Ճիշդ այն օրերուն, երբ քանի մը խմբագիր ընկերներ յիշեցուցին, որ Ապրիլը կը մօտենայ եւ կը ծրագրեն յատուկ կամ բացառիկ համարներ հրատարակել, բարեկամէ մը հասաւ խորհրդաւոր լուսանկար մը, զոր ահաւասիկ կը բաժնեկցիմ ընթերցողիս հետ: Արմատախիլ եղած ու տապալած ծառ մըն է, որ, ինչպէս կը նշէ ընկերակցող բացատրութիւնը, մերժած է մեռնիլ, աւելի՛ն, ծնունդ տուած է նոր ծառերու:
Առաջին ակնարկով մարդս կը մղուի մտածելու, որ նկարին մէջ շինծու բան մը կայ. համակարգչային արհեստագիտութիւնը ունի «սարքեր», որոնց միջոցով կարելի է լուսանկարի մը հետ «խաղալ», մէկուն գլուխը դնել ուրիշի մը գլխուն տեղը, ուրեմն` նաեւ տապալած ծառի մը վրայ «փակցնել» նոր ծառեր: Եթէ մինչեւ իսկ այս պատկերը շինծու է, անիկա կը ցոլացնէ խորհուրդ մը (անոր համար է, որ զայն որակեցի «խորհրդաւոր»), որ կը թարգմանէ հայուն պէս քանիցս զգետնուած, բայց մեռնիլ մերժող, վերականգնելու կամքը իրականութեան վերածող պատմութիւն մը:
Սակայն ինչո՞ւ տարուիլ այն մտածումով, որ սա շինծու նկար մըն է: Չէ՞ որ մեր գրականութեան մէջ ունինք գոհար մը, որ յար եւ նման է այս պատկերի խորհուրդին: Ցեղասպանութենէն` առաջին ապրիլ 24-յաջորդած տասնամեակը չամբողջացած, պատմական ոճիրին վրայ վարագոյրը չփակուած, երիտասարդ բանաստեղծ մը ունի հետեւեալ բանաստեղծութիւնը, որ շատ հաւանաբար մտացածին չէ, այլ` իր ապրած մէկ փորձառութեան նկարագրականը, որ հարազատօրէն կը պատկերէ մեր ժողովուրդին հասած հարուածն ու վերականգնումի ապացոյցը: Ահաւասիկ այդ գոհարը.
ԾԱՌԸ
Ձըմեռ օրեր,
Երբ փոթորիկն ըլլար մըռայլ,
Ես կ՛երթայի` խորն ամայի դաշտերուն,
Ականջ տալու կէս գիշերուան քրքիջին:
Սլա՞ցքն անոր…
Պերճ ու հպարտ, խաղաղութեամբ մը խորունկ,
Ան կ՛երկարէր արտասուահիւծ աստղերուն`
Բազուկներն իր հոլանի,
Զերթ պարմանի մ՛իր հարսին.
Գիշերին մէջ կը լսէի կարծես թէ`
Ձայնն իր զուլալ համբոյրին…
Ինծի համար,
Խորհրդանիշն էր ան Ուժին ու Կեանքին…
Ու ես հաւատքն ունէի իր անմահութեան…
Փոթորկին դէմ իր քրքիջով`
Ան մտածումըս կը հանէր լեռնէ մը վեր…
***
Անցեալ աշնան,
Օր մը յանկարծ մարդեր եկան
Խորն ամայի այն դաշտերուն,
Կացիններով, պարաններով…
Ուրուականնե՞ր էին կարմիր.-
Կը խնդային վըհուկի պէս…
Հսկայ մուրճովն իր արեւուն`
Աստուած դարե՜ր աշխատեր էր անոր համար:
Այդ մարդերուն
Քանի մը ժամը բաւեց
Զայն խլելու իր յոգնաբեկ բազուկներէն…
Իր մահէն ետք,
Ա՛լ չգացի, երբ փոթորիկն եղաւ մռայլ,
Խորն ամայի դաշտերուն.
Մըտածումըս իջեր էր վա՜ր Լեռներէն…
***
Հիմա աղուոր գարուն է.
Եւ անցեալ օր,
Մղում մ՛յամառ նորէն քայլերս ուղղեց հո՛ն,
Խորն ամայի այն դաշտերուն.
Եւ յուզումէս ինկայ ծունկի…
Կացինահար ծառն էր նման շիրմաքարի
– Սեւ գերեզման մը խոժոռ-,
Բայց իր կողէն`
Արծուաթըռիչ նիզակներու խրոխտանքով`
Բարունակներ ժայթքեր էին դէպի երկինք:
Անոնց մէջէն
Նորափետուր թռչուններ ե՜րգ կ՛երգէին…
ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ
1923
———-
Իրեն հասած պատուհասներուն դէմ մեր ժողովուրդին ամուր եւ անբեկանելի ծառ մը ըլլալուն վկայութիւնները բազմաթիւ են մեր հանճարեղ գրողներու ժառանգութեանց մէջ: Զարիֆեանի վերոյիշեալ բանաստեղծութեան մէջ կարելի չէ չտեսնել արձագանգ մը` հանճարեղ այլ հայու մը մէկ խոհական ստեղծագործութեան: Ահաւասիկ նաեւ` այդ գոհարը, որ մեր ժողովուրդի շուրթերէն կը հնչէր տասնամեակներ առաջ, հիմա անիկա յաճախ լսելի է Հայաստանի մէջ (https://youtu.be/XsLQW2X3kpU).
ԵՍ ՄԻ ԾԱՌ ԵՄ ԾԻՐԱՆԻ
Ես մի ծառ եմ ծիրանի,
Հին արմատ եմ անուանի,
Պտուղներս քաղցրահամ,
Բոլոր մարդկանց պիտանի:
Հին ծառ եմ արեւելեան,
Չունիմ որոշ այգեպան,
Տունկերս ամէն երկիր
Ընկած են բաժան-բաժան:
Ապրում եմ խեղճ, միայնակ,
Որոշ ծառի շքի տակ,
Հիւթս որդունքն է ծծում
Իմ տունկերուս փոխանակ:
Տունկերս ուր էլ որ գնան,
Թէպէտ նոյնը կը մնան,
Բայց օտար հողի վրայ
Չեն աճիլ, կը չորանան:
Արեւելքում ինձ տնկեց,
Երբ որ տէրը ստեղծեց.
Ասաւ` աճէ, բազմացիր,
Մի այգի էլ ինձ տուեց:
Ուղարկեց մի այգեպան`
Հարաւից հսկայ իշխան,
Այն հսկայի անունով
Կոչուեցայ ծառ հայկական:
Չորս հազար տարուայ ծառ եմ,
Մարմինս պինդ, կայտառ եմ.
Թէեւ ուժս պակաս է,
Բայց անունով պայծառ եմ:
ԱՇՈՒՂ ՋԻՎԱՆԻ
—————
Կարելի է յիշատակել նաեւ այլ գոհարներ` ծառը, մասնաւորաբար ծիրանին իբրեւ հայութիւնը խորհրդանշող ծառ ներկայացնող երգեր, որոնց շարքին` Կոմիտասի «Ծիրանի ծառ»-ը (https://youtu.be/ts6oD_p4fdQ): Անոնք ցոյց կու տան, որ հայը` մեր հայրենիքի արեւելեան թէ արեւմտեան կողմը ապրող հայը, ունեցած է նոյն ապրումը, հաւատքն ու կամքը, նոյն դիմադրականութիւնը ցոյց տուած է պատուհասներուն եւ յաջողած է վերականգնել իր անհատական ու հաւաքական ընտանիքներուն կեանքը:
***
Պատահական պատկերէ մը մեկնած այս խորհրդածութիւնները զիս փոխադրեցին աւելի լայն տարածք, մանաւանդ որ յուշարար ընկերներս գրած էին, որ ապրիլը մօտեցած է: Օ՜, այդ ե՞րբ եղաւ, որ 2023 տարուան ամիսները արագ-արագ սահեցան եւ մեզ հասցուցին ապրիլի դուռը թակելու հանգրուանին: Անմիջապէս կը հետեւի ուրիշ հարցում մը. այդ ե՞րբ եղաւ, որ Հայաստան արդէն շուտով պիտի բոլորէ «թաւշեայ յեղափոխութեամբ» սկսած հնգամեակը…
Զուգորդումը անխուսափելի է, որովհետեւ ապրիլ 24-ը յուշարարն է նորագոյն պատմութեան մէջ մեր կրած մեծագոյն աղէտին, որուն գլխաւոր խորագիրն է ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ, իսկ հիմնական «բաղադրիչներն» են մէկ ու կէս միլիոն հայու եւ հայրենի հողերու մեծագոյն բաժինին կորուստները` իրենց բազմապիսի եւ մինչեւ օրս շարունակուող բազմաճիւղ հետեւանքներով: Այդ չարաղէտ հանգրուանը նոր կնիք մը դրած է մեր Դատին հետապնդման:
Ցեղասպանութիւնը, ուրեմն նաեւ մեր Դատը սկիզբ չառաւ 1915-ին, այլ անիկա մէկ անգերազանցելի գագաթնակէտն էր հայութիւնը բնաջինջ ընելու ոճրային ծրագիրի մը, որուն հեղինակը` Թուրքիոյ պետութիւնը (չենք ըսեր սա կամ նա կառավարութիւնը, իշխանութիւնը, այլ շեշտենք` ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ) սկսած էր իրականացնել 20-րդ դարու բացումէն շատ առաջ. այդ ծրագիրը երեւութապէս տարբեր եղաշրջումներու ենթարկուեցաւ, բայց էութիւնը ի զօրու կը մնայ մինչեւ այսօր:
Եթէ տարուինք օրուան պարտադրանքներով, մենք մեզ պիտի սահմանափակենք միայն վերջին ամիսներու դիպաշարին մէջ, որ ահաւոր աղէտի վերածուեցաւ Արցախէն հայուն մնացած պատառիկին գլխուն, ըսել կ՛ուզենք` դեկտեմբերի կէսերէն սկսեալ ստեղծուած պաշարումը: Եթէ օղակը քիչ մը տարածենք եւ աւելի ետ նայինք, չենք կրնար մոռնալ 2020-ի բազմահանգրուան պատերազմները, զանոնք կանխած ու յաջորդած յարձակումներն ու սպառնալիքները, որոնք կը կրկնուին ու կը կրկնուին. Թուրքիոյ կամակատար Ազրպէյճանը բացայայտ բառերով, իսկ անոր ետին կանգնող Թուրքիան` իբրեւ թէ քողարկեալ ձեւով, հայութեան ու աշխարհին կը ներկայանան յայտարարելով, որ աւելի քան դար մը առաջ, պետական յստակ ծրագիրով եւ բծախնդիր գործադրութեամբ ճամբայ ելած Ցեղասպանութիւնը աւարտին չեն հասցուցած, կը սպառնան նոր ջարդեր` ցեղասպանութիւն գործել, հայկական հողերէն այլ պատառիկներ խլել եւ հասնիլ վախճանական նպատակին, այսինքն` վերջնականապէս ջնջել Արցախ-Հայաստան կոչուած աշխարհամասը, իսկ հետեւանքները տեսնելու համար մարդս պէտք չունի մարգարէ ըլլալու: Ոճրագործ զոյգին կողմէ հայկական ծառին հասած նախընթաց հարուածը 2020-ին էր, երբ Թուրքիա ուղղակի մասնակցութիւն բերաւ մեր հայրենիքին դէմ յարձակումին` գործի լծելով իր հովանաւորած եւ զինած ահաբեկչական վոհմակները:
***
Բարեբախտութի՞ւն պէտք է նկատել այն, որ Երեւանի իշխանաւորն ու կողքին կանգնողները վերջերս կը հասկցնեն, որ սկսած են իրականութիւնները տեսնել իրենց պարզ գոյներով, կը խոստովանին, որ թուրքն ու ազերին նոր ցեղասպանութիւն կը պատրաստեն արցախցիներու (եւ այլ հայերու) դէմ, այսինքն կ՛ընդունին, որ երկար ատենէ ի վեր իրենց սխալ ընթացքը քննադատող եւ մարտահրաւէրները ճակատէն դիմագրաւելու կոչ ընող ընդդիմադիրները, խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական, շա՜տ աւելի իրատես էին եւ կացութիւնը ճիշդ գնահատած:
Ուրախանալու շատ պատճառ չունինք, որովհետեւ նոր ցեղասպանութեան մը վերահաս ըլլալը ընդունելով հանդերձ, նոյն «իմաստունները» յամառօրէն կը շարունակեն երեւակայածին, միայն իրենց նման մտածողները խաբելու միտող քաղաքական ուղեգիծը: Երեւան բանիւ եւ գործով կը յամառի մնալ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ տեսնելու իր «խաղաղասիրական» ճամբուն մէջ, տրամադիր չէ անսալու ընդդիմադիրներու եւ առողջ մտածող հայերու այն կոչերուն, թէ ազերիական ոճիրներն ու սպառնալիքները պէտք է կոչել իրենց անունով, չմնալ պատանդը այն սուտ մտահոգութեան, որ սեփական իրաւունք պաշտպանելը, անոր համար գործի անցնիլը կրնայ զայրացնել թուրքն ու ազերին: 1915-ը կանխող եւ յաջորդած դէպքերը փաստերու ամբողջ լեռնաշղթայ մը արձանագրած են, թէ հայութեան ըմբոստացումը, ինքնապաշտպանութեան համար սեփական բազուկին վստահիլը չէր պատճառը հայաջնջման ծրագիրին, Հայաստանի հողերուն բռնագրաւման: Եթէ Ցեղասպանութեան տարիները պահ մը սեպենք «հին պատմութիւն», հապա ի՞նչ բառերով պէտք է բնութագրենք այն ջարդերն ու խժդժութիւնները, որոնք ազերիական խուժանին եւ պետական ուժերուն կողմէ ի գործ դրուեցան հայութեան դէմ, Արցախի, Պաքուի, Սումկայիթի մէջ եւ այլուր, երբ Արցախը խաղաղօրէն բարձրացուց ինքնորոշման, Ազրպէյճանէն վերջնականապէս խզուելու, ստալինականութեան կամայականութիւնը սրբագրուած տեսնելու եւ արդարութիւն հաստատելու իր կամքը, այդ երթին մէջ իր կողքին գտաւ ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ ամբողջ հայութեան արդարատենչ կեցուածքը: Ինչո՞վ բացատրել այն, որ արցախեան առաջին պատերազմէն ետք արդար լուծման ճամբան վերագտած հայը` արցախցին, հայաստանաբնակն ու սփիւռքցին, կրկին ու կրկին անգամ իր դիմաց գտաւ ազերիական նո՛յն յարձակողապաշտութիւնը, Թուրքիոյ զօրակցութեամբ` դարաւոր ծրագիրը լրումին հասցնելու բազում փորձերը: 1994-ին յաջորդած տարիներուն, երբ ստեղծուած էր ոչ պատերազմ-ոչ խաղաղութիւն վիճակ մը, ազերիական մահացու եւ վնասարար յարձակումները դադար չունեցան աւելի քան 20 տարի, մեր նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրեցին ապրիլեան քառօրեայ պատերազմ, Տաւուշի բախումներ եւ, վերջապէս, 44-օրեայ աղէտալի պատերազմ փուլերը, որոնց յաջորդեցին Հայաստան ներթափանցումներն ու բռնագրաւումները, հիմա ալ դամոկլեան սուրեր կը կախուին Հայաստանի այս կամ այն շրջանին վերեւ, ազերիական նոր արշաւանքներու սպառնալիքով:
***
Երբ կը կանգնինք 108-րդ ապրիլ 24-ի հանգրուանին, իրաւունք չունինք սահմանափակուելու լոկ Արցախ-Հայաստանի դէմ թո՛ւրք-ազերիական վերջին տարիներու ոճրային արարքներու ծիրին մէջ, որովհետեւ Թուրքիոյ պետական ծրագիրին` համաթուրանականութեան դէմ հայութեան պայքարը շատ աւելի լայն տարածք ունի:
Ճի՛շդ է, որ պայքարի տաք դաշտերը ներկայիս Արցախն ու Հայաստանն են, սակայն ինչո՞ւ անտեսել սփիւռքը: Նկատի չունինք միայն այն երեսը, որ Ցեղասպանութեան պատճառով, հայութեան արեւմտեան կէսը, իր Կիլիկիայով միասին, դարձաւ աշխարհացրիւ, ինկաւ այլասերումի եւ ձուլումի անվերջանալի յորձանուտին մէջ, այլ աչքի առջեւ ունինք վերապրող եւ իր կենսունակութիւնը պահող սփիւռքը, որուն գլխաւոր սեւեռակէտը եղած է ու կը մնայ մայր հայրենիքը, եւ սակայն թրքական իրերայաջորդ հարուածներ կը հասնին նաեւ անոր: Կարելի՞ է մոռնալ, որ Թուրքիոյ իրերայաջորդ իշխանութիւններուն վարիչները հաւատարիմ են համաթուրանականութեան միւս երեսին, որուն նպատակն է բաժանում ստեղծել հայրենի եւ արտերկրի հայութեան միջեւ, ջլատել սփիւռքին կարողականութիւնները եւ Հայաստանը զրկել կարեւոր յենարանէ մը, քաղաքականօրէն եւ տնտեսապէս օգտակար բազուկէ մը:
Եւ… ո՜վ զարմանք: Հայաստանի այժմու իշխանութիւններն ալ, գիտակցաբար թէ տգիտաբար, որդեգրած են նման տրամաբանութիւն: Մէկ կողմէ Թուրքիան է, որ կը բացագանչէ, թէ Սփիւռքի հայութիւնը պէտք չէ դեր ունենայ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց տնօրինման մէջ, լաւագոյն պարագային, բարի կամք ցոյց կու տայ` ըսելով, որ Ցեղասպանութեան հարցը պատմական անցեալին կը պատկանի, անոր քննարկումը պէտք է թողուլ պատմաբաններու (կրկնենք` Ցեղասպանութիւնը միայն անցեալ չէ, այլ բազմաթիւ գիծերու եւ աշխարհագրական գօտիներու մէջ կը շարունակուի ցայսօր), իսկ ասդին, Երեւանի իշխանաւորները արձագանգ կ՛ըլլան այս (ան)տրամաբանութեան` յայտարարելով, որ Հայ դատին հետապնդումը արտերկրի հայերուն պարտաւորութիւնն է: Սա արդէն յաւելեալ փաստ է, որ Երեւանի իշխանաւորն ու իր ուսապարկերը չեն հասկցած, չեն կրցած ըմբռնել, թէ ճիշդ ի՛նչ է Հայ դատը: Փաստօրէն ունին հետեւեալ ընդհանուր պատկերը. Հայ դատի հետապնդումը կը նետեն սփիւռքցիներու ճիտին, Արցախն ու անոր դիմագրաւած հարցերուն տնօրինումը կը նետեն արցախցիներու (եւ ռուս խաղաղապահներու) ճիտին, կը դրժեն Արցախի դատին հիմնական հասկացողութիւնը, կը դադրին խօսելէ Արցախի ինքնորոշման` իր ճակատագիրը որոշելու տարրական իրաւունքին մասին (որ խորքին մէջ պարզապէս մէկ մասնիկն է մեր ամբողջական Դատին), կ՛որդեգրեն ազերիական ներշնչում ունեցող այն մտածողութիւնը, որ Ստեփանակերտն ու Պաքուն պէտք է ուղղակի բանակցութեամբ իրենց միջեւ լուծեն շրջանի հայութեան մարդկային, մշակութային եւ այլ իրաւունքներուն դասաւորման հարցերը, այսինքն իրաւապէս Արցախը կ՛ընդունին իբրեւ Ազրպէյճանի մէկ ներքին տարածքը: Պարզ բառերով, մէկ կողմէ Արցախի, եւ միւս կողմէ` սփիւռքի նկատմամբ Երեւանի իշխանաւորները կ՛որդեգրեն ձեռնածալ դիտողի եւ… թրքական ծրագիրներուն կամակատարը դառնալու ուղին: Իսկ թէ սա կ՛ըլլայ գիտակցաբա՞ր, տգիտաբա՞ր, ասոր կամ անոր կողմէ պարտադրանքներո՞ւ բերումով, արդէն անկարեւոր է եւ ո՛չ իսկ երկրորդական կարեւորութիւն ունի: Փաստը կը մնայ փաստ, ինչպէս որ փաստերու ամբողջ շարք մը կուտակուած է, թէ Հայաստան ինչպէ՞ս, այս իշխանաւորներուն «վարպետութեան» պատճառով, ինկաւ դէպի 44-օրեայ պատերազմ տանող ճամբուն մէջ, ինչպիսի՜ ինքնահակասումներով, դրժումներով եւ տհասութեան ցուցահանդէսներով Հայաստան-Արցախը հինգ տարուան մէջ տարին մարդկային եւ հողային հսկայական կորուստներու, անուղղակիօրէն մասնակից-գործիք դարձան ու կը մնան համաթուրանական ծրագիրին իրականացման: Անտեսելի չէ, որ Երեւանի կրաւորականութեան եւ կրաւորականութեան մէկ այլ հետեւանքն ալ` աշխարհի հզօրներուն կողմէ բնական անտարբերութիւնն է եւ իրենց բնական դաշնակիցը դարձած` թուրք-ազերիական ճակատին զօրակցութիւնը:
***
Հայաստանի վերջին հինգ տարիներու, ինչպէս նաեւ նախընթաց տասնամեակներու իրադարձութիւնները, դրական եւ վնասաբեր զարգացումները կարելի չէ դիտել մեր Դատին ամբողջական տարածքէն անկախ, իբր թէ աղերս չունենան մեր Դատի լինելութեան հետ:
Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, մեր Դատը ապրեցաւ դրական եւ ժխտական փուլեր: Հինգ տարի առաջ հայութիւնը պահ մը ունեցաւ այն յոյսը, որ «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» էական բարեշրջումներ պիտի բերէր երկրին, «Արցախը Հայաստան է ու վերջ»-ը, ըստ խոստումներուն, պիտի մտնէր կենսագործման փուլ: Հայութիւնը նաեւ մեծ յոյսեր կապեց տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ այլ մարզերու մէջ բարելաւումի խոստումներուն, փտածութեան, չարաշահութեան եւ կողմնակալ գործելաձեւի էջը փակելու հաւաստիքներուն: Այս բոլորին մէջ կ՛ուզենք վեր առնել տարբեր ոլորտներու յարակցութիւնը` մեր Դատին, որովհետեւ Դատ հասկացողութիւնը էապէս իրաւունքի հարց է, այսինքն կ՛ընդգրկէ, հողային պահանջներու կողքին, նաեւ մեր ժողովուրդին մարդկային-ապրուստի իրաւունքները: Այսօր մոռցուած է, որ 44-օրեայ պատերազմով հասած պատուհասէն շատ առաջ առաջին հարուածները հասան մեր մշակոյթին ու ազգային հաստատութեանց, իսկ բարեշրջման խոստումները չարդարացան ընդհանրապէս, եղած մէկ քանի բեմադրութիւններն ալ մնացին աչքի փոշի ցանելու սահմաններուն մէջ:
Ապրիլեան այս օրերը բացառիկ ժամանակաշրջան մը չեն, որպէսզի Հայաստան-Արցախի եւ սփիւռքի տարածքին հայութիւնը մտածէ, թէ շատո՜նց անցած է այն պահը, երբ պէտք էր փակել քննարկումներու, ճիշդ ախտաճանաչումներու եւ սխալները ուղղելու մասին խօսելու էջը:
Ապրիլ 24-էն հազիւ երեք տարի ետք հայութիւնը գտաւ հզօրանքը` Սարդարապատ եւ անկախ պետականութիւն կերտելու: Պատմական հայրենիքին մէկ փոքր տարածքին վրայ գոյութիւն առած հանրապետութիւնը շուտով գտաւ նաեւ հզօրանքը` ընդարձակելու հայրենիքին սահմանները, Արցախը պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ Հայաստանի մէկ անբաժան մասնիկը, իսկ անկէ առաջ Հանրապետութիւնը որդեգրեց ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆի հռչակագիրը, զայն իբրեւ աւանդ փոխանցեց գալիք սերունդներուն, իսկ մենք մէկ մասն ենք այդ «գալիք սերունդներ»-ուն: Վերանկախացած Հայաստանի առաջին սերունդը վերցուց պահ մը գետին ձգուած դրօշը եւ 29.800 քառ. քմ Հայաստանի տարածքը հասցուց 42.000-ի` ճամբայ բանալով դէպի նոր հողահաւաք: Հինգ տարի առաջ բացուած էջը, գիտենք, ո՛ւր հասցուց մեզ, Հայաստանով եւ սփիւռքով. ունեցանք հողերու կրճատում, ներքին եւ Հայաստան-սփիւռք վիհերու խորացում, բարեկամներու կորուստ եւ…
… Հայութեան ծառը ահաւոր հարուած մը ստացաւ 1915-23 տարիներուն, սակայն, Զարիֆեանի բառերով,
«Բայց իր կողէն`
Արծուաթըռիչ նիզակներու խրոխտանքով`
Բարունակներ ժայթքեր էին դէպի երկինք»:
Բարունակները այսօր եւ վաղը դարձեալ պիտի վերածաղկին: Զինուորապէս, քաղաքականապէս, դիւանագիտական, տնտեսական եւ բազմաթիւ այլ մարզերու մէջ 2018-2020-էն ասդին տապալումի ենթարկուած Հայաստանը վերստին պիտի ծլարձակի եւ նոր, հաստաբուն ծառեր իրենց սաղարթները պիտի տարածեն հայապատկան բոլոր հողերուն վերեւ, ապրիլ 24-երը պիտի վերածուին մեր իրաւունքներուն վերատիրացման փուլերը չափող հանգրուաններ: Այս երթը սկիզբ պիտի առնէ, երբ վերջ տրուի պարտուողական, թշնամիին պահանջներուն դիմաց անընդհատ զիջելու ընթացքին, հայութեան մէջ պիտի վերականգնի ռազմի եւ քաղաքական-դիւանագիտական ասպարէզներուն մէջ «Երկաթէ շերեփ»-ը արդիւնաւոր կերպով գործի լծելով: Սա լոկ բաղձանք ու սին երազ չէ, որովհետեւ վերջին հարիւրամեակը բազմիցս վկայութիւններ արձանագրած է մեր ունակութիւններուն մասին: Մեր տապարահար ծառը պիտի ծաղկեցնենք միացեալ ձեռքերով` մեր կեանքէն դուրս վանելով երկչոտն ու օտարին կամակատարը, մեր շոգեկառքը վերադարձնելով ճիշդ ուղիին:
23 մարտ 2023