դիմաւորենք Մայիս 1-ի Աշխատաւորական տօնը: Աշխատանքը, իր բոլոր տեսակներով ու դրսեւորումներով, աղբիւրն է մարդկային ընկերութեան կեցութեան եւ բարգաւաճումին: Աշխատանքի շնորհիւ է, որ կը ստեղծուի ամենայն բարիք` ֆիզիքական պահպանումի համար սնունդ, մտքի ու հոգիի բաւարարման համար մշակոյթ եւ գիտութիւն, հաղորդակցութեան ու հանգիստի համար արհեստագիտութիւն, մեքենաներ ու գործիքներ: Ամփոփելով` առանց աշխատանքի չկայ, պարզապէս չկայ...

107 Տարեկան Արժանթինահայ Վերապրող Ովսաննա Չիլինկիրեան Հանին.  Երազ Է՞ր, Թէ՞ Տեսիլք…

107 Տարեկան Արժանթինահայ Վերապրող Ովսաննա Չիլինկիրեան Հանին. Երազ Է՞ր, Թէ՞ Տեսիլք…

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ 2005-ի ապրիլ 18-ին, որ կը զուգադիպէր ծննդեանս տարեդարձին, ախտաճանաչուեցայ  լայնաղիի մեծ քաղցկեղով: Անիկա շտապ վիրահատուեցաւ նոյն օրը գիշերով: Վիրահատութիւնը կատարուեցաւ Մոնրէալի Ժան Թալոն հիւանդանոցին մէջ, բժիշկ Նեսիպ Խուրիի ձեռքով: Ան 1973-ին եղած էր իմ աշակերտներէս մէկը` Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցի քիթ-կոկորդ-ականջ բաժանմունքին մէջ: Այս ուռը լայնաղիի տեղական ուռ մըն էր, տարածուած չէր մարմնի այլ մասերուն: Ուստի քիմիադարմանումի կամ...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Պատմութիւնը Կրկնւում Է

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Պատմութիւնը Կրկնւում Է

Անքննելի ճշմարտութիւն էր թւում այն բանաձումը, թէ` «Պատմութիւնը չի կրկնւում»: Ոչ հեռաւոր անցեալում անհնար էր երեւակայելը, որ թուրքական հայաջինջ աքցանը կրկին իր մէջ կ՛առնի հայոց հայրենիքը` նորօրեայ սերունդների մօտ արթնացնելով պետականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը կորցնելու զգացողութիւնը: Արցախեան շարժման եւ Հայաստանի անկախացման շրջանում Հայաստանում իշխանութեան եկաւ քաղաքական այն հոսանքը, որը վերաքննութեան հարց դարձրեց Հայոց ցեղասպանութեան պատճառահետեւանքային կապերը` մեղաւորութեան մէկ բաժինը բարդելով ժամանակի...

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023-ի Չորրորդ Թիւը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023-ի Չորրորդ Թիւը

Ընթերցողին տրամադրութեան տակ է «Դրօշակ»-ի այս տարուան չորրորդ թիւը, ուր բնականաբար հիմնական տեղ կը գրաւեն Հայոց ցեղասպանութեան թեմային նուիրուած էջերը: Պատմական զուգահեռներ կատարելով` թիւի առաջնորդող յօդուածին մէջ կը խօսուի այն մասին, որ հայ ժողովուրդը կրկին կանգնած է ճակատագրական փորձութեան շեմին, եւ ցեղասպան թշնամիներուն նկատմամբ չգիտակցուած կամ գիտակցուած անհաշուենկատ վերաբերմունքը, վերջինիս երախէն խաղաղութիւն կորզելու անյաջող ճիգերը հայութեան համար կրնան աւարտիլ մեծ...

Նամականի

Անդրադարձ Սփիւռքի Տարի 2023 – ԺԲ. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն, Սփիւռքահայութեան Հայ Մնալու Հիմնական Միջոցները, Միութիւններ Ու Անդամներու Եւ Համակիրներու Աշխուժ Ցանցեր

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Կրկնութեան գնով պէտք է շեշտել հետեւեալը. Ա.- «Թուրքին եւ Թուրքիոյ ճի՛շդ այդ հրէշային ոճիրներուն դէմ գիտակցութիւնը եւ մարդկային պատմութեան ամէնէն ահաւոր այս ոճիրին դէմ արդարութիւն պահանջողի վիճակն ու ձգտումն է, որ կը միաւորէ ու կը հզօրացնէ սփիւռքի հայութիւնը: Ցեղասպանութեան ենթարկուած ու տեղահանուած ըլլալն է սփիւռքահայութեան հասարակ յայտարարը, եւ յիշողութիւնն ու հատուցումի պահանջատիրութիւնն է բոլորս միաւորողը: Ա՛ՅՍ Է ԷԱԿԱՆԸ»...

ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական Բ. Համագումարը Իր Աշխատանքներուն Սկսաւ Նիկոսիոյ Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական Բ. Համագումարը Իր Աշխատանքներուն Սկսաւ Նիկոսիոյ Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ հիւրընկալութեամբ Կիպրոսի ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի վարչութեան, ուրբաթ, 28 ապրիլ 2023-ի կէսօրին Նիկոսիոյ մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական Բ. համագումարը, որ կը միտի քննել միութեան սկաուտական եւ մարզական բնագաւառներէն դուրս գտնուող երիտասարդ ՀՄԸՄ-ականներու (18-30 տարեկան) աշխատանքային նոր գործադաշտեր ստեղծելու կարելիութիւնները: Համագումարը ընթացք առաւ բացման պաշտօնական հանդիսութեամբ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան,...

Լիբանանահայ Անուանի Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի Երգահանդէսը` Լոնտոնի Թագաւորական Քենսինկթընի Ս. Քաթփըրթ Եկեղեցւոյ Մէջ

Լիբանանահայ Անուանի Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի Երգահանդէսը` Լոնտոնի Թագաւորական Քենսինկթընի Ս. Քաթփըրթ Եկեղեցւոյ Մէջ

Պատրաստեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ 18 մարտ 2023-ին Լոնտոնի «Քլինկըն» մշակութային ընկերակցութիւնը, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ Ս. Քաթփըրթ եկեղեցւոյ հետ գործակցաբար, ներկայացուց «Love opera arias & romances» համերգը` Լոնտոնի թագաւորական  Քենսինկթընի Ս. Քաթփըրթ եկեղեցւոյ մէջ: Երգահանդէսին մեկնաբանուեցան հայ եւ եւրոպացի երգահաններու գլուխ-գործոցներէն միջազգային համբաւ վայելող երաժիշտներու լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի, բրիտանահայ (ծնունդով լիբանանահայ) թենոր եւ խմբավար Սիփան Օլահի, բրիտանահայ (նախկին...

Յինանց Կիրակիներ.  Աշխարհամատրան Կամ Կանաչ Կիրակի Եւ Կարմիր Կիրակի

Յինանց Կիրակիներ. Աշխարհամատրան Կամ Կանաչ Կիրակի Եւ Կարմիր Կիրակի

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին` Զատիկին յաջորդող երկրորդ կիրակին կը կոչուի Աշխարհամատրան կամ Կանաչ կիրակի: Աշխարհամատրան կիրակին եկեղեցին կը նշէ Յիսուս Քրիստոսի հաստատած մէկ եւ ընդհանրական եկեղեցւոյ տօնը: Համաքրիստոնէական առաջին մատուռը կամ եկեղեցին Սիոնի Վերնատունն է: Աշխարհամատուռ կը նշանակէ աշխարհի առաջին մատուռ, բոլոր քրիստոնեաներու մատուռ: Մատուռ, յունարէն` մարտիրիոն, կը նշանակէ մարտիրոսանոց: Յիսուս Քրիստոսի Աստուածութիւնը խոստովանողներու վկայարանին` մարտիրոսներու եկեղեցիին...

Բարեպաշտ  Լենա Գասարճեան-Եարտըմեանի Յիշատակին

Բարեպաշտ Լենա Գասարճեան-Եարտըմեանի Յիշատակին

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ Ասկէ շուրջ քառասուն օր առաջ իր ընտանիքէն, հարազատներէն, բարեկամներէն եւ ընդհանրապէս անմիջական շրջանակէն հեռացաւ ազնուահոգի, կենսունակ, գործունեայ եւ նուիրեալ հայուհի մը` յանձինն Լենա Գասարճեան-Եարտըմեանին, կողակիցը` գաղութիս սիրուած եւ յարգուած ազգային, հայրենասէր ու գործարար` Հայկազ Եարտըմեանին: Հանգուցեալին բազմաթիւ ծանօթներու համար տիկ. Լենային վաղահաս կորուստը խոր ցաւ պատճառեց` նկատի ունենալով անոր ժրաջանութիւնը, պատրաստակամութիւնն ու նուիրուածութիւնը հայկական կեանքին իր գործօն մասնակցութիւններով,...

Բարի Եւ Ժողովուրդին Ծառայած Համբոյին Յիշատակին

Բարի Եւ Ժողովուրդին Ծառայած Համբոյին Յիշատակին

ԹԱԹՈՒԼ Երբեմն կեանքի խառնիխուռն հոլովոյթի մէկ ընդհատումն է, որ յանկարծ կը ցնցէ մեզ: Այդ ափսոսանքը կ՛ապրինք այսօր` Համբոյի ննջման քառասնօրեայ յիշատակին: Թէեւ անմահանալու իղձն ու երկար ապրելու բնական փափաքը բնազդն է մարդ արարածին, այսուհանդերձ,  մարմնաւոր բաժանումները կու գան սթափեցնելու` ցաւ ու վիշտ պատճառելով եւ տրտմեցնելով մեզ: Հակառակ անոր որ քրիստոնէական առումով գիտակից ու քաջատեղեակ կրնանք ըլլալ մահուան գաղափարին, սակայն բարեկամի,...

Թուրք Տասնապետը Սարսափելի Մանրամասնութիւններ Կը Յայտնէ Տէրսիմի Ալեւիներու Եւ Հայերու Կոտորածի Մասին

Թուրք Տասնապետը Սարսափելի Մանրամասնութիւններ Կը Յայտնէ Տէրսիմի Ալեւիներու Եւ Հայերու Կոտորածի Մասին

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Թուրք տասնապետը Ալի Օզ, որ մասնակցած է հազարաւոր ալեւի քիւրտերու եւ հայերու կոտորածին` Թուրքիոյ Տէրսիմի շրջանին մէջ, 1937-1938 թուականներուն, ցնցող խոստովանութիւն մը ըրած է այդ սպանութիւններուն մէջ իր դերակատարութեան մասին:  Չափազանց վրդովեցուցիչ է կարդալ սպանութիւններու մասին գրուած այդ զարհուրելի մանրամասնութիւնները: Օզի նամակին աղբիւրը Հասան Սալթըքի արխիւն է. ան Kalan Music-ի հիմնադիրն է, որ ստեղծած...

Քըլըչտարօղլուի Թեկնածութիւնն Ու Ամերիկեան Եւ Հայկական Շահերու Համընկնումը

Քըլըչտարօղլուի Թեկնածութիւնն Ու Ամերիկեան Եւ Հայկական Շահերու Համընկնումը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեան մէջ թուրք քուէարկողի հետաքրքրութեան առարկան բնականաբար ներքին խնդիրներն են, ինչպէս տնտեսութիւնն ու ինքնութեան խնդիրները։ Նախագահութեան այս կամ այն թեկնածուի յաղթանակը, սակայն,  նաեւ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ երկիրի արտաքին քաղաքականութեան ու արեւելումին վրայ, ուստի կարեւոր հարց է օտար պետութիւններու, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ համար։ Այդ ընտրութեան արդիւնքը նաեւ մեզ՝ հայերս կը հետաքրքրէ կամ պէտք է...

Փոքրիկն Հաուըրտ Գարակէօզեանի Մահուան 105-Ամեակի Նշում` Տարբեր Նախաձեռնութիւններով

Փոքրիկն Հաուըրտ Գարակէօզեանի Մահուան 105-Ամեակի Նշում` Տարբեր Նախաձեռնութիւններով

ԺԱՆԻՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ-ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Մայր բնութիւնը, յատկապէս` գարնան շրջանին, պարտէզներուն մէջ ծառերու եւ ծաղիկներու գեղեցկութեամբ եւ բուրմունքով կը հարստացնէ ու  կը թարմացնէ մեր կեանքը եւ մեզ կը լիցքաւորէ վերանորոգման խորին խորհուրդով: Արդարեւ, ոչ միայն մարգագետիններու մէջ բազմազան գոյներով կը փռէ իր հմայիչ ներկայութիւնը, այլ շատ յաճախ խուզարկու աչքեր կը տեսնեն, թէ ինչպէ՛ս երբեմն նոյնիսկ  փուշերուն մէջէն հասակ կ՛առնեն այնպիսի չքնաղ ծաղիկներ, որոնք...

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակ.   Ապագայ Լրագրողները Այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակ. Ապագայ Լրագրողները Այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

«Ազդակ»-ի նախաձեռնութեամբ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին աջակցութեամբ գործող «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները շաբաթ, 8 ապրիլ 2023-ին այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան: Այցելութիւնը կատարուեցաւ թանգարանի ընդհանուր վարիչ Գրիգոր Ալոզեանի առաջարկով, որ հրաւէր մըն էր այցելութեան, եւ որուն ետին կար զայն  աշխատանքի վերածելու պատկերացում մը: «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի պատասխանատու Արշօ Պալեան...

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ. Ապագայ Լրագրողները Այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ. Ապագայ Լրագրողները Այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

ՎԱՐԱՆԴ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի ընդհանուր վարիչին Գօգօ Ալոզեանի եւ աջակցութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները 8 ապրիլին այցելեցին» Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան: Ապագայ լրագրողները դիմաւորուեցան Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի ընդհանուր վարիչին` Գօգօ Ալոզեանի կողմէ, որ բացատրեց «Թռչնոց բոյն» որբանոցի հիմնադրութեան հիմնական կէտերը` անդրադառնալով անոր աշխարհագրական...

Խաւարէն Դէպի Լոյս. Այցելութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

Խաւարէն Դէպի Լոյս. Այցելութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

ՍԵՒԱԿ ԶԱՐՄԷՆԵԱՆ Մեծ եղեռնը խոր հետքեր ձգեց հայ ազգին վրայ` պատճառելով անչափելի ցաւ ու տառապանք այս վայրագութիւններէն տուժած անհատներուն: Ցեղասպանութենէն վերապրողներէն ամենազգայուն պարագան յատկապէս որբ մանուկներու պարագան է, քանի որ անոնք ոչ միայն կորսնցուցին իրենց ընտանիքները, այլեւ` ինքնութեան զգացումը: Հայ որբերուն թիւը ահաւոր մեծ էր Ցեղասպանութենէն ետք, հետեւաբար այս որբերուն հոգատարութիւնը մասամբ ստանձնեցին օտար ընտանիքներ եւ մասամբ` որբանոցներ: Այս յօդուածին...

Helena_0424

ՀԵԼԵՆԱ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Հայկական գորգը տարբեր ժամանակաշրջաններու ունեցած է տարբեր անուանումներ: Գորգը հայ մշակոյթին խորհրդանիշներէն մէկն է: Հայ որբը որբանոցին մէջ սորված է նոր գիտելիք մը, որ ակռան էր: Ուրեմն, որբանոց այցելած էր ատամնաբուժ մը, որուն այցելութեան նպատակն էր ակռաներու եւ բերնի խնամքի մասին սորվեցնել որբերը: Դպրոցական վերամուտ էր, երբ կը վերսկսէր բոլոր որբանոցներուն մէջ ակռաներու եւ բերնի տարեկան բժշկական քննութիւնը:...

«Երիտասարդներու Հետ Գործակցութիւնը Պէտք Է Ամրապնդուի»   Շեշտեց Գ. Ալոզեան

«Երիտասարդներու Հետ Գործակցութիւնը Պէտք Է Ամրապնդուի» Շեշտեց Գ. Ալոզեան

ՀՐԱԿ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ Շաբաթ, 8 ապրիլ 2023-ին «Ազդակ»-ի «Ապագայ լրագրողներ»-ով այցելեցինք Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան: Այցելութենէն ետք առիթը ունեցայ հարցազրոյց մը կատարելու թանգարանի ընդհանուր վարիչ Գրիգոր Ալոզեանին հետ: Գ. Ալոզեան ծնած է Լիբանան, նախնական ուսումը ստացած է Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ, իսկ իր բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Հայկազեան ու Պէյրութի ամերիկեան համալսարաններուն մէջ: Մասնագիտացած է բժշկական...

Անմահ Ազգ

Անմահ Ազգ

ԱԼԻՆ ԱՅԱՆԵԱՆ 20-րդ դարու մարդկային ամենամեծ անարդարութեան` Թուրքիոյ կազմակերպած Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով, ջարդուեցան աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայեր: Այս անմարդկային ոճրագործութեան պատճառով միլիոնաւոր հայեր կորսնցուցին իրենց ընտանիքները, տուները, հայրենիքը: Ամբողջ հայ սերունդ մը քայքայուեցաւ: Հազարաւոր երեխաներ դարձան անտէր որբեր: Այս երեխաները հայուն միակ ապագան ու ժառանգորդն էին, միակ յոյսը` հայութեան գոյատեւման: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հազարաւոր որբեր կրցան փրկուիլ ու ապաստանիլ...

Page 267 of 1111 1 … 266 267 268 … 1,111

Արխիւներ