ՇԱՀԷ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ
Քաղաքական գիտութիւնները առնչուած են պետականութիւն ունենալու գաղափարին հետ: Պետականութեան հասկացողութիւնը, իր լայն ըմբռնողութեամբ, հիմնականօրէն կը սահմանուի հետեւեալ տուեալներով.
– Պետական սահմանային ըմբռնում,
– Պետական ներքին ապահովական կազմ,
– Ընկերային բարեկարգումի հաստատում:
Այս տուեալներէն մեկնելով` պետական քաղաքական գործունէութիւնը ժողովրդավարական պայմաններու մէջ յառաջ եկած ղեկավարներու խոհեմ եւ ծրագրեալ աշխատանքով կ՛իրականանայ: Սա կը նշանակէ դիւանագիտական ճարտարութեամբ ձգտիլ բարելաւել եւ պատշաճեցնել, հասարակական, տնտեսական, կենցաղային եւ մարդկային կեանքի այլ բազմաշերտ բնական հասարակաց պահանջները` մեծամասնութեան խաւին (միջին հաշուով բնակչութեան մօտ երկու երրորդին համեմատութեամբ) գոհացում տալով:
– Սահմանի հասկացողութիւնը կ՛ենթադրէ հողային, ծովային ու օդային միջազգայնօրէն ընդունելի սահմանագծում (գէթ` ներկայի ըմբռնողութեամբ), նաեւ այդ սահմանը պետականօրէն պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը բանակի կողմէ` ռազմագիտականօրէն ներկայիս միջազգայնօրէն ընդունուած եւ արտօնուած միջոցներով:
– Ներքին ապահովութեան հասկացողութիւնը հասարակական գործերու կարգաւորումով կարելի է բացատրել: Այս պարտականութիւնը ոստիկանական եւ ընկերային ծառայութիւններու միջոցով կ՛իրականացուի:
– Ընկերային բարեկարգումի հասկացողութիւնը ժողովրդային եւ անհատական մակարդակներու վրայ տնտեսական գոհացուցիչ եւ առաւել եւս բարենպաստ պայմաններու ստեղծումով մրցունակ եւ ստեղծագործական նախաձեռնութիւններով կարելի է բնորոշել:
Պատմականօրէն մեզի ազգային հպարտանք պատճառող հսկային` Տիգրան Մեծի անունով մեր զաւակները կը կոչենք եւ փողոցներուն ցուցանակները կը զարդարենք, նոր սերունդները եւ յառաջիկայի սերնդափոխութեան «պատուիրակները» կը դաստիարակենք պետական կառոյցի հասկացողութեամբ: Այսուհանդերձ, Տիգրան Մեծի ստեղծած պետութիւնը թէեւ ռազմավարական առումով դիւցազներգութեան համապատասխան բնոյթ կը կրէ, սակայն զայն պահելը աւելի իմաստալից պիտի ըլլար, եթէ քանի մը տասնամեակներու այդ իշխանութիւնը ըլլար հազարամեակի տարողութեամբ: Ամփոփ բնորոշումով, ատիկա ըլլար դաստիարակելի, հեռու` յաղթանակի պատմականօրէն կարճաժամկէտ հպարտութենէ:
Շարժապատկերի աշխարհի ռահվիրաներէն Քըրք Տուկլաս իր զաւկին` Մայքըլ Տուկլասին, ըսած է, որ յաջողութիւնը մեծ մասամբ աշխատանքի արդիւնք եղող տուեալ է, իսկ յաջողութեան այդ բարձունքին եւ դիրքին վրայ կարենալ մնալը ըմբռնումի եւ նկարագիրի յատկանիշ է, եւ այս է, որ գերազանցօրէն մնայուն է: Այսօր հայր Տուկլասը կը մնայ գագաթ մը, իսկ զաւակը` ոչ այդպէս:
Թէեւ իմաստէ զուրկ է նորը հինին կրկնօրինակ նկատելը, սակայն հինէն ժառանգ մնացած պատմականն ալ նորին համար ուղի ըլլալը կը նպաստէ սխալէն հեռու մնալուն: Մեծն Տիգրանի ուղիով դաստիարակուելով եւ հպարտանալով անոր կարճատեւ տէրութեամբ` մնացինք մեր սահմանափակութեան եւ երկարատեւ կարճատեսութեան մէջ: Տիգրան Մեծի յաղթանակները չընկերացան սահմանային ապահովութեան զօրուժով եւ ներքին անվտանգութեամբ: Պատմական շարունակական սխալներու մթնոլորտին մէջ, երկրի սահմանները պաշտպանելու պարտականութեան դիմաց ձախողութիւն արձանագրելով, երկաթէ շերեփի կարգախօսին փոխարէն` թուղթէ շերեփի ժողովրդային կոյր եւ ապարդիւն բացատրութիւնը տրուեցաւ այդ ձախողութեան: Այս բոլորին կողքին, մեր հայրենակցական եւ այլ միութիւնները իրենց ներկայացուցած պատմական քաղաքներուն ու շրջաններուն դիմադրողականութեամբ հպարտանալով, կը նշեն անոնց ինքնապաշտպանական սխրագործութիւնները` մոռնալով, որ անոնք հողի եւ մարդուժի անդարձ կորուստներով յատկանշուեցան:
Այստեղ ալ յստակացումը անհրաժեշտ կրնայ թուիլ, որովհետեւ սփիւռքի մէջ նոր միջավայրերու մէջ ստեղծուած համախմբումներով կերտուեցան նոր բնակավայրեր` «Նոր» ածականի յաւելումով անոնց նախկին բնակավայրերու եւ քաղաքներու անուններուն վրայ: Հոգեբանականօրէն նորը միշտ ալ ենթադրաբար աւելի լաւ ըլլալուն, հինը ինքնաբերաբար անվերադարձօրէն յիշողութեան կարգին կ՛անցնի: Հողային տարածքի եւ մարդուժի տուեալները ուղղակիօրէն առնչուած ըլլալով ղեկավարող մարմիններու հետ, անվտանգային, ռազմավարական եւ ընկերային բնական ու արդիւնաւէտ տնտեսական պայմաններու երկարաժամկէտ հեռանկարով պետականութեան համար ամէնէն առաջնահերթ քաղաքական հրամայականներն են: Ուշ է եւ երբեմն ալ` անկարելի, հիւանդութեան վերաբերեալ նախազգուշութիւններուն չդիմելով` մարդկայնօրէն եւ անհեռատեսօրէն դեղերու ու վիրաբուժական տուեալներու ապաւինիլը:
Մեր ազգային եւ քաղաքական ղեկավարութեան պարտականութիւնն է համոզումով ընդունիլ դանդաղ յառաջխաղացքով ընթացող պատմական մեր ներկայի դաստիարակչական ընթացքին բարելաւման որոշումները եւ անոնց իրականացման համար տարուելիք աշխատանքը ազգայնաշունչ նկարագիրով` առանց անծայրածիր պատճառաբանական արգելքներու:
Պատմականօրէն, ինչպէս նաեւ` ներկայի եւ ապագայի համար ալ, սահմանակից դրացի երկիրներու հետ խաղաղ կեցութիւնը ապահովելու եւ սահմաններու խաղաղ եւ կայուն վիճակի պահպանութիւնը երկար ժամանակ եղած է պահանջուած քայլ` զանազան միջոցներով եւ մանաւանդ խաղաղ բանակցային ճանապարհով: Այլ միջոցներ եւ վիճակներ կրնան դրական կամ բացասական արդիւնքի հասցնել` ըլլայ ռազմավարական անվտանգութեան պակասի պատճառով, բռնապետական շահադիտական մօտեցումի դիտանկիւնէն դիտուած, յեղափոխական ամբոխավարութեան շարժառիթներու գաղափարաբանութեամբ կամ այլազան միտումներով: Բանակին դերն է պետութեան սահմանային իրաւունքները պաշտպանելը կամ այդ իրաւունքները պահանջելը, ինչ որ կրնայ պարտադրողական հանգամանք ստանալ եւ անհրաժեշտ հրամայական դարձած ըլլալ: Ասիկա կ՛ենթադրէ ճանչնալ դրացիներու ոչ հաշտարար ռազմական նկրտումները եւ անոնց իրականացնելիք խժդժութիւնները: Նախազգուշական գերակայութեան հակակշռուած քայլերով եւ դիմադրողականութեամբ ոչ բարեացակամ դրացնութիւնը խաղաղեցնելը հեռու կը մնայ հռետորական եւ զգացողական պարտուողական մտածելաոճէն, որ ներկայիս իշխող կը մնայ Արցախի կարգավիճակին հետ առնչուող մտածողութեան մէջ:
Բանակին վերապահուած` սահմանները պաշտպանելու պարտականութեան հետ առընթեր, ներքին ապահովութեան ուժերուն կողքին հասարակական կեանքի մէջ ազատ եւ խաղաղ պայմաններ ապահովելու ծրագիրով եւ այդ ուժերուն զօրավիգ կանգնելու նպատակադրումով կարելի է բացատրել անհրաժեշտութիւնը որոշ թիւով պահեստի ուժերու, որոնք ճնշիչ եւ ստիպողական պայմաններու մէջ կրնան հաւասարակշռել ներքին հարցերու մէջ բանակի օգնութեան վճռորոշ քայլը: Միեւնոյն ժամանակ ներքին ապահովական կեանքին մէջ բանակին միջամտութիւնը կ՛իմաստազրկէ վերջինս` ներքին եւ արտաքին անկայուն վիճակներու բերումով մտահոգութիւն պատճառելով ժողովուրդի մեծամասնութեան: Այս անկայուն վիճակը երկրին հաւասարակշռութիւնը կը խախտէ, բնականոն կեանքի ընթացքը կը դանդաղեցնէ, ինչպէս նաեւ ապահովական վիճակը վտանգելով` կրնայ սառեցնել տնտեսական կեանքը եւ առաւել եւս նոր ճնշումի ենթարկելով պետական կարգուսարքը` ներքին խռովութիւններու պատճառ դառնալ: Այս նոյն կացութեան մէջ է ներկայիս Լիբանանի քաղաքական իրավիճակը:
Եթէ նկատի ունենանք քաղաքական պայմաններու բերումով Համաշխարհային Ա. պատերազմին անխուսափելիութիւնը` 1914-1918, ապա կարելի է եզրակացնել, որ կատարելապէս ձախող եւ ոչ արդիւնաւէտ Ազգերու լիկա մըն էր, որ հաշտարարի եւ խաղաղութիւն հաստատողի դեր ստանձնած էր օրին տիրող պայմաններուն մէջ, երբ երկիր մը պարտադրաբար իր ապրելաոճէն պիտի զիջէր ուրիշին եւ` իրեն անծանօթ ու հաւանաբար ալ ատելի ապրելակերպի մը, զիջելով ինքնորոշումէն ու ձեւով մըն ալ հակադարձուած նոր մղում յառաջացնելու պատճառ դառնալով եւ տեղի տալով կրկնակի հակամարտութիւններու ու շատ երկար ժամանակ չանցած` Համաշխարհային Բ. պատերազմին դուռ բանալով:
Համատարած համակեցութեան արմատը եւ հասարակ յայտարարը իր մէջ կ՛ընդգրկէ ազատ տնտեսութիւնը` մարդկային տարբեր յատկանիշներով ապրող երկիրներու եւ պետութիւններու միջեւ, նաեւ` նոյն երկրին մէջ ապրող ժողովուրդի տարբեր խաւերու միջեւ: Սա կ՛ենթադրէ մարդկային իրաւանց ապահովում` ժողովուրդի մը ոչ դիւրաւ փոփոխելի աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները պահպանելու համար, որուն համար ալ այդ ազատութեան ըմբռնողութիւնը դաստիարակութեան միջոցով կը փոխանցուի հանրութեան: Այս ըմբռնողութեան համաձայն, քրիստոնէական հասկացողութեամբ, մարդ արարածը կը ծնի նպատակակէտ ունենալով ուրախ կեանք մը կերտել եւ ապրիլ: Ազատութեան այդ ըմբռնողութեան խախտումին պատճառով ճեղք կը յառաջանայ հարուստ եւ աղքատ դասակարգերուն միջեւ:
Քաղաքական պետական ըմբռնողութիւնը ընկերային տարբեր խաւերը համընկնեցնել եւ հաշտեցնել պիտի ըլլար: Պետականութեան տէր հասարակութիւններ, որոնք կազմաւորուած են պատմական հոլովոյթի բերմամբ, միջինարեւելեան որոշ պետութիւններու ըմբռնողութեան արմատը կազմած են, ինչպէս` Յորդանանը, Սուրիան, Լիբանանը, ուր պետական սահմանադրութեան անբաժան մասն են տասնեակներով կրօնական եւ յարանուանական հատուածներ, որոնք միշտ ալ խոցելի մնացած են արտաքին քաղաքական ճնշումներու դիմաց եւ` բարոյապէս քանդիչ փտածութեան ենթակայ մնացած: Այս տուեալին դիմաց պետական տնտեսական ռազմավարութիւնը արթնութեան դժուարին ուղիի ճանապարհին մէջ է` ներքին ապահովական կառոյցին միջոցով:
Ներկայի միջազգային քաղաքական անկայուն հարթակը հետեւանք է անհամերաշխ տնտեսական ըմբռնողութեան: Փաստօրէն ՄԱԿ-ը ձախողած է աշխարհի տարածքին աղքատութեան լուծում տալու, որով լուծումի առաջնորդող ճամբու քարտէսը մնացած է, մեղմ ըսած, անյաջող` իր տնտեսական առաջադրանքներով, ուր սակաւապետութիւնը աւելի արագ աճած է` զուգընթաց աղքատութեան թուային յառաջընթացին: Այս առիթով ալ վճռապէս կարելի է ըսել, որ շահաբեր արդիւնքի նպաստող աշխատակազմերը ճարտարարուեստական հաստատութիւններուն, ազատ եւ դրամատիրական ընկերութիւններուն մէջ, ներառեալ` պատմականօրէն ոչ շատ երկար տեւած խորհրդային վարչաձեւը, աշխատաւոր տարրերը ոչ ազատ, չըսելու համար գերեվարուած ըլլալու հանգամանքը կը կրեն, երբ անոնք իրենց միասնականութեամբ կրնային գլխաւոր օգտուողները ըլլալ վարչական-կազմակերպչական դրական ուղիով ըմբռնողութենէն` արգիլելով կամ բոլորովին կասեցնելով արտադրութեան հետ կապ չունեցող եւ տնտեսապէս յաջող քիչ թիւով անհատներու բաժին հանելը տնտեսութեան յաջող արդիւնքէն: Նորութիւն պիտի չըլլար կատարել յիշեցում մը, որ երկրի մը սահմանադրութիւնը քաղաքացիին բարգաւաճ եւ ուրախ կեանքի մը նպատակն ու ձեւը կը ճշդէ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտներուն ընդմէջէն:
Ամփոփելով քաղաքական հարթակի պատկերացումը` շեշտը պէտք է դրուի այն մտածելակերպին վրայ, որ նորը եւ նորութիւնը ընկերային տարբեր ոլորտներու մէջ պայման չէ պարտադրաբար ամբողջութեամբ ընդգրկելը յառաջապահ թուելու համար: Ամբողջական տեսութեամբ եւ անհետ դարձած սերունդներուն հետ բաղդատած` հինին եւ հնատիպ վարժութիւններուն նկատմամբ յարգանքը հաւասար արժէքով պէտք է դիտել` առանց գերադասելու նորը, որուն փորձառական բնոյթը հին կոչուած է ըլլալու:
Մեր ազգային պետականութեան պատմութեան վերլուծական ուսումնասիրութիւնը քաղաքական կուսակցութիւններու վերակազմաւորման առումով պիտի նպաստէ ազգային մեր նկարագիրի գործնական բարելաւման` յաջորդող սերունդները ոգեշնչելով հայրենադարձութեան գաղափարով եւ տէր կանգնելով մեր ազատ ստեղծագործութիւններուն, հողային ամբողջականութեան եւ բարի դրացնութեան սկզբունքներուն, քրիստոնէական նկարագիրով տէր ըլլալով ամէն տեսակի ինքնապաշտպանական ուղիներուն` համակեցութեամբ եւ ոչ վրէժխնդրական, սիրոյ ոգիով` Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդ արարածին նկատմամբ, յարգանքի դաստիարակութեամբ` կանխահաս տարիքին եւ շարունակաբար շնորհուած կեանքի տեւողութեան: