Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Դադիվանքի Հայկականութիւնը Փաստող Արտասահմանեան Գրականութիւն». Արցախի Թեմ
Դադիվանքի վաղեմութեան ու հայկականութեան մասին կը փաստեն վանքի պատերուն վրայ պահպանուած արձանագրութիւններն ու վանքի տարածքին վրայ գտնուող հնագոյն խաչքարերը: Այս մասին գրած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմը:
Վանքի կառուցման մասին պատմական տեղեկութիւններ ու վկայութիւններ կան արտասահմանեան տարբեր գրականութեան եւ մասնագիտական աշխատութիւններու մէջ:
Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Կիրիլ պատրիարքի օրհնութեամբ եւ խմբագրութեամբ հրատարակուած Ուղղափառ հանրագիտարանին մէջ ներկայացուած է Դադիվանքի կառուցման, անուան ծագումնաբանութեան, դարերու ընթացքին յարձակումներու եւ աւերածութիւններու ենթարկուած եւ կանգուն մնացած հայկական սրբավայրին մասին: Աշխատութեան մէջ մանրամասն ներկայացուած են վանական համալիրի տարածքին գտնուող շինութիւններուն մասին պատմական փաստերն ու նկարագրութիւնները:
2014 թուականին ճարտարապետ Արա Զարեանի եւ Իտալիայէն եկած վերականգնող Քրիստին Լամուրէի միացեալ ջանքերով մեկնարկեց Դադիվանքի որմնանկարներու վերականգնման գործընթացը, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 2017 թուական: Մասնագէտները կատարուած աշխատանքներուն մասին մանրամասն ներկայացուցած են իրենց կողմէ հեղինակած «1214 թուականին կառուցուած Կաթողիկէ եկեղեցւոյ 1297 թուականի որմնանկարներու պահպանական վերականգնում» գիրքին մէջ: Գիրքը կը սկսի Դադիվանքի պատմութեամբ ու նկարագրութեամբ, այնուհետեւ կը շարունակեն մասնագէտներուն կողմէ կատարուած աշխատանքներուն արդիւնքներն ու բացայայտումները: Մասնագէտներու ծաւալուն աշխատանքին իբրեւ արդիւնք` վերջնականապէս պարզ դարձաւ Սուրբ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներսի որմնանկարներուն պատմական տեսարաններն ու որմնանկարներուն յստակ տարեթիւը` 1297թ., որուն մասին կը փաստէ եկեղեցւոյ հարաւային պատի պատուհանին անմիջապէս ստորին հատուածին վրայ զետեղուած երեք տողով հայերէն որմնագիր արձանագրութիւնը` ՉԽԶ (Չ=700, Խ=40, Զ=6 ուրեմն` 746+551=1297):
Մասնագէտները մաքրած եւ վերականգնած են եկեղեցւոյ հիւսիսային եւ հարաւային պատերուն որմնանկարները, ուր պատկերուած են Ս. Նիկողայոս Սքանչելագործի հայրապետական իշխանութեան ընծայման վարքագրական դրուագն ու Ս. Ստեփանոս Նախավկայի քարկոծութեան տեսարանը: Որմնանկարներուն վերականգնման իբրեւ արդիւնք` ի յայտ եկան տեսարանները բնութագրող շարք մը հայատառ արձանագրութիւններ:
Արցախի Փոքրիկները Շրջափակուած Հայրենիքէն Ուղերձ Յղած Են Ամբողջ Աշխարհին
Վերջերս Ստեփանակերտի «Մենք ենք մեր սարերը» յուշակոթողի տարածքին «Արարիչ» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ Արցախի փոքրիկներուն համար կազմակերպուած է մշակութային-ժամանցային օր, որ կը կրէր «Փոքրիկ արարողը» խորագիրը:
Ձեռնարկին օրհնութեան խօսք արտասանած է Ներսէս քհնյ. Ասրեան: «Արարիչ» բարեգործական հիմնադրամի ներկայացուցիչ Յունան Թադէոսեան ըսած է, որ ծրագիրին նպատակը շրջափակուած Արցախի փոքրիկներուն խինդ ու ժպիտ պարգեւելն է` պահ մը շեղելով երկրին շուրջ ծաւալուող իրադարձութիւններէն:
«Ձեռնարկը պէտք է իրականացնէինք յունիս 1-ին, սակայն անբարենպաստ եղանակին պատճառով անիկա կայացաւ այսօր: Ասիկա մեր փոքրիկներուն բերանով Արցախի ձայնը աշխարհին լսելի դարձնելու տարբերակ մըն է, կոչ` միջազգային հանրութեան, որպէսզի ապաշրջափակեն կեանքի ճանապարհը, որ` աշխարհի վրայ այլեւս պատերազմներ չըլլան, օր մը դադրեցուի զէնքի արտադրութիւնը, եւ բոլորը ապրին համերաշխ: Արցախցի փոքրիկներու ծնողները իրենց փոքրիկներուն օրը այս գորշ իրականութենէն քիչ մը տարբեր դարձնելու համար ջանք չեն խնայեր: Այսօր այդ բեռը իր վրայ վերցուցած է «Արարիչ»-ը եւ հետաքրքրական նուէրներով, տօնական ծրագիրով փորձած` երեխաներուն տօն պարգեւել», մանրամասնած է Յ. Թադէոսեան:
Ան ընդգծած է, որ յունիս 1-ին «Արարիչ» բարեգործական հիմնադրամը դիմած է միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն, ներառեալ` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի բարի կամքի բոլոր դեսպաններուն, եւ կը սպասէ անոնց արձագանգին:
Արցախի փոքրիկները, իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան օրուան ծիրէն ներս, շրջափակուած հայրենիքէն ուղերձ պատրաստած էին` ուղղուած ամբողջ աշխարհին, աւելի հասցէական` Միացեալ ազգերու միջազգային մանկական ճգնաժամային հիմնադրամին` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին: Կոչը մէկն էր` «Ապաշրջափակել կեանքի ճանապարհը, ապահովել արցախցիներուն անվտանգութիւնը, սեփական հայրենիքին մէջ ազատ ապրելու իրաւունքը»:
Տարբեր տաղաւարներու մէջ ներկայացուած են Ստեփանակերտի Մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի շնորհաշատ սաներուն աշխատանքները: Ներկաները շրջած են տաղաւարներուն մէջ եւ ծանօթացած` ցուցադրուած նմուշներուն: Փոքրիկներուն ուրախ ժամանցը ապահովելու համար ներգրաւուած են նաեւ տարբեր խամաճիկներ: Կազմակերպուած է հիւրասիրութիւն, իսկ ծրագրի աւարտին փոքրիկներուն տրուած են նուէրներ:
Ստեփանակերտի Գրախանութներուն Մէջ Ամէնէն Շատ Պահանջուած Գիրքը Աստուածաշունչն Է
«Արցախփրես» լրատուական գործակալութեան «Արցախեան պեսթսելեր» նախագիծը ներկայացուց ընթացիկ տարուան մայիսի եւ յունիսի առաջին հնգօրեակին` Ստեփանակերտի մէջ ամէնէն վաճառուած գիրքերու հնգեակը:
Առաջին հորիզոնականը գրաւած է Աստուածաշունչը` Հին ու Նոր կտակարանները, իսկ երկրորդ դիրքը` Ճուան Ռոուլինկի «Հարրի Փոթըրը եւ Փիւնիկի միաբանութիւնը» վէպը:
Հարրի Փոթըրը շարքին 5-րդ վէպը կը ներառէ Հարրի Փոթըրի պայքարը Հոգվարցի դպրոցին մէջ ուսանելու 5-րդ տարին: Վէպը հրատարակուած է 21 յունիս 2003-ին, Մեծն Բրիտանիա: Հրատարակման առաջին 24 ժամուան ընթացքին գիրքէն վաճառուած է 5 միլիոն օրինակ: Ասիկա վիպաշարին ամէնէն ծաւալուն գիրքն է:
«Հարրի Փոթըրը եւ Փիւնիկի միաբանութիւնը» նուաճած է շարք մը մրցանակներ, ներառեալ` այն, որ համարուած է 2003 թուականին Ամերիկեան գրադարանի միութեան ամենալաւ գիրքը երիտասարդներուն համար: Գիրքին հիման վրայ նաեւ նկարահանուած է ժապաւէն մը:
Երրորդ հորիզոնականը գրաւած է Խալետ Հոսէյնի «Օդապարուկ թռցնողը» վէպը, որ կը պատմէ Աֆղանիստանի Քապուլ քաղաքը ապրող Ամիր անունով տղայի եւ անոր ամէնէն մտերիմ ընկերոջ` Հասանի մասին, որ տան ծառայի որդին է:
Անոնք իրենց ծնած օրէն անբաժան եղած են եւ իրենց մանկութեան գրեթէ իւրաքանչիւր պահը` միասին անցուցած: Օր մը, երբ Ամիրը ականատես կ՛ըլլայ Հասանի հանդէպ դաժան բռնութեան, ոչինչ չի ձեռնարկեր` փոխարէնը նպաստելով Հասանի եւ անոր հօրը հեռանալուն` սեփական մեղքի զգացումէն ազատելու համար: Այդ դէպքերուն յիշողութիւնները եւ խղճի խայթը կը շարունակեն հետապնդել զինք գրեթէ երկու տասնամեակ:
Չորրորդ հորիզոնականին վրայ կը գտնուի Էրիխ Մարիա Ռեմարքի «Երկինքը ընտրեալներ չունի» ստեղծագործութիւնը, որ կը պատմէ ինքնաշարժի մրցարշաւորդ տարեց Քլեղֆենի մասին, որ կ՛այցելէ առողջարանի մէջ բուժուող երբեմնի գործընկերոջը: Այնտեղ ան կը ծանօթանայ ծանր հիւանդ Լիլիանին: Ան կ՛օգտագործէ առիթը եւ կը փախչի Քլեղֆենի հետ: Քլեղֆեն կ՛ապրէր միայն մրցարշաւէ մրցարշաւ` ամէն անգամ ձեւով մը փրկուելով մահէ, իսկ Լիլիանի կեանքը ամէն վայրկեան վտանգուած էր թոքախտի պատճառով:
Ստեփանակերտի գրախանութներուն մէջ ամէնէն փնտռուած գիրքերուն հինգերորդ հորիզոնականը կը գրաւէ Յովհաննէս Թումանեանի «Հեքիաթներու ժողովածու»-ն:
Արմէնուհի Սաղդասարեանի «Տառերու Ճախրանքը» Ներկայացուեցաւ Գիւմրիի Մէջ
Ծաղկագրեր, թռչնագրեր, կենդանակերպ տառեր ու վարդեակներ. հայոց գիրերու գեղարուեստական հմայքը, աւելի քան 4 տասնեակ կտաւի տեսքով, ներկայացուեցաւ Գիւմրիի մէջ: «Տառերու ճախրանքը» Լիբանան ծնած եւ ընտանիքով հայրենիք հաստատուած Արմէնուհի Սաղդասարեանի երկրորդ անհատական ցուցահանդէսն է: Գիւմրեցիներն ու զբօսաշրջիկները 14 օր կարելիութիւն ունեցան բացայայտելու հայկական մատենագրութեան, մանրանկարչութեան, զարդանկարչութեան եւ զարդագրութեան պատմութիւնը:
Հայոց տառերուն նոր շունչ հաղորդելու Արմէնուհիին երեւակայութեան հիմքը երկրի, հայու ինքնութեան եւ մեր մշակութային հարուստ ժառանգութեան նկատմամբ անոր ունեցած սէրն է: Որքան նուրբ է կտաւի հիմք հանդիսացող մետաքսեայ կտորը, նոյնքան հեքիաթային` թռչնագիրներու երկխօսութիւնը: «Սաղարթի» լուծումները ինքնատիպ են, լի` նոր շունչով եւ գեղարուեստական իւրօրինակ լուծումներով: Հետաքրքրական են ո՛չ միայն տառերու ձեւն ու յօրինուածքը, այլեւ` ծաղիկի, կենդանի, թռչունի վերածուած տառի խորհուրդը:
«Պէտք է գնահատել այն, ինչ որ ունինք` մեր մշակութային ժառանգութիւնը, տառն ու գիրը: Ես ընտրած եմ ոսկեղենիկ հայերէնը ապրեցնելու իմ ճանապարհս: Ներկայացուցած եմ թռչնագրերու երկխօսութիւն` ձգտելով գեղեցիկի կողքին արտացոլել նաեւ հոգեւորը: Կ՛ուզեմ, որ այս կտաւները դիտողը ցուցահանդէսէն տանի մտորելու, ինքնաճանաչման, մերը գնահատելու, արժեւորելու լիցքեր: Այս ինքնատիպ տառերուն մէջ նկատելի են ո՛չ միայն բնութեան չորս տարրերը, այլեւ` կեանքի խորհրդանիշը. հողի մէջ պահ տրուած սերմը, ջուրէն ծլարձակուող սաղարթը, արեւէն սնանող բնութեան ու օդին` շունչ տալու ուժը: Արարչագործական քառեակի այս շղթան համերաշխ երկխօսութիւն է: Իսկ կենաց ծառի արտայայտած յաւերժութիւնը` կարեւոր խորհրդանիշ», համոզուած նշեց «Սաղարթի» հիմնադիր եւ ստեղծագործութիւններու հեղինակը:
Հաղորդենք, որ Արմէնուհի Սաղդասարեան ներկայացուցած է չորս ցուցահանդէս, որոնցմէ երկուքը` անհատական: Ան վստահ է, որ յաւերժութեան տանող բանալին մեր ինքնութիւնը գնահատելն է: Գիւմրիի Երիտասարդական պալատի ցուցասրահին մէջ ներկայացուած հայկական տառերու տիեզերականութիւնն ու ոգեղէնութիւնը այդ ուղղութեամբ մտորելու նախաձեռնութիւններէն հերթականն է:
Մէկ Նամականիշով Նոր Գեղաթերթիկ` Նուիրուած «Հայկական Ժապաւէններ» Թեմային
8 յունիս 2023-ին շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ մէկ նամականիշով գեղաթերթիկ` նուիրուած «Հայկական ժապաւէններ» թեմային: «Հայփոստ» ընկերութենէն յայտնեցին, որ գեղաթերթիկին մարումը իրականացուցած են` Հայաստանի Հանրապետութեան բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարի տեղակալ Դաւիթ Սահակեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Արայիկ Խզմալեանը, «Հայփոստ» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Արայիկ Աբրահամեանը, Հայաստանի Շարժարուեստի գործիչներու միութեան նախագահ Յարութիւն Խաչատրեանը, շարժաբեմադրիչ Միքայէլ Դովլաթեանը, դերասան եւ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Խորէն Լեւոնեանը, Ֆիլաթելիսթներու հայկական միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեանը:
800 դրամ անուանական արժէքով գեղաթերթիկի նամականիշին վրայ պատկերուած է դրուագ` «Սարոյեան եղբայրներ» հայկական գեղարուեստական ժապաւէնէն (բեմադրիչներ` Խորէն Աբրահամեան, Արկադի Հայրապետեան), որ նկարահանուած է 1968 թուականին:
Գեղաթերթիկին վրայ պատկերուած է ժապաւէնի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր հերոսներէն մէկը` Հայկը մարմնաւորած Ֆրունզէ Դովլաթեանը` նկարահանման հրապարակին մէջ:
Գեղաթերթիկին վրայ նաեւ պատկերուած են «Սարոյեան եղբայրներ» եւ «Հայկական ֆիլմեր» գրառումները` հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով:
Հրապարակման օրը` 8 յունիս 2023, ձեւաւորումը` Ռեմ Սահակեանի, տպարանը` Cartor, Ֆրանսա, նամականիշի չափերը` 40 x 30 մմ, գեղաթերթիկին չափերը` 90 x 60 մմ, տպաքանակը` 10 հազար: