Հայ կեանքը շատ անգամ այնպիսի արտասովոր երեւոյթներու դէմ յանդիման կը գտնուի` ըլլան անոնք դրական թէ ժխտական, որոնք մեզ մտածումի կը մղեն, կը շշմեցնեն, յաճախ կը յուզեն, զգաստութեան կը հրաւիրեն, ձեւով մը` ինքնաքննարկման պատեհ առիթներ կը ստեղծեն:
Անցնող շաբթուան ընթացքին` 6-էն 12 մայիսին, լիբանանահայ հասարակութիւն թէ ուսանողական շրջանակներ, հոգեպարար ժամանակ մը անցուցին, փոթորկոտ ապրումներու խայտանքը զգացին յանձին երիտասարդ բեմադրիչ Իսամ Նաժիի, որ ժամանելով Լիբանան, իրեն հետ բերած էր ոչ միայն վաւերագրական ժապաւէն մը, այլ հայասիրութեամբ տրոփող սիրտ մը եւ Արարատով ապրելու գեղեցիկ պատգամ մը:
Ի դէպ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի ու Հայագիտական ամպիոնի վարիչ դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի գնահատելի մտածումին եւ նախաձեռնութեան շնորհիւ, եգիպտացի բեմադրիչը հրաւէր կը ստանար գալու Լիբանան, ցուցադրելու իր ժապաւէնը եւ լիբանանահայութեան հետ բաժնեկցելու իր մարդկային ապրումները, հայութեան ու Հայաստան աշխարհին հետ իր ունեցած առնչութիւնը, Սիւնեաց լեռնաշխարհի բնակչութեան հետ շաղուելու փորձառութիւնը, բայց մանաւանդ խոստովանելու, որ հայոց դարաւոր պատմութեան ու մշակոյթին ծանօթանալու խայծը ունեցած է, երբ ան ծանօթացած է եգիպտահայու մը յանձին Լեւոնի (Leon), որ լուսանկարչական գործիքներ վաճառելու խանութի մը սեփականատէրն է եղած Գահիրէի մէջ:
Բեմադրիչ Իսամ Նաժի, իբրեւ կեցութեան վայր ունենալով Հայկազեան համալսարանի գիշերօթիկը, ան մօտէն ծանօթացաւ հայ ուսանողութեան, որոնք ի տես «օտարական»-ի մը այս աստիճան հայասիրութեան թէ արարատասիրութեան, կարծես, անակնկալի եկած, փորձեցին մօտէն ճանչնալ բեմադրիչը, Հայաստանը սիրելու անոր շարժառիթը, նոյնիսկ ժապաւէն պատրաստելու մղումն ու հայութեան հանդէպ յանձնառութիւն ցուցաբերելու խոր գիտակցութիւնը:
Հարկ է նշել, որ հայոց կեանքին մէջ միշտ ալ եղած են նման անձնաւորութիւններ, որոնք ճանչնալէ ետք Հայաստանն ու հայութիւնը, եւ շնորհիւ իրենց մարդկային համոզումներուն եւ քաղաքակիրթ կազմաւորումին, նեցուկ կանգնած են Հայ դատին, տէր են եղած իրենց կոչումին եւ պայքարի դաշտ են նետուած յանուն ազգային իրաւունքի ձեռքբերման եւ ճշմարտութեան բացայայտման:
Այս առումով` բեմադրիչ Իսամ Նաժի, բազմաթիւ անգամ այցելութիւն տալէ ետք Հայաստան ու մօտէն ճանչնալով սփիւռքահայութիւնը, կը լծուի աշխատանքի:
Փաստօրէն, բեմադրիչը ոչ միայն կը ծանօթանայ հայոց հայրենիքին, Արցախին, ներկայ կացութեան թէ ընդհանրապէս ազգային պարունակին, այլ ամէն ճիգ կը թափէ հայերէն սորվելու, մօտիկ անցեալի հայոց պատմութեան մասին համապարփակ ու խոր տեղեկութիւն ամբարելու, նոյնիսկ` Գարեգին Նժդեհի հայրենասիրական ոգիին թէ մտածումներուն հետ շաղախուելու:
Ազնուասիրտ բեմադրիչը իր մտքին ու հոգիին մտասեւեռումն էր դարձուցեր Սիւնեաց աշխարհը, որ, ըստ իրեն, զօրավար Գարեգին Նժդեհի օրրանն է եղած, ուր ան հերոսամարտեր մղած է, պաշտպանելու այդ հողն ու ամբողջ Հայաստանը:
Ահաւասիկ այս դիտանկիւնէն մեկնած, եգիպտացի բեմադրիչը կը պատրաստէ իր հետաքրքրաշարժ վաւերագրական ժապաւէնը` «Մոռցուած հայրենիք», որ նախ ցուցադրուեցաւ Հայկազեան համալսարանի, ապա` «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
Պէտք է ըսել, որ զոյգ ձեռնարկներուն ալ ներկայ էր բազմութիւն մը, որ եկած էր դիտելու ժապաւէնը` հետաքրքրութենէ թելադրուած, ծանօթանալու բեմադրիչին եւ յայտնելու իր երախտագիտութիւնը` ի տես սքանչելի աշխատանքին:
Արուեստի առընթեր, նկարագրային բարեմասնութեամբ (հեզ, բարի, կիրթ, ջերմ, ազնուասիրտ ու հարազատ) օժտեալ բեմադրիչը ունէր նաեւ յանդուգն միտք եւ յստակ պատգամ: Ան` ծանօթ ըլլալով աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու թէ ներազգային կեանքի մէջ առկայ վերիվայրումներու, նախ` ժապաւէնին ընդմէջէն, ապա` հրապարակային ելոյթներով թէ բարեկամական զրոյցի ընթացքին, յայտնեց իր մտածումը, ըսաւ իր խօսքը, ուղղեց պատգամը, սակայն առանց պարտադրանքի կամ արգահատանքի:
Այդուհանդերձ, ան իր խօսքին մէջ յաճախ մեղադրեց մեզ բարեկամաբար, թէ ինչո՞ւ լուռ է հայութիւնը (ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի) ի տես կատարուածին: Անոր խօսքով` «Արցախի կորուստէն ետք, թշնամին կտոր առ կտոր կը լափէ հայոց հայրենիքը, եւ կարգը հասած է Սիւնիքին»:
Ըստ բեմադրիչին, «Սիւնիքը իր լեռնային աշխարհով, գեղեցիկ բնութեամբ թէ աշխարհագրական դիրքով, մանաւանդ` հայրենասէր ժողովուրդով, Երեւանի մը չափ կարեւորութիւն ունի», որովհետեւ կորսնցնելով զայն, պիտի վերանայ Հայաստանը»:
Հայ թէ օտար ակնդիրը, դիտելէ ետք «Մոռցուած հայրենիք» վաւերագրական ժապաւէնը, պիտի տեսնէ, որ բեմադրիչը չի քարոզեր, աժան վերագրումներ թէ խօսք չի բաշխեր, անտեղի աղմուկ չի բարձրացներ, անհարկի միտումներ չի հետապնդեր, այլ ունի լո՜ւռ պատգամ, հրաւէր, ինքզինք ճանչնալու եւ շուտափոյթ գործի լծուելու` յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան:
Իսկ «Մոռցուած հայրենիք»-ի դերակատարնե՞րը, Սիւնեաց աշխարհի հայ մայրն է, զինուորագրուած երիտասարդը, քաջ հովիւը, ջուլհակագործ մեծ մայրիկը եւ այլ անձինք, որոնք թէ՛ իրենց սրտբաց խօսակցութեամբ, ապրումով, հաւատքով եւ թէ իրենց մտահոգութեամբ, յուզումով եւ պայքարի ոգիով, ճշմարտութիւնն է, որ լոյսին կը բերեն, իրենց հայրենասէրի շունչն ու ոգին կը բացայայտեն:
Յիշեցնե՞լ է պէտք, որ Հայ դատի նուիրական աշխատանքի ծիրին մէջ նման նախաձեռնութիւն թէ քարոզչական աշխատանք գնահատանքի առընթեր, նոյնքան եւ աւելի խոր արժեւորման ու քաջալերանքի կարիք ունի: Պարզ ըսած, օտար ազգի թէ ազգայինի մը կատարած հայանպաստ միտքը, խօսքն ու աշխատանքը ոչ միայն մեր ուշադրութեան ու երախտագիտութեան պէտք է արժանանան, այլ նաեւ մեր հաւաքական ստուար շերտերու ուղղակի օժանդակութեան եւ նիւթաբարոյական նեցուկին:
Այլ խօսքով` ամբողջ լիբանանահայութիւնը, տարբեր շրջաններ, միջավայրեր թէ ծայրամասեր, պէտք էր հիւրընկալէին բեմադրիչը դիտէին ժապաւէնը, լսէին ու ներշնչուէին` օտարի մը ցոյց տուած հայասիրութենէն:
Համամարդկային ապրումներով յագեցած բեմադրիչը իր կոչումին շաղկապած է արդարամտութիւնը, որուն շնորհիւ ան հրապարակ իջած է եւ կը հետապնդէ հայ թէ այլ ժողովուրդներու արդար դատերը: Փաստօրէն, ան պատրաստած է Իրաքի, Պրազիլի, Հարաւային Ափրիկէի, Ռուանտայի, Ուկանտայի եւ այլ երկիրներու մէջ վաւերագրական ժապաւէններ եւ արժանացած բոլորին գնահատանքին:
Խոստովանիլ է պէտք, որ թէ՛ ժապաւէնի ցուցադրութեան ներկայ եղողները, եւ թէ հայ ուսանողներ, դիտելէ ետք ժապաւէնը եւ ունկնդրելէ ետք բեմադրիչին խօսքը, իրենց անմիջական անդրադարձը եղաւ հետեւեալ մտածումը. «Դուք, սիրելի՛ Իսամ, շատ մը հայերէ աւելի հայ էք, հազար շնորհակալութիւն ձեր կատարած ազնիւ գործին եւ նախաձեռնութեան համար»:
Միւս կողմէ, բեմադրիչին հետ զրոյցի թէ սրտբաց խօսակցութեան ընթացքին ան յաճախ շեշտադրեց ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ հայութիւնը` զիջելով կամ կորուստի մատնելով Սիւնիքը, պիտի գտնուի սեւ ճակատագրի մը դէմ յանդիման:
Բեմադրիչ Իսամ Նաժի, թէեւ գիտակցաբար կը խուսափէր հայոց քաղաքական թէ պետական կեանքին մասին տեսակէտ յայտնելէ, այդուհանդերձ, ունէր յստակ թելադրանք, որուն համաձայն, հայ պետական միտքը պարտաւոր է ցոյց տալ բարձր մակարդակի ունակութիւն եւ հայրենասէրի վարքագիծ, ինչ որ աւելի քան երեսուն տարիէ կը յապաղի եւ զանազան տեսակի փորձութեան զոհը կը դառնայ:
Մեզի` սփիւռքահայերուս ուղղուած իր, այսպէս ըսած, մեղադրանքին, թէ «ի՞նչ կ՛ընենք», յատկանշական էր սրտցաւ հայորդիի մը այն ընդգծումը, թէ «այսքան բան ըրած է ու տակաւին կը շարունակէ կատարել սփիւռքահայութիւնը յանուն Արցախին ու Հայաստանին, դեռ ի՛նչ կրնանք ընել»:
Իրօք, կարծես, վաւերագրական ժապաւէնին մէկ այլ հարցադրումն ալ այս էր` «ի՞նչ կրնանք ընել», որուն պատասխանը կու տայ ժապաւէնի հերոսներէն մէկը` հովիւը, որ երկար տարիներ ապրելէ ետք Մոսկուա վերադարձած էր հայրենիք` Սիւնիք: Ան իր ոչխարները կ՛արածէր հայոց լեռներու բարձունքին թէ լանջին` պատգամելով, որ հայը միայն իր հայրենի հողին վրայ ապրելով պիտի կարենայ պահել իր տեսակն ու պաշտպանել հայրենիքը:
13 մայիս 2023









