Յօդուածներ

Հակառակ Ուղղութեամբ

Դժուար Օրերու Պատմութիւնը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Չափազանցութիւն չ՛ըլլար ըսելը, որ հայկական պատմութիւնը ողբերգութիւններու շարան մըն է»: ՀԻՐՈՅՈՍԻ ՍԵԳԱՒԱ Փոքր տարիքէս միշտ ալ սիրած եմ պատմութիւնը: Եւ այս` նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտ եղած օրերէն, երբ կանոնաւոր կերպով կը սորվէինք հայոց պատմութիւնը` թագաւորութիւնները, հերոսները, իշխանները եւ, տակաւին, պատերազմները: Այս բոլորը եթէ մէկ-մէկ կը գծագրուէին մեր մատղաշ հոգիներուն եւ միտքերուն մէջ` իբրեւ ազգային դաստիարակութիւն, ապա նոյնքան...

Փնտռուած Յաղթանակը          (Մայիս 28-ի Առիթով)

Նոր Մայիս 28-ի Սպասումով

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ «Հետագայ դարերի հայ մարդը պիտի զարմանայ այն սերունդի վրայ, որ օրհասի տարիներին հերոսական վճռականութեամբ տէր կանգնեց իր անտէր հայրենիքին եւ իր անվարժ ու թոյլ ձեռքով, բայց եւ անվեհեր հոգով կարողացաւ աւերակների եւ սովի միջից նոր Հայաստան ստեղծել»: Վկայութիւնը կը պատկանի Նիկոլ Աղբալեանին: Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք, 1375-ին, բացի տեղական փոքր ու սահմանափակ իշխանութիւններէ, ամբողջ 543 տարի Հայաստան բաժնուած...

Մայիս  28-ը Ներկայ Է Եւ Ապագայ

Մայիս 28-ը Ներկայ Է Եւ Ապագայ

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Համազգային ցնծութեան եւ հպարտութեան տօնն է այսօր, երբ երբեմնի ստրուկ հայ  ժողովուրդը կը տօնէ իր հրաշափառ  յարութեան` քաղաքական անկախութեան տարեդարձը: Յիրաւի անսահման սուղ եւ դառն եղան  անկախութեան  ճանապարհին մեր կորուստները, սակայն ճիշդ այդ  անհաւասար կռիւներով, արիւնոտ մարտնչումներով, բազում  զոհողութիւններով հայ ժողովուրդը  իր  թշնամիներուն եւ բարեկամներուն ապացուցեց, որ արժանի է անկախութեան: Ի՛նչ ալ եղած ըլլան մեր դառնութիւնները, յուսախաբութիւնները, հայկական...

Փա՜ռք 1918-ի Մայիս 28-ը Կերտող Հերոսներուն

Փա՜ռք 1918-ի Մայիս 28-ը Կերտող Հերոսներուն

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ 20-րդ դարը զարմանալի շաղկապով մը խտացուց իր մէջ հայ ժողովուրդի երկար դարերու պատմութիւնը, որուն փառահեղ էջերէն մէկը հանդիսացաւ 1918-ի մայիս 28-ն: Անցնող դարասկիզբին, 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան մահասարսուռ օրերէն միայն երեք տարի ետք, ո՞վ կրնար երեւակայել, թէ 1918-ի մայիս 28-ին պիտի ծագէր հայ անկախ պետականութեան արեւը հայոց մթագնած երկնակամարին վրայ, ո՞վ կրնար պատկերացնել, թէ աւերակներէն ու մոխիրներէն յարութիւն...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մայիս 28. Առաջին հանրապետութեան 102 Ամեակ

Հանրապետութենէ Հանրապետութիւն, Տարբեր Ժամանակներ` Նման Ճգնաժամեր

 ՀԱՅԿ ՊԱԹԹԱԼԵԱՆ Ազգի մը պատմութեան մէջ տակաւին չկայ աւելի յիշատակելի եւ խորհրդանշական ձեռքբերում, քան անոր անկախութիւնն ու ինքնուրոյն պետութեան կերտումը, քանզի այդ պահէն ետք ազգը կը վերածուի քաղաքացիացած ժողովուրդի, տարածքը` հայրենի հողի, աւանդութիւնները, սովորութիւնները եւ համոզումները` արժեհամակարգի, եւ այդ ամբողջը իրարու հետ միասին` ինքնավար եւ գերիշխան պետութեան, որ կը վայելէ միջազգային ընտանիքի ճանաչումը: Նոյնպէս եղած է պարագան հայ ազգին, որուն...

Կենա՛ցդ, Հայրենի՛ք

Կենա՛ցդ, Հայրենի՛ք

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Մայիս 28 է... Սակայն տակաւին հոս-հոն, մահամերձի նման, կ՛ապրինք տառապանքով եւ պառակտումով: Տխուր է մեր հոգին` մեր երկրին նման: Կործանած են մեր զգաստութեան աշտարակները, որմէ կ՛արձագանգուէին ազատութեան եւ անկախութեան կարգախօսները: Ապականած մթնոլորտով կ՛ապրինք ամէն օր, գիտակցաբար եւ անգիտակցաբար ու դարձած` փառամոլներ եւ մէկական նիւթապաշտներ: Մեր կեանքի գետերուն ջուրերը նեխած են եւ` մամուռ կապած: Մեր սրբազան իտէալները, որոնք մեզ...

Կրկին Մայիս 28-ի Տարեդարձ`  Փնտռելով Արամի Ոգեկան Աւանդը

Հայեացքը` Լուսաստղին Մայիս 28

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Ինչպէս կ՛ուզէք բանաձեւեցէք անոր խորհուրդը, ան է՛ ու կը մնայ միակ լուսաստղը, որ մեր ուղեցոյցն է, մեր անփոխարինելի՛ լուսաստղը, մեր անշե՛ղ ուղեցոյցը: «Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան», «Ամբողջական Հայաստան` ամբողջական հայութեամբ»: Ահա թէ ի՛նչ կը թելադրէ մեզի 28 ՄԱՅԻՍ-ը: Ինչպէս կ՛ուզէք որակեցէք մեր գաղափարականի այս զոյգ բանաձեւումները` երազատեսութիւն թէ ցնորապաշտութիւն, պէտք չէ մտահան ընել, որ անոր հաւատքով դիմացանք մենք`...

Ահագնագոռ Ղօղանջներ  Սարդարապատէն

Ահագնագոռ Ղօղանջներ Սարդարապատէն

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ Մայիսեան փառահեղ յաղթանակով կերտուած, հայոց պետականութեան հիմնադրութեան հարիւրհնգամեայ տարեդարձը կը դիմաւորենք խառն զգացումներով` Արցախի ճակատագրի  տարաբախտ տնօրինումով: Մեր նոր պետութեան հանդէպ  անփարատելի կասկածներով ու թերհաւատութեամբ, յոյսն ու հաւատքը կորսնցուցած անիմանալի  հոգեխռովութիւններով:  Մեր քաղաքական օրակարգը` առօրեայ դրութեամբ անկանխատեսելի նորութիւններով եւ անակնկալներով, մեզ ամէն օր պատրանթափ ու յուսախաբ կ՛ընէ` սարսափ եւ երկիւղ պատճառելով գալիքի անստուգութեան ահաւոր տեսութենէն, թէ  հայրենիքը մեր...

Պատմական Ակնարկ.   Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի   Եւ Ղարաքիլիսայի Հերոսամարտերը

Պատմական Ակնարկ. Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի Եւ Ղարաքիլիսայի Հերոսամարտերը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ռուսիոյ մէջ 1917-ի Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք ռուսական զօրքերը լքեցին կովկասեան ռազմաճակատը: Թրքական զօրքերուն դիմադրելու համար կազմաւորուեցան հայկական զօրամասեր: Թրքական զօրքերը 10 փետրուար 1918-ին յարձակման անցան եւ մայիս 15-ին շարժեցան դէպի Ղարաքիլիսա (այժմ` Վանաձոր) եւ Արարատեան դաշտ` Երեւան ներխուժելու նպատակով: Հայաստան, արտաքին աշխարհէն ամբողջովին կտրուած, չորս կողմէն շրջապատուած էր թշնամի ուժերով: Երեւանի զօրախումբի հրամանատար զօրավար Մովսէս Սիլիկեան մայիս 18-ին...

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

«Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց լոսանճելըսաբնակ հասարակական գործիչ, գրող Մինաս Գոճայեան՝ ընկերակցութեամբ  լիբանանահայ մամուլի աշխատակից Աւետիս Չափարեանի եւ ուսուցիչ Աւետիս Տիպանի։ Տնօրէնութեան հետ կայացած հանդիպումին առիթ եղաւ խորհրդակցելու սփիւռքահայ մամուլի հարցերուն մասին։ Մինաս Գոճայեան «Ազդակ»-ին նուիրեց իր հեղինակած յուշագրական բնոյթի «Փիւնիկեան ափերէն»-ի առաջին հատորը։ Հատորին կ՛անդրադառնանք առանձին։ «Ազդակ»-ի այցելուներէն նաեւ սուրիահայ բանասէր, մտաւորական Լեւոն Շառոյեան։ Լեւոն Շառոյեանի հետ զրոյցը յատկապէս կեդրոնացաւ «Ազդակ»-ի...

«Ազդակ»-ի Արխիւները Հասանելի Են Ազգային Գրադարանի «Հայ Մամուլ» Շտեմարանին Մէջ

«Ազդակ»-ի Արխիւները Հասանելի Են Ազգային Գրադարանի «Հայ Մամուլ» Շտեմարանին Մէջ

Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ մեծ թափով ընթացող թուայնացման աշխատանքներու ծիրին մէջ ամբողջութեամբ թուայնացուած եւ նշաճանաչուած են «Ազդակ» օրաթերթի արխիւները, որոնք հասանելի են Ազգայինի «Հայ մամուլ» շտեմարանէն  https://is.gd/vDIyeL Այս առիթով Հայաստանի Ազգային գրադարանի հրապարակած լուրին մէջ կը նշուի. «Ազգային, գրական, հասարակական-քաղաքական «Ազդակ» օրաթերթը կը հրատարակուի 1927 թուականէն (որոշ ընդհատումներով): Սկիզբը լոյս տեսած է եռօրեայ պարբերականութեամբ, 1930 թուականէն` երկօրեայ, 1932 թուականէն օրաթերթ...

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Հոգեգալուստ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Հոգեգալուստ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սուրբ Յարութեան յիսուներորդ օրը Հոգեգալստեան տօնն է: Յիսուսի համբարձումէն ետք աշակերտները վերադարձան Երուսաղէմ, ինչպէս որ անոնց պատուիրած էր Ուսուցիչը: Օր մըն ալ, երբ աշակերտները Վերնատան մէջ հաւաքուած միասիրտ կ՛աղօթէին, երկինքէն լսուեցաւ ձայն մը, որ ուժեղ քամիի սուլոցը կը յիշեցնէր, եւ լեցուց ամբողջ Վերնատունը: Նոյն պահուն երեւցան բոցեր, որոնք կրակէ լեզուներու նման էին: Անոնք մէկ-մէկ իջան եւ նստան ներկաներէն...

Յուշեր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանէն

Յուշեր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանէն

ԼՈՒՍԻԿ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ-ԱՖԱՐԵԱՆ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան վարչութեան կողմէ հարիւրամեայ յոբելենական ձեռնարկներու կազմակերպումը առիթ մը եղաւ, երկար տարիներու բաժանումէ ետք, դասընկերներով ու դասընկերուհիներով վերստին համախմբուելու, վերապրելու եւ վերյիշելու դպրոցին ու դպրոցական կեանքին, շատ սիրելի տնօրէնին,  ուսուցիչներուն եւ ուսուցչուհիներուն հետ կապուած դէպքեր, դրուագներ եւ անցեալի քաղցր յուշեր: Հարիւրամեակի յոբելենական ձեռնարկներուն նուիրուած մեր բանաւոր ու գրաւոր աշխատանքներու շարքին, Ճեմարանի առաքելութիւնը լաւագոյնս...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Արարատն Ալ, Արագածն Ալ, Թէ՛ Տեսլական, Թէ՛ Ալ Հիմք

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Արարատն Ալ, Արագածն Ալ, Թէ՛ Տեսլական, Թէ՛ Ալ Հիմք

ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ «Մեր բոլոր խնդիրները գտնւում են Արագածի ու Արարատի` երազանքի ու իրականութեան մէջ». Նիկոլ Փաշինեան: Վերոյիշեալ արտայայտութիւնը Հայաստանի վարչապետը ունեցած է նախորդ շաբաթներուն Արագածոտնի մարզի Ներքին Բազմաբերդ համայնքի դպրոցականներուն հետ հանդիպումի ընթացքին. կը կրկնեմ` դպրոցականներուն... Այս արտայայտութեան մէջ ամփոփուած է Փաշինեանի արտաքին, պաշտպանութեան, տնտեսական, կրթական եւ այլ ոլորտներու մէջ վարած քաղաքականութիւնը: Հոն կ՛երեւին 2018-էն սկսեալ հայ ազգային հիմնական սկզբունքներու...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Սուրիա Համբարձման Տօնին Առիթով Հանդիսաւոր Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Եւ Ս. Յակոբոս Առաքեալի Մասունքի Նուիրում Նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, 19 մայիսին, Համբարձման տօնին առիթով Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ: Հանդիսաւոր թափօրով սրբազան հայրը, ինչպէս նաեւ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան Ս. Յակոբոս առաքեալի մասունքը բռնած` մուտք գործեցին եկեղեցի: Առաջնորդական փոխանորդը...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ  Երեւանի Մէջ «Արցախի Շրջափակման Ձայնը» Խորագրով Արցախաբնակ Լուսանկարիչներու Լուսանկարներու Ցուցահանդէս Երեւանի թատրոնի եւ շարժանկարի պետական հիմնարկի Երիտասարդական թատրոնի սրահին մէջ մայիս 16-18 նոյն համալսարանի Ուսանողական գիտական, ստեղծագործական ընկերութեան նախաձեռնութեամբ կայացաւ արցախաբնակ լուսանկարիչներու «Շրջափակման ձայնը» խորագրով  լուսանկարներու ցուցահանդէսը: Կազմակերպիչներուն խօսքով, ցուցահանդէսին գլխաւոր նպատակը եղած է Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը հանրութեան, յատկապէս երիտասարդութեան ներկայացնել արուեստի լեզուով: Ուսանողական գիտական, ստեղծագործական...

Արցախը Պաշտօնապէս Վաճառուեցաւ Անիէն Հազար Տարի Ետք

Արցախը Պաշտօնապէս Վաճառուեցաւ Անիէն Հազար Տարի Ետք

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Այն պահուն, երբ հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի տօնելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 105-րդ տարեդարձը, Այն պահուն, երբ հայրենաբնակ եւ աշխարհատարած հայութիւնը կը պատրաստուի վերանորոգելու ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան կերտելու, հայրենիքը հզօրացնելու ուխտը, Այն պահուն, երբ հայրենի ու Արցախի հայութիւնը կ՛աշխատի ձայներն ու ձեռքերը միացնել եւ կորուսեալ Արցախին վերականգնումը հիմնաքար ծառայեցնել մեր բոլոր իրաւունքներուն վերատիրացման, Ճի՛շդ այդ պահուն Երեւանի...

Եզակի Եւ Խիստ Արժէքաւոր Աշխատութիւն

Եզակի Եւ Խիստ Արժէքաւոր Աշխատութիւն

«Լուսակն» հրատարակչութիւնը օրերս լոյս է ընծայել վաստակաշատ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի «ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾԱԾԿԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒ ԲԱՌԱՐԱՆ. անձնանուններ, տեղանուններ, թուանշանային ծածկագրեր» ուշագրաւ աշխատութիւնը, որը միաժամանակ «Վէմ Մատենաշարի» հինգերորդ հատորն է: Այն ներառում է ՀՅԴ յեղափոխական գործունէութեան առաջին քառասնամեակի ընթացքում ծածկագրուած` անհատ գործիչների անձնանունների, նրանց գործունէութեան վայրերի` Հայաստանի ու յարակից երկրների տեղանունների, ինչպէս նաեւ գաղտնի նամակագրութեան մէջ օգտագործուող թուանշանային ծածկագրերի աղիւսակները: Սա մի եզակի...

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր

Մեր Ինքնութեան Խորհրդանիշ Շիրիմներ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Մայիս ենք: Հայաստանի բեկոր հանրապետութիւնը եւ մորմոք դարձած Արցախը հայուն ամէնօրեայ հոգեբարոյական տագնապն են: Անցեալի երախտաւորներու մասին չենք մտածեր: Անմիջականը կը կլանէ մեզ: Կան անուններ եւ դէպքեր, որոնք դեռ ոչ հեռու անցեալին մեր շնչառութիւնն էին, անոնք իմաստ կու տային կեանքին: Քանի մը շաբաթէն օրացոյցը պիտի յիշեցնէ, որ հասած ենք մայիսի վերջը, թերթեր եւ լրատուամիջոցներ պիտի խօսին առաջին անկախ...

Մինչեւ Ե՞րբ

Տարեվերջ

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Կրթական տարուան աւարտը կը մօտենայ: Բնականաբար պիտի ունենանք շրջանաւարտներ, որոնց պէտք է լաւ հոգ տանինք: Այս տարի բարեբախտաբար կրթական լաւ տարեշրջան մը ունեցանք: Եթէ նախորդ տարիներուն «Քորոնա»-ի, տնտեսական տագնապի, գործադուլներու, ցոյցերու եւ տարբեր պատճառներով դպրոցներու կրթական կեանքի խախտումներուն հետ բաղդատենք, կարելի է ըսել, որ լաւ, հանդարտ, ամբողջական եւ առանց ցնցումի տարեշրջան մը ունեցանք: Հիմնական երկու հարցեր կը մնան...

Page 262 of 1111 1 … 261 262 263 … 1,111

Արխիւներ