Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Պա՛րտքն Ու Իրաւո՛ւնքն Է Տէր Դառնալ Հայրենական, Արցախական, Ազգային, Եկեղեցական Ու Մշակութային Արժէքներուն», Ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը

Ապրիլ 21, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կոմիտասեան Ղօղանջներ»-ը Հրավառեցին Նահատակ
Ցեղի Զաւակաց Սրտերը Անմահութեան Խորհուրդով

Չորեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2023, երեկոյեան ժամը 7-ին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի, հովանաւորութեամբ «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամի, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական աննախընթաց համերգ՝ նուիրուած անմահանուն երաժիշտ եւ խմբավար Կոմիտաս Վարդապետի եւ անոր արուեստին ընդմէջէն՝ հայ նահատակ ցեղի բոլոր զոհերու յիշատակին: Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակը ոգեկոչող «Կոմիտասեան ղօղանջներ» անունը կրող համերգին ընթացքին գերազանցապէս հնչեցին կոմիտասեան երգեր, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արթիսթ՝ թենոր Պերճ Քիրազեանի, մասնակցութեամբ գաղութէն ընտրուած մասնագէտ երգիչներու, խմբավարութեամբ Միքայէլ Աւետիսեանի, դաշնամուրային փոխնիփոխ նուագակցութեամբ Արմինէ Տէրտէրեանի եւ Հռիփսիմէ Ռշտունիի: Երեկոյին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան նորաստեղծ «Նայիրեան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ խմբավար Լուսինէ Մելիքսէթեանի:

Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող համերգին բացումը կատարեց եւ ողջոյնի խօսք արտասանեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան՝ դիտել տալով, որ «Կոմիտասեան ղօղանջներ» ծրագիրը մտայղացումն է Առաջնորդ Սրբազան Հօր, համախոհաբար երեկոյթի գեղարուեստական բծախնդիր ղեկավար ու արուեստագէտ Պերճ Քիրազեանի:

Ծաղկաւէտ, կիսալոյս դասէն մատուցուեցաւ կոմիտասեան «Տըլէ եաման»ը, տուտուկի հնչիւններուն տակ Էմմանուէլ Յովհաննիսեանի. եկեղեցին լեցուցած շուրջ հազար ներկաներու սրտերը նախ թփրտացին մեղեդիական կշռոյթով, որ հետզհետէ վերածուեցաւ ամբողջական համանուագի, երբ երաժշտագէտ մեներգիչներ՝ Արմինէ Վարդանեան, Պերճ Քիրազեան, Վիքթորիա Զաքարեան, Վահագն Հովենց եւ Քրիսթինա Տաւլաթեան յաջորդաբար կատարեցին Մեծն մշակողին «Օրօր», Անտունի», Գարուն ա», «Կռունկ», Ծիրանի ծառ», երգերը, ապա կազմելով երգչախումբ՝ քառաձայն «Գարուն»ով կարծես բախեցին վերին աշխարհի դռները, առ ի խնդակցութիւն երկնքի ու երկրի բոլոր գոյներն ու բոյրերը, բոլոր յոյզերն ու յոյսերը, այլեւ գեղեցիկին ու բարիի՛ն հմայքը մարմնաւորած այն եթերային Հոգիին, որ երկրի վրայ անցաւ մարդկային ամէնէն քստմնելի ու անողոք ճակատագրով՝ 24 Ապրիլ 1915-էն մինչեւ իր վերջնական հանգումը, Ֆրանսայի հոգեբուժարաններէն մէկուն մէջ 1935-ին, բայց իր ազգին կտակեց շքեղութեանց ամէնէն փայլունը, ամենապատրողն ու առինքնողը, ամէնէն վսեմն ու կախարդականը, որ համերգի երկրորդ մասի «Խորհուրդ խորին» տուտուկեան նուագի ներքոյ՝ կարծես յանկարծ կամացուկ մը հրեց եկեղեցւոյ միջանկեալ դուռը, ուրկէ հայ կուսանաց  խորհրդաւոր քայլերով ներս մտաւ Համազգայինի «Նայիրեան» խումբը, պարմանուհիներ գեղադէմ ու ոգեշնչող, մոմեր ի ձեռին, կոմիտասեան «Հայր մեր»ը իրենց շուրթին: Ու դասը ոգեղէն հագուստ հագաւ, երբ դեռատի հայ աղջիկները շարուեցան՝ կոմիտասաբար ղօղանջելու: Զգլխիչ պահ, որուն ընթացքին նոյնքան հոգեթով թեւածեց շունչը Կոմիտաս Վարդապետի՝ «Սուրբ սուրբ», «Քրիստոս ի մէջ», «Ալագեազ», «Սեւ ա չոպանի շունը», «Սոնա եար», «Մոկաց հարսներ» «Թագւորի մեր դուրս արի» հոգեւոր եւ ժողովրդական երգերու վարպետ շաղախումով, խմբավարութեամբ Լուսինէ Մելիքսէթեանի:

… Ու Կոմիտաս Վարդապետի էութիւնը ծփաց իրեն հարազատ Աստուծոյ Տան մէջ: Հոգեւորին ծառայող սուրբ ու սրբացնող մրմունջ ու աղօթք, ժողովրդային տօնախմբութիւն, պանդխտական յոյզեր, կարօտախինդ հարսեր ու մարդկային սիրոյ թրթռուն ապրումներ՝ կոմիտասեան երգչախմբային թաթաւուն արուեստի ակունքներէն բխած, գծեցին շրջանակը հայ հոգիին, հայկական բնաշխարհին ու մեր նախահայրերու նկարագրային առանձնայատկութիւններուն եւ ապրելակերպին, վերակենդանացնելով անոնք, որոնք չկան մեր ձեռքին այսօր. Արեւմտահայաստանի բնաշխարհն ու հայկական ներկայութիւնը, բայց կայ ոգի՛ն բոլոր տեսակի ցեղասպանութիւններէն վեր ապրող արարչագործ Հայ Կոմիտասի՛ն, Գլխագիր Հայ մարդո՛ւն: Այսպէս, բազմակողմանի ու բազմերանգ, ամբողջական Կոմիտաս մը՝ Մեծամեծին ամբողջին մէջ: Ներկաներէն շատեր նոյնիսկ կարծեցին տեսնել Վարդապետը մեծ եկեղեցւոյ պաստառներուն ու խոր անկիւններուն մէջ՝ երջանիկ ու կարօտաբաղձ, իր յօրինումներէն աւելի քան երեք տասնեակ երգերու բարձրորակ ու ճշմարիտ կատարմա՛մբ արբշիռ, փարթամօրէն նուիրական ու արժանաւորապէս գնահատուած:

Յետոյ եկան կատակ երգերը՝ «Ալ այլուղս» եւ «Հաբըրբան», որոնց ընդմէջէն երեկոյի ղեկավար Քիրազեան նախ Քրիսթինայի, ապա Վիքթորիայի հետ զուլալօրէն «խաղաց» կոմիտասեան «թեթեւոտն» խազերը, ապա, դարձեալ հնչեց տուտուկը՝ իրարու ետեւէ նուագելով «Երկինքն ամպել ա» եւ «Շողեր ջան»ը, որմէ ետք Վարդանեան մեկնաբանեց ժողովրդային «Քելէ, քելէ»ն ու Խնկի ծառ»ը, իսկ Քիրազեան փառայեղօրէն պանծացուց հայոց հայրենիք Հայաստանը՝ «Հայաստան»ո՛վ, բազմահարիւր հայորդիները փոխադրելով Կոմիտասի՛ դրախտավայր երկիրը, որուն ջուրերուն վրայ, հովիտներուն մէջ, լեռներու գագաթին թէ ձորերուն, կարծես ամբողջ հայ ազգը դարձաւ խմբուած երգ ու երաժշտութիւն եւ հայրենական ջինջ երեկոներու ժողովրդային ու ազգային երգեցողութիւն, երբ դասը վերստին լեցուցին մասնագէտ երաժիշտները եւ քառաձայն երգչախումբ դարձած՝ իրարու ետեւէ հնչեցուցին Մեծն խմբավարին հրաշալիքներէն փունջ մը՝ «Էս գիշեր, լուսնակ գիշեր», «Եար ջան արի», «Առնեմ երթամ իմ եարը», «Հոյ նազան իմ եարը», «Շախկըր-շուխկըր», «Իմ չինարի եարը», «Ով մեծասքանչ դու լեզու», «Բամբ որոտան», «Էսօր Ուրբաթ է» «Զար, զընգը», որոնք մատուցուեցան հայրենի սիրատոչոր ամրան կազդուրիչ զեփիւռներու եւ վէտվիտող հովերու հանգոյն՝ ձայնային բազմալար շքերթներով հարստացնելով միտք, հոգի ու մարմին՝ անձնականէն մինչեւ առօրէականը, ազգայինն ու համամարդկայինը. կոմիտասեան բիւրե՜ղ ղօղանջներ, որոնք իրենց երկինքը համբուրեցին Հանճարին արժանի հոգեպաշտումով մը, երբ հնչեղ երգչախումբին միացաւ օրօրուն «Նայիրեան»ը եւ երկուքով միատեղ թնդացուցին իւրօրինակ մշակումի ենթարկուած զենիթային «Տըլէ եաման» մը, որ ձայնային գունագեղութեան, կշռոյթի, պատկերի, մեկնաբանութեան, խմբավարութեան եւ  նուագակցութեան անկրկնելի հրավառութիւն մը ստեղծեց ե՛ւ դասին մէջ, ե՛ւ եկեղեցւոյ տարածքին, նահատակ ցեղի բոլոր զոհերուն յիշատակը պարուրելով անմահութեան ոգեղէն խորհուրդով:

Կոմիտաս Վարդապետ այսպէ՛ս ղօղանջեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարկին տակ ու բոլոր հոգիներուն մէջ համերգին ներկայ հայորդիներու, որոնք որոտընդոստ ծափերով ու բաւարարութեան ամենաքա՜ղցր զգացումով անգամ մը եւս իրենց սրտերուն մէջ փայփայեցին Մեծ հոգեզմայլին անմեռ յիշատակը: Այնուհետեւ, դասէն լսուեցան բոլոր-բոլորին ուղղուած երախտիքի ու շնորհակալական ջերմ բառերը համերգի գեղարուեստական ղեկավար Քիրազեանի, ապա վերջինիս հրաւէրով դաս բարձրացաւ կոմիտասեան ոգեղէնութիւնը պահու մը մէջ յաւերժացնող ծրագիրի կերտիչ՝ Առաջնորդ Սրբազանը, որուն իւրաքանչիւր խօսքն ու գնահատականը երջանկութեան զգացումով ու հայկական հպարտութեան երանգով առլցուն էին, Կոմիտաս Վարդապետի արուեստով գինովցած հայ սերունդներու յարգանքի խտացում ու համայնական սիրոյ մարգարիտներ էին, այլեւ առաջնորդական հրաւէր էին՝ Կոմիտաս Վարդապետն ու անոր արուեստը նոյն ուժգնութեամբ նաեւ մեր ներկայի՛ն մէջ ապրեցնելու:

Պատի՜ւս արժանաւորաց. Թորգոմ Եպիսկոպոսի մեղրածորան խօսքերը դասին մէջ խմբուած բոլոր արուեստագէտներն ու պարմանի երգիչները նոր ծափերու արժանացուցին եւ դրուատանքի արտայայտութիւններ շռայլեցին՝ ուղղուած Ազգ. Առաջնորդարանի հոգեւոր ու աշխարհիկ մարմիններուն եւ անձնակազմին,  Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ընտանիքին ու կազմակերպիչներուն,  գեղարուեստական ղեկավարին, խմբավարներուն ու նուագակցողներուն, երեկոյթի հովանաւոր հիմնադրամին ու բարերարներուն:

Ներկաներուն ուղղած իր վճիտ բառերով՝ Առաջնորդ Սրբազանը վերահաստատեց հայութեան համայնական յանձնառութիւնը հայրենական, արցախական, ազգային, եկեղեցական ու մշակութային ոգեղէն արժէքներուն նկատմամբ՝ զայս սեպելով ե՛ւ պարտք, ե՛ւ իրաւունք՝ դիտել տալով, որ սոյն արժէքներն են, որ մեզ կը դարձնեն ամբողջական հայ-քրիստոնեայ մարդ, ապա հեղ մը եւս ակնարկելով համերգի բացառիկ արժէքին, ան շեշտեց, որ միայն հայ ազգը ունի Կոմիտաս Վարդապետ, եւ միայն հա՛յ-քրիստոնեայ մարդն է, որ կրնայ ա՛յս ձեւով հասկնալ, ըմբռնել եւ մեկնաբանել կոմիտասեան ղօղանջները, որոնք մեր ազգային ինքնութիւնը միշտ արթուն պահող եւ զայն նոր ժամանակներու թաւալքին հետ դէպի յաւերժութիւն առաջնորդող անլռելի զանգեր են եւ հայկեան ցեղի արեան սրբազան ղօղանջնե՜ր:

 

Նախորդը

ՀՅ Դաշնակցութիւնն Ու Բերիոյ Հայոց Թեմը Նեցուկ Կը Կանգնին Հալէպի Բոլոր Հայ Համալսարանականներուն

Յաջորդը

Ամերիկացի Խումբ Մը Քոնկրեսականներ Դարձեալ Ներկայացուցիչներու Տան Ներկայացուցած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Կրթական Հրամանագիրը

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?