Յօդուածներ

Մահուան 54-Ամեակ` Հայութեան Մեծագոյն Դէմքերէն Սիմոն Վրացեանի

Մահուան 54-Ամեակ` Հայութեան Մեծագոյն Դէմքերէն Սիմոն Վրացեանի

21 մայիս 1969-ին, Պէյրութի մէջ իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մեծանուն կերտիչներէն Սիմոն Վրացեան: Հասարակական, քաղաքական, ազգային եւ պետական գործիչ Սիմոն Վրացեան ծնած է 1882-ին, Նոր Նախիջեւանի Մեծ Սալա գիւղը: Յաճախած է ծննդավայրին միջնակարգ դպրոցը, ապա` Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, ուր կազմաւորուած է իբրեւ հայ եւ մտաւորական: Անդամակցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: 1907-ին մասնակցած է Վիեննայի մէջ գումարուած...

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի Հարիւրամեայ Յոբելեանը` Նոր Հարիւրամեակի Տեսլականով

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի Հարիւրամեայ Յոբելեանը` Նոր Հարիւրամեակի Տեսլականով

ԼՈՒՍԻԿ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ-ԱՖԱՐԵԱՆ Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի հիմնադրութեան հարիւրամեակն է այս տարի: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանը հիմնուած է 1 մայիս 1923-ին, Պէյրութի մէջ, Յիսուսեան միաբանութեան կողմէ: Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին բարձր հովանաւորութեամբ եւ անմիջական աջակցութեամբ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի նորակազմ Շրջանաւարտից միութիւնը նպատակադրած է արժանավայել շուքով նշել իր սիրելի ճեմարանի հարիւրամեայ յոբելեանը: Ճեմարանը հայեցի տոհմիկ դաստիարակութեան հարազատ օճախ...

Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր – Սուրբ Աննա

Լեհահայ «Գաւազանակիր Միանձնուհիներ»

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ Լվովի մէջ լեհահայուհիներու աւանդութիւններով հիմնուած Պենետիկդեան միանձնուհիներու պատրաստութեան այս հռչակաւոր կրթարանը, մենաստանի այս կառոյցը կը շարունակուի մինչեւ 1945 թուական, երբ Լեհաստանի պատմական արեւելեան սահմանները փոփոխութեան կ՛ենթարկուին` փոփոխութեան ենթարկելով նաեւ Լեհաստանի պատմական տարածքները: Մանաւանդ Լվովի լեհահայ կաթողիկէ վերջին թեմակալ առաջնորդին` բարեհամբաւ Եուզեֆ  արք. Թէոտորովիչի (1864-1938) մահէն ետք: Պատմական Լեհաստանի հարաւարեւելեան սահմանամերձ Սթանիսլաւով մարզի մայրաքաղաք Լվովը կը դառնայ այսօրուան...

Գետ-Արուեստի

Գետ-Արուեստի

- Այս Թանգարանը Աղբանոց Է Բառացիօրէն - Հին Վարպետները Միտումնաւոր Կերպով Խառնած Են Ձէթն Ու Հաւկիթի Դեղնուցը` Իրենց Գլուխգործոցները Ստեղծելու Համար Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Այս Թանգարանը Աղբանոց Է Բառացիօրէն Կերպընկալը յեղափոխեց մեր կեանքը, սակայն մոլորակը մեծապէս տուժեց: Այս թանգարանը մտահոգիչ ապացոյց մը կու տայ մեր աղբի դիմացկունութեան մասին: Չորս տարի առաջ Էնզօ Սումա կը զբօսնէր իր տան մօտ գտնուող ծովեզերքը, երբ...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ամանորի Պատգամը.  Համախմբուիլ` Ի Խնդիր Հայաստանի Ու Արցախի Փրկութեան

Արեւմտեան Թեմը 500.000 Տոլարով Կը Հաստատէ «Արամ Ա. Կաթողիկոս» Հիմնադրամ

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի Արեւմտեան Ամերիկա հովուապետական բարեբեր այցելութեան ընդառաջ, հովանաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի եւ նախաձեռնութեամբ Ազգային վարչութեան, երեքշաբթի, 16 մայիս 2023-ին Ազգային առաջնորդարանը հաստատեց «Արամ Ա. կաթողիկոս» հիմնադրամ, որուն գոյացման համար առաջնորդ սրբազանի դիմումին ականջալուր` Արեւմտեան թեմը, տէր եւ տիկին Արիս եւ Անժելա Իսթամպուլեաններ, տէր եւ տիկին Մայք եւ Էվելինա Սարեաններ եւ «մի ոմն»...

Էրտողանի Վերընտրութեան Ուրուականը

Էրտողանի Վերընտրութեան Ուրուականը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Մայիս 14-ին տեղի ունեցան Թուրքիոյ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւնները։ Գործող նախագահ Էրտողանը ապահովեց քուէներուն 49,24 առ հարիւրը, քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուն՝ 45,07 առ հարիւրը, իսկ ԱԹԱ դաշինքի թեկնածու Սինան Օղանը՝ 5,17 առ հարիւրը։ Մայիս 28-ին տեղի պիտի ունենայ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլը՝ նկատի ունենալով, որ թեկնածուներէն ոչ ոք անցած է քուէներու 50 առ հարիւրի շէմը։...

Սթափելու Ժամանակը

Կոռնիձորի Հաւաքը Նոր Մեկնակէտ Է

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Շաբաթ, 20 մայիսին հազարաւոր հայեր (կը խօսուի շուրջ 5000-ի մասին) Կոռնիձորի մէջ հաւաքուեցան եւ քայլարշաւով մօտեցան Հայաստանը Արցախին կապող կամուրջին վրայ տեղակայուած ազրպէյճանական անցարգելին: Միւս կողմէն, իրենց ընդառաջ եկան Ստեփանակերտէն եկող ցուցարարներ: Կոռնիձորի մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք, որուն գլխաւոր պատգամը հանդիսացաւ Արցախն ու Հայաստանը կործանումէ փրկելու նպատակով համախմբուելու ու վերանորոգ թափով պայքարը շարունակելու հրամայականը: Արդարեւ, 15 մայիսի եռակողմ...

Մայրե՛ր, Վառ Պահեցէք Ջահերը Ձեր

Մայրե՛ր, Վառ Պահեցէք Ջահերը Ձեր

ՄԱՅՏԱ ԹԱԴՈՅԵԱՆ Սովորութիւն դարձած է Միջին Արեւելքի մէջ Մայրերու օրուան նուիրական տօնը նշել գարնան գեղեցիկ օրերէն մէկուն` մարտ 21-ին: Մեր հայրենիքին` Հայաստանի մէջ մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնը կը նշուի Սուրբ Աստուածածինի աւետման տօնին հետ զուգահեռ` ապրիլ 7-ին, եւ այդ առիթով եկեղեցիներէն ներս կը կատարուի մայրութեան բերկրանքին սպասող կիներու օրհնութեան յատուկ կարգ: Իսկ Արեւմուտքի եւ կարգ մը այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս`...

Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր – Սուրբ Աննա

Լեհահայ «Գաւազանակիր Միանձնուհիներ»

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ Լեհահայ «Գաւազանակիր միանձնուհիներ» Լեհաստանի հայ եկեղեցւոյ միանձնուհիներու պատմութիւնը սկսած է ուշ միջնադարուն, եղած է բազմափուլ եւ յատկանշուած է դաւանական բարդ իրադարձութիւններով: Լեհահայ միանձնուհիները ապրած են պատմական Լեհաստանի գլխաւորաբար երեք մենաստաններու մէջ` Լվովի, Քամիենիեց Բոտոլսկի եւ Եազլովիեցի մէջ: Անոնք ընդհանրապէս կոչուած են «Կուսանք» կամ այդ դարաշրջանի  լեհահայերու գերիշխող  խօսակցական հայատառ ղփչաղերէնով` «Ղըզլար», եւ կամ հին լեհերէնով ընդհանրացած` տեվոթքի,...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Կոստան Զարեանի Առանձնութեան Մէջ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Ճեմարանականներու մեր սերունդին տրուած մեծ նուէրն էր Կոստան Զարեանին աշակերտելու այդ բացառիկ պատեհութիւնը: Անցեալ դարու յիսունական թուականներն էին: Յանկարծ ծանուցուեցաւ, որ Պէյրութ ժամանած էր հայ գրականութեան հսկան` որպէս Ամերիկեան համալսարանի արուեստի պատմութեան եւ փիլիսոփայութեան դասախօս: Այդ օրերու Պէյրութը մեծ զգայնութեամբ կ՛ընդունէր մեծ գրագէտներու այցը իր սահմաններէն ներս... Եւ մեր տնօրէնին` Սիմոն Վրացեանի նախաձեռնութեան կը պարտինք Զարեանի մուտքը Ճեմարանէն...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Անդրադարձ. Եգիպտացի Բեմադրիչ Մը, Որ Արարատը Սրտին Կը Շրջագայի Յանուն Հայաստանի

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Հայ կեանքը շատ անգամ այնպիսի արտասովոր երեւոյթներու դէմ յանդիման կը գտնուի` ըլլան անոնք դրական թէ ժխտական, որոնք մեզ մտածումի կը մղեն, կը շշմեցնեն, յաճախ կը յուզեն, զգաստութեան կը հրաւիրեն, ձեւով մը` ինքնաքննարկման պատեհ առիթներ կը ստեղծեն: Անցնող շաբթուան ընթացքին` 6-էն 12 մայիսին,  լիբանանահայ հասարակութիւն թէ ուսանողական շրջանակներ, հոգեպարար ժամանակ մը անցուցին, փոթորկոտ ապրումներու խայտանքը զգացին յանձին երիտասարդ բեմադրիչ...

Յինանց Կիրակիներ.  Երկրորդ Ծաղկազարդ

Յինանց Կիրակիներ. Երկրորդ Ծաղկազարդ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձումին յաջորդող կիրակին կը կոչուի երկրորդ Ծաղկազարդ: Երկրորդ Ծաղկազարդը Քրիստոսի Վերին Երուսաղէմ` հրեշտակներուն մօտ մտնելու յիշատակն է: Քրիստոս երբ Համբարձումէն երեք օր ետք Վերին Երուսաղէմ բարձրացաւ, հրեշտակները ըսին. «Ո՞վ է այս փառքի արքան, կարողութեամբ հզօր Տէրն է ան, պատերազմի մէջ զօրաւոր Տէրը: Վեր քաշեցէ՛ք, իշխաններ, դուռերը, թող բացուին յաւիտենական դուռերը, եւ փառքի Արքան թող ներս մտնէ»:...

Նժդեհ Մերտխանեանի Մահուան Քառասունքին Առթիւ

Նժդեհ Մերտխանեանի Մահուան Քառասունքին Առթիւ

ՆԱՐՕՏ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆ Կ՛ուզէի երկու խօսք գրել այսօրուան համար, բայց մինչեւ երէկ գիշեր խօսքեր չունէի: Ի՞նչ գրեմ, ինչպէ՞ս արտայայտեմ այս խոր ցաւս, ի՞նչպէս ամփոփեմ Նժդեհին հետ անցուցած 16 անուշ տարիները: Վերջ ի վերջոյ որոշեցի մտածել Նժդեհին մասին ու առիթ տալ, որ բառերը հոսին: Կ՛ուզեմ ձեզի հետ բաժնեկցիլ քանի մը յուշ ու դէպքեր, որոնց ընդմէջէն պիտի ներկայացնեմ  մեր Նժդուկը: Վեց տարիներ շարունակ...

Նշմար.  Յուսադրող Երեւոյթի Մը Առիթով

Նշմար. Յուսադրող Երեւոյթի Մը Առիթով

Հ. Վ. Այս օրերուն, երբ բովանդակ ազգն ու հայրենիքը կը դիմագրաւեն դժնդակ պայմաններ, երբ կը տիրէ համատարած յուսախաբութիւն` բոլորիս ծանօթ պատճառներով, երբ մտահոգութիւնը շատերուն պատած է նոյնիսկ ապագայի նկատմամբ, սակայն անդին, բարեբախտաբար, լոյսի նշոյլ մը, կայծ մը, աքթ մը, ձեռնարկ մը բաւարար է վերալիցքաւորելու նոյն այդ հոգեվիճակին մէջ գտնուող հաւաքականութիւն մը: Ահա այդ պահերէն մէկը հանդիսացաւ Մարսէյի Համազգայինի դպրոցին կազմակերպած...

Ժիրայր-Վահէ Մալճեանի «Անդրդուելին»

Յակոբ Պարոնեանին Հետ

ԴՈԿՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ Յակոբ Պարոնեան - Պարո՛ն Յակոբ, ի՞նչ էք ընելու այս իրիկուն, ձեր ծննդեան օրը... հարկաւ մոռցած էք, չնայած` ձեր ձայնը տակաւին կը լսուի Հայաստանի բեմերէն: Բայց մինչ այդ կ՛ուզէ՞ք գիտնալ... ի՞նչ ըսեմ, պիտի հարկ եղածին չափ տխրիք... Հայաստան հիմա երկու տէրով ծառայ մըն է, ուրիշներ կ՛ըսեն... -................................................................... - Կը հասկնամ, մի՛ վախնար,- քիչիկ մը մտերմիկ կ՛ուզեմ խօսիլ,- ինծի...

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Աշխարհի բոլոր քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ մայրութեան խորհուրդը եւ մօր մը ունեցած դերն ու ազդեցութիւնը ճանչցուած եւ նուիրագործուած են իւրայատուկ տօնով: Ընդհանրապէս գարնան ամիսներուն` մարտի առաջին կիրակիէն մինչեւ մայիսի երկրորդ կիրակին, ժողովուրդներ օր մը ձօնած են իրենց մայրերուն:_ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ կարգ մը այլ վայրերու մէջ ամէն տարի մայիսի երկրորդ կիրակին «Մայրերու օր» նշանակուած է, եւ...

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան Բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան ծնած է Մարաշ, 1880-ին: Զաւակը` Կարապետ եւ Խաթուն Տէր Ղազարեաններու: Ունեցած է եօթը քոյրեր, եղած է ծնողներուն երէցը եւ միակ մանչ զաւակը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղային վարժարանին մէջ: 1896-1901 ուսանած է Տարսոնի Ամերիկեան քոլեճին մէջ: 1902-ին անցած է Պէյրութ, ուր հետեւած է ամերիկեան համալսարանի...

Երգելով Մեռնի՞լ, Թէ՞ Ապրիլ

Երգելով Մեռնի՞լ, Թէ՞ Ապրիլ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Քաղաքացիական պատերազմներու մէջ եղող երկիրներու ղեկավարներ, որոնք ժողովուրդին փոքր մէկ հատուածն են, մարդոց ճակատագիրներուն հետ կը խաղան եւ յատկապէս երիտասարդներուն երազները կը չքացնեն: «Պի.Պի.Սի.» երկու տարբեր յօդուածներով անդրադարձած է Սուտանի հակամարտութենէն տուժած երիտասարդներու տառապանքին:                                                                                                                 Ն. Սուրիայէն Սուտան. Մղձաւանջը  Հետեւեցաւ Ինծի Երբ ապրիլին Խարթումի մէջ կռիւներ սկսան, Քերիմին համար պատմութիւնը կը կրկնուէր: Քերիմ, որ երկու տարի առաջ փախած...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Պրիւքսելէն Ետք Յաւելեալ Քաոս

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Երկուշաբթի, 15 մայիսին Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայկական աշխարհի մէջ արեւը դիմաւորուեցաւ Փաշինեան-Ալիեւ պրիւքսելեան վերջին հանդիպումին մասին մանրամասնութիւններու ողողումով: Եւրոպական խորհուրդի ներկայացուցիչ Շարլ Միշէլի (եւ անոր ետին կանգնող Ուաշինկթընի, Փարիզի, Պերլինի եւ այլ «խոհարարներու») կնքահայրութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին տրուած տեղեկութիւնները ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ հաստատեցին, որ Փաշինեանի իշխանութիւնը սիրայօժա՜ր կերպով Արցախը, ամբո՛ղջ Արցախը նուիրած է «արխատաշ» Ալիեւին: Ըսինք` «անգամ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Կոչի Կարգով

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Համայնքային Համահայկական Գործունէութիւն. Կրօնական Հարթակ

ՇԱՀԷ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ Կրօնական տիրապետութեան եւ իշխանական հանգամանքներու օգտագործման բերումով պատմականօրէն եւ դարեր տեւած պայմաններու լոյսին տակ բնական դաշտ մը պիտի պարզուէր գործակցութեան ոչ համապատասխան դրսեւորումներու` ազգային թէ համահայկական մակարդակներու վրայ: Քրիստոնէական կրօնը, իր մարդկային եւ ընկերային հասկացողութեամբ, մարդ արարածի կեանքին ուղեցոյց հանդիսացող վարդապետութիւն է, որ այլ վարդապետութիւններու նման` կը դաստիարակէ եւ ընկերութեան զանազան հատուածները կ՛ուղղէ խաղաղ եւ ուրախ կեանքի պայմաններ...

Page 263 of 1111 1 … 262 263 264 … 1,111

Արխիւներ