Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Համայնքային Համահայկական Գործունէութիւն. Կրօնական Հարթակ

Մայիս 19, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԷ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ

Կրօնական տիրապետութեան եւ իշխանական հանգամանքներու օգտագործման բերումով պատմականօրէն եւ դարեր տեւած պայմաններու լոյսին տակ բնական դաշտ մը պիտի պարզուէր գործակցութեան ոչ համապատասխան դրսեւորումներու` ազգային թէ համահայկական մակարդակներու վրայ:

Քրիստոնէական կրօնը, իր մարդկային եւ ընկերային հասկացողութեամբ, մարդ արարածի կեանքին ուղեցոյց հանդիսացող վարդապետութիւն է, որ այլ վարդապետութիւններու նման` կը դաստիարակէ եւ ընկերութեան զանազան հատուածները կ՛ուղղէ խաղաղ եւ ուրախ կեանքի պայմաններ հաստատելու: Սակայն գործնական գետնի վրայ ակնկալելի չէ տեսնել այդ վարդապետութիւններու սկզբունքներուն` իրենց ընդհանուր ըմբռնողութեամբ եւ դաստիարակութեամբ համապատասխան հանգամանք ունենալը:

Մարդկային ստեղծագործութեան հաւասարութեան վրայ հիմնուած ըլլալով` քրիստոնէութեան հիմնական սկզբունքը հաւասար աչքով կը նայի ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող հատուածներուն: Այս կէտը կ՛ենթադրէ յարգանքի դրսեւորում` անկախ ճիշդի կամ սխալի յարաբերական դատողութեան գաղափարէն, համակեցութեամբ գոյակցելու համար տարբեր խաւերու միջեւ:

Քրիստոնէութեան հիմնական սկզբունքներուն եւ հաւատամքին վրայ հիմնուելով` մարդ արարածին Աստուծոյ պատկերով ստեղծուելու ըմբռնումը խորհրդանշական եւ ոչ շատերու գիտակցութեան ենթակայ ըլլալով` յաճախ անհասկնալի ու մտապէս անհասանելի կը թուի եւ ոչ լուրջ մօտեցումի տպաւորութիւն կը ձգէ: Միեւնոյն ժամանակ անձնասիրութեան, ոխի, քինախնդրութեան, թշնամութեան, վրէժխնդրութեան եւ նման մօտեցումներէ հեռու մնալու ըմբռնումով կը հասկցուի քրիստոնէական գերազանցօրէն հարուստ եւ աստուածային անսահմանութեան ստեղծագործութեան գաղափարը:

Քրիստոնէական սկզբունքներէն դատելով եւ ներողամտութեան ու ստեղծագործական հաւասարութեան ըմբռնումի վերլուծումով` ընկերային կառոյցները խաղաղ գոյակցութեան մէջ կը մնան եւ սխալներու դիմաց բարի նպատակով ու ինքնապաշտպանական բացատրողականով կ՛ամրապնդուին անհատական եւ հաւաքական մակարդակներու վրայ: Քրիստոնէական վարդապետութիւնը, քաղաքական ժամանակավրէպ հանգամանք կրելու պարտականութենէն հեռու մնալով, շեշտը կը դնէ մնայուն արժէքներու եւ սերունդներու բարոյական դաստիարակութեան դրական ու նկարագիրի ուղեցոյցի կրօնաբարոյական ընթացքին վրայ` հեռու մնալով բաց պայքարներու դաշտերէն եւ թելադրելով քրիստոնէավայել առաջնորդութիւն:

Քրիստոնէական վարդապետութիւնը հիմնականին մէջ ազատութիւն ներշնչող եւ մարդկային նկարագրային կառոյցը գոհացնող հաւատամքի վրայ հիմնուած հրաւէր է: Տարիքային տարբեր փուլերու ընթացքին աճող գիտակցութիւնը դրսեւորելը իբրեւ հիմնաքար ունենալով` քրիստոնէական ամբողջական խորհրդանշական վարդապետութեան սկզբունքները գործնական եւ իրականանալի մեկնակէտեր են:

Ապաշխարութիւնը որոշում մըն է մարդ արարածին կողմէ ներքին բուխ անսահմանութեան սկզբունքները ապրելու եւ գործադրելու` խաղաղ եւ ուրախ պայմաններու մէջ: Պատարագը ինքնին, իր կատարելագործուած բովանդակութեամբ, սկսելով Քրիստոսի գալուստէն մինչեւ համբարձում, առաւել եւս` դատաստանական երկրորդ գալուստի մարգարէութիւններու խորհուրդներով, ժողովրդային բոլոր տարիքներուն հասանելի չէ, թէեւ ապաշխարութեամբ տրուած որոշումը կեանքի տեւողութեան յառաջացող, սերնդափոխութեան իրագործումներով եւ պատարագիչ կղերականին խաղաղութեան օրհնութեամբ կը հարստացնէ երկնային անսահմանութեամբ շնորհուած կեանքի ուրախ եւ խաղաղ պայմանները:

Աստուածաշունչով դաստիարակութեան եւ բացատրողական դերին զուգահեռ, պատարագը նաեւ ընդհանրապէս ազգային ոգին ամրապնդող թելադրութիւններ կ՛ընդգրկէ: Այդ առումով,  պատարագները նաեւ ուղեցոյցի կը վերածուին: Նկատելի երեւոյթ է, որ քարոզիչը, ներկայիս տիրող պայմաններուն եւ ազդեցութիւններուն ենթակայ ըլլալով եւ անդրադառնալով մեղադրելի շեղումներուն, իր կարգին հոգեբանօրէն շեշտը դնելով նկարագիրի կազմութեան վրայ, կ՛ունենայ իր բարենպաստ անդրադարձը` հիմնուելով Քրիստոսի մօտեցումը շեշտող վարդապետութեան վրայ:

Խոստովանանքի բովանդակութիւնը, որ ներկայիս հաւաքական հանգամանքով կ՛ըլլայ եկեղեցւոյ մէջ, նախապէս հինգ տաղաւարներուն միայն կը կիրարկուէր` հաւատացեալներու բազմութենէն հեռու մեկուսացած սենեակի մէջ: Անիկա հաւատացեալներու մէկ կարեւոր մասին մեղայական խնդրանքին կրնայ համապատասխան չըլլալ եւ նոյնիսկ հեռու կը մնայ խորքային բնոյթ կրելէ: Որոշ նկարագիրի մաս դարձած վարժութիւններու վրայ շեշտը դնելով եւ անոնց վրայ աշխատանք տանելով` այդ ընթացքը բարելաւելու որոշումն է, որ բարեփոխութեան կ՛առաջնորդէ: Նկատելի երեւոյթ դարձած է, որ խոստովանանքէն եւ հաղորդութիւնը ստանալէ անմիջապէս ետք հաւատացեալը կը լքէ եկեղեցին` պատարագին մաս կազմող հոգեհանգստեան պաշտօնէն բացակայելով, մինչդեռ հոգեհանգիստին մէջ մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի, երկրորդ գալուստին խորհուրդը կայ` մեռեալները եւ ողջերը դատելու իմաստով, ինչպէս նշուած է մարգարէութիւններուն մէջ: Այս ձեւով կարծէք փախուստ կը տրուի դատական ատեանին ներկայ գտնուելու պարտաւորութենէն` մակերեսային կամ որեւէ նշանակութենէ զուրկ դարձնելով քրիստոնէական խորքային ըմբռնումի գործադրութիւնը:

Աւետարանական աղօթարար խնդրանքներով կեդրոնացումը մասնայատուկ աղերսանքի ոգիով տարուած  խաղաղ ընթացքի մօտեցում մըն է եւ առիթ կու տայ հաւատացեալին, որ խաղաղ ու երկնային համբերատար ընթացքով եւ հաղորդակցութեամբ որոշէ ճշդել ու իրականացնել աղօթքով աղերսանքը եւ հաւատաւոր խնդրանքը` շարունակական գիտակցութեամբ եւ կենցաղային բարելաւուած ընթացքով:

Փափաքելի պիտի ըլլար, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան եւ Հայ աւետարանական համայնքի կազմակերպչական եւ կրօնաբարոյական դաստիարակութեան աշխատանքի ոլորտին մէջ, գնահատելի եւ անհրաժեշտ գործունէութիւնը ամբողջականացնելու ծրագիրով, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայաններու 24 ժամեայ սփռումով, համացանցի ընծայած առաւելութիւններով (ներկայացուած` Crossroads խորագիրով) ապահովուի կրօնական, եկեղեցական, հոգեւոր երաժշտութեան, քարոզչական, քրիստոնէական վարդապետական նիւթերու մատուցումը եւ եկեղեցական միջազգային ժողովներու պատմութեան ներկայացումը ծրագրային հեռանկարային տեսլականով, ազգային եւ միջազգային կրօնական լրատուական ցանցերով, ինչպէս նաեւ հաստատուին կրօնական, հոգեւոր եւ ազգային ոչ քաղաքական սփռումներ ամբողջ աշխարհի տարածքին:

Ի վերջոյ կեանքի ընթացքը պատրաստութիւն մըն է յետմահու ճամբուն, եւ ասիկա քրիստոնէական ըմբռնումով կենցաղային ու նկարագրային կառոյց ունեցող ազգի մը պետականութեան հաւատամքին համապատասխան կազմակերպչական եւ առաջնորդական աշխատանքին հետ հաստատ ու համընթաց ընթացքի ուղի մը կը դառնայ:

Կեդրոնանալով մեր ազգային պայմաններուն` Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան վրայ, ապա պէտք է ըսել, որ հասարակ յայտարարներու տեսանկիւնէն դիտած, հայրենիքի կրօնական ոգին դարերու ընթացքին ամրապնդուած շարունակական նկարագիրի երանգով շաղուած է: Սկսելով Քրիստոսէ առաջ Մեծն Տիգրանի օրով հիմնուած առաջին Տիգրանակերտ քաղաքը պարփակող եւ մինչեւ հիմա չարչրկուող Արցախէն, հասնելով մինչեւ քիչ մը աւելի նուազ տարողութեամբ տառապող սփիւռքը, այդ վիճակին համապատասխան կրօնական հաւատքին վրայ ունենալով իր իւրայատուկ ազդեցութիւնը, այդ եռամիասնութեան ժողովրդային խաւերուն վրայ ունեցած ըմբռնողութիւնը դարձած է համահայկական տագնապ, եւ այդ եռամիասնութեան իւրաքանչիւր միաւոր իրարմէ անջատ յատկանիշներով եւ մղումներով օժտուած է եւ բացորոշ տարբերութիւններ կը յայտնաբերէ:

Քրիստոնէական կրօնական ընդհանրական հասարակական վարդապետական խորքը թշնամական, վրիժառու քինախնդրական հանգամանքէն հեռու մնալով, եթէ առնենք մարդ արարածը` իբրեւ մարմնական գոյութեան երկնային գերագոյն հրաշակերտ ստեղծագործութիւն, ապա ինքնապաշտպանութիւնը այդ սրբութեան հասկացողութեան կարելիութեան նպաստող աշխատանք կ՛ենթադրէ: Սակայն Ցեղասպանութեան մէկ կարեւոր ազդակը այդ սրբագործութեան պաշտպանութեան մակարդակին վրայ եղաւ անբաւարար եւ բազմաթիւ պարագաներու փաստացի ձախողութեան մատնուեցաւ: Մեր կրօնական մխիթարական տեսանկիւնէն դիտած, եւ ինչպէս մինչեւ հիմա կը հաւատանք, մենք զոհուեցանք Քրիստոսի նման խաչափայտին վրայ գամուելով, կը սպասենք յարութեան յաղթանակին, որ պիտի իրականանայ մեզի ոչ հասանելի ժամանակամիջոցի մը ընթացքին, որուն համար հայը համբերութեան տուեալով օժտուած, ի սփիւռս աշխարհի վճռականօրէն կը պահէ կրթական եւ ազգային կառոյցները` կարեւոր չափով մըն ալ անտեսելով ազգային էական հիմնական տուեալ մը` հայրենադարձութիւնը:

Արցախեան պատմական ոդիսականը` առանց Արցախի բնակեցման եւ արցախցիներու դարձի կիզակէտի ըմբռնումին, կը մնայ պակասաւոր: Այս նոյն հասկացողութեամբ պէտք է մօտենալ արցախեան տագնապին, որուն ընթացքին անպատրաստից ինքնապաշտպանութեան տուեալով դատապարտուեցանք պարտութեան` ի հեճուկս ազատամարտիկներու տիտանական ճիգերով 1990-ականներուն արձանագրուած յաջողութեան: Մենք երեսուն տարուան ընթացքին երկարաժամկէտ սրբագոյն պաշտպանողականի եւ քրիստոնէական ըմբռնումով պատրաստութեան պակաս ցուցաբերեցինք: Կրօնական դաստիարակութիւնը կ՛ենթադրէ նախայարձակ չըլլալ, այլ` աւելի գերազանցապէս պաշտպանողական ըմբռնողութիւն կերտել իշխանական եւ ժողովրդային մակարդակներու վրայ: Այս է առողջ ճամբան օրինակելի հայկական պետականութեան, ուր կրօնականը եւ քաղաքականը անբաժանելի զուգորդութեամբ կ՛ամբողջանան:

Ողողենք հայրենիքը երիտասարդական խանդավառութեամբ եւ մարդկային իրաւանց սկզբունքներով սնանած մարդուժով եւ կեդրոնաձիգ հայրենադարձութեամբ` նպաստելու համար հայրենիքի վերածաղկումին բոլոր ոլորտներուն մէջ, կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ծրագիրներով` քրիստոնէական արժէքները եւ խորհուրդները ի գործ դնելով յանուն մարդ արարածին եւ հաւաքական ինքնապաշտպանութեան սրբագոյն հասկացողութեան, մեր մշակութային հարստութեանց բոլոր միջոցներով պաշտպանութեան անժամանցելի վճռականութեամբ:

 

 

Նախորդը

Նոր Հայը՝ Իսլամացածը

Յաջորդը

Պրիւքսելէն Ետք Յաւելեալ Քաոս

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?