ՄԱՅՏԱ ԹԱԴՈՅԵԱՆ
Սովորութիւն դարձած է Միջին Արեւելքի մէջ Մայրերու օրուան նուիրական տօնը նշել գարնան գեղեցիկ օրերէն մէկուն` մարտ 21-ին: Մեր հայրենիքին` Հայաստանի մէջ մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնը կը նշուի Սուրբ Աստուածածինի աւետման տօնին հետ զուգահեռ` ապրիլ 7-ին, եւ այդ առիթով եկեղեցիներէն ներս կը կատարուի մայրութեան բերկրանքին սպասող կիներու օրհնութեան յատուկ կարգ: Իսկ Արեւմուտքի եւ կարգ մը այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս` Լիբանանի, Մայրերու օրը կը նշուի մայիս ամսուան երկրորդ կիրակին: Ուստի ակներեւ է, որ գարնանային բոլոր ամիսներու ընթացքին` մարտին, ապրիլին եւ մայիսին, աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ մայրեր կը մեծարուին, որովհետեւ կը հաւատան, որ ինչպէս գարունը կեանք բերող, յոյս, սէր եւ ուրախութիւն ներշնչող պայծառ ու հրաշալի եղանակ է, մայրն ալ կեանքի օրերը պայծառացնող եւ գարնանային ծաղիկներուն նման գունագեղ ու բուրումնաւէտ դարձնող երկնառաք քնքուշ էակ է:
Խորքին մէջ շատ հին ժամանակներէն եկած երեւոյթ է մօր մեծարանքը: Հին քարէ դարաշրջանին կնոջ կամ մօր կերպարը կը պաշտուէր եւ երկրպագութեան կ՛արժանանար, որովհետեւ անիկա կը նոյնացուէր կենսատու ուժի եւ կեանքի շարունակականութիւնը ապահովողի գաղափարին հետ: Հետագային, նոր քարէ դարաշրջանին, հողագործման զարգացման զուգահեռ, ձեւաւորուեցաւ ընտանիքը սնուցանող ու կերակրող կնոջ կերպարը: Այդ դերը ժամանակի ընթացքին աւելի ամրապնդուեցաւ, որովհետեւ ընտանիքին մէջ հողագործութեամբ զբաղողը հիմնականօրէն կինն էր: Անկէ ետք թէեւ երկար ժամանակ կնոջ դերը որոշակիօրէն նուազեցաւ աշխատանքային գետնի վրայ, սակայն մօր կերպարին արժէքը դարեր շարունակ պահպանուած մնաց ու գերադաս կարեւորութիւն ունեցաւ, եւ մայրը մինչ օրս ունի մշակութային, կրօնական եւ բարոյական անուրանալի հզօր ազդեցութիւն ընկերային կեանքին մէջ:
Ընկերային կեանքի հիմքը կը կազմէ ընտանիքը. եթէ հայրը ընտանիքին գլուխն է, ապա մայրը անոր սի՛րտն է: Սի՛րտն է կեանք տուողը: Ի զուր չէ, որ կ՛ըսեն` «Անհայր երեխան կէս որբ է, անմայր երեխան` լրիւ որբ»: Ընտանիքին բաբախուն սիրտը հանդիսացող մայրը անդադար իր սիրտէն համակ սէր ու նուիրում կը ծորացնէ: Ահա թէ ինչո՛ւ կ՛ըսեն` «Հայրական սէրը կը տեւէ մինչեւ գերեզման, մայրական սէրը` յաւիտենական»: Մայրութեան զգացումը բնածին է. անիկա կը ծնի իր առաջնեկին իր որովայնին մէջ կազմաւորուած օրէն: Այդ զգացումը քնքուշ, վսեմ, ազնիւ, անաղարտ եւ սիրազեղ է: Շատ մեծ թիւով բանաստեղծներ գովերգած են մայրն ու մայրական վեհ զգացումը` վկայելով, որ կարելի չէ՛ գտնել «ոչ քնքուշ մայր»: Արշալոյս Սարոյեան կ՛ըսէ. «Մայր դառնալիս թւում է ինձ ինքն է մէկից աստուածանում, եւ զգացմունքը մայրական քնքշացնում է վագրի՛ն անգամ»: Իսկ անուանի բանաստեղծ, վարպետ Աւետիք Իսահակեանը մօր սիրտը շատ բարձր արժեւորելով` ըսած է` «Մօր սիրտը մարդկութեան սիրտն է, տիեզերքի սիրտը»:
Աստուածատուր շնորհք, աստուածընկալ առաքելութիւն, աստուածընտիր կերպար եւ աստուածահաճոյ առաքինութիւն է մայրութիւնը: Ուստի կ՛արժէ` որպէս շնորհակալիք, մայրերու մեծարանքի օր յատկացուի, եւ այդ օրը երախտագիտութիւն յայտնելու, սէր ու յարգանք ցուցաբերելու քաղցր տօնի վերածուի, որովհետեւ համայն մարդկութիւնը կ՛ընդունի, որ մայրը իր զաւակին սէր ու գուրգուրանք տածող անսպառ աղբիւրն է, խնամքով սնուցանող ջինջ կաթնաղբիւրն է, յոյս ներշնչող քաղցրաբոյր գարունն է, անկոտրում հաւատք սերմանող բարի սերմնացանն է եւ, աւելի՛ն, մանուկին նկարագիրի կազմութեան պատասխանատու պաշտօնը ստանձնող հաւատարիմ ու նուիրեալ դաստիարակն է եւ, հետեւաբար, առողջ ու քաղաքակիրթ ազգի մը կերտման հիմնաքարը հանդիսացող յոյժ կարեւոր դերակատարն է: Ուստի որեւէ ժամանակ ազգի մը ինքնութեան պահպանումը եւ գոյատեւումը կը դառնայ անհնար, եթէ փտած ըլլայ ազգին ընտանեկան կեանքը, որուն սիրտն է մայրը: Նշանաւոր արաբ բանաստեղծներէն մին ըսած է. «Մայրը դպրոց մըն է. եթէ զինք լաւ պատրաստես, լաւ ցեղ պատրաստած կ՛ըլլաս»: Իսկ ֆրանսահայ գրագէտ Վազգէն Շուշանեան կ՛ըսէ. «Ընտիր ուսուցիչներ կը պատրաստեն ընտիր աշակերտներ, միայն ընտիր մայրերն են, որ կրնան պատրաստել ընտիր մարդեր»:
Այս խօսքերուն խօսուն փաստերէն մին կը հանդիսանայ հայ ազգը: Եթէ հայ մայրը չըլլար առաքինի յատկութիւններով օժտուած կին եւ լաւ պատրաստուած մայր, այսօր հայ ազգը գոյութիւն չէր ունենար: Հայ կինը ունի բնածին այնպիսի վսեմ յատկութիւններ, որոնց շնորհիւ է, որ այսօր կը գոյատեւէ դարեր շարունակ տեղահան եղող մեր ազգը: Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ մայրերը իրենց հաւատքով, անձնուիրութեամբ, համբերութեամբ, քաջութեամբ, իմաստութեամբ եւ ազգասիրութեամբ օտար ափերուն մէջ դարձան իրենց զաւակներուն դպրոցն ու եկեղեցին: Բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեան մօր նուիրուած իր բանաստեղծական կտորներէն մէկուն մէջ կը վկայէ այս ճշմարտութիւնը եւ կ՛ըսէ.
Այբբենարան շրթներէդ ինծի հպա՜րտ ուսուցիր
Մեսրոպաշունչ քու լեզուն-հայակարկա՜չ մեղեդին.
Միտքդ դպրոցս եղաւ, ուր ինձ բացիր ոսկեգիր
Դիւցազնագիրքն ու փառքերն մասիսեղէն իմ ցեղին:
Եկեղեցիս առաջին եղաւ հոգի՛դ լուսաւոր,
Ուրկէ խնկեց նա՜րդ առ նա՜րդ Յիսուսավէպը անուշ,
Որ իր անլուր հրաշքով հիմնեց հաւատքս հզօր
Եւ իր բոյրովն ու լոյսով լեցուց խորանը հոգւոյս:
Ահա այսպիսի օրհնութիւններ ցօղող մասունքապահ կիներ եղած են հայ մայրերը: Մեր ազգը ոչնչացնելու կամ ձուլելու ամէնէն բիրտ եւ դաժան միջոցներն անգամ դարձած են անզօր` շնորհիւ այդ տիպար եւ զոհաբերող հայ մայրերուն, որոնք իրենց զաւակները ուսուցանեցին եւ դաստիարակեցին հաւատքով ու հայկական առաքինութիւններով, որ հայապահպանման կորիզը հանդիսացաւ: Բի՜ւր յարգանք ու մեծարանք` անցեալին ահռելի խոչընդոտներ դիմագրաւած եւ զանոնք յաղթահարած մարտիրոս հայ մայրերուն:
Իսկ այսօր, երբ մենք կ՛ապրինք դէպի բարոյական անկում գացող այս պիղծ ու ահաւոր օրերուն մէջ, երբ միասեռականութեան թունաւոր երեւոյթը իժի նման կը սողոսկի եւ անոր դէմ դնելու պայքարի սարսափելի փուլին մէջ կը գտնենք մենք զմեզ, երբ մարդիկ աշխարհը դարձուցած են Սոդոմ ու Գոմոր եւ կը փորձեն փակել Աստուծոյ կենդանի խօսքին ոսկեայ դուռն ու խելագարած կը մտնեն սատանայապաշտութեան դարպասներէն ներս, եւ մանաւա՛նդ երբ մեր ոսոխը իր անգութ ճիրանները սրած` անգամ մը եւս վայրագութեամբ կու գայ ճնշելու հայութեան հոգիին եւ միտքին վրայ, հայ մայրը ինքզինք կը գտնէ նոր ու վիթխարի դժուարութիւններու առջեւ:
Հարկ է, որ այս օրերուն հայ մայրը առա՛ւել եւս Աստուծոյ խօսքերով ու պատուիրաններով զինուի այս չար ու դժուար օրերուն մէջ ինքզինք զօրացնելու եւ իր զաւակները սպառազինելու համար: Հարկ է, որ ան կարողանայ` զգուշութեամբ ու դիւանագիտութեամբ մօտենալ իր զաւակներուն, դառնալ անոնց մտերիմ ընկերը, փորձել հասկնալ անոնց հոգեվիճակը, հետաքրքրուիլ անոնց առօրեայով իր բոլոր մանրամասնութիւններով, ապրիլ անոնց զգացումները, կիսել անոնց հոգերը, ներթափանցել անոնց մտքին մէջ, փարատել անոնց մտատանջութիւնները եւ շինիչ խրատներով ու խորհուրդներով գօտեպնդել անոնց հոգին, որպէսզի յաջողի իր զաւակները լոյսի ճամբուն մէջ պահել. այլապէս ամենայն դիւրութեամբ անոնք պիտի հետեւին չարին տղմալից հոսանքին եւ խաւարին մէջ խարխափելով` պիտի կորսուին:
Մայրերու տօնը պատեհ առիթ է մեզ` մայրերուս համար, մեր անձերուն հարց տալու, թէ ինչպիսի՛ կրթութիւն կը ջամբենք այսօր մեր զաւակներուն: Արդեօ՞ք անիկա աստուածային եւ ազգային անապական սկզբունքներու վրայ հիմնուած կրթութիւն է: Քրիստոնէութիւնը ընդունած առաջին ազգին հաւատքը դարձուցա՞ծ ենք դաստիարակութեան հաստատուն հիմը: Մեր Ոսկեդարի գլուխ գործոցը հանդիսացող Թագուհի թարգմանչացը` Աստուածաշունչը, ընդունա՞ծ ենք որպէս կրթութեան ուղեցոյց: Կասկածէ վեր է, որ անսահման սիրով կը սիրենք մեր զաւակները եւ իրենց սիրտերը մեր մայրական քաղցր սիրով կ՛ողողենք. բայց արդեօք իրենց սիրտերը մօտեցուցա՞ծ ենք ամենաքաղցր սիրոյ ամենաջինջ աղբիւրին` Հօր Աստուծոյն: Վստահաբար ամէն պարագաներու մէջ անյապաղ կը փութանք օգնելու մեր զաւակներուն, բայց արդեօք ծանօթացուցա՞ծ ենք իրենց իսկակա՛ն օգնականին եւ միակ Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսին: Աղօթող մայրե՞ր ենք, եթէ այո՛, հիանալի՛ օրհնութիւն է, բայց բաւարար չէ՛. մեր զաւակներուն հետ ծունկի գալով` իրենց աղօթել սորվեցուցա՞ծ ենք:
Սիրելի՛ խնամատար մայրեր, մենք մեր զաւակներուն իմաստուն եւ հոգատար տնտեսները ըլլալու կանչուած ենք այս աշխարհի վրայ: Անոնք մեր խնամքին վստահուած արարածներ են, որպէսզի Աստուծոյ խնամքին յանձնուիլ սորվին: Այս չար օրերուն մէջ առաքինի մօր վստահուած է չարին բարիով յաղթելու ռազմավարութեան որդեգրումը եւ այս աշխարհի յիմարութեանը երկնա՛յին իմաստութեամբ դէմ դնելու հնարամտութիւնը, որովհետեւ Աստուծոյ Խօսքին համաձայն` «Իմաստութեան սկիզբը Տիրոջը վախն է»: (Առակաց 1:7) եւ առաքինի մայրը այս ճշմարտութիւնը ճանչցող եւ ապրո՛ղ կին է:
Ուստի, որպէս առաքինի մայրեր, Տիրոջ վախով եւ իմաստութեամբ կրթենք մեր զաւակները: Այնպէս մը պատրաստենք զիրենք, որ երբ իրենց կեանքի նաւակին մէջ խորտակիչ ալիքներու հանդիպին, վարժ ըլլան քաջութեամբ թիավարելու` գործածելով հաւատքի եւ յոյսի թիերը, իսկ երբ տեսակաւոր փոթորիկներու հանդիպին, յաջողին բոլորէն անվնաս դուրս գալ` Տիրոջ խոստումներուն ու զօրութեան վստահելով եւ ապահով նաւարկեն մինչեւ հասնին խաղաղ նաւահանգիստ:
Տակաւին, այս օրերուն մենք` որպէս հայ մայրեր, առաւե՛լ ծանրաբեռնուած ենք հայապահպանման առաքելութեան լուծով: Մէկ կողմէն մեր ազգը բնաջնջելու քաղաքականութիւնը որդեգրած թշնամիին շարունակական ճիգերը կը փորձեն մեր ազգը թուլցնել, միւս կողմէ` համացանցը իր կործանիչ դերը կը խաղայ նոր սերունդին կեանքին մէջ: Անիկա դարձած է մանուկին ընկերակիցը եւ հայ մանուկին շրթներէն խլած է դարեր շարունակ մասունքի նման պահպանուած մեսրոպաշունչ մեր լեզուն եւ զայն փոխարինած` օտար լեզուով: Այսօր, ցաւ ի սիրտ, հայ մանուկը իր նմանին հետ կը խաղայ ու կը խօսի անգլերէնով: Հայ պատանին եւ երիտասարդը կը տառապին լեզուամտածողութեան հիւծախտէ: Անոնք իրենց մտքի գաղափարները կը կազմեն անգլերէնով եւ ապա կը փորձեն զանոնք թարգմանել հայերէնի, որուն արդիւնքը շատ յաճախ կ՛ըլլայ ձախող, եւ անհասկնալի արտայայտութիւն դուրս կու գայ: Բացառութիւնները յարգելի են: Տակաւին անշուշտ չենք խօսիր համացանցին թողած բարոյական բացասական եւ երբեմն վտանգաւոր այլ ազդեցութիւններուն մասին:
Սիրելի՛ հայ մայրեր, մայրերու տօնին առիթով եկէք` ուխտենք շարունակել մեր նախնիներուն սրբազան գործը եւ մնանք ազգապահպանման սուրբ առաքելութեան կոչումին հաւատաւոր զինուորները. երբեք չզլանանք մեր զաւակներուն սորվեցնելու հազարագանձ մեր մայրենի լեզուն, սիրցնելու մեր թանկ հայրենիքը եւ հարուստ մշակոյթը, զիրենք կապուած պահելու Լուսաւորչակերտ մեր եկեղեցիին` քաջ գիտակցելով, որ ա՛յդ է մեր քրիստոնեայ ազգի գոյատեւման մեծագոյն ազդու զէնքը: Մեր զաւակներուն հետ խօսինք, կարդանք, երգենք եւ աղօթենք հայերէն: Սիլվա Կապուտիկեանի նման` մեր զաւակներուն կտակենք մեր հարուստ ու անաղարտ լեզուն ըսելով.
Պահիր նրան բարձր ու վճիտ, Արարատի սուրբ ձիւնի պէս,
Պահիր նրան սրտիդ մօտիկ, մեր պապերի աճիւնի պէս:
Ու տես որդիս, ուր էլ լինես, այս լուսնի տակ ուր էլ գնաս,
Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես, քո մայր լեզուն չմոռանաս:
Ահա ա՛յս է հայ մօր կոչումը այսօր եւ մի՛շտ: Աստուածասիրութեան եւ ազգասիրութեան զոյգ ջահերը բոցավառ պահել եւ զանոնք փոխանցել սերունդէ սերունդ: Այս կոչումին գիտակից հայ մայրը առաքինի է եւ խի՛ստ գովելի:
Հարկ է յիշել, որ առաքինի կինը կը գովերգուի ոչ միայն մարդկութեան կողմէ, այլեւ սիրոյ եւ բարութեան ակունքին` ամենասուրբ եւ ամենակալ Հօր Աստուծոյ կողմէ: Աստուծոյ սրբազան խօսքին մէջ առաքինի եւ իմաստուն կինը գովերգող զանազան գեղեցիկ խօսքեր կը գտնենք, ինչպէս, օրինակ, «Առաքինի կինը ո՞վ կրնայ գտնել: Անոր գինը գոհարներէն շատ աւելի է»:
«Առաքինի կին գտնողը բարիք կը գտնէ ու Տիրոջմէն շնորհք կը ստանայ»:
«Անոր տղաքը կ՛ելլեն ու զանիկա երանելի կ՛անուանեն: Անոր այրն ալ զանիկա կը գովէ` ըսելով, որ շատ աղջիկներ առաքինի եղան, բայց դուն ամէնէն գերազանցը եղար: Վայելչութիւնը սուտ է ու գեղեցկութիւնը ունայն է, սակայն Տիրոջմէ վախցող կինը պիտի գովուի»:
Սուրբ Գիրքին, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կան կիներ, որոնք իրենց բարի վարքով եւ կենցաղավարութեամբ առաքինի մայրերու օրինակներ եղած են, սակայն լաւագոյն մայրութեան եւ կատարեալ առաքինութեան գերագոյն տիպարը եղած է եւ կը մնայ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինը, որ բոլոր կիներուն մէջ օրհնեալ վկայուեցաւ երկինքէն: Շնորհընկալ կոյսը մարմնացեալ Աստուծոյ մայրը ըլլալու մեծագոյն պատիւին արժանացաւ, որովհետեւ աստուածահաճոյ բազմազան առաքինութիւնները համատեղող բարի ու շնորհալի անձնաւորութիւն եղաւ: Ան աղօթական մաքրամաքուր կեանք ապրող էր, ունէր խոնարհ հոգի, շնորհակալ ու սիրող սիրտ, ծառայասէր ոգի եւ Աստուծոյ կամքին հնազանդող լուսաւոր միտք: Աստուծոյ ամենակարողութեան վրայ բացարձակ վստահութիւն ունենալով` հաւատարիմ մնաց իր երկնային կոչումին եւ բոլոր դժուարութիւնները, ցաւերն ու տառապանքները դիմակայեց համբերութեամբ եւ ժուժկալութեամբ: Իր աստուածատուր զաւակը խնամեց հոգատարութեամբ եւ միշտ մնաց անոր կողքին: Անբասիր երկրաւոր կեանք ապրելով` երկնային կեանքը ժառանգելու աստուածային խոստումին սպասեց անձկագին եւ արժանացաւ անպատում փառքով երկինք փոխադրուելու անկրկնելի մեծարանքին:
Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ մայր կանչուած է հետեւելու Մարիամ Աստուածածինին հաւատալից ու հաւատարիմ կեանքի օրինակին: Եթէ Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ` «Յիսուսին նայինք, մեր հաւատքի առաջնորդին ու կատարողին» (Եբրայեցիս 11:6), ապա անարժանաբար կ՛աւելցնեմ` ըսելով, որ «Աստուածամօր նայինք, մեր մայրութեան տիպարին եւ օրինակին», եւ կ՛աղօթեմ, որ Տէր Յիսուս իր սուրբ մօրը առաքինութիւններէն եւ օրհնութիւններէն առատօրէն հեղու իւրաքանչիւր հայ մօր վրայ. մասնաւորաբար համբերութիւն շնորհէ Արցախի եւ Հայաստանի բոլոր որդեկորոյս մայրերուն, որոնց առջեւ ակնածանքով կը խոնարհի իւրաքանչիւր ազգասէր հայորդի: Այդ հերոսածին մայրերուն արցունքները տակաւին չեն չորցած` ողբալով իրենց հոգեհատորներուն դառնաղէտ կորուստը: Ճիշդ է, որ այդ հերոսները իրենց մայրերո՛ւն իսկ ջամբած ազգային դաստիարակութեամբ տոգորուած` իրենց կեանքը նուիրեցին յանուն հայրենիքի սիրոյն ու պաշտպանութեան, սակայն անխուսափելի իրականութիւն է, որ մօր մը համար չկայ աւելի դառն վիշտ, քան` իր զաւակին կորուստը: Թող Տէրը մխիթարէ եւ սփոփէ իւրաքանչիւր վշտակիր մօր սիրտը եւ թող նման վիշտ ալ երբե՛ք չտեսնէ հայ մայրը:
Թող մի՛շտ բոլոր մայրերուն սիրտերը խայտան ու հոգիները բերկրին իրենց բարեպաշտ եւ արժանաւոր զաւակներուն բարօրութեամբ եւ յաջողութեամբ: Իսկ մինչեւ օրս տակաւին մայրական քաղցր զգացումը չճաշակած կիները թող շուտով բեղմնաւորման ուրախալի լուրով աւետուին եւ մայրանալու վեհ պատուին արժանանան:
Ձեր տօնը շնորհաւո՛ր, փափկասուն եւ հեզահամբոյր մայրեր: Ապրիք մարմնով ու հոգիով առողջ, մնաք ձեր տան անմար ճրագը եւ ձեր զաւակներուն ներշնչման ու քաջալերանքի մշտահոս աղբիւրը: Թող ձեր կեանքի ողջ օրերը ըլլան գարնանային աննկարագրելի հմայքով եւ գեղեցկութեամբ լեցուն:
Յիշեցէ՛ք, մայրեր, վա՛ռ պահեցէք ջահերը ձեր: