Երկուշաբթի, 15 մայիսին Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայկական աշխարհի մէջ արեւը դիմաւորուեցաւ Փաշինեան-Ալիեւ պրիւքսելեան վերջին հանդիպումին մասին մանրամասնութիւններու ողողումով: Եւրոպական խորհուրդի ներկայացուցիչ Շարլ Միշէլի (եւ անոր ետին կանգնող Ուաշինկթընի, Փարիզի, Պերլինի եւ այլ «խոհարարներու») կնքահայրութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին տրուած տեղեկութիւնները ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ հաստատեցին, որ Փաշինեանի իշխանութիւնը սիրայօժա՜ր կերպով Արցախը, ամբո՛ղջ Արցախը նուիրած է «արխատաշ» Ալիեւին: Ըսինք` «անգամ մը եւս», որովհետեւ հայութեան մէջ կան ուղեղի կուրութենէ տառապող յուշակորոյսներ, որոնք հակամէտ են մոռնալու, որ մեր հայրենիքին ղեկին նստած մարդուկը շատո՜նց «աւետած» էր այս զիջումը, երբ, չես գիտեր` որո՞ւ թելադրանքով, մոռացութեան դարակներէն դուրս բերած է Ալմա Աթայի էապէս մոռցուած համաձայնագիրը, հովին տուած էր անոր նկատմամբ Հայաստանի բոլոր վերապահութիւնները եւ ըսած էր, որ Հայաստան կը ճանչնայ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Ասիկա կը համապատասխանէ սահմանադրութիւն, օրէնք, ժողովուրդի կամք եւ շա՜տ ու շա՛տ արժէքներ, ԱԶԳԱՅԻ՛Ն արժէքներ ու իրաւունք հովին տալու վարքագիծին:
Չաճապարե՜նք: Հայաստանի իշխանութիւնները մի՛շտ ալ ըսած են, որ կը ճանչնան Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, սակայն մի՛շտ ալ ի մտի ունեցած են, որ այդ տարածքին մաս չի կազմեր, չի կրնար մաս կազմել հայապատկան Արցախը, որ, ինչպէս ծանօթ է, հանրաքուէով եւ կամքի այլ արտայայտութիւններով վճռած էր դուրս գալ Ազրպէյճանի կազմէն (մնացեալը ծանօթ պատմութիւն է): Մինչդեռ փաշինեանական (ան)տրամաբանութեամբ, Ազրպէյճանի տարածքին ամբողջականութիւնը իր մէջ ունի նաեւ Արցախը, ամբողջ Արցախը, եւ ո՛չ միայն 44-օրեայ պատերազմէն առաջ ու անոր ճամբով խլուած հայկական հողերը, ներառեալ` «դժբախտ ու տժգոյն Շուշի»-ն, որ եղած է հայութեան մշակոյթի օրրաններէն մէկը: Փաշինեան իր տրամաբանութիւնը քանիցս բարձրաձայնած էր` ըսելով, որ իր նպատակն է պահել 29.800 քառ. քմ տարածութեամբ Հայաստան մը, տարածք, որուն ամբողջութիւնը երաշխաւորելու կարողութիւնն ալ չունի…
Հիմա Պրիւքսելէն կը հասնին նոր փաստեր. եւ թող աչք ունեցողը տեսնէ, ականջ ունեցողը լսէ: Պրիւքսելէն հասնող «աւետիս»-ը կ՛ըսէ, թէ Ազրպէյճան համաձայնած է, որ Հայաստան ունենայ 29.800-ի տարածք, որուն դիմաց Հայաստան կը ճանչնայ 89.600 (կամ 86.600) քառ. քմ Ազրպէյճան մը:
Եւ… խառնաշփոթ պատկերը արդէն կը դառնայ քաոսային, այսինքն քաոսը կը կրկնապատկուի (արդեօք արարչագործութենէն առաջ տիրած քաոսը այսպէ՞ս էր): Իսկապէս, ի՞նչ կը նշանակէ բերանացի յայտարարութեան եւ գրաւոր հաղորդագրութեան միջեւ տարածքի ա՛յսքան մեծ տարբերութիւն` երեք հազար քառ. քմ: Վաղը բանավէճ պիտի ծագի, թէ սա կը նշանակէ, որ Արցախէն մնացած բաժինն է տարբերութեան առանցքը, եւ սա պիտի հրամցուի իբրեւ «դիւանագիտական յաղթանա՜կ»: Սա կը հետեւի այն մտածողութեան, որ եթէ Ազրպէյճանէն կարենանք կորզել 9 նոյեմբերի կորստաբեր յայտարարութեան պայմանները, արդէն «Յաղթելու ենք»-ը կը վերածենք «Յաղթանակած ենք»-ի:
***
Քաոսի այլ գործօններուն մասին խօսելէ առաջ կ՛ուզենք ընդգծել (մի՛շտ ի մտի ունենալով փաշինեանապաշտները), որ պրիւքսելեան բանակցութիւնները, ըստ էութեան, սեղանի վրայ դրած են Հայաստան-Ազրպէյճան գիծին, այսինքն` անոնց միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր մը իրականացնելու միտող նիւթեր: Օրակարգի վրայ էին «ձերբակալուածներու փոխանակման պահանջը»: Սա յայտնապէս կը նշանակէ, որ Հայաստան կը պատրաստուի Ազրպէյճան վերադարձնել այն երկու զինուորականները, որոնք ապօրինաբար մտած էին Սիւնիք, եւ անոնցմէ մէկն ալ հայ մը սպաննած էր: Նման հաւանականութիւններով զարմանալու մեր զգայարանքը բթացած է արդէն (ինչպէս որ բթացած են իշխանութեան վնասաբեր ձախաւերութիւնները տեսնել մերժողներուն ուղեղները): Ինչո՞ւ. որովհետեւ այս իշխանախումբը «վաստակ» ունի նաեւ այս կալուածին մէջ զիջումէ զիջում վազելու: 44-օրեայ պատերազմէն քանի մը ամիս ետք, նախապէս Արցախ թափանցած եւ մարդասպանութիւն կատարած երկու ազերի ոճրագործներ յանձնուեցան Ազրպէյճանի, ականապատ տարածքներու ամբողջական քարտէսներ նուէր տրուեցան, ոճրագործ Սաֆարով մը Ազրպէյճանին յանձնած (եւ հերոսացուած) Հունգարիոյ հետ դիւանագիտական կապերու վերահաստատում որոշուեցաւ` առանց «փոխարժէքի»: Հիմա ալ «ձերբակալեալներ»-ու մասին խօսք կ՛ըլլայ` առանց յիշատակելու մեր գերիները (վաղը եթէ անոնցմէ խումբ մը վերադառնայ, ո՛չ ոք պիտի տխրի), որոնց թիւն իսկ յստակ չէ ու դարձած է սակարկութեան նիւթ, Պաքուի կողմէ Հայաստանի վրայ ճնշումի լծակ:
***
Հիմա` քաոսին մէկ այլ տարրին մասին:
Պրիւքսելեան բանակցութիւններէն ետք յանկարծ աւելի՛ հնչեղ կը դառնան Հայաստանին ու Ազրպէյճանին ուղղուած կոչերը, որ իրենց զօրքերը պէտք է սահմանագիծէն ետ քաշեն: Ասոնք ալ նորութիւն չեն: Եթէ մոռցած էք, յիշեցէք, որ Փաշինեան քանիցս խօսած է «ուժերը հայելային ձեւով ետ քաշելու» մասին: Այլ խօսքով, Արցախէն ետք հայկական ուժերը պէտք է քաշուին (եղեր) նոյնինքն Հայաստանի սահմանային գօտիէն: Յստակ է, չէ՞. սակարկութիւնը հիմա կը կատարուի… Հայաստանի հողերուն հաշուոյն: Արդէն իշխանաւորները խուլ ու կոյր կը ձեւանան ընդդիմադիրներու այն դիտարկումներուն դիմաց, որ Ազրպէյճան Հայաստանէն ընդարձակ հողամասեր գրաւած է (կամ իր հակակշիռին տակ առած), անոր ախորժակները հոն կանգ չեն առած, եւ վերջերս աւելի յաճախ խօսք կ՛ըլլայ իբր թէ ազերիապատկան «կղզեակներու» մասին. Ալիեւ որոշած է վերատիրանալ այդ հողերուն: Նոյնինքն Փաշինեան եւս, պատմական եւ աշխարհագրական իրականութիւնները ոտնատակ տալով, խօսած է եւ կը խօսի «ազերիներուն պատկանած հողերը պէտք է վերադարձնենք» եւ «պատրաստ եմ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու» տրամաբանութեամբ, ատենին հայկական հողամասեր եւ շէներ կոչած էր ազերիական անուանումով (պապէն աւելի պապականը գիտենք, հիմա կը վարժուինք ազերիէն աւելի ազերիական ըլլալը): Այլ խօսքով, Ալիեւ արդէն իսկ ԱՆՑԵԱԼԻ էջերուն նետած է 29.800-նոց Հայաստան մը, հետեւաբար Պրիւքսելի մէջ անոր ընդունածը ոչինչ կը նշանակէ, վաղը Սոթքի, Տեղի եւ սահմանային այլ շրջաններու վրայ յարձակումները կրնան նոր էջերով «հարստանալ»: Իսկ կնքահա՞յրը… Պարզապէս կը շեշտէ խառնաշփոթ պատկերը, քաոսը, որովհետեւ ո՛չ Եւրոպական Միութեան, ո՛չ ալ դաշնակիցի եւ բարեկամի համար իմաստ ունի Հայաստանի տարածութեան չափը: Անոնց համար կարեւորը միւսն է` շահն ու առեւտուրը: Եւ զարմանալի՞ է, որ Պրիւքսելի մէջ բանակցողները կարեւորած են երկաթուղիի վերաբացման եւ այլ ճամբաներու թղթածրարը: Հապա Մարգարայի եւ Անիի կամուրջնե՞րը, Ջերմուկին ու այլոց ուղղուած աչքե՞րը…
***
Հայաստան արագօրէն կը վազէ զիջումէ զիջում, բանակցութեան իւրաքանչիւր փուլ քանի մը աստիճան աւելի՛ կը շեշտէ քաոսային վիճակը: Ուրեմն, ինչպիսի՞ լաւատեսութեամբ պէտք է սպասենք յառաջիկայ հանգրուանները` Ռէյքիաւիքը, Քիշինեւը, դարձեալ Պրիւքսելն ու մէջ ընդ մէջ… Մոսկուան: Միջանկեալ` գտնուած է այլ ժամանց մը. Թուրքիոյ ընտրութիւններն ու անկէ սպասուող բարիքները (մինչդեռ Թուրքիայէն ու Ազրպէյճանէն որեւէ ատեն բարիք չէ ծնած` ո՛չ մեզի, ո՛չ ալ այլ դրացիներու համար):
Չենք ուզեր այս սիւնակը երկարել` արձանագրելով պրիւքսելեան եւ այլ բանակութեանց ստեղծած արձագանգները, տեղի՛ն մտահոգութիւններն ու նոր կորուստներէ ետ կենալու կոչերը: Դիպուկ էր Արցախէն հնչած ահազանգը եւ այն բնութագրումը, որ «մենք ոչխար չենք, իսկ ոչխարին վախճանը խորոված ըլլալ է»: Իրա՛ւ հայը, գետնաքարշ իշխանութեան երկրպագու(*) չեղող հայը գիտէ, կը տեսնէ, որ հայրենիքին եւ պետականութեան կորուստը օրէ օր կը դառնայ անխուսափելի, կը փաստուի, որ սուտ են եւ կեղծիք` խաղաղութեան ու բարեշրջման` իշխանաւորներուն իւրաքանչիւր խոստումը, հաւաստիքը: Իսկ տնտեսական ու ընկերային բարեշրջո՞ւմը: Երբ հայրենիքն ու պետականութիւնը դրուած են սակարկութեան սեղանին…
Լուծո՞ւմը…: Պէտք ունի՞նք կրկնելու այն, ինչ որ ամէն օր ու ամէն ժամ կը ղօղանջէ Հայաստանի մէջ, Արցախի մէջ, սփիւռքի տարածքին:
15 մայիս 2023
(*) Կ՛արժէ ազգօգուտ առաջարկ մը ընել Գագիկ Ծառուկեանին: Ա՛յ մարդ, լերան մը գագաթը Քրիստոսի արձանը տեղադրելու ծրագիրիդ փոխարէն` կրնաս կառուցել աւելի փոքր արձաններու արտադրութեան գործատուն մը` պատրաստելու համար Փաշինեանի եւ «ուսապարկերուն» արձանները, արդիական կուռքերը: Չէ՞ որ Հայաստանի մէջ նախաքրիստոնէական բարքերուն եւ հաւատալիքներուն վերադառնալու մարմաջ կայ, չէ՞ որ հայկական նախաքրիստոնէական պանթէոնը ունէր բազմաթիւ աստուածներ: Իշխանութեան համակիրները գոնէ իրենց յարկերուն տակ կ՛ունենան կուռքերը` նոր Արամազդներու, Անահիտներու, Աստղիկներու, Նանէներու, Վանատուրներու եւ Տիրերու, դուն քեզի աւելի յարմար աւազանի մը մէջ կը լողաս: