ԴՈԿՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ

– Պարո՛ն Յակոբ, ի՞նչ էք ընելու այս իրիկուն, ձեր ծննդեան օրը… հարկաւ մոռցած էք, չնայած` ձեր ձայնը տակաւին կը լսուի Հայաստանի բեմերէն: Բայց մինչ այդ կ՛ուզէ՞ք գիտնալ… ի՞նչ ըսեմ, պիտի հարկ եղածին չափ տխրիք… Հայաստան հիմա երկու տէրով ծառայ մըն է, ուրիշներ կ՛ըսեն…
-………………………………………………………….
– Կը հասկնամ, մի՛ վախնար,- քիչիկ մը մտերմիկ կ՛ուզեմ խօսիլ,- ինծի կ՛ըսեն. «Աս ի՞նչ դժբախտութիւն գլուխդ եկաւ, թերեւս` կու գայ, որ որոշած ես զրուցել Յակոբ Պարոնեանի հետ. կը յիշէ՞ք, առածը կ՛ըսէ. «Կամաց քալողը բնաւ չի յոգնիր»: Ես կամաց-կամաց կը խորհիմ, քալելու համար ատեն չունիմ արդէն, վարժուած եմ կամ վարժեցուցած են հայաստանեան անցեալ, ներկայ իշխանութիւնները: Կարծեմ ապագայ իշխանութիւններն ալ սապէս պիտի վարուին: Չնայած` «Ապագայ կայ» կարգախօս մը մէջտեղ նետած են` շուներուն հաց նետելու հանգոյն: Բայց ձեզի չեմ ուզեր վրդովեցուցիչ բաներու վրայօք խօսիլ, հիմա կ՛աշխատին ձեզի ծառայութիւն մը ընել, բայց չեմ գիտեր` որո՞ւ օգնութեամբ:
…………………………………………………………….
– Ո՛չ, ո՛չ, ձեր ծննդեան օրը նշելը չեմ ակնարկեր, որո՞ւ ակնարկեմ… Դուք ինծի շատոնց ըսած էք` համբերեցէք քիչ մըն ալ: Գիտեմ` ձեր ըսածները ճշմարիտ են, ու ես անոնց ուշի ուշով կը հետեւիմ, ինչպէս Թափառնիկոսը` իր ցանկութիւններու իրականացմանը, բայց դժուարութեամբ, վասնզի Թափառնիկոս չեմ, ան բնաւ չի յոգնիր, եւ ինչպէս կը յիշէք` Մարկոսին կ՛ըսէր. «Պապանձէ, քիչ մըն ալ համբերէ, թող որ պարծենամ իմ արուեստիս մէջ», ու ակռայ կը քաշէր: Հիմա Թափառնիկոս մը կամ թափառնիկոսները կ՛ուզեն կարեւոր չէ` ի՞մ, թէ՞ ժողովուրդին ակռաները քաշել, բայց կը սխալին եւ ուրիշ ակռաներ կը քաշեն, ու ցաւէն պոռացողներու աղաղակները սահմանակից երկիրներու մէջ ալ կը լսուի: Ակռաներու արուեստի տեսաբաններն ալ կարծես շատցած են, զօրախումբ կազմած են… Կը գրեն, կը խօսին, կը լռէն… պարգեւավճարներով` պետութեան ու պետականութեան անունէն:
-………………………………………………………………..
– Հիմա կը լսեմ ձեր ձայնը. կ՛ըսէք խարդախին մէկն է այն, որ ստանձնած է ողջ (մնացած) ժողովուրդին ակռաները քաշելու «լուծը», թէ՞ նախապէս արդէն ակռաները հատ-հատ հաշուած է, ըսել կ՛ուզեմ` գոց գիտէ թուլութիւնները, թերութիւնները, ցանկութիւնները եւ մանաւանդ դժգոհութիւնները… երկտասնամեակ տարիներ առաջ խոստացած էին ժողովուրդին, որ իրենք ալ կը տիրապետեն, փորձառութիւն ունին, թէ ժողովուրդի ո՞ր ակռան է փչացած եւ ո՛րը պէտք է շուտափոյթ քաշել: Դարմանումի խնդիր ալ առաջ քաշած էին, բայց զուր, տեսակ մը խաբէութիւն ցուցաբերած էին, մինչեւ որ…
-………………………………………………………….
– Շա՛տ ճիշդ, մինչ այն ատեն որ ժողովուրդը անակռայ մնայ… հազարամեայ ժողովուրդ է հայ ժողովուրդը, պարո՛ն Յակոբ, երբեւէ տեսա՞ծ էք 90-100-ամեայ մարդ մը` բոլոր ակռաներով հանդերձ: Տարիքի խնդիր է…
– ……………………………………………………………….
– Սխալ հասկցուցեր են ձեզի, էֆենտիմ, աֆերիմ, վեսալամ, ինչպէս կ՛ըսէին Տատեանները, Պալեանները, որոնք օսմանեան Թուրքիոյ պետութիւնը կը զօրացնէին, կ՛անցնիմ` տեսակ մը զղջումով…
– ……………………………………………………………….
– Ատիկա ինծի չի վերաբերիր, ես յօժարակամ անձնատուր եղած եմ խորհելիքս չկորսնցնելու արուեստին: Կը գրեմ, կը խոկամ, որքան ալ բերնիս մէջ ակռայ չէ մնացած, բայց աւելի շատ արհեստականին կը վստահիմ, քան` անվարժ արհեստաւորներուն, վասնզի լեզուս վստահած եմ բերնիս: Կ՛երեւակայէ՞ք ինձմէ զատ ողջ մնացած ժողովուրդին վիճակը, որ տակաւին դիմադրած է ու կը դիմադրէ, որ ակռաներու հետ լեզուէն ալ չզրկուի` դառնայ չխօսկան, մինչեւ այն ատեն, երբ բերանն ալ գոցեն ջրալի խոստումներով` յանուն պետական շահի ու չեմ գիտեր` ի՞նչ շահերու: Յիշեալ շահերու եւ մանաւանդ պարսից շահերու ժամանակն ալ շատոնց անցած է, իսկ ժողովուրդն ալ անշահ-անշահագրգիռ-անշահախնդիր մնացած է:
– ………………………………………………………………..
Շա՛տ աղէկ, կը հասկնամ, բայց ես ու շատեր հալումաշ ըլլալու գործընթացին մէջ տակաւին կը տապկուինք, Աստուծոյ հասցէն ալ մոռցած ենք: Երէկ գացի` թուղթ մը առի, որ Աստծոյ նամակ մը գրեմ. «Մեր Տէր Աստծուն` իր սրտակից հայ ժողովուրդէն…» տողերը գրած ատեն ձեռքս սկսաւ կամաց-կամաց բռունցքուիլ ու Յովհաննէս Շիրազը յիշեցի. «Բռունցքուելն է փրկութիւնը Հայաստանի»: Ա՛լ չէք երեւակայեր, թէ ի՛նչ պատահեցաւ…
– ………………………………………………………………..
– Ճի՛շդ այդպէս, ձայն մը լսեցի. «Նամակդ անպատասխան պիտի մնայ, տեղդ իմացուր ինծի,- կ՛ըսէ ձայնը,- ուր ալ ըլլաս, հոն կու գամ, ես տակաւին անժամկետ- անհասցէ եմ, ո՞ւր զիս չեն մոռցած` ես հոն եմ…»: Ի՞նչ պիտի ընէի, ի՞նչ կ՛ուզէիք` ընէի, որ չեմ ըրած, պարո՛ն Յակոբ, բան մը չըրի, սապէս պապանձուած ձեր խօսքերը կը յիշեմ.
«Մեր պանդուխտ եղբայրները հազիւ կրնան իրենց օրական ապրուստը ճարել` հեռու հայրենիքէն ու հայրենիքին մէջ, (Ա. Ա.) զուրկ ընտանիքէն եւ թերեւս ոմանք ալ բոլորովին յուսաբեկ հայրենիք դառնալէն` ահ ու դողով կ՛անցընեն իրենց ժամերը այդպիսի գթաշարժ տեսարանի մ՛առջեւ, որ հայն կրնայ անտարբեր հանդիսատես մնալ, որովհետեւ ազգին վիճակն իմանալ կ՛ուզես, բաց ականջներդ, լսէ, խորհէ եւ թող աչքերէդ արտասուած յորդառատ վտակներ իջնեն ծնօտդ ի վար, անոնց համար կը խօսիմ, վասնզի Հայաստանի զաւակունք են եւ հայրենիքը իր ազատութեան յոյսը անոնց բազուկներու վրայ դրած է, այն բազուկներուն, որք այսօր տկարանալու վրայ են, եւ թերեւս օր մը բոլորովին ոչնչանան հայրենեաց յուսոյ հետ…»:
– ……………………………………………………………….
– Արդար եւ իրաւացի են ձեր խօսքերը, պարո՛ն Յակոբ Պարոնեան, եւ աւա՜ղ, չհասկցուած, չգիտակցուած երջանիկ եղէք,- գիտեմ, կենդանութեան ատեն բնաւ չէք եղած, գոնէ հիմա եղէք եւ սապէս… մեզ յաւիտենապէս նեցուկ…
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար,
Երեւան, 3 ապրիլ 2023


