Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կօշկակար Որբուկները

April 28, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԷ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

8 ապրիլ 2023-ին, «Ազդակ»-ի «Ապագայ լրագրողներ»-ու երրորդ սերունդով այցելեցինք Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, որ կը գտնուի Ժիպէյլի մէջ:

Թանգարանին մէջ շրջելու ընթացքին ուշադրութիւնս գրաւեց կօշիկի հետ կապ ունեցող պատմութիւն մը եւ կօշկակարութեան լուսանկարներ:

Յաւելեալ զննելէ ետք այդ լուսանկարները եւ հարցնելէ ետք այդ մասին, իմացայ, որ կօշկակարութիւնը եղած է հայ որբերու սորված արհեստներէն մէկը:

Որբերուն համար կօշիկը ունէր իր կարեւորութիւնը, որովհետեւ անոնք իրենց առօրեայ կեանքը գրեթէ բոպիկ վիճակի մէջ անցուցած են: Որբերէն մէկը կը պատմէ, թէ իրենք ինչպէ՛ս միայն կիրակի օրերը կը հագուէին իրենց կօշիկները` եկեղեցի երթալու համար:

Սակայն օր մը որբերէն մէկը փախուստ կու տայ «Թռչնոց բոյն»-էն եւ առանց պահակին գիտակցութեան` կ՛ուղղուի որբանոցին կից գտնուող նարնջենիներու պարտէզները, որպէսզի նարինջ քաղէ եւ ուտէ:

Իր ընկերոջ հետ փախուստ տուած որբուկը ծառ մագլցելու համար իր կօշիկը կը հանէ եւ ծառին տակ կը ձգէ, նարինջները քաղելու ընթացքին որբանոցին պահակը կը նշմարէ զանոնք, հետեւաբար որբուկը կօշիկները կը մոռնայ ծառին տակ եւ կը սուրայ դէպի որբանոց:

Որբանոց երթալէ ետք, որբուկը ամբողջ օր մը կը մտածէ իր կօշիկին մասին, եւ ի վերջոյ ան կը հանդիպի որբերու «մօր»` Մարիա Ճէյքըպսընի, որ կը խրատէ իրեն ներում հայցել որբանոցին պահակէն եւ վերստանալ իր կօշիկները:

Լուսանկարներուն մէջ ուշադրութիւնս գրաւեց այն իրականութիւնը, որ որբերը սորվեցան կօշկակարութիւնը եւ  աշխատեցան այդ արհեստին մէջ, սակայն անոնք շարունակեցին մնալ բոպիկ: Որբերը եղան կօշկակարներ, սակայն անոնք կօշիկ չէին հագուեր:

Ինչպէս ծառը դիւրին չէ արմատախիլ ընել, նոյնպէս ալ կարելի չէ դէմ դնել հայ ժողովուրդին գոյատեւման:

Հայ որբը շարունակեց գոյատեւել, ան հմտացաւ տարբեր արհեստներու մէջ, բարելաւեց իր կեանքն ու կերտեց իր ապագան:

Թանգարանէն մեկնելու պահուն զիս տպաւորեց թռչուններուն ճռուողիւնը, որ կը խորհրդանշէ նոր սկիզբ եւ նոր կեանք:

Հայութիւնը կը շարունակէ իր կեանքի հուրը վառ պահել եւ գոյատեւել` հայ ժողովուրդին տալով նոր Գրիգոր Զօհրապներ, Զապէլ Եսայեաններ եւ Սիամանթոներ:

 

 

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան Այցելութենէն Տպաւորութիւններ

Յաջորդը

Մուսա Լերան 40 Օրերը

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.