Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի Հարիւրամեայ Յոբելեանը` Նոր Հարիւրամեակի Տեսլականով

Մայիս 23, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՈՒՍԻԿ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ-ԱՖԱՐԵԱՆ

Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի հիմնադրութեան հարիւրամեակն է այս տարի: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանը հիմնուած է 1 մայիս 1923-ին, Պէյրութի մէջ, Յիսուսեան միաբանութեան կողմէ:

Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին բարձր հովանաւորութեամբ եւ անմիջական աջակցութեամբ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի նորակազմ Շրջանաւարտից միութիւնը նպատակադրած է արժանավայել շուքով նշել իր սիրելի ճեմարանի հարիւրամեայ յոբելեանը:

Ճեմարանը հայեցի տոհմիկ դաստիարակութեան հարազատ օճախ հանդիսացած եւ իրերայաջորդ սերունդներու մարդկային, ազգային ու հոգեւոր կազմաւորման մէջ որոշադրիչ դերակատարութիւն ունեցած է:

Յիսուսեան հայրերու կրթական, դաստիարակչական ու մանկավարժական բծախնդիր ու խստապահանջ սկզբունքներով առաջնորդուող Ճեմարանը Պէյրութի երբեմնի հայահոծ Ժեհթաուի թաղի գեղատեսիլ բարձունքին, եղած է կրթական բարձրորակ հաստատութիւն: Անիկա նկատուած է լիբանանահայ կեանքին մէջ գործող կրթական լաւագոյն հաստատութիւններէն մէկը:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի առաքելութիւնը անջնջելիօրէն կապուած է Սահակ վրդ. Քէշիշեանի անուան:

Հայր Սահակ ծնած է 15 դեկտեմբեր 1917-ին, Մարաշ: Մարաշի աղէտէն ետք` 1922-ին, ընտանիքին հետ փոխադրուած է Հալէպ, ապա` Դամասկոս:

Նախակրթութիւնը ստացած է Դամասկոսի Յիսուսեան հայրերու ֆրանսահայ վարժարանին մէջ: Ապա փոխադրուած է Պէյրութ, ուր յաճախած է Յիսուսեաններու Սեն Ժոզեֆ համալսարանի նորընծայարանը:

Համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք, 31 հոկտեմբեր 1948-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է ձեռամբ երջանկայիշատակ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարքին: 1952-ին նշանակուած է Հալէպի Յիսուսեան հայրերու Սուրբ Վարդան վարժարանի տնօրէն եւ այդ պաշտօնը վարած է մինչեւ 1960, երբ փոխադրուած է Պէյրութ ու ստանձնած` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի տնօրէնութիւնը, զոր վարած է մինչեւ 1998` միաժամանակ հայագիտութիւն դասաւանդելով Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հայագիտական ամպիոնին մէջ:

Հայր Սահակ նաեւ եղած է սկաուտական շարժումի հոգեւոր հայր:

Ան 23 անգամ այցելած է Հայաստան:

Հայր Սահակ մտաւորական բեղուն գործունէութիւն ունեցած է. կատարած է զանազան երկերու թարգմանութիւններ` գրաբարէ եւ ֆրանսերէնէ:

Վախճանած է 24 օգոստոս 2005-ին, Պէյրութ:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի ազգակերտումի ու մարդակերտումի առաքելութիւնը կը շարունակուի նորակազմ Շրջանաւարտից միութեան աշխուժ գործունէութեամբ:

Շրջանաւարտից միութիւնը իր մէջ կը համախմբէ աշխարհի չորս կողմը ցրուած ճեմարանականներ: Մարդկային, ազգային ու քրիստոնէական վեհ արժէքներու տեսլականով ու հայապահպանման դժուարին մաքառումներուն մէջ իր ներդրումը ունենալու նպատակով Շրջանաւարտից միութիւնը կ՛առաջադրէ իբրեւ իւրայատուկ շարունակութիւնը ճեմարանին, ներկայիս գործող Ժամհուր վարժարանին մէջ հայր Սահակ Քէշիշեանի անունով սան պահել:

Յիսուսեան առաքելութիւնը 17-րդ դարէն սկսեալ հայ ժողովուրդին ծառայելու համար դպրոցներ բացած է: Այդ առաքելութեան իբրեւ երախտագիտութիւն` Շրջանաւարտից միութիւնը նախատեսած է Գիւմրիի մէջ դպրոցի մը վերակառուցման աշխատանքները ստանձնել:

Յիսուսեան առաքելութեան վերջին հայ կտակառու հայր Սահակ Քէշիշեանի կրթական ու գրական բազմաբեղուն վաստակը անմահացնելու միտումով նախատեսած է յատուկ յանձնախումբ կազմել` առ ի պատրաստութիւն հոգելոյս վարդապետին աշխատութիւններուն հրատարակութեան:

Հոգեւոր տիրոջ բարձր հովանաւորութեամբ, հարիւրամեակի յոբելենական ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան 26 եւ 27 մայիս 2023-ին եւ պիտի ընթանան հետեւեալ յայտագիրով.

Ա) Ժամհուր դպրոցի աշակերտական հանդէս,

Բ) Յիսուսեան միաբանութեան հայկական առաքելութեան եւ հայր Սահակ Քէշիշեանի նուիրուած կլոր սեղան,

Գ) Գինեձօն` հայր Րաֆֆի Յովհաննէսեանին հեղինակած եւ հայր Սահակ Քէշիշեանին նուիրուած հատորին,

Դ) Կալա – ճաշկերոյթ:

Հոգեւոր տիրոջ կողքին, ձեռնարկներուն կը մասնակցին` Յիսուսեան միաբանութեան հոգեւոր հայրեր, բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ պետական դէմքեր:

Մայիս 27-ին տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ, զոր պիտի մատուցէ հոգեւոր տէրը:

Պատարագի աւարտին հայր Սահակ Քէշիշեանին նուիրուած թանգարան-ցուցափեղկին եւ քանդակին բացումը պիտի կատարուի, ապա տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:

Մեր շատ սիրելի հայր Սահակին սրբակենցաղ կեանքը օրինակ ծառայած է բոլորիս:

Հետագայ աշխատանքները պիտի կեդրոնանան հոգելոյս վարդապետին երանացման եւ սրբադասման ուղղութեամբ:

Ի դիմաց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի
նախկին սաներու եւ սկաուտներու միութեան
ԼՈՒՍԻԿ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ-ԱՖԱՐԵԱՆ

Նախորդը

ԼԵՄ-ի Կազմակերպութեամբ` Միջդպրոցական Զարգացման Մրցում

Յաջորդը

Մահուան 54-Ամեակ` Հայութեան Մեծագոյն Դէմքերէն Սիմոն Վրացեանի

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?