Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Մայիս 19, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Աշխարհի բոլոր քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ մայրութեան խորհուրդը եւ մօր մը ունեցած դերն ու ազդեցութիւնը ճանչցուած եւ նուիրագործուած են իւրայատուկ տօնով: Ընդհանրապէս գարնան ամիսներուն` մարտի առաջին կիրակիէն մինչեւ մայիսի երկրորդ կիրակին, ժողովուրդներ օր մը ձօնած են իրենց մայրերուն:_

Հիւսիսային Ամերիկայի եւ կարգ մը այլ վայրերու մէջ ամէն տարի մայիսի երկրորդ կիրակին «Մայրերու օր» նշանակուած է, եւ բոլոր եկեղեցիներու մէջ յատուկ պաշտամունք կը կատարուի եւ յարգանք կ՛ընծայուի մայրերու: Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1995 թուականէն ի վեր իր պաշտօնական տօներու շարքին ապրիլ 7-ը հռչակած է հայոց «Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր»:

Մօր մը դերն ու ազդեցութիւնը հզօր է ընտանիքի մը մէջ: Եւ քանի որ ազգ մը ընտանիքներէ բաղկացած ամբողջութիւն մըն է, մայրեր որոշապէս բախտորոշ դեր մը կը խաղան ազգերու կեանքին մէջ` դրական կամ ժխտական իմաստով: Մայրն է առաջին ուսուցիչը կեանքի առաջին դպրոց եղող ընտանիքին: Օրինակներու առաջինը եւ ամէնէն ազդեցիկը մօր օրինակն է: Մանուկը առաջին անգամ մօր աչքերուն մէջ կը նայի, անոր  դէմքը կը տեսնէ, անոր ձայնը կը լսէ ու անոր շեշտերը կ՛օրինակէ: Անոր նկարագիրն ու բնաւորութիւնը, որեւէ բանէ աւելի կը դրոշմուին մանուկին մտքին վրայ եւ ուղղութիւն կու տան անոր կեանքին: Մայրը մանուկին գլուխն է, անոր համար կը խորհի, սիրտն է, անոր համար կը զգայ, ձեռքն է, անոր համար կը գործէ: Անոր ձայնը մանուկին նուագն է:

Այստեղ անհրաժեշտ է կարեւոր հաստատում մը ընել, որ մայրութիւնը սոսկ ֆիզիքական գոյութիւն մը չէ, այլ` աստուածային վսեմ կոչում մը: Այլապէս, կենդանական եւ մարդկային կեանքի մէջ բնազդի եւ բնախօսական համանման յատկանիշներ կան: Անասուններն ալ, մարդոց պէս, սիրոյ, հոգածութեան եւ գուրգուրանքի բնազդը ունին: Անոնք ալ կեանքի գնով իրենց երեխաներուն պաշտպանութեան եւ բարօրութեան նուիրուած են: Պատրաստ են իրենց կեանքը զոհելու իրենց ձագերուն համար:

Մարդկային կեանքի մէջ, սակայն, մայրութիւնը կը զանազանուի իր դաստիարակչական դերով եւ առաքելութեամբ: Մայրը կոչուած է ոչ միայն ծնունդ եւ սնունդ տալու իր զաւկին, այլ նաեւ կրթելու եւ դաստիարակելու է զայն:

Արդ, իր բնազդական սէրէն եւ հոգածութենէն զատ, առաքինի մայրը կը զանազանուի իր ջամբած դաստիարակութեամբ: Մանուկ մը շատ բան կը սորվի իր շրջապատէն, բայց իր մօր ծունկերուն քով առած դաստիարակութիւնը իրեն հետ կը տանի մինչեւ իր մահը: Մօր մը յիշատակը կը մխիթարէ եւ կը քաջալերէ զինք: Փորձութեան ժամանակ կը զգուշացնէ եւ կը զօրացնէ զինք:

Այս աշխարհի մէջ չկայ զգացում մը, որ կրնայ բաղդատուիլ մայրական սիրոյն հետ: Առաքինի մօր մը սէրը անպարտելի է, անփոփոխ եւ անմեռ է: Սիրոյ բոլոր տեսակները կրնան պարագաներու բերումով նուազիլ, չքանալ, անէանալ, բայց առաքինի մօր մը սէրը երբեք չի փոխուիր, փոյթ չէ, թէ իր զաւակը որքան նկարագրով վատթարանայ, այլասերի եւ եղծանի:

Առաքինի մօր մը հաւատքը իր զաւկին համար անդրդուելի է, անոր համբերութիւնը անսահման է, անոր յոյսը անբեկանելի է:  Մեր անմահն գրագէտ եւ քաղաքական գործիչ Աւետիս Ահարոնեան արդարօրէն դիտել կու տայ. «Անկախ բոլոր հանգամանքներից, անհատական իրաւունքներից, օրէնքներից, բարոյական հասկացողութիւնից` մայրը իր զաւակի երջանկութիւնն է փնտռում աշխարհում, կատարեալ, գեղեցիկ երջանկութիւնը, որպիսին միայն նա գիտէ երազել: Ոչ ոք եւ ոչինչ չի կարող հերքել նրա այս գերագոյն իղձը, որովհետեւ նա մայր է եւ նրա առաջ մեղաւոր են բոլոր նրանք, որոնք իր սիրելիների դժբախտութեան պատճառ են հանդիսանում, թէկուզ` ակամայ»:

Արդարեւ, առաքինի մօրը սէրը այնքան հզօր է, որուն առջեւ կամքը կը խոնարհի, կիրքը կը չքանայ, կեանքը կը փոխուի: Աննման են անոր սէրն ու սիրտը, անոր նկարագիրն ու կեանքը: Ան առաջին օրինակը եւ վերջին յիշատակն է իր զաւկին:

Յիրաւի, մեծ ու բախտորոշ է մօր մը դերը իր տան եւ իր պատկանած ընկերութեան մէջ, իր ազգին եւ մարդկութեան մէջ: Ի զուր չէ ըսուած` «Այն ձեռքերը, որոնք օրօրոցը կը շարժեն, աշխարհը կը շարժեն»: Իրօք, մօր «տկար» ձեռքերուն մէջ է ճակատագիրը ե՛ւ ազգին ե՛ւ աշխարհին: Մա՛յրն է իր զաւակներու նկարագրի դարբինը: Մա՛յրն է անոնց հոգիներու հողին սերմնացանը: Մա՛յրն է իր զաւակներու ճակատագրին, եւ ուրեմն նաեւ, մարդկութեան ճակատագրին հետ խաղցող էակը, որուն շինածը ոչ ոք կրնայ քանդել, եւ որուն քանդածը ոչ ոք կրնայ շինել:

Առաքինի մայրը ի վաղուց յետէ մասնաւոր արժէք ու նշանակութիւն ստացած է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Ազգային մեր սրբութիւններուն եւ արժէքներուն մէջ իսկ «Մայր» բառը յատուկ կարեւորութիւն ունեցած է: Ի զուր չէ, որ մեր հայ լեզուն մեզի համար «Մայր լեզու» է, հայ եկեղեցին` «Մայր եկեղեցի» է, մեր հայ բնաշխարհը` «Մայր Հայաստան»:

Մայրերու օրուան առթիւ, երբ մեր սիրոյ զգացումները կը յայտնենք մեր ապրող մայրերուն եւ մեր յարգանքի ու երախտագիտութեան տուրքը կ՛ընծայենք մեզմէ մարմնապէս մեկնած մայրերուն, երբեք մտահան չընենք այն իրողութիւնը, որ իրենց կեանքով ու կենցաղով առաքինի եւ աստուածավախ մայրերն են, որ ամէնէն աւելի արժանի են մեր մեծարանքին: Այդ ընտիր դաստիարակներն են, որ իրենց կենարար դերն ու անջնջելի ազդեցութիւնը ձգած են մարդկային կեանքին մէջ եւ օրհնութեան միջոց դարձած են մարդոց:

Յարգա՛նք եւ բի՛ւր պատիւ բոլոր առաքինի մայրերուն:

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Աւագ Շրջանաւարտներու Մեծարանքի Երեկոյ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?