ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ
Լվովի մէջ լեհահայուհիներու աւանդութիւններով հիմնուած Պենետիկդեան միանձնուհիներու պատրաստութեան այս հռչակաւոր կրթարանը, մենաստանի այս կառոյցը կը շարունակուի մինչեւ 1945 թուական, երբ Լեհաստանի պատմական արեւելեան սահմանները փոփոխութեան կ՛ենթարկուին` փոփոխութեան ենթարկելով նաեւ Լեհաստանի պատմական տարածքները: Մանաւանդ Լվովի լեհահայ կաթողիկէ վերջին թեմակալ առաջնորդին` բարեհամբաւ Եուզեֆ արք. Թէոտորովիչի (1864-1938) մահէն ետք: Պատմական Լեհաստանի հարաւարեւելեան սահմանամերձ Սթանիսլաւով մարզի մայրաքաղաք Լվովը կը դառնայ այսօրուան Ուքրանիոյ հարաւարեւմտեան տարածքի մէկ բաժինը (Իվանօ-Ֆրանքովսք): Ուստի, ինչպէս բոլոր լեհերը, նոյնպէս տեղւոյն լեհահայերն ալ կը լքեն Լվովի եւ յարակից շրջաններու լեհահայ կաթոլիկ թեմի բազմաթիւ եկեղեցիները, կալուածները, անոնց մէջ ըլլալով նոյնպէս միանձնուհիները ու կը հեռանան իրենց մենաստանէն, կալուածներէն: Ծանրատաղտուկ թափառումներէ ետք միանձնուհիներու այս հաստատութիւնը` կուսանոցն ու դպրոցը, կը փոխադրուի ժամանակակից Լեհաստանի հարաւարեւմտեան կողմը գտնուող Վրոցլաւ քաղաքին մօտիկ Վոլուվ գիւղաքաղաքը եւ հոն կը հաստատուի: 1961 թուականէն ետք միանձնուհիներու այս կառոյցը մինչեւ օրս կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` Պենետիկդեան միաբանութեան լատինական ծիսակարգով: Լեհահայ միանձնուհիներու հիմնած իւրայատուկ եւ հանգամանալից այս կառոյցը այդ թուականէն ետք յիշատակութենէ կը դադրի` իբրեւ «Լեհահայ» անուամբ կոչուելէ:
Պարտք է յիշել, որ Պրոնիսլաւա Վույչիք Քէօփրիւլեանը 1932 թուին Փարիզ հրատարակուող «Անահիտ» հանդէսին մէջ «Լեհաստանի հայ պատմական յիշատակարաններու ցուցահանդէսը» լայնածաւալ իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է աբբայուհիներու մասին (1):
Իսկ մայիս 2013 թուին լեհահայ Մանուկեւիչներու թոռնուհին` Ռոմանա Օպրոցքան «Լեհահայերու մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամ»-ին անունով այցելութիւն մը տուած է Վոլուվի միանձնուհիներու հաստատութիւն: Հետաքրքութիւն յայտնած է միանձնուհիներուն մօտ գտնուող լեհահայ մշակութային ժառանգութեան հետ կապուած աւելի լայն տեղեկութիւններ իմանալու նպատակով: Միանձնուհիները գնահատելով այս քայլը` որոշած են իրենց մօտ գտնուող լեհահայ միանձնուհիներու հետ կապ ունեցող նիւթական ժառանգութիւնը, լեհահայ աբբայուհիներու աւանդութեան հետ առնչակից դարաւոր ժառանգութիւնը եւ մանաւանդ անոնց դիմանկարները, որոշ նամակագրութիւններ, արխիւներ, աղօթարաններ եւ եկեղեցական իրեր փոխանցելու լեհահայերու հիմնադրամին:
Բայց այդ փոխանցուած նիւթական ժառանգութիւնը, որ բարեբախտաբար միանձնուհիներու շնորհիւ պահպանուած էր մինչեւ մեր օրերը, սկսած` կտաւի վրայ իւղաներկով նկարուած աբբայուհիներու դիմանկարներէն եւ այլն, կարիք ունէին ֆիզիքական վերանորոգութեան` անոնցմէ թօթափելու համար պատմութեան փճացնող փոշին, փոխադրութեան եւ պահեստի անյարմար եւ կործանիչ պայմանները: Կը պահանջէին վերականգնումի հսկայական ծախսեր, հմուտ եւ մասնագիտացած գեղարուեստական նորոգումներ, վերականգնողական փոփոխութիւններ, այլ խօսքով` գուրգուրոտ ձեռքերու խնամքին: 2017 թուականէն ետք այդ նիւթական ժառանգութիւնը մաս առ մաս հիմնադրամին փոխանցուեցաւ ձեռք բերելու համար հարկ եղած խնամքն ու հովանաւորութիւնը: Բնական է, որ տեղի ունեցան վերականգնողական մասնագիտական նորոգութիւններ, գեղարուեստական աշխատանքներ, յատուկ պիւտճէ մը յատկացուեցաւ :
Այդ դիմանկարները տարածուն բնագաւառ մը բացին` պատմական եւ գիտաքննական ուսումնասիրութիւններու, պրպտումներու, ցուցահանդէսներու, հրատարակչական եւ ծանօթագրական ծրագիրներու: Այդ նպատակով տեղի ունեցան լուսաբանական հանդիպումներ, գրուեցան մեկնաբանական յօդուածներ, եղան հարցազրոյցներ, ձայնային եւ աւանդական մամուլի հաղորդումներ: Պարտք է յիշել նաեւ, որ Վարշաւայի մէջ լեհահայ միանձնուհիներու դիմանկարներու ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ 13 մայիս 2021-էն 20 յունիս 2021: Իսկ երկրորդ ընդարձակուած ցուցահանդէսը մեծ շուքով տեղի ունեցաւ 12 օգոստոս 2022-էն 19 նոյեմբեր 2022, ուր միանձնուհիներու դիմանկարներու կողքին ցուցադրուեցան յարակից մշակութային նիւթական ժառանգութեան հատընտիրներ. ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Քրաքովի Եակելոնեան պատմական համալսարանի Collegium Maius թանգարանի հանդիսասրահին մէջ: Իսկ 2 դեկտեմբեր 2022-էն սկսեալ աբբայուհիներու դիմանկարները մշտական ցուցադրութեան մէջ են Վարշաւայի մէջ լեհահայերու հիմնադրամի յարկին տակ:
Նախորդ սիւնակներու մէջ ներկայացուած Lեհահայ միանձնուհիներու պատմական միտումնաւոր մատենագիտական քաղուածքի յիշուած համադրութիւնը կը ձգտի ընդլայնուած լուսարձակ մը սփռելու, պատմական ծանօթագրական լայնարձակ լուսամուտ մը բանալու, ծանօթացնելու եւ թափանցելու լեհերէն լեզուով «Գաւազանակիր կանայք» վերնագրով հատորի բովանդակութեան եւ անոր խորքի էութեան: Իրականութեան մէջ հատորը արգասիքը եղաւ եւ առիթը ընծայեց` լեհահայ միանձնուհիներու մասին գիտապատմական ուսումնասիրութիւններու, գեղարուեստական եւ հրատարակչական աշխատանքներու, ծանօթագրական ծրագիրներու եւ ձեռնարկներու:
Հատորը լոյս տեսաւ Քրաքովի մէջ «księgarnia akademicka» հրատարակչատունէն թղթակազմ եւ թուայնացած տարբերակներով: 2021 եւ 2022 թուականներու թողարկումներով լոյս տեսած հաստափոր, մեծ չափով գեղեցկատիպ այս հատորը կը ներառէ նաեւ գունազարդ պատկերագրական հարուստ փաստագրութիւն մը: Իր ծաւալուն` 380 էջերու վրայ տարածուած ուսումնասիրութիւններու շնորհիւ կը հանդիսանայ դրուատելի պատմական հնագիտական ընդգրկուն ժողովածու մը: Հատորի ընդհանրապէս պատմողական բովանդակութիւնը լայն տեսադաշտ մը կը բանայ միանձնուհիներու պատմութեան, աբբայուհիներու կենսագրութիւններուն, անոնց ապրած կեանքին ու վարած գործունէութեան: Լոյս կը սփռէ լեհահայերու միջնադարեան շրջանի կենցաղին, աւանդութիւններուն, տիրող համայնքային իրավիճակին: Կը պարունակէ լեհահայերու տոհմական ուշագրաւ յուշագրութիւններ, կ’ընդգրկէ տուեալ ժամանակաշրջանի մանրապատումը, մատենագիտական հաւաքագրումի արգաւանդ աղբիւր մը:
Հատորը ընդարձակ գեղարուեստական եւ արհեստագիտական, վերականգնողական լուսաբանութիւններ կը յայտնէ տեղադրուած աբբայուհիներու դիմանկարներու մասին: Այդ բոլոր լուսաբանական յօդուածները կը ծանօթացնեն լեհահայ միանձնուհիներու պատմական հատուածը, ըմբռնելի կերպով կը միտին գոհացնելու ընթերցողին քիչ ծանօթ պատմամշակութային ծալքերու շերտաւորումը: Հատորի յօդուածներու պարզաբանող բովանդակութեան ընդմէջէն մեր ուշադրութեան կը յանձնեն, երբեմն կ՛իմացնեն, կը մանրամասնեն պատմական որոշ իրողութիւններ, եղելութիւններ:
Գիրքը իր բազմահեղինակ կառոյցով լեհ պատմաբաններու կողմէ լեհերէն լեզուով ներկայացուած ուսումնասիրութիւններու ժողովածու մըն է, որ կը պարզաբանէ Լվովի լեհահայ Պենետիկդեան միանձնուհիներու պատմագիտական պատկերը, Քրաքովի Եակելոնեան համալսարանի թանգարանի կողմէ իրականացուած աբբայուհիներու դիմանկարներու վերականգնողական, գեղագիտական եւ վերակառուցողական աշխատանքներու ընթացքի տեղեկութիւնները: Ժողովածուն լոյս տեսած է Վարշաւայի Լեհահայերու մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամի յանձնառութեամբ եւ Քրաքովի Եակելոնեան դարաւոր համալսարանի Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի (2) համագործակցութեամբ, որուն վարիչն ու այս հատորին խմբագիրն է լեհահայութեան բազմավաստակ գիտաշխատող պատմաբան փրոֆ. Անտժէյ Ժիենպան:
Մխրճուելով հատորի բովանդակութեան ծալքերուն մէջ` հոն կարելի է կարդալ Լեհահայերու մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամի ներկայ ղեկավար Մարիա Օհանովիչ-Թարաշուքի ներածականը, ապա Ա. Ժիենպայի եւ Եոաննա Սլաւինսքայի համահեղինակութեամբ «Լվովի լեհահայ Պենետիկդեան միանձնուհիներու հիմնադրին եւ աբբայուհիներու կենսագրականներ», ապա Հայկական մշակութային ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի գիտաշխատողներու յօդուածները եւ այսպէս` Ե. Սլաւինսքայի «Լվովի հայ Պենետիկդեան միանձնուհիներու դիմանկարները վանքի պատմութեան հեռանկարով»: Իսկ Թոմաշ Քժիժովսքին ակնարկ մը կը ներկայացնէ այդ դիմանկարները յայտնաբերելու իրողութեան` «Լվովէն մինչեւ հարաւային Սիլիզիա, պատերազմի եւ յետպատերազմեան շրջաններու լեհահայ Պենետիկդեան միանձնուհիներու ճակատագիրը»: Ա. Ժիենպան իր լայնածաւալ ուսումնասիրութեամբ կը ներկայացնէ «Սրբուհի Հռիփսիմէի եւ Պենետիկդեան լեհահայ միանձնուհիները` բարեպաշտութեան ազգագրական երեւոյթ մը», իսկ համահեղինակներ Մոնիքա Ակոբսովիչ, Թ. Քժիժովսքի, Մարչին Լուքաշ Մայեվսքի, Մարեք Սթաշօվսքի եւ Ա. Ժիենպա ներկայացուցած են «Լեհահայ Պենետիկդեան միանձնուհիները` պատմագրական փաստագրութիւններու լոյսին տակ» երկարաշունչ ուսումնասիրութիւնը: Իսկ Եոլանթա Բոլեշ ներկայացուցած է հետաքրքրական` «Լվովի հայ Պենետիկդեան միանձնուհիներու դիմանկարներուն վերականգնողական աշխատանքներու արհեստագիտական հետազօտութիւններու իրավիճակը», այդ 11 դիմանկարներու պատմական, մշակութային եւ գեղարուեստական ժառանգութիւնը փրկելու նպատակով տարուած հսկայական վերակառուցողական եւ հանգրուանային աշխատանքը: Տեղ գտած են նոյնիսկ իսկական վիճակի եւ յետվերականգնողական աշխատանքներու գունազարդ նկարներով բոլոր մանրամասնութիւնները:
Ծաւալուն հատորին աւելցուած է նաեւ անգլերէնով մէկ էջնոց ամփոփումը, ինչպէս նաեւ` օգտագործուած անձնանուններու հարուստ ցանկը, նաեւ` մասնակից հեղինակներու հակիրճ կենսագրականները: Տեղ գտած բոլոր յօդուածները հարուստ են մատենագիտական եւ արխիւային աղբիւրներով:
Հասկնալի է, որ մատենագիտական պրպտումները երբեք սպառիչ կամ լիակատար չեն, բայց կարելի է ընդունիլ, որ համահեղինակներով խմբագրուած ժողովածուն` գիտապատմական յօդուածներու այս հատորը, կը ներկայացէ միանձնուհիներու ծաւալուն պատմաքաղ մը, ուսումնասիրուած հում նիւթի ժամանակներն ու լեհահայութեան ընկերային իրավիճակը: Կարելի չէ այս նեղ սիւնակներուն մէջ ներկայացնել հատորին ամբողջական պարունակութիւնը, լիակատար եւ էական արժեւորումը, բայց կը բաւականանանք հետեւողի ուշադրութեան յանձնելու որոշ մատնանշումներ, խորհրդածութիւններ եւ խոհեր` հատորի պատմական բովանդակութեան մասին :
Գիրքին վերնագիրը իր թիրախին պիտի ծառայէր, աւելի նշանակալից իսկութիւն մը պիտի հաղորդէր, եթէ «Գաւազանակիր կուսականայք», կամ «Գաւազանակիր միանձնուհիներ» անուանուած ըլլար: Տեղացի ընթերցողին համար աւելի գրաւիչ կամ հրապուրիչ երեւնալու համար երեւի ընտրուած է «կանայք» բառը:
Լեհահայ միանձնուհիներուն իրագործումները` կրթական ներդրումն ու հոգեւոր ծառայութիւնը, սահմանափակուած չէր միայն հայ համայնքի սահմաններու մէջ, ունէր համալեհական նշանակութիւն, որով լեհահայուհիներու կողմէ 1785 թուականին հիմնուած աղջկանց դպրոցին պարագային, հատորին մէջ զետեղուած ութսուն տարիներու (1790-1870) աշակերտութեան թիւի աղիւսակին մէջ (հատորի` էջ 170), յատկանշական է, որ աշակերտութեան թիւը հասած է 570-ի: Այդ թուականներուն պատմական լեհաստանի տարբեր փոքրամասնութիւններու աղջիկներ, նոյնիսկ հեռաւոր շրջաններէն յաճախած են այդ դպրոցը: Ունեցած է նաեւ ուսուցիչներու, դաստիարակներու եւ կրթական մշակներու ձեռնհաս եւ բազմաշերտ կազմ մը:
Հայ բանասէր, մանկավարժ, պատմաբան, ազգագրագէտ, Մխիթարեան միաբանութեան անդամ հայր Մինաս Բժշկեանց 1820 թուականին այցելած է այդ դպրոցը եւ իր հիացմունքն ու երախտագիտութիւնը գրած է միանձնուհիներու ձեռնհասութեան, անոնց վանական եւ կրթական բարձր մակարդակի մասին (հատորի` էջ 59): Ներբողական նման վկայութիւններ գրուած են նաեւ լեհ մանկավարժներու կողմէ` այդ կառոյցի համալեհական դերի նշանակութեան եւ լեհահայուհիներու ուշագրաւ կրթական գործունէութեան մասին :
Նոյնպէս աբբայուհիներու կենսագրականներէն կարելի է նկատել, թէ ինչպիսի՛ տոհմերու, ընտանիքներու պատկանած են: Հոն տեղ գտած վկայութիւնները ընկերաբանական եւ ազգագրական լայն պատկեր մը կը ներկայացնեն այդ ընտանիքներու մասին, անոնց ունեցած դերին եւ ներդրումին` քաղաքական, գիտական, տնտեսական, եկեղեցագիտական եւ կրթական մարզերու մէջ, տեղւոյն լեհական մշակոյթի կերտման հանգրուաններու ընթացքին: Որպէս օրինակ կարելի է յիշել Պ. Վ. Բիրամովիչովնան եղած է հանրայայտ լեհահայ մանկավարժ, գրող, քարոզիչ, թարգմանիչ, կաթողիկէ եկեղեցւոյ գործիչ Կժեկոժ Բիրամովիչի քոյրը (հատորի` էջ 170) եւ այլն:
Հետաքրքրական է բազմաէջ հատորին մէջ տեղ գտած մանրամասնութիւններէն Աղբակեցի կաթողիկոսին եւ Ն. Թորոսովիչի հանդիպման մասին տեղեկութիւնը: Փիլիպպոս Աղբակեցի կաթողիկոսը կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ միութեան բուռն ընդդիմադիրներէն էր, մանաւանդ պայքարողներէն էր Պարսկաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ կաթողիկէ միսիոնարական գործունէութեանց դէմ: Այդ պատճառով մշտական նամակագրութեան մէջ էր առաքելադաւան հոսանքին պատկանող լեհահայերու հետ, հետեւող էր դաւանափոխութեան իրավիճակին, դիմադրութեան աջակցողն էր կաթողիկէ եկեղեցւոյ միութեան հետ: Այդ իսկ պատճառով մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր այդ ժամանակաշրջանի լեհահայերու առաքելադաւան հոսանքէն: Հետաքրքրական է, երբ դէպի Երուսաղեմ ճամբորդութեան ընթացքին, 1653 թուականին, Կոստանդնուպոլիս կը ժամանէ, ուր կը հանդիպի Նիկոլ Թորոսովիչի եւ Երուսաղէմ ուղղուող լեհահայերու պատուիրակութեան հետ: Այս հանդիպման ընթացքին Թորոսովիչը անգամ մը եւս կաթողիկոսին առերեւոյթ կը հաստատէ առաքելական իր հաւատարմութիւնը (հատորի` էջ 209): Այնքան դաստիարակիչ է, երբ հայ կաթողիկէ թեմակալ առաջնորդ մը 23 տարի ետք իր նախորդ հոգեւոր մեծաւորին` կաթողիկոսին կեղծօրէն կը հաւաստիացնէ իր խաբուսիկ պարկեշտութիւնը: Թորոսովիչի հաստատումին վրայ հիմնուելով, վերոյիշեալ լեհահայուհին` Պօղոսովնան, սարկաւագուհի կը ձեռնադրուի, Փ. Աղբակեցի կաթողիկոսէն ստանալով անոր օրհնութիւնները, երկու տարի ետք 1655 թուին Աղբակեցին կը վախճանի :
Կարելի է նկատել, որ լեհահայ միանձնուհիներու մենաստանը երբ իր աբբայուհին ընտրած էր 12 յունուար 1701 թուին, նոյն տարուան 8 սեպտեմբեր 1701 թուին Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացին իր համախոհներու հետ հիմնած էր Մխիթարեան միաբանութիւնը: Հետաքրքական է նաեւ, որ Մ. Սեբաստացին ալ ընդունելով Պենետիկդեան ուխտը, միանձնուհիներու նման, իր միաբանութիւնը հիմնաւորած էր Պենետիկդեան ուխտի կանոններով եւ օրինակարգով: Ուշագրաւ է, որ նոյն այդ ժամանակաշրջանին Հայ կաթողիկէ եկեղեցին կ՛ապրէր իր զարթօնքի եւ ծաղկումի գօրծուն շրջանը, կը բարգաւաճէր ու կ՛ամրանար Եւրոպայի մէջ` սկսելով Նիկոլ Թորոսովիչի Հռոմի աթոռին հետ միացումի իր որոշումով, ապա` Վարդան Յունանեանի լեհահայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծիսական, կազմակերպչական կառոյցի հաստատումով եւ Մխիթար աբբահօր վանական առաքելութեան աննախադէպ երեւոյթով` այս ձեւով նոր ժամանակներու պատմական շրջանի հայ մտքի արեւմտեան քաղաքակրթութեան հետ հաղորդակցութիւն մը ստեղծելով եւ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ եւրոպականացումի եւ հայ կաթողիկէութեան նոր անցքեր հռչակելով:
Lեհերէնով բազմաբովանդակ եւ բազմիմաց այս հատորի հրատարակութեամբ, անհրաժեշտ պատկերացումը ունինք լեհահայ միանձնուհիներու պատմագրութեան: Լեհ հեղինակներն ու խմբագիրը, քաջագիտակ ըլլալով լեհահայութեան դաւանական շրջադարձութեան, զգուշաւոր նրբութեամբ եւ գիտական անկողմնակալութեամբ, զսպուածութեամբ փորձած են ներկայացնել ուսումնասիրուած նիւթի մանաւանդ դաւանափոխութեան` կրօնաբարոյական եւ ընկերային ամբողջական ծալքերը: Գիրքին մէջ տեղ գտած յօդուածները ընդլայնուած ձեւով շօշափած են տասնեօթներորդ եւ տասնութերորդ դարաշրջանէն սկսեալ եւ մինչեւ քսաներորդ դար շարունակուող լեհահայ միանձնուհիներու նիւթին հետ կապուած ոչ միայն դաւանական դիւրաթեք մանրամասնութիւնները, այլեւ` լեհահայ ազգագրական, տոհմական եւ կենցաղային վերլուծումները: Յատկանշական է աբբայուհիներու դիմանկարներուն տրամադրուած պատմագեղարուեստական եւ արհեստագիտական, վերականգնողական գործընթացի լուսաբանութիւնները:
Քսանմէկերորդ դարու առաջին քառորդին, երբ այս հատորին միջոցով կը փորձենք կրկին անգամ վերադիտել, վերստին ընկալել եւ վերարտադրել համասփիւռքեան մեր դարաւոր պատմութեան հնագոյն եւ այնքան իւրայատուկ մէկ միաւորը կազմող լեհահայութեան հետ առնչուած կառոյցի մը իրականութեան մանրանկարը, անշուշտ ընկալելով համայնքի անցեալի բոլոր ծփանքները, մերժողական վերիվայրումներով եւ թէ արձանագրուած անցաւոր նուաճումներով, անպայմանօրէն այդ մանրապատումին մէջ անուրանալի եւ յստակ է անոր փոխանցած հիմնական ուղերձը` ոչ միայն իբրեւ «լեհահայ» անուանումի տեսանկիւնէն, այլեւ մանաւանդ` «հայ» ըլլալու կիզակետէն, ուր հայ տեսակի ներգործութիւնները ակներեւ են:
Կարելի է արձանագրել նաեւ այն իրողութիւնը, որ Լեհաստանի պատմական ժամանակահատուածներու ընթացքին լեհահայերու իրագործած մշակոյթի պատումը, լեհահայ եկեղեցապատկան կալուածները, կառոյցները, լեհահայերու ընտանեկան տոհմածառերը, եկեղեցական եւ հոգեմտաւոր գրչութեան ժառանգը, ճարտարապետութիւնը, լեհահայ մարդաբանութիւնը, լեհահայերու մասնակցութեան նպաստն ու ծառայութիւնները եւ այդ ծաղկած դարաւոր մշակոյթի ճակատագիրը Լեհաստանի պատմութեան մէջ հաստատապէս կը պատկանին ոչ միայն լեհահայերու ազգագրութեան այլ ամբողջ քրիստոնէական հոգեւոր մշակոյթի ժառանգութեան կուտակումին:
Անժխտելի են լեհահայ միանձնուհիներու պատմական իրագործումները, որոնք այսօր թաւալգլոր կ՛աւազախրին պատմութեան վաղանցիկութեան մէջ` մնալով սփիւռքահայ իրականութեան մէջ յիշարժան յիշատակագրութիւն մը:
(Շար. 2 եւ վերջ)
(1) «Լեհաստանի հայ պատմական յիշատակարաններու ցուցահանդէսը» https://tert.nla.am/archive/NLA%20AMSAGIR/Anahit_paris/1932-1933/3-6.pdf
(2) «Լեհաստանի մէջ հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոն եւ հինգ մարդասէր սկանտինաւուհիներու բարեգործութիւնները» https://aztag32.rssing.com/chan-56539322/article8851.html