Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅ Դաշնակցութիւնն Ու Բերիոյ Հայոց Թեմը Նեցուկ Կը Կանգնին Հալէպի Բոլոր Հայ Համալսարանականներուն

Ապրիլ 21, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մակար Սրբազան. «Ուսանողութեան Հարցերը Մեր Օրակարգին Վրայ Են Միշտ»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Կը Մեռնի Այն Ժողովուրդը, Որ Ուշադրութիւն Չի Դարձներ Իր Երիտասարդութեան։ Կը Մահանայ Այն Շարժումը, Որ Արժէք Չի Տար Իր Ուսանողութեան»

Երէկ, Հալէպի բոլոր հայ  համալսարանականները հրաւիրուած էին «Գ. Եսայեան» սրահ՝ հանդիպելու Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանին եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին եւ խօսելու սուրիահայ ուսանողութիւնը յուզող հարցերու շուրջ։

Բացման խօսքով համալսարանական  Պէթի Մարգէեան խօսք առնելով  յայտնեց, որ համալսարանականները հրաւիրուած են իրենց մտահոգութիւններն ու հարցադրումները ուղղելու Առաջնորդ Սրբազանին ու ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին եւ ստանալու իրենց կողմէ տրամադրուած նուէր գումարը։ Մարգէեան յայտնեց նաեւ որ Բերիոյ Հայոց Թեմը, Հալէպի մէջ վառելանիւթի տագնապին հետեւանքով յառաջացած  երթեւեկութեան դժուարութիւնը նկատի ունենալով, հալէպահայ համալսարանականներուն տրամադրած է երթեւեկութեան փոխադրակառքեր։ Ապա հրաւիրեց բոլորը ստանալու արձանագրութեան համապատասխան բացիկները, իսկ ցարդ չարձանագրուողները՝ արձանագրելու իրենց անձնական տուեալները։

Մակար Սրբազան այս առիթով իր պատգամը յղելով ուսանողներուն գնահատեց անոնց ուսումնական երթը երկրի ծանր պայմաններուն մէջ, դիտել տալով որ Ազգային Վարչութեան բոլոր նիստերուն առկայ էր հալէպահայ բոլոր համալսարանականներուն անխտիր նեցուկ կանգնելու օրակարգը եւ ժողովը կը քննարկէր օժանդակութեան տարբեր կարելիութիւններ։ Ան դիտել տուաւ, որ այս օրակարգը քննարկուած է ՀՅԴ-ի հետ եւ համապատասխան որոշումներ գոյացած օժանդակելու ուսանողութեան, որպէսզի անոնք յաղթահարեն տարիներու պատերազմէն ու  երկրաշարժէն ետք յառաջացած դժուարութիւնները ու անխափան ընթանան ուսման ասպարէզին մէջ։

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ու ըսաւ. « Ինչպէ՞ս կարելի է անտարբեր մնալ ու չգնահատել ձեզ, երբ ծանր պայմաններու մէջ կը շարունակէք բարձրագոյն ուսման ձգտիլ։ Ինչպէ՞ս կարելի է չհպարտանալ ձեզմով, երբ այսօր հալէպահայութեան ուսանող տարրը, իր բազմաթիւ ներկայութեամբ եկած է ոչ միայն լսելու մեզ, այլ նաեւ խոստանալու որ նախ պիտի ծաղկի որպէս մարդ, որպէս տիպար քաղաքացի եւ նաեւ վճռականօրէն պիտի գործէ որպէս  տիպար հայ»։

«Իմ վերջին այցելութեան Հալէպ խոստացած էի, որ ուսանողութիւնը մեր կազմակերպութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ուշադրութեան եւ հոգատարութեան առարկան պիտի դառնայ միշտ։  Մեծապէս ուրախ ենք որ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին եւ Ազգ. Իշխանութեան հետ գործակցաբար մենք կարողացանք իրականացնել օժանդակութեան այս առաջին բաժինը, եւ կը վստահեցնեմ ձեզի, որ այս պիտի չըլլայ առաջինն ու վերջինը»։

Ապա աւելցուց. «Շնորհակալ ենք, որ պատնէշի վրայ էք որպէս հայ ուսանողներ, դժուար պայմաններու մէջ կը ծաղկիք, կը փաստէք դուք ձեզ որպէս յաջող ուսանողներ ըլլայ պետական, թէ սեփական համալսարաններու մէջ եւ հպարտութեամբ կը ներկայացնէք հայութիւնը յաջս Սուրիոյ մեր բարեկամ ժողովուրդին»։

«Մենք բոլորս, այո՛, օր մը պիտի յոգնինք։ Բոլորս կամաւոր աշխատանքով այսօր կը ծառայենք մեր ազգին ու հայրենիքին։ Բայց յոգնողներուն տեղ պիտի գաք դուք։ Պիտի գաք այն ամուր հաւատքով, որ ձեր անձնական կեանքին կողքին պիտի ունենաք անկեղծութիւնը ձեր հաւաքական կեանքին ծառայելու, ձեր կեանքէն բաժին մը հանելու ձեր ազգին, ժողովուրդին, որպէսզի առաջ մղէք մեր ժողովուրդին դատը»։

«Ո՛ր կուսակցութեան, ո՛ր համայնքին ալ պատկանիք, ամէնքդ, առանց խտրութեան, մեր աչքին լոյսն էք։ Կը մեռնի այն ժողովուրդը, որ ուշադրութիւն չի դարձներ իր երիտասարդութեան։ Կը մահանայ այն շարժումը, որ արժէք չի տար իր ուսանողութեան, որ չի բացուիր նոր գաղափարներու առջեւ, եւ դուք էք այդ գաղափարներուն ջահակիրները՝ ձեր յանդուգն մօտեցումներով, ձեր քաջարի կեցուածքով, ձեր ունեցած համարձակ նորարարութեամբ։

Եղէք պինդ ու դիմացկուն, մենք բոլորս՝ կուսակցութիւններ թէ եկեղեցի, միշտ պիտի մնանք ձեր կողքին»։

Հանդիպումին ներկայ էին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Յարաբերական Մարմնի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան, Նպաստից Մարմնի ներկայացուցիչ Յարութ Հայրապետեան, Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ Հոգշ. Տէր Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան։

 

https://www.facebook.com/kantsasar/posts/pfbid02ejVLq5Kjnenro27oQnQQwK6jm7VpaiCPuCc6hxR8ca1zFcPY4gF3teTgGyhS5Uqrl

https://www.kantsasar.com/news/42728-2/

 

Նախորդը

Խմբագրական. Համայն Հայութեան Իղձեր, Պատմական Արդարութեան Վերականգնում Եւ Ազգերու Ինքնորոշման Կենսագործում

Յաջորդը

«Մեր Պա՛րտքն Ու Իրաւո՛ւնքն Է Տէր Դառնալ Հայրենական, Արցախական, Ազգային, Եկեղեցական Ու Մշակութային Արժէքներուն», Ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան
Գաղութէ Գաղութ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան

Մայիս 5, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?