Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նժդեհ Մերտխանեանի Մահուան Քառասունքին Առթիւ

Մայիս 20, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՐՕՏ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆ

Կ՛ուզէի երկու խօսք գրել այսօրուան համար, բայց մինչեւ երէկ գիշեր խօսքեր չունէի: Ի՞նչ գրեմ, ինչպէ՞ս արտայայտեմ այս խոր ցաւս, ի՞նչպէս ամփոփեմ Նժդեհին հետ անցուցած 16 անուշ տարիները: Վերջ ի վերջոյ որոշեցի մտածել Նժդեհին մասին ու առիթ տալ, որ բառերը հոսին:

Կ՛ուզեմ ձեզի հետ բաժնեկցիլ քանի մը յուշ ու դէպքեր, որոնց ընդմէջէն պիտի ներկայացնեմ  մեր Նժդուկը:

Վեց տարիներ շարունակ մօրմէս աղբարիկ կամ քոյրիկ խնդրելէս ետք, Նժդեհը աշխարհ եկաւ` ամբողջացնելով եւ պայծառացնելով մեր ընտանիքը: Բարի, ժպտուն այս պէպէքը կաթիկ կը խմէր ու կը քնանար: Ապա ան քալելու սկսաւ ու տան իրարանցումը սկիզբ առաւ: Երբ 2 տարեկանին Նժդեհը խօսելու սկսաւ, ի՜նչ հպարտ էի, որ միայն ես կը հասկնայի այդ լեզուն: Փոքր աղբարիկս յաճախեց «Նորսիկեան» մանկապարտէզ, այնտեղ կազմեց իր փոքրիկ շրջանակը, իր մտերիմ ընկերներուն հետ ապրեցաւ դպրոցի անուշ, զուարթ, անմեղ, փայլուն օրերը:

Տարիներու ընթացքին մանկութեանս պուպրիկ-աղբարիկը դարձաւ պողպատ եղբայրս, որուն հետ կը բաժնեմ ոչ միայն ննջասենեակս, այլ նաեւ` գաղտնիքներս, խնդուքս, արցունքներս, լաւագո՜յն, լաւագո՜յն յուշերս: Մեր եղբայրական կապը ամրացաւ վայրկեանէ վայրկեան, օրէ օր:

Զիրար կը հասկնայինք նայուածքով մը, կը նախատեսէինք միւսին զգացումը, պատասխանը, ըսելիքը: Ամէն իրիկուն անհամբեր կը սպասէինք մեր օրուան ընթացքին պատահածը իրարու պատմելու համար:

Հակառակ իր փոքր տարիքին` Նժդեհը իր լուռ կեցուածքով բոլորիս սորվեցուց շա՜տ մը դասեր: Չէինք գիտակցեր իր «մեծութեան», մեզի սորվեցնելիք, փաստելիք խորհուրդներուն: Բարի, փափկանկատ, ազնիւ վերաբերմունքով, վեհանձն կեցուածքով, նպատակասլաց, լուրջ, պարտաճանաչ, աշխատասիրութեամբ, սրամիտ կատակներով, հակիրճ, բայց խոհեմ խօսքերով ան մեր ամենահաճելի ներկայութիւնն էր: Ամէն բան կ՛ընէր լիուլի: Ան փորձեց ըլլալ ամէնէն ընկերասէր ընկերը, աշխատասէր ու չարաճճի աշակերտը, սիրալիր զարմիկը, զգայուն ու փափկանկատ եղբայրն ու լաւագոյն, հպարտութիւն ներշնչող զաւակը: Ձեր բոլորին ներկայութիւնը այսօր եւ նախկին 40 օրերուն կը փաստեն, թէ Նժդեհը որքա՛ն որքա՛ն յաջողած էր:

Մատղաշ եղբօրմէս բաժանումը վստահաբար պիտի մնայ մեր ընտանիքին ամենամութ, ամենախոր վէրքը: Իր դպրոցին, ուսուցիչներուն եւ ընկերներուն համար պիտի ըլլայ սուղ կորուստ մը:

Սակայն այդ ցաւէն պիտի ծնի` ուժ մը, ժպիտ մը, լաւագոյնին ձգտելու ճիգ մը, Նժդեհին չիրականացուցած կեանքի հանգրուանները ամբողջացնելու նպատակ մը:

Մեր բոլորին սրտերուն մէջ պիտի գոյատեւէ Նժդեհէն մաս մը, պիտի ապրինք իր ամուր կամքով, զինք ուրախ պահելու համար: Իր յիշատակը վառ, անթառամ պահելով` պիտի յաղթահարենք ամէն տեսակ խոչընդոտներ:

Մենք այսօր եւ ամէն օր պիտի յիշենք Նժդեհը, կրկնենք իր յաճախ գործածած խօսքերը, ժպտինք, ինչպէս որ ինք կը ժպտէր:

Ընտանիքիս ու իմ կողմէս խոր շնորհակալութիւն` բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան մեր այս դժուար օրերուն:

«Կեանքդ լինի վառ արեւ,
Ծաղկազարդ, կանաչ տերեւ,
Աստծուց առնես միշտ բարեւ,
Լինես յաղթով, լինես բախտով,
Անգին եղբայր, յիշատակդ երկա՜ր»…

7 մայիս 2023

Նամակ` Մէկ Հատիկ Նժդեհիս,
Նժդոյիս, Նժդուկիս… Անգին Եղբօրս

Երեքշաբթի, 28 մարտ 2023 – երեքշաբթի 25 ապրիլ 2023

Ահաւասիկ մէկ ամիս անցաւ: Չորս երկա՜ր շաբաթներ քու բացակայութեանդ: Օրեր, որոնց ընթացքին սրտիս վրայ անբացատրելի բեռ մը կայ, իսկ հոգւոյս մէջ անբացատրելի ուժ մը: Ա՛լ ամէն առտու բարի լոյս չեմ ըսեր քեզի, գործէս վերադարձիս չեմ տեսներ քեզ, դասերուդ մասին չեմ հարցներ, ապագայի մեր ծրագիրներուն մասին չենք խօսիր, Պարսայի խաղերը չենք դիտեր միասնաբար, պարապ-սարապ չենք կատակեր, պարապ-սարապ չենք վիճաբանիր: Այլեւս տժգոյն է աշխարհը, անհամ է ճաշը, անիմաստ է խօսքը, տհաճ է ամէն բան, մոխրագոյն է աչքիս առջեւ: Մէկ ամիս առաջ մեր բոլոր երազանքները փլատակ դարձան: Մէկ ամիս առաջ դարձար` մեր տան պատերը զարդարող նկարը, սրտիս անբուժելի վէրքը, հոգիիս բաժնեկիցը, կեանքիս մղիչ ուժը, իմ էութեանս պատճառը: Ահաւասիկ` մէկ ամիս, որուն ընթացքին «Նժդեհ» անունը արտասանելը կը խայթէ սիրտս:

Անցնող ամսուան ընթացքին թէ՛ ներկայութեամբդ, թէ՛ բացակայութեամբդ ինծի տուիր շա՜տ մը դասեր: Նախ` օրինակ դարձար ընկերասիրութեան, միասնակամութեան, սիրոյ եւ գործակցութեան: Միացուցիր` մեծ ու պզտիկ, ծանօթ եւ օտար, ընտանիք ու ընկերներ: Ցնցեցիր ոչ միայն ընտանիքիդ անդամները, այլ նաեւ` ամբողջ դասարան մը, դպրոց մը, ակումբ մը, գաղութ մը, աշխարհ մը: Լռութեամբդ, հեզութեամբդ, համեստ ու ազնիւ վարուելակերպովդ սիրաշահեցար բոլորին սրտերը: Տիպար դարձար աշխատասիրութեան, լրջութեան, խոհեմութեան, պարտաճանաչ կեցուածքի` «օձը ծակէն հանող» անուշ լեզուովդ: Ու տակաւին որքա՜ն արժանիքներու տէր անձ մըն ես դուն:

Ճիշդ է, որ ես եմ մեծ քոյրը, սակայն դուն եղար մեր տան մէջ ապրող «մեծութիւնը»: Մեծ ես ձգած յուշերովդ ու էութեամբդ: Տարբեր ես:

Գիտեմ, որ զիս տխուր տեսնել չես ուզեր, բայց դո՛ւն էիր իմ ուրախութիւնս նախորդող տասնվեց տարիներուն ընթացքին: Թերեւս քեզի չէի ըսած, հիմա ըսեմ: Ծննդեանդ օրը կեանքիս ամէնէն ուրախ օրն էր, իսկ մեր վաղաժամ բաժանումի օրը… կարծեմ հասկցար, միշտ ալ սրամիտ եղած ես:

Գիտեմ` զիս տկար չես սիրեր տեսնել, բայց դո՛ւն ես իմ տկար կէտս:

Գիտեմ` զիս կորսուած չես ուզեր տեսնել ու ինծի կը վստահիս ուղղութիւն եւ ցուցմունք տալու համար, բայց արդեօք գիտէի՞ր, թէ դո՛ւն ես իմ ուղեցոյցս: Հետեւաբար քեզի վստահած եմ, աղբարի՛կ: Ուղղէ՛ զիս, տո՛ւր ինծի ուժ ու կորով, դէմքիս վերադարձո՛ւր ժպիտը:

Վերջապէս, կ՛ուզեմ երախտապարտութիւնս ու հպարտութիւնս յայտնել քեզի: Տասնվեց կարճ տարիներ բաւարար էին մեզի` հաստատելու աննման ու անսասան եղբայրական կապ մը: Երախտապարտ եմ հետդ բաժնած յիշատակներուս, մեր լաւ եւ վատ օրերուն, քեզմէ սորված իւրաքանչիւր դասին, քու իւրայատուկ ներկայութեանդ: Հպարտ եմ արձանագրած իւրաքանչիւր յաջողութեամբդ: Հպարտ եմ անունովդ ու անոր իմաստով` «Նժդեհ»: Հպարտ եմ հայրենասիրութեամբդ: Հպարտ եմ ընկերասիրութեամբդ: Հպարտ եմ վեհանձն բնաւորութեամբդ: Հպարտ եմ քեզմով:

Ամենակարեւորը` հպարտ եւ երախտապարտ եմ «Նժդեհին քոյրիկը» ըլլալովս:

ՆԱՐՕՏ

Նախորդը

Նշմար. Յուսադրող Երեւոյթի Մը Առիթով

Յաջորդը

«Aurora՛s Sunrise» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?