Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գունաւոր Ցեղասպանութիւն

Ապրիլ 21, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Սիրելի ընթերցողը հարց պիտի տայ, թէ «Գունաւոր ցեղասպանութիւնը» ո՞ր մէկն է` հաստատ գիտնալով, որ այս անաստուած դարուս ոմանք ամէն բան կը գունաւորեն «Գունաւոր» ածականով:

Այսպէս` գունաւոր կեանք, գունաւոր սեռային կեանք (ԼԳՏՊ-ներուն եօթնագոյն ժապաւէնը), գունաւոր յեղափոխութիւն, կարծես գոյները բնութենէն առնուած եւ ներմուծուած են մարդկութեան մերօրեայ անգոյն, տժգոյն ու գորշ կեանքին, մեր այս դարուն մէջ. ու հիմա` «Գունաւոր ցեղասպանութիւն»:

Նախորդ դարու սկիզբը` 108 տարիներ առաջ, 1915-ին, Օսմանեան կայսրութեան Երիտասարդ թուրքերու վարչաձեւը (Իթթիհատ վէ Թերաքի կուսակցութիւնը) ծրագրեց գործադրել հայոց կարմիր ցեղասպանութիւնը` լաւատեղեակ ըլլալով, որ իրենց նախնիներուն, սուլթանական վարչաձեւի մերթ ընդ մերթ կատարած ցեղասպանական արարքները բաւարարաչափ կարմիր չէին, կամ անոնց կարմիրը բաւարարաչափ մուգ կարմիր չէր:

Եւ անոնք իրագործեցին այդ Կարմիր եղեռնագործութիւնը` Հայոց Մեծ ցեղասպանութիւնը:

Հոս չենք ուզեր կրկնել 108 տարիներէ ի վեր թւումն ու նկարագրութիւնը, այդ քստմնելի, դատապարտելի ու անմարդկային արարքին, բացի ընդգծելու, որ դարաւոր մեր հայրենիքը, իր հայ բնակչութեամբ ու անոր նիւթական թէ հոգեմտաւոր բազմադարեայ մարդկային հարստութիւնները փոշիացան:

Նշելով անցնինք, որ ապա ունեցանք կարճատեւ ու կրճատուած անկախ հայրենիք մը` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը, վեց դարերէն ետք ծածանող Եռագոյն դրօշով:

Հազիւ երկուքուկէս տարիներ, երբ նորելուկ բռնակալներ կարմիրով ներկեցին մեր Եռագոյն դրօշը:

Այդ խորհրդային կարմիր համակարգին ալ հայութիւնը տուաւ իր արեան տուրքը: Շատեր անվերադարձ աքսորուեցան Սիպերիոյ Ճերմակ խորերը, հազարներ իբրեւ նահատակներ ինկան Լենինի, Ստալինի, Հիթլերի, Մուսոլինիի ու արեւմտեան աշխարհի ուրիշ ու ուրիշ մեծապետերու նախաձեռնած ու գործադրած, 1939-ին, բռնկած Բ. Աշխարհամարտին ու անոր բագինի ստոր հաշիւներուն:

Չէ՞ որ օրին, Լենինի ուղեղի փայլատակումով ընդգծուած էր, թէ որքա՛ն «հաճելի է յեղափոխութեան փորձը…»:

«Կարմիր յեղափոխութեան» փորձը…

Ու 1991-ին ունեցանք Հայաստանի վերանկախացում. ունեցանք Արցախի անկախութիւն` հայու հազարաւոր նահատակներու արեամբ ստեղծուած:

Նորագոյն անկախութեան օրերը, տարիները, կայծակի արագութեամբ անցան:

Դժբախտաբար, այդ երեսուն անկախ տարիներուն ընթացքին կառուցելով հայրենիք, զայն չկրցանք վերածել ամրակուռ ու անպարտելի ամրոցի մը: Անոր խոցելի կողմերը, շատ էին: Այդ տարիները յատկանշուեցան տնտեսական թէ ընկերային անարդարութիւններով, լի խարխափումներով, ինչ որ ժողովուրդին մօտ աճեցուց ցասումի ապրում մը, որ` շահագործուելով «Գունաւոր» ընդդիմադիրներուն կողմէ, յանգեցաւ «Գունաւոր յեղափոխութիւն» յորջորջուած` վիժած ծնունդ իշխանափոխութեան մը:

Այդ երեսուն տարիներուն ընթացքին մեր ոսոխները` Թուրքիան ու Ազրպէյճանը, տենդագին շարունակեցին աճեցնել իրենց ցեղասպանական բնազդը, որ դարձաւ ընթացք` խորապէս սերտուած ու պատրաստուած ձեւերու եւ միջոցներու կիրարկումով:

Արդիական` քեմալական Թուրքիոյ իրերայաջորդ վարչախումբերը, հետեւականօրէն քանդեցին բռնագրաւեալ Հայաստանին մէջ որեւէ հայկական  հազարաւոր կառոյցներ, ամրոցներ, վանքեր, եկեղեցիներ… եւ այլն նոյնը կատարուեցաւ Արաքսի միւս ափին, խորհրդային իշխանութեան ներքոյ, Հայաստանին, բայց մանաւանդ Ազրպէյճան կոչեալ արհեստածին տարածքին: Հետեւականօրէն հայաթափուեցան Նախիջեւանը, դաշտային Արցախը, Գանձակը…

Կը յիշե՞նք, թէ ինչպէ՛ս, օր ցերեկով, միջազգային հանրութեան թէ պետութիւններուն տեսադաշտին տակ գտնուած Նախիջեւանի հազարաւոր խաչքարերը, Նախիջեւանի հայկական ըլլալու լուռ խաչքար վկաները, ջարդի ենթարկուեցան ու փոշիացան:

Արդեօք կա՞յ մէկը որ կրնայ ըսել, թէ հայաթափման ու անոր` հայութեան հետքերը բնաջնջելու արարքներուն գոյնը ի՞նչ էր: Ի՞նչ գոյն ունէր այդ ցեղասպանութիւնը: Գունաւոր ցեղասպանութիւն չէ՞ր:

Ջարդարարին սուրը երկսայրի էր: Մէկ սայրը իր ձեռին, իսկ երկրորդը, ափսոս, ցեղասպանուած հայութեան ձեռքերուն մէջ տեղ գտաւ:

Ազերին տիւ ու ցերեկ զինուեցաւ, ժողովրդավարութիւն, մարդկային իրաւունքներ… ու այսպիսի աղաւաղուած արժէքներով ելոյթ ունեցող պետութիւններուն կողմէ:

Ու ան` թշնամին (եւ ոչ թէ հակառակորդը), նախաձեռնողը եղաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին:

Ան, բանակի զինումին հետ միատեղ, իր ժողովուրդին միտքն ու հոգին ալ զինած էր հայատեացութեամբ:

Ու եղաւ մեր պարտութիւնը:

Այսօր ոսոխը պաշարած է իր տարածքին երեք քառորդը կորսնցուցած Արցախը, իր 120 հազար բնակիչներով, չորս ամիսներէ ի վեր:

Վառելանիւթի, ելեկտրական հոսանքի, կենցաղային պէտքերու, նոյնիսկ առողջապահական կարիքներու զրկում, արգիլում ու անջատում:

Վերոյիշեալները ցեղասպանութիւն չե՞ն: Իսկ այդ ցեղասպանութեան գոյնը ի՞նչ է: Գունաւոր չէ՞ արդեօք:

Տարասփիւռ հայութիւնը անցնող 108 տարիներուն` զրկուած իր դարաւոր հայրենիքէն, զրկուած որպէս ազգ ու ազգութիւն գոյատեւելու կռուաններէն իր բնակած գաղութներուն մէջ մատնուած դառն ու դաժան կեանքի մը բազմապիսի պարտադրանքներու, ցամաքէ-ցամաք ման կու գայ:

Եգիպտոսի կենսաշող հայկական գաղութէն ուրուական մը մնացած է այսօր:

Պարսկաստանի հայութիւնը եւս ապրեցաւ յեղափոխութեան քաոսը:

Լիբանանահայութիւնը, երկրին 15-ամեայ քաղաքացիական պատերազմի իրավիճակին լուծին տակ, կորսնցուց իր ստուար թիւն ու որակը եւ ցայսօր կը պայքարի, կը մաքառի իր բազմամեայ կենսունակութիւնը պահելու համար, հակառակ իրեն (ինչպէս Լիբանանի ողջ բնակչութեան) պարտադրուած մերօրեայ տնտեսական ու բազմատեսակ պաշարումի պայմաններուն:

Սուրիահայութիւնը անցնող տասնամեակին` իր անցուցած տագնապին պատերազմական թէ տնտեսական անմարդկային պայմաններուն տակ կքած, այսօր կորսնցուցած է իր նախատագնապի օրերու թուային պատկերին երկու երրորդը, ու ցիրուցան դարձած է աշխարհի չորս ափերուն:

Ան` սուրիահայութիւնը, անցեալ դարուն, ենթակայ միջպետական խաղերուն ու դաւերուն, հարկադրուած լքեց բռնագրաւուած – Արեւմտեան Հայաստանի մերձակայ հողերուն մօտիկ, իր սուրիական բնակավայրերը, զորս կազմած էր Ցեղասպանութենէն ողջ ճողոպրելէ ետք, եւ որոնք կը կոչուէին` Ճարապլուս, Արաբունար, Ռաս ուլ Էյն, Տըրպէսիէ, Տէրիք, Ամուտա… եւ այլն:

Վերոյիշեալ շրջաններուն մէջ իրագործուած ցեղասպանական արարքները, ցեղասպանութեան ո՞ր գոյնը ունէին: Արդեօք գունաւոր չէի՞ն: Հայաթափումը ցեղասպանութիւն չէ՞:

Միջին Արեւելքի հայութիւնը դէպի եւրոպական թէ ամերիկեան ոստաններ ներքաշելը, իրենց միջինարեւելեան բնակավայրը անկայունացնելով թէ տագնապեցնելով, ու դէպի այդ երկիրները գաղթելու, այսպէս կոչուած «մարդկային թէ անմարդկային» դիւրութիւններ ընծայելով, այդ ամէնը ցեղասպանութեան վերնագրին տակ դնելը սխա՞լ է, թէ՞ մահացու մեղք: Փափուկ ու գունաւոր ցեղասպանութիւն չէ՞:

Գալով հայրենի հայութեան իրավիճակին. զայն երեսուն տարիներ օրօրելով, զայն մեղկ, շուայտ, հանգստաւէտ ու սին-աննպատակ կեանքի մը վարժեցնելով, խախտելով թէ լիցքաթափելով անոր կրթական-ընկերային համակարգը, արգիլելով թէ արգելակելով զայն հայ ազգի բնական ընթացքէն, զայն օտարացնելով իր իսկ ազգութեան հետ, զայն Հայաստանը կողոպտող «օլիկարխներու», նման ոսկիէ հորթին պաշտամունքին մոլուցքով ապրեցնելը, արդեօ՞ք սովետական ազգակործան ցեղասպանութեան շարունակութիւնը չէ՞, կարմիրին փոխարէն անոր ոսկեգոյնը կամ գունաւորը որդեգրելով, քիչ առ քիչ ու դանդաղօրէն կիրարկուող գունաւոր ցեղասպանութիւն չէ՞:

1984-ին, երբ առաջին անգամ հայրենիք այցելեցի` խորհրդային օրերուն, կը յիշեմ ամէնուրեք` ճաշարաններուն մէջ, ականջալուր կը դառնայինք ընդհանրացած երգի մը.

– Ույ աման, աման, ույ աման,
Թագաւոր լինելուց լաւ բան,
Կեր խմի քէֆ արա շարունակ,
Աշխարհը խալի է ոտքիդ տակ:

Ռապիզ ու թրքաոճ երգերու մոտայի օրերն էին:

Հակառակ այն իրողութեան, որ Հայաստանը խորհրդային էր, այդ երգերուն հանդէպ մտաւորականութիւնը ցասումի ու դատապարտումի ալիք բարձրացուց, այնքան որ երգին բառերուն հեղինակը, թէ անոր երաժշտութիւնը յօրինողը համարձակութիւնը չունեցան իրենք-զիրենք բացայայտելու:

Պարոյր Սեւակի, Մուշեղ Գալշոյեանի, Մինաս Աւետիսեանի ու այլոց «առեղծուածային» մահերու տարիներն էին:

Այս օրերուն ալ կ՛երգուին վերոյիշեալին նման երգեր.

– Քէյֆ ենք անում,
քէյֆ ենք անում սիրելիս,
քէյֆ ենք անում, մենք բոլորս միասին…

(«Ծափիկ-ծափիկ ծիրանիկ»… որքան նման են)

Վերոյիշեալ երեւոյթը մշակութային գունաւոր ցեղասպանութիւն չէ՞, հապա ի՞նչ է. այն ալ անկախ Հայաստանի մէջ:

Վերջապէս, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը գիտակցաբար պարտուած ու պարտութիւնը թշնամիին պարգեւած իշխանութիւններուն վարքագիծին համար ի՞նչ ըսենք: Իշխանութիւններն ու զանոնք պաշտպանող խմբաւորումները արդեօք հայրենիքը ու հայութիւնը «գունաւոր ինքնացեղասպանութեան» չե՞ն առաջնորդեր:

Գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ, ազգային ինքնութիւնն ու արժանապատուութիւնը մէկդի շպրտելով, գոյատեւման, ապահովութեան թէ տնտեսական դիտանկիւնէ, երկիրն ու բնակչութիւնը անորոշութեան գիրկը նետելը, մտացածին, անիրաւ ու երեւակայական խաղաղութեան մը ցնորքով օրօրելն ու մոլորելը, «գունաւոր ինքնասպանութիւն-ինքնացեղասպանութիւն» չե՞ն:

Իսկ սփիւռքեան մեր աշխարհացրիւ իրավիճակը, արեւմտեան ոստանէ-ոստան ման եկող ու տեղափոխուող, ապահով ու խաղաղ կեանք մը տենչալով, ազգութեան ամէն կռուան կորսնցնելու գնով երեւոյթին ի՞նչ ածական պէտք է տալ. արդեօք «դանդաղ ու գունաւոր ինքնացեղասպանութի՞ւն»:

Իսկ մեծապետական այն ուժերը, որոնք կանգնած են այդ խաղերուն ետին, հայութիւնն ու տարածաշրջանի ազգերն ու ժողովուրդները, այլասերելու, ստրկացնելու, ջլատելու… եւ այլն, այդ ուժերը` «գունաւոր ցեղասպանութիւններ» չե՞ն:

Գունաւոր յեղափոխութիւններու ու գունաւոր ցեղասպանութիւններուն դարն է որ «կը վայելենք»:

Հայոց Մեծ եղեռնի, Ցեղասպանութեան 108-ամեակի հանգրուանին, ցեղասպանութեան գունաւոր տարբերակն է որ կ՛ապրինք ու «կը վայելենք»:

Յո՜ երթաս ազգ իմ:

Քեսապ, 10 ապրիլ 2023

Նախորդը

Օհանես (Օննիկ) Ղազերեանի Վերապրման Պատմութիւնը

Յաջորդը

Միասնականութեամբ Տապալենք Ցեղասպանական Արարքները *

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իշխանափոխութիւնը Ազգային Առաջնահերթութիւն Է

Հոկտեմբեր 1, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Սեւանի Հորթուկը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?