Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Յուսադրող Երեւոյթի Մը Առիթով

May 20, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հ. Վ.

Այս օրերուն, երբ բովանդակ ազգն ու հայրենիքը կը դիմագրաւեն դժնդակ պայմաններ, երբ կը տիրէ համատարած յուսախաբութիւն` բոլորիս ծանօթ պատճառներով, երբ մտահոգութիւնը շատերուն պատած է նոյնիսկ ապագայի նկատմամբ, սակայն անդին, բարեբախտաբար, լոյսի նշոյլ մը, կայծ մը, աքթ մը, ձեռնարկ մը բաւարար է վերալիցքաւորելու նոյն այդ հոգեվիճակին մէջ գտնուող հաւաքականութիւն մը:

Ահա այդ պահերէն մէկը հանդիսացաւ Մարսէյի Համազգայինի դպրոցին կազմակերպած գրական երեկոն` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: Քսանհինգ նախկին ու ներկայ աշակերտներէ բաղկացած խումբ մը յաջող մեկնաբանութեամբ մատուցեց գրական գոհարներ: Պարոյր Սեւակ, Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ, Համաստեղ, Գէորգ Էմին, Մուշեղ Իշխան, Վահէ Օշական, Վեհանուշ Թէքեան հնչեցին հարազատօրէն, վեհօրէն, սրտակից:

Ուղղակի ոգեւորիչ էր նաեւ Արշաւիր Շիրակեանի «Կտակն էր նահատակներուն» հատորէն Սայիտ Հալիմ փաշայի ահաբեկման հատուածի ընթերցումը:

Սփիւռքեան հետզհետէ մաշող մեր կեանքի հոսանքին դէմ թիավարող հայ դպրոցին առաքելութիւնը արդարացնող նման երեկոներ անկասկած գօտեպնդող են յանձնառու մեր հաւաքականութիւններուն համար:

Գնահատանքի արժանի են այս ուղղութեամբ բոլոր երախտաւորները: Պատիւ` Մարսէյի Ճեմարանին, ապրի՛ն հայ գրականութիւնը մատուցող աննման մեր աշակերտները` հայաշունչ ու հայատրոփ, վարձքը կատար այս հոլովոյթին ետին կանգնող անձնակազմին, յատկապէս` հայերէնի դաստիարակներ Իզապէլ Բախչաջեանին եւ Նարեկ Հաննէեանին, որոնց տքնաջան աշխատանքին արդիւնքն է յուսադրող այս յաջողութիւնը:

Հետեւաբար պարտինք առաւել գուրգուրալ հայ ուսուցիչներուն, բանիւ եւ գործով, ասպարէզի միւս բոլոր մարդոցմէ վեր դասելով զիրենք` հայ մարդ կերտող մեր ուսուցիչները:

 

 

Նախորդը

Կեանքը Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանին Մէջ

Յաջորդը

Նժդեհ Մերտխանեանի Մահուան Քառասունքին Առթիւ

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.