Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարեդարձիս Նուէրը «Արմատական Բառարան» Կ՛ուզեմ

Յունիս 14, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Երբ հեռաւոր Սան Ֆրանսիսքոյէն, տասնվեց տարեկան պատանիէ մը կու գայ այս փափաքը, կը մոռնաս հայկական կեանքը յուզող համընդհանուր հարցերը ու կը սկսիս մտածել, որ պարարտ հողը տակաւին մշակներ կը ծնի:

Պատուէրը ստացած եմ առցանց գրատարածի միջոցով, Տարօն Գալըպճեանի ծնողքէն: Երբ առաքման մասին տեղեկացուցի, պատասխանը  յուզումով կարդացի. «Շատ շնորհակալութիւն` ձեր ե-նամակին համար: Ես  լեզուաբանութեամբ շատ կը հետաքրքրուիմ, մանաւանդ` հայ լեզուին մասին: Այդ պատճառով Հրաչեայ Աճառեանին բառարանները տասնվեցերորդ տարեդարձիս ամէնէն շատ ուզած նուէրս էր: Ես եւ մայրս շատ փնտռեցինք եւ շատ ուրախացանք, երբ վերջապէս ձեր մօտ գտանք: Ուրախութեամբ հասնիլը կը սպասենք»:

Յետ փոխադարձ նամակներու, ի յայտ կու գայ, որ ծնողքն ալ ամերիկածին է, ան կը գրէ. «Շնորհակալութիւն` ձեր տարեդարձի մաղթանքներուն համար: Իսկ ձեր հարցումին պատասխանը` ծնողներս եւ ես Ամերիկա ծնած ու մեծցած ենք, բայց մեծ ծնողներս Լիբանանէն եւ Սուրիայէն Ամերիկա եկած են: Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական ազգային վարժարանը նախամանկապարտէզէն մինչեւ Ը. կարգ յաճախեցի: Այսպէս կրցայ մեր այբուբենը կարդալ ու գրել սորվիլ եւ աւելի մասնակցիլ մեր գաղութին մէջ:

Տարօն Գալըպճեան»:

Այդ օրերուն կը հետեւէի դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանի մեծարանքի երեկոյին, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ: Մեր սիրելի ուսուցիչը իր խօսքի աւարտին իւրայատուկ եզրակացութիւն մը ըրաւ` ըսելով. «Ես հաւատացած եմ, որ լեզուն մեր գրպանը գտնուող անձնագիրէն շատ աւելի թանկագին է…  Քանի հայերէն կայ, կը նշանակէ կանք նաեւ մենք»:

Վերոնշեալ երկու պատկերները խառնելով` հորիզոնին վրայ արեւ մը կը ծագի, արեւ մը, որ իր շողարձակումին հետ կը բերէ անսահման բարիքներ` ոչ միայն խաւարը լուսաւորող, այլ` հոգիները ջերմացնող, առողջութիւն շնորհելով համայն հայ ոգիին:

Քսանմէկերորդ դարու պատանիին համար ինչ-ինչ զբաղումներ կան, լեզուաբանութեան մասին հետաքրքրութիւնը եւ ծնողքին քաջալերանքը հրաշքի համազօր  է:

Սակայն ինչո՞ւ հրաշք, հրաշքը մեր դպրութիւնն է` ՀԱՅ ԳԻՐԸ, որ կ՛ուսուցուի նոր աշխարհի հայ դպրոցին մէջ:

Տարօն անունը կը յուշէ  Հացեկաց գիւղի մեծ հայը, ան հնադարեայ տակառէն հանուած անապակ գինին է, որ Քրիստոսի հրաշքին համազօր պիտի  բազմանայ եւ ջրդեղէ մեր ոսկեղենիկը:

Այս օրերուն, երբ սփիւռքի մէջ իրարու ետեւէ հայ դպրոցներ կը փակուին, ականատեսը կ՛ըլլանք Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ սրբազանի մեսրոպակերտ առաքելութեան, հայաշատ շրջաններու մէջ  դպրոցներու  ընդարձակման եւ նորերու հիմնումի վեհագոյն գործին:

Միեւնոյն ճիգով կ՛աշխատի երէց սերունդի նուիրեալ եկեղեցականներէն Նորվան արք. Զաքարեանը Ֆրանսայի մէջ:

Այս երեւոյթը վարակիչ դառնալու է մեծ թէ փոքր գաղութներու մէջ, թէկուզ` միօրեայ դպրոցներով, ուր կարելի է խտացեալ եւ սերտուած ծրագիրով մայրենին դասաւանդել:

Սփիւռքը մնայուն է, այս հաստատումիս առաջին եւ հիմնական գրաւականը հայոց լեզու ուսուցանող կրթարաններու ցանցի ընդարձակումը պիտի ըլլայ:

Յետեղեռնեան դարաշրջանի սկզբնաւորութեան Միջին Արեւելքի մեր գաղութները հայապահպանման ամրոցներ դարձան հայ դպրոցին շնորհիւ:

Մեր հզօր գաղութներու նօսրացման իբրեւ պատճառ, արեւմտեան աշխարհի մեր գաղութները բազմապատկուեցան: Գետակներու մէջ հոսանքն ի վեր թիավարող հայութեան նաւակները հասան ովկիանոսներ, ուր օտարութեան արհաւիրքը բերող ալիքներուն դիմաց միակ ապառաժը պիտի ըլլայ հայ դպրոցը:

Իր նախնական պայմաններով Արեւելքի մէջ ստեղծուած կրթարանը փայլեցաւ իր շուրջ տիրող խաւարին մէջ: Այսօր, սակայն, տարբեր է, գերարդիական մթնոլորտի մէջ յայտնուող մեր դպրոցներուն յաջողութիւնը պայմանաւորուած է շրջապատին մրցակից դառնալու հետ` ի վերջոյ գոհացնելու համար իր հոգեհատորին ապագան մտածող ծնողը:

Դժուար եւ փշոտ ճանապարհ մըն է, բայց շրջանցելը յաջողութեան գրաւականն է:

Տարօն Գալըպճեան ծնող ժողովուրդ ենք, չենք փոխուիր, նաեւ Մելգոնեան եղբայրներու նման  բարերարներ ալ ունեցող ազգ ենք: Կարեւորը այս յատկութիւններուն հաւատացող, սկզբունք ունեցող եւ նախաձեռնող ղեկավարներու հաստատ քայլերն են:

Ոմանք կ՛ըսեն, որ սփիւռքը հայրենիք չի կրնար ըլլալ:

Թերահաւատները կը նախատեսեն, որ սփիւռքը հալելու  ընթացքի մէջ է:

Սակայն սփիւռքը կայուն է ու պիտի ապրի, պարտաւոր ենք հայապահպանման ամրոցները պահպանել, զարգացնել, զօրացնել ու նորերը կառուցել եւ փրկել սփիւռքը, որպէսզի ունենանք հզօր հայրենիք:

Այն ժամանակ է, որ հայ լեզուն անցագիր պիտի դառնայ համատարած երկրի վրայ:

Ժընեւ           

Տարօնին Նամակը Ամբողջութեամբ

«Շատ շնորհակալութիւն ձեր Ե-նամակին համար: Ես շատ լեզուաբանութեամբ կը հետաքրքրուիմ, մանաւանդ հայ լեզուին մասին: Այդ պատճառով Հրաչեայ Աճառեանին բառարանները տասնվեցերորդ տարեդարձիս ամէնէն շատ ուզած նուէրն էր: Ես եւ մայրս շատ փնտռեցինք եւ շատ ուրախացանք, երբ վերջապէս ձեզմէ գտանք: Ուրախութեամբ կը սպասենք հասնելուն համար»:

«Շնորհակալութիւն` տարեդարձի ձեր մաղթանքներուն համար: Իսկ ձեր հարցումին պատասխանը` ծնողներս եւ ես Ամերիկա ծնած ու մեծցած ենք, բայց մեծ ծնողներս Լիբանանէն եւ Սուրիայէն Ամերիկա եկած են: Սակայն Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական ազգային վարժարանը նախամանկապարտէզէն մինչեւ Ը. կարգ յաճախեցի: Այսպէս կրցայ մեր այբուբենը կարդալ ու գրել սորվիլ եւ աւելի մասնակցիլ մեր գաղութին մէջ:

Տարօն Գալըպճեան»

 

 

    

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Գառնիկ Բանեանի Եւ Հալիտէ Էտիպի Յուշերէն` Այնթուրայի Որբանոցին Մասին

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?