Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսա Լերան 40 Օրերը

Ապրիլ 28, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՈՌԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Խօսիլ Այնճարի ու այնճարցիի մասին կը նշանակէ յիշել Մուսա Լեռն ու մուսալեռցին: Իսկ ո՞ւր է Մուսա Լեռը:

Մուսա Լեռը կը գտնուի պատմական Կիլիկեան Հայաստանի հարաւ-արեւելքը, Միջերկրական ծովի ափին:

Մուսա Լերան հայկական գիւղերը (օրինակ` Եօղուն Օլուք, Խըտըր Պէկ (Իտտէր), Պիթիաս, Հաճի Հապիպլի (Հապլաք), Վագըֆ, Քէպուսիէ, եւ խումբ մը գիւղակներ, ինչպէս Վերի Ազզէր, Չաւլիք, Մաղարաճըք, Սուլթումու, Դրժընիկ, Ամաճ…) 11-րդ դարու սկիզբը աչքի կը զարնեն իրենց կազմակերպուած ազգային-կրթական կեանքով եւ օսմանեան բռնակալութեան դէմ կը դառնան դիմադրական շարժման կեդրոն: Սակայն ի՞նչ պատճառով եւ ինչպէ՞ս նշանաւոր դարձան Մուսա Լեռն ու մուսալեռցին: Այս հարցումին կը պատասխանէ Ֆրանց Վերֆել, որ հրեայ ազգութիւն ունենալով հանդերձ, գրած է «Մուսա Լերան 40-օրերը» դիւցազնավէպը, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս բուռ մը հայեր լեռ կը բարձրանան եւ հերոսական դիմադրութիւն ցոյց կու տան բազմահազար թուրք զինուորներուն դէմ ու պատմութեան համար կ՛արձանագրեն մուսալեռցիներու փառաւոր հերոսամարտը: Այս դիւցազնավէպը գրելով` Վերֆել զարթօնքի հրաւէր ուղղած է հրեաներուն, որոնք քիչ ժամանակ ետք անկախացած են: Առասպելական կռիւ մը Մուսա Լերան լանջերուն` 1915 թուականի հայկական ջարդերու ամենադաժան դէպքերու ընթացքին: Այս ահեղ դիմադրութիւնը կը տեւէ 40 օր որմէ ետք, մուսալեռցիները կը բարձրանան ֆրանսական մարտանաւերը որոնք Միջերկրականի ծովեզերքը կ՛երթեւեկէին եւ պատահաբար կը նկատեն քառասնօրեայ ահեղ դիմադրութիւն ցոյց տուող մուսալեռցիք: Ֆրանսական մարտանաւերը, որոնք թէեւ օսմանեան բանակին հետ ընդհանուր պատերազմի մէջ էին Դաշնակից ուժերու շարքին, բայց ռազմական գործողութեանց յատուկ ծրագիր չունէին ուղղակիօրէն Ալեքսանտրեթի նահանգին եւ Սուէտիոյ գաւառակին վերաբերեալ, ուր կը գտնուէր Մուսա Լեռը: Այդ մարտանաւերը Միջերկրականի ծովեզերքը կ՛երթեւեկէին, երբ պատահաբար կը նկատեն փրկարար կարմիր խաչ-դրօշակը մխացող լերան վրայ: Այս գործողութիւնը սկսած է 10 օգոստոսի շուրջ, երբ առաջին անգամ երեւցած է  ֆրանսական «Կիշէն» մարտանաւը` ծովուն բացերը: Մուսալեռցիք իրենց յատուկ աղերսագիրը` զէնք, զինամթերք եւ սնունդ ստանալու կամ, այլապէս, նաւով տեղափոխուելու խնդրանքով քանի մը լողորդներով հասցուցին ֆրանսական մարտանաւ: «Կիշէն»-ի հրամանատարը խոստացաւ աղերսագիրը հասցնել իր կառավարութեան եւ հեռացաւ ու շաբաթներ տեւեց, մինչեւ որ վերադառնայ եւ բերէ Փարիզի պատասխանը, որ մուսալեռցիներու տեղափոխութեան տրուած համաձայնութիւնն էր:

9 սեպտեմբերին «Կիշէն» մարտանաւը,  «Տեսեքս» մարտանաւի ընկերակցութեամբ, խարսխեց ծովուն բացերը եւ սկսաւ ռմբակոծել թրքական դիրքերը, միաժամանակ մակոյկով ծովափ եկաւ ֆրանսացի հրամանատարը եւ մուսալեռցիներու հետ վերջնական բնոյթ տուաւ լեռնէն ծովափ իջնելու եւ մարտանաւեր փոխադրուելու գործողութեան: Մարտնչող հայորդիներուն տարհանումի գործողութիւնը սկսաւ 12 սեպտեմբերին եւ տեւեց երկու օր: Մինչ այդ ծովուն բացերը հասած էին եւս երեք մարտանաւեր` «Տեսթրէ», «Ամիրալ Շարնէ» եւ «Ֆոտրը»: Լերան գագաթին կռուող խումբեր հսկեցին թրքական շարժումներուն, մինչեւ որ նախ ժողովուրդը իջնէ ծովափ եւ տեղաւորուի մարտանաւերուն վրայ, ապա իրենք` վերջին կռուողներն ալ միացան իրենց հարազատներուն, եւ այդպէս մուսալեռցիք հեռացան դէպի Միջերկրականի բացերը:

Այդ օրէն ի վեր, ամէն սեպտեմբերի կիսուն եւ Ս. Խաչի տօնին առիթով, աշխարհի չորս ծագերուն, բայց յատկապէս Այնճարի (Լիբանան) եւ Նոր Մուսա Լեռի (Հայաստան) մէջ, Մուսա Լերան հերոսական հայութեան ժառանգորդներուն հետ, ամբողջ մեր ժողովուրդը կ՛ոգեկոչէ հայոց պատմութեան այս հպարտառիթ հերոսամարտին յիշատակը` սերունդներուն պատգամելով, որ պէտք չէ հաւատալ թրքական կեղծիքին եւ պատրաստ պէտք է ըլլալ, ի հարկին զէնքի ուժով, դիմադրելու Թուրքիոյ ցեղասպանական սադրանքներուն: Այդ պատճառով ալ, երբ Մուսա Լերան հայութեան հերոսական ինքնապաշտպանութեան բռնկումէն 40 օր ետք ֆրանսական ծովուժը պատրաստակամութիւն յայտնեց առժամաբար տեղափոխելու եւ Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութենէն փրկելու աւելի քան 4 հազար մարտնչող հայերը, մուսալեռցիք ընդառաջեցին եւ բաժնուեցան իրենց հայրենի ոստանէն:

Սկզբնապէս դէպի Կիպրոս ուղղուեցան Մուսա Լերան հայութիւնը փոխադրող ֆրանսական մարտանաւերը, բայց Կիպրոսը ի վիճակի չէր պատսպարելու այդքան մեծ թիւով նոր գաղթականութիւն: Եգիպտոսի Փոր Սայիտ նաւահանգիստը երկրորդ ընտրանքն էր, ուր եւ տեղափոխուեցաւ Մուսա Լերան հայութիւնը: Մինչեւ 1919 եւ Ա. Աշխարհամարտի աւարտը, մուսալեռցիք գաղթական ապրեցան Փոր Սայիտի մէջ, վրաններու տակ: 1919-ին անոնք մեծ մասով վերադարձան իրենց հայրենի ոստանները, ուր մնացին մինչեւ 1939, երբ Սուրիոյ եւ Անտիոքի հոգատարութիւնը ստանձնած Ֆրանսան այդ շրջանները յանձնեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան:

1939-ին Մուսա Լերան հայութիւնը որոշեց հեռանալ Ժ. դարէն սկսեալ իր շէնցուցած պապենական օճախէն: Մեծ մասը տեղափոխուեցաւ եւ հաստատուեցաւ Այնճար, Լիբանան: Որոշ մաս մը հետագային ներգաղթեց Հայաստան: Իսկ նոյնինքն Մուսա Լերան գիւղերէն միայն Վագըֆի մէջ հայեր շարունակեցին ապրիլ` մինչեւ մեր օրերը հայկական հետքերը պահպանելով: Մուսալեռցին յամառ է եւ տոկուն: Երբ կը վերադառնայ հայրենի գիւղերը, զանոնք կը գտնէ լրիւ աւերակ եւ կողոպտուած վիճակի մէջ, սակայն դարձեալ կը վերաշինէ զանոնք մինչեւ 1939, երբ հարկադրաբար կը ստիպուի լքել իր հայրենի գիւղերն ու շէները:

Փաստօրէն ամբողջ հերոսամարտի ընթացքին եւ այնուհետեւ ալ Փոր Սայիտի մէջ գաղթականութեան շրջանին թէ Մուսա Լեռ իրենց վերադարձէն ետք, նաեւ` հայրենի օճախին պարպումէն եւ Այնճար հաստատուելէն ասդին, մուսալեռցիներու ազգային-հասարակական կեանքին ակնբախ առանձնայատկութիւններէն մէկը եղած է իրենց հաւաքական ընտրանքները, որոշումները եւ քայլերը խորհրդակցաբար ու համաժողովրդային մասնակցութեամբ կայացնելու սովորոյթը:

Գիւղական համայնական կեանքի դրական այդ երեւոյթը մեծապէս նպաստեց, որպէսզի լեռ բարձրացած չորս հազարէ աւելի մարդիկ իրենց գործուն մասնակցութիւնը բերեն հերոսամարտին` իւրաքանչիւրը իր կարողութեան եւ հնարաւորութիւններուն համապատասխան նուիրաբերումով: Համախոհական այդ մթնոլորտը նաեւ օգնեց, որ առանձին դէմքեր ու անհատականութիւններ ճառագայթող հեղինակութիւն դառնան եւ ղեկավար դեր ստանձնեն ինքնապաշտպանութեան անհաւասար ուժերով կռուի ամբողջ 40 օրերուն ընթացքին: Այդպէ՛ս է, որ Մուսա Լերան հերոսամարտը ունեցաւ իր փայլուն դէմքերը, որոնք արժանաւորապէս ղեկավարեցին մարտնչող ժողովուրդը եւ պատմութեան անցան փառքի դափնեպսակով:

Այս բոլոր դժուար պայմաններուն մէջ իրենց վերջին արեան կաթիլներով աներեւակայելի պայքար մը մղելով` կերտած են ներկայ Այնճարը: Մուսա Լերան հերոսամարտը կը յուշէ հայոց սերունդներուն, որ պէտք է հայրենի բռնագրաւեալ հողին տէր կանգնիլ: Անվհատ պահանջատիրութեան մէջ կը կայանայ միակ ու անփոխարինելի երաշխիքը` հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրումին եւ լիարժէք վերականգնումին:

 

 

Նախորդը

Կօշկակար Որբուկները

Յաջորդը

Վերածնունդ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?