Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կոռնիձորի Հաւաքը Նոր Մեկնակէտ Է

Մայիս 22, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Շաբաթ, 20 մայիսին հազարաւոր հայեր (կը խօսուի շուրջ 5000-ի մասին) Կոռնիձորի մէջ հաւաքուեցան եւ քայլարշաւով մօտեցան Հայաստանը Արցախին կապող կամուրջին վրայ տեղակայուած ազրպէյճանական անցարգելին: Միւս կողմէն, իրենց ընդառաջ եկան Ստեփանակերտէն եկող ցուցարարներ: Կոռնիձորի մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք, որուն գլխաւոր պատգամը հանդիսացաւ Արցախն ու Հայաստանը կործանումէ փրկելու նպատակով համախմբուելու ու վերանորոգ թափով պայքարը շարունակելու հրամայականը: Արդարեւ, 15 մայիսի եռակողմ հանդիպումէն ետք յայտարարուեցաւ, որ կողմերը` Հայաստան եւ Ազրպէյճան որոշակի յառաջդիմութիւն արձանագրած են եւ փոխադարձաբար ճանչցած երկու երկիրներու հողային ամբողջականութիւնը: Շարլ Միշել` Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահը, յայտարարեց, որ Ազրպէյճան կը ճանչնայ 29.800 քառ. քմ տարածքով Հայաստանը, իսկ Հայաստան կը ճանչնայ 86.600 քառ. քմ տարածքի վրայ Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը: Այս վերջին թիւը իր մէջ կը ներառէ Արցախը: Սա կը նշանակէ, որ նախապատրաստուող խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի չյիշատակէ Արցախը:

Ուշագրաւ է, որ Արցախէն վերջնականապէս հրաժարումի յայտարարութիւնը կը կատարէ ոչ թէ Հայաստանի վարչապետը, այլ` Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահը: Կը կարծուէր, որ արեւմտեան միջնորդութիւնը` ամերիկեանը եւ եւրոպականը, Հայաստանի համար ռուսականէն աւելի նպատակայարմար են, բայց երեւան կու գայ, որ ոչ մէկ առաւելութիւն կը վայելէ Հայաստան: Միջնորդական առաքելութեան լծուած բոլոր տէրութիւնները, բնականաբար, իրենց սեփական շահերը կը հետապնդեն. Ազրպէյճանի նկատմամբ բարեացակամութիւնը իրենց համար աւելի շահաւէտ է, քան պարտուած ու ինքնապաշտպանութենէ կամովին հրաժարած Հայաստանի:

Կոռնիձորի հաւաքը եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու, որ Հայաստան փրկութեան մէկ ճամբայ ունի միայն. դիմադրութեան շուրջ ժողովրդային համախմբումի եւ յամառ պայքարի ճամբան: Միասնականութիւնը եւ համախմբումը կը կատարուին գաղափարի համար, նպատակ մը հետապնդելու դիտաւորութեամբ: Պարտուողականութիւնը եւ զիջումը եթէ նպատակ դառնան, ո՛չ ժողովուրդ կը մնայ, ո՛չ հայրենիք, ո՛չ ալ պետութիւն: Համախմբումը իրական է ու ճշմարիտ, երբ կը  կատարուի արդար նպատակով պայքարի հեռանկարով: Պէտք է ստեղծել ուրեմն այդ միասնականութիւնը` Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու գոյատեւումը եւ բարգաւաճումը իրագործող պայքարի շուրջ: Ազատագրական պայքարի շուրջ:

Բնականաբար նպատակայարմար պիտի ըլլար, որ ազատագրական պայքարի առաջնորդութիւնը ստանձնէ պետական իշխանութիւնը եւ քաղաքացիները համախմբէ գաղափարի ու ազգային նպատակի դրօշին ներքեւ: Ափսոս, մենք ոչ միայն նման իշխանութիւն չունինք, այլեւ ընդհակառակն, անդադար ժողովրդային նպատակային համախմբումները խափանող վիճակներ ստեղծող իշխանութեան մը յանդիման կը գտնուինք: Այլապէս ինչպէ՛ս բացատրել, կարեւոր որոշումներ կայացնելու ամէն պատեհութեան, լուսանցքային խնդիրներ ստեղծելու հետեւողական սովորութիւնը: Վերջինը` որդեկորոյս մօր մը կողմէ վարչապետի զաւակի կարծեցեալ առեւանգման դէպքն է: Հնարամիտ երիտասարդը կրցած է կամաւոր կերպով ինքնաշարժ նստելէ ետք փախուստի դիմել, ապա բողոքել ոստիկանութեան: «Առեւանգող» մայրը ձերբակալուած է: Պատերազմի 5000 զոհերու ծնողները, անոնց ազգականներն ու բարեկամները, անոնց պահանջներուն զօրավիգ բազմաթիւ քաղաքացիներ այժմ պէտք է հիմնականը մոռնան ու պայքարի ձեռնարկեն բանտէն ազատագրելու համար պատերազմին իր միակ զաւակը կորսնցուցած դժբախտ մայրը:

Ժողովներն ու հանդիպումները զիրար կը հրմշտկեն վերջին շրջանին: Հայաստանի մէջ տասնեակներով (թերեւս` հարիւրաւոր) մեկնաբաններ, քաղաքագէտներ, լրագրողներ կը վերլուծեն, ինչպէս իմ մէկ հին ընկերս կ՛ըսէր, իմաստուն մտքեր կը յայտնեն, որոնց իշխանութիւնները լսելու տրամադրութիւն ցոյց չեն տար: Իշխանութիւնները ո՛չ կը լսեն, ո՛չ ալ վերջերս կը խօսին: Սպառած է այլեւս սուտերով ու կասկածելի մեկնաբանութիւններով հանրային կարծիքը մոլորեցնելու դրամագլուխը: Երբ իշխանութիւն մը կը մատնուի իր նախընտրական ծրագիրին հակասող արարքներ կատարելու հարկադրանքին, ան կը խոստովանի իր ձախողումը ու լուծում կը փնտռէ: Լուծումը պարզ է. կա՛մ նոր ծրագիրի շուրջ համախմբել, կա՛մ մեկնիլ:

 

 

Նախորդը

Մայրե՛ր, Վառ Պահեցէք Ջահերը Ձեր

Յաջորդը

Երեսփոխանական Գրասենեակին Հրաւէրով Տագնապը Դիմագրաւելու Հանդիպում

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?