Հաղորդագրութիւն
Շաբաթ, 10 եւ Կիրակի, 11 Յունիս 2023-ին, Աթէնքի մէջ գումարուեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Յունաստանի 85-րդ Շրջանային ժողովը, որուն մասնակցեցան Յունաստանի տարածքի զանազան շրջաններու պատգամաւորները եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկերը։ Ժողովը քննեց անցնող երկամեայ գործունէութեան ծաւալը ու համապատասխան գնահատումներ կատարեց։ Յաջորդաբար, օրակարգի ընդգրկուն մասերով, ժողովը քննութեան առարկայ դարձուց կազմակերպչական, Հայ դատի հետապնդման եւ քարոզչութեան, մամուլի, ազգային գաղութային կեանքի կարեւոր բնագաւառները եւ որոշումներու յանգեցաւ։...


















