Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչումն է այսօր: 108-ամեակը սակայն մեր ականջներուն խորթ կը հնչէ, որովհետեւ ցեղասպանութեան նպատակն ու միտումը մեր կեանքէն անպակաս են եւ կը թուին ըլլալ այնքան մօտ ու այժմէական:
Այդպէս է իրականութիւնը, որովհետեւ հայութեան կեանքէն անմասն չի մնար թուրքը իր թրքութեամբ, վայրագութեամբ, փանթուրանական երազը յաջողցնելու ճամբուն վրայ ամէն ինչ կատարելու` կազմ ու պատրաստ իր վիճակով:
Երբ մտածենք Հայոց ցեղասպանութեան մասին, անտարակոյս կը վերապրինք այդ կոտորածներուն արհաւիրքը, կը տեսնենք այն ամէն ինչը, զորս կորսնցուցինք` հող, բնակարաններ, արօտավայրեր, հարստութիւն, ֆիզիքական կորուստ, արժանապատուութեան խծբծանք, վիրաւորանք, տեղահանութիւն եւ տառապանք:
Անարդա՞ր են, այո՛: Ցեղասպանութիւնը գործող դահիճները օր մը պիտի ստանա՞ն իրենց արդար պատիժը, անկասկա՛ծ: Ոմանք ալ իրենց պատիժը ստացած են «Նեմեսիս» գործողութեան միջոցով:
Սակայն ինչպէ՞ս պիտի ըլլան այս բոլորը, երբ աշխարհը խուլ կը ձեւանայ թուրքին ու ազերիին գործած բռնարարքներուն եւ տակաւին շարունակուող ցեղասպանամէտ ընթացքին դիմաց:
Ցեղասպանին արդարահատոյցը պիտի իրագործուի մեր մղելիք պայքարով, պայքար` առանց ընկրկումի, առանց յուսահատութեան, մեր դատին` արդար դատին նկատմամբ մնալով հաւատարիմ եւ անշահախնդիր գործելով անոր լուծման համար:
Կը հաստատեմ, եւ վստահ եղէք, որ հայ ժողովուրդէն բացի ոչ ոք պիտի կարենայ օժանդակել կամ զօրակցիլ հայութեան: Այդ պատճառով ալ մենք պէտք ունինք միասնականութեան, իբրեւ հայ ժողովուրդ, որովհետեւ մեր միակ փրկութիւնը մեր հաւաքական ուժին մէջ է:
Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, սփիւռքի մէջ, մենք կը գտնուինք բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դիմաց:
Այս իմաստով կ՛ուզեմ կեդրոնանալ հիմնական մէկ մարտահրաւէրի վրայ, որ ընդգրկուն է ու բովանդակալից. այդ մէկը հայկական ինքնութիւնը պահպանելու մարտահրաւէրն է:
Սփիւռքի սիրտ Լիբանանի մէջ հայկական գաղութին կառուցուածքը այնպիսին է, ուր պահպանուած են ազգային արժէքները, նորահաս սերունդները կը դաստիարակուին իրենց ժողովուրդի դատին պաշտպանը նկատուող` պահանջատէր հայու նկարագիրով:
Այս բոլորը կը կատարուին հեզասահութեամբ` շնորհիւ ազգային կառոյցներու աշխատանքին ու գործունէութեան: Այս բոլորը կ՛իրագործուին շնորհիւ ազգային կառոյցներուն արթնութեան եւ հայ նոր սերունդներու ազգային դաստիարակութեան ի խնդիր անոնց տարած անսակարկ աշխատանքին ու նուիրումին:
Ազգային արժէքներուն կառչած մնալու եւ այդ շունչով նորահաս սերունդները թրծելու առաքելութիւնը կը կատարուի որոշ հաւասարակշռութեան մը մէջ, եւ այդ հաւասարակշռութիւնը կ՛ապահովուի հայկական աւանդութիւններու եւ սովորութիւններու պահպանումով:
Այս իրականութեան ապացոյցներն են նախորդ օրերու տօնական մթնոլորտն ու իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի մէջ կիրարկուող Ս. Զատկուան հայկական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները:
Իր մայրենի լեզուին եւ ժողովուրդին պատմութեան ծանօթ, հաւաքական յիշողութիւնը պահպանելու իր յանձնառութեամբ առաջնորդուող հայ երիտասարդութիւնն է, որ պիտի ապահովէ հայ ժողովուրդին շարունակականութիւնը:
Հայկական ինքնութեան տէր հայ երիտասարդն է, որ կը մնայ անսայթաք` զինք մոլորեցնելու նպատակով կատարուող բոլոր փորձերուն դիմաց:
Այս մեկնակէտէն կ՛ուզեմ անդրադառնալ ցեղասպանութեան այլ ձեւի մը, որ թերեւս ծանօթ է ուրիշ անունով, մեղմացուած եղանակով` «Սպիտակ ջարդ». անիկա ձուլումն է, ձուլել, ձուլուիլ, այսինքն` վերջանալ, վերջ գտնել: Պահ մը հարց տանք այս մասին, արդեօք անիկա ցեղասպանութեան իրականութեան համազօր չէ՞: Ի վերջոյ ցեղասպանութիւնը ի՞նչ է. ցեղի մը ոչնչացումը, մաքրագործումը, անէացումը:
Նոյն բաներն են սիրելինե՛ր, յարգելինե՛ր: Ոչ ոք ձեզ թող փորձէ հակառակը համոզել եւ նկատել տալ, թէ անոնք տարբեր բաներ են:
Աւելի՛ն. կայ սահմռկեցուցիչ մէկ այլ իրականութիւն, որ, ըստ իս, դարձեալ համազօր է ցեղասպանութեան: Այդ ալ 2020-ի Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին նահատակուած հայ զինուորներու սպանդն է: Աւելի քան 5000 երիտասարդներ, 19-20 տարեկան ժամկէտային զինծառայողներ ինկան թշնամիին դէմ մղուող անհաւասար մարտերուն ընթացքին եւ իրենց ամէնէն թանկագինը նուիրեցին հայրենիքին:
Ասիկա նաեւ ցեղասպանութիւն է. տարիքային առումով ամբողջ սերունդ մը նահատակուած է, այս անգամ սակայն այլ դահիճի մը` Ազրպէյճանի կողմէ, որուն մեղսակցեցաւ հայրենի պարտուողական իշխանութիւնը, իր ապիկար քաղաքականութեամբ:
Յանձնուողական քաղաքականութիւն վարող այս իշխանութեան կողմէ Արցախը ուրանալու փորձերն ու ճիգերը պատճառ դարձան Արցախի մեծ մասի կորուստին, Արցախը թշնամիին յանձնելուն, իսկ ներկայիս Արցախի շրջափակումին, որ նոյնպէս ցեղային զտումի եւ ցեղասպանութեան առաջնորդող աքթ է:
Արցախը 4 ամիս եւ 4 օրէ ի վեր շրջափակուած է նոյն թշնամիին կողմէ: Թշնամի մը, որ թուրք իր եղբօրմէն ոչինչով կը տարբերի, նոյն արիւնարբուն է եւ նոյն գազանը, որ կը ձգտի իրականացնել փանթուրանական իր ծրագիրը:
Հոգի ցաւցնողը այն չէ միայն, որ Արցախի մէջ 120.000 մարդ կը տառապի իր առօրեայով, իր անորոշութեամբ, այլ նաեւ այն, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի փանթուրանական ծրագիրը, Արցախը հայաթափելու միտումն ու այսպէս կոչուած «Արցախցիները Ազրպէյճանի մէջ համարկելու» անոնց դաւադրութիւնը Պէյրութէն աւելի յստակ կ՛երեւի, քան` Երեւանէն:
Ի միջի այլոց յիշեմ նաեւ, որ Արցախի պապենական հողին վրայ ապրող արցախցին Ազրպէյճանի մէջ համարկելու այս դաւադիր ծրագիրը նաեւ այլ տեսակի ցեղասպանութիւն է:
Ինչպէս կը տեսնէք, երանելի վիճակի մէջ չենք, մեր ժողովուրդին ապրած ցեղասպանութեան յիշատակը ոգեկոչելու առիթով խոկումն իսկ պարզ կը դարձնէ, որ մենք` իբրեւ հայ ժողովուրդ, տակաւին ենթակայ ենք նոյն արարքին, ցեղասպանութեան` մեր ցեղի ոչնչացման, որովհետեւ տակաւին ունինք նոյն թշնամին, եւ դժբախտաբար անոր հետ իբր թէ բանակցող յանձնուողական հոգեբանութեան տէր հայրենի իշխանութիւնը:
Հետեւաբար մենք մեր ուրոյն ցեղասպանութիւնը գործելէ զգուշ պէտք է ըլլանք, որովհետեւ Տեղ հասած, այսինքն` Սիւնիքի Տեղ գիւղը հասած ազրպէյճանցի զինուորը, որ նախապէս երեւցած էր նաեւ Ջերմուկի մէջ, դիրքեր բռնած Իշխանասարի վերեւ, արդէն իսկ հատած է ճանապարհը ու մուտք գործած Հայաստան:
Արցախէն իրենց ձեռքը լուալ ցանկացող Պիղատոսները պէտք է սկսին մտահոգուիլ եւ աւելի լուրջ մօտենալ այս իրականութեան` մէկ կողմէ հաշուելով Սիւնիքէն Երեւան երկարող մղոնները, իսկ միւս կողմէ յիշելով Շուշիէն ետք նաեւ Երեւանի մէջ թէյ խմելու Ալիեւի ախորժակները:
Հայրենիքին սպառնացող այս բոլոր վտանգները շօշափելով կարելի չէ անպատասխանատու կեցուածք ցուցաբերել: Պէտք է բարձրաձայնել իրողութիւններուն մասին, զգուշացնել հայկական բանակը հեղինակազրկելու, քանդելու ամէնէն վտանգաւոր քայլէն, եւ ռազմավարական վատագոյն բեմագրութիւններէն, որմէ է «խաղաղութեան դարաշրջան» մը սկսելու անհեթեթութիւնը: Պէտք է փութալ հայրենիքի պաշտպանութեան:
Հայկական ինքնութեան պահպանումին համար մեր մղած արշաւը վտանգուած է, հետեւաբար փարինք անոր` հայօրէն գոյատեւելու իբրեւ վերջին կռուան:
Իբրեւ ՀՄԸՄ-ականներ ոչ միայն պահենք հայկական ինքնութիւնը, այլ նաեւ պահանջատէր եւ արժանապատիւ հայու տեսակը:
ՀՄԸՄ-ի կամաւոր բանա՛կ, անկարելի է, որ անտարբեր մնաս հայրենիքիդ հանդէպ ունեցած պարտաւորութիւններուդ նկատմամբ:
ՀՄԸՄ-ի կարգապահ սկաուտնե՛ր, անկարելի է, որ շեղիք հայկական ձեր ինքնութեան տէր կանգնելու ազնիւ ուխտէն:
Յառաջ անսասանով եւ յառաջ անդեդեւով դէպի յաղթանակ ուղղուող ՀՄԸՄ-ականներ, անկարելի է, որ ընդունիք պարտութիւնը եւ պարտուողական քաղաքականութիւնը:
ՀՄԸՄ-ի շարքերը խիտ պահող ուղղամիտ սկաուտներ, 23 ապրիլի գիշերը յստակ է ձեր տեղը` Երեւանի մէջ թէ այլուր: Դուք ներկայ էք Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը ոգեկոչելու հսկումին, ջահերթին, եւ ոչ թէ գինով վիճակի մէջ կը պարէք հայրենի մայրաքաղաքին մէջ` տօնելով այսպէս կոչուած «յեղափոխութեան առաջնորդ»-ին յաղթանակը: Առաջնորդ մը, որ յանձնուողական իր քաղաքականութեամբ հայրենիքը հետզհետէ կը մղէ անձնատուր ըլլալու տիղմին մէջ:
ՀՄԸՄ-ի սիրելի՛ սկաուտներ, դուք միայն չէք բարձրանար, նաեւ կը բարձրացնէք, եւ այդ յատկանիշով է, որ բաժանումի սերմերու զոհ գացած ազգը պիտի բարձրացնէք միասնականութեան մակարդակին, որովհետեւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեամբ միայն կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել հայութեան գոյութեան սպառնացող բոլոր վտանգները:
Թող Ցեղասպանութեան 108-ամեակը ըլլայ ինքնարժեւորումի առիթ մը, որուն ընթացքին իբրեւ ազգ անդրադառնանք մեր վարուելակերպին, մտայնութեան, համոզումներուն ու կատարելիք աշխատանքին:
Մեզ ձուլելու վրայ գրաւ դնողներուն փաստե՛նք, որ կանք ու պիտի մնանք, պիտի պայքարինք` վերջ տալով ողբին ու լացին, յուսահատութեան եւ գլխիկոր ըլլալու իրականութեան:
Ցեղասպանը պիտի գիտնայ, որ կը մերժենք յանձնուիլ, եւ եթէ փորձուի ցեղասպանական այլ արարքներու դիմել, պիտի արձանագրուին հրաշալի հերոսամարտեր, յաղթական հերոսամարտեր, որոնց շնորհիւ պիտի վերականգնի հայութեան ազգային արժանապատուութիւնը` հայ ժողովուրդին բերելով վարդահեղեղ արշալոյսներ:
Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով կ՛երդուենք հաւատարիմ մնալ բոլոր նահատակներուն յիշատակին, Արեւմտահայաստանէն Տէր Զօր, Ռասիւլ Այնէն Ռաքքա եւ Մարկատէ, հասնելով` Եռաբլուր եւ Արցախ աշխարհ:
Կը մաղթենք, որ մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն օրհնութիւնը պահէ ու պահպանէ հայրենիքին սահմանը հսկող իւրաքանչիւր հայ զինուորը:
* ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին նուիրուած «Ապրիլեան ոգեկոչում» ձեռնարկին ընթացքին արտասանուած խօսք: