ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԿՏՈՅԵԱՆ
Ովկիանոսէն անդին գացի, ես ինչպէս մինակ թողեցի
Հողակոյտդ անյիշատակ, մոմ մը վրան վառող չկայ:
Ինքնահաւան եւ անձնասէր, ես բռնեցի փառքի ճամբան,
Սխալներուս պատասխանը ահաւասիկ հիմա կու տամ:
Տարիներով ես ապրեցայ օտարութեան մէջ մէն մինակ,
Յիշատակներդ վառ պահած, թափառեցայ ամբողջ աշխարհ:
Շատ գեղեցիկ տեղեր տեսայ, բայց ոչ մէկ տեղ կայ նման,
Գոնէ մէկ անգամ ալ եկայ, գերեզմանիդ քարին վրայ:
Ես որպէս անարժան զաւակ շիրմաքարիդ վրայ դարձեալ
Խնկաբոյրի անուշ հոտով, համբոյր մը գէթ ահա կու տամ:
Ռումբերու դաժան գնդակով, խաչքարդ կոտրած գտայ,
Թէկուզ եկեղեցի շինեմ, դարձեալ հոգիս չի հովանար:
Ինծի համար որպէս սրբավայր, դամբարանէն, սիրելի՛ մայր,
Ափ մը հող դնէին վրաս, երբ իջնեմ ցուրտ սեւ գերեզման: