Համադրեց` Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան ծնած է 1913-ին, Մարաշ: Հօր անունը` Յակոբ (Յակոբոս) եւ մօր անունը` Վիքթորիա:
Յակոբ Վարժապետեան եղած է Մարաշի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ քահանայ` տէր Գրիգոր Վարժապետեանին միակ զաւակը: Յակոբ ուսումը ստացած է Թարսուսի Ամերիկեան Ս. Պօղոս քոլեճին մէջ: Ան եղած է մտաւորական, գրաբարագէտ, գրող եւ ուսուցիչ: Տնօրէնը եղած է Մարաշի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ ծխական դպրոցին: Ան ուսումնասիրած է Մարաշի բարբառը, գրած է բանաստեղծութիւններ, երկասիրած է Մարաշի պատմութիւնը, որ հետագին հում նիւթ ծառայած է «Մարաշ կամ Գերմանիկ» ծաւալուն գիրքին, որ հրատարակուած է Գալուստեանին կողմէ, Նիւ Եորք, 1934-ին: Ան աշխարհաբարի թարգմանած է Եղիշէի «Վարդանանց պատերազմը», որ լոյս տեսած է Պոլիս, 1911-ին: Ան հեղինակած է նաեւ անգլերէն-հայերէն-թրքերէն զրուցատրութեան հատոր մը: Վարժապետեան գերդաստանը տուած է բազմաթիւ եկեղեցականներ: Տէր Գրիգորին եղբայրը` Յովհաննէս Վարժապետեան, եղած է արքեպիսկոպոս, իսկ իրենց հայրը` տէր Յովհաննէս, հիմնած է Մարաշի առաջին դպրոցը Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կից:
Վիքթորիա` աւետարանական մարաշցի Գալայճեան ընտանիքի զաւակ, ուսումը ստացած է Մարաշի ամերիկեան աղջիկներու քոլեճին մէջ: Աւարտելէ ետք քոլեճը ան հրաւիրուած է Մարաշի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրոցը, որուն տնօրէնը եղած է, ինչպէս յիշեցինք նախապէս, Յակոբ Վարժապետեանը: Վիքթորիա կը ծանօթանայ Յակոբ Վարժապետեանին դպրոցին մէջ: Անոնք կ՛ամուսնանան եւ կը բախտաւորուին չորս զաւակներով` Սիսակ, Հրաչ, Տիգրան եւ Շահէ:
Յակոբ Վարժապետեան կը մահանայ 1914-ին` իր ետին ձգելով այրի Վիքթորիան չորս զաւակներով: Տիգրան հօրը մահուան եղած է հազիւ երկու տարեկան:
1915-ին տէր Գրիգոր մարաշցի 40 ընտանիքներով առաջին տեղահանուածներէն կ՛ըլլան: Ան գողգոթայի ճամբան բռնած` կը քալէ երէցկինին, իր հարսին ու անոր չորս զաւակներուն հետ: Տարագրութեան ճամբան կ՛ըլլայ փշոտ եւ դժուար: Անոնք ի վերջոյ կը հասնին Յորդանանի Թաֆիլէ գիւղը, ուր կը հանդիպին մարաշցի ուրիշ ընտանիքներու: Տէր Գրիգոր արաբ գիւղապետին տան մէջ ամէն կիրակի պատարագ կը մատուցէ: Տեղացի արաբները բարեացակամ կը գտնուին իրենց հանդէպ: Համաճարակի մը պատճառով տէր Գրիգոր կը վախճանի, կը մահանայ նաեւ Տիգրանին Շահէ եղբայրը: Վիքթորիա անգլերէն գիտնալուն պատճառով թուրք զինուորականներու զաւակներուն ուսուցչուհին կը դառնայ եւ անոնց կը դասաւանդէ` թուաբանութիւն, թրքերէն, եւ թրքաբարոյ հայերէն երգեր: Ան մոմի լոյսի տակ իր երեք զաւակներուն կը սորվեցնէ ԱԲԳ-ը` հայ լեզուն եւ անգլերէն: Վարժապետեան ընտանիքը այլ հայ գաղթականներու հետ կը հասնի Փոր Սայիտ` անցնելով Քերեք բերդաքաղաքէն եւ Ղոր գիւղաքաղաքէն: Փոր Սայիտ կը մնան գաղթակայաններու մէջ երկար ամիսներ:
Զինադադարին Փոր Սայիտ գտնուող բոլոր հայ գաղթականները կը վերադառնան իրենց ծննդավայրը: Վարժապետեան ընտանիքն ալ կը հասնի Մարաշ: Վիքթորիա կ՛աշխատի Մարաշի Ամերիկեան կարմիր Խաչին մէջ եւ ապա` ամերիկեան հիւանդանոցին: Վիքթորիան իր երեք զաւակներով կ՛ապրի Մարաշի աղէտին արհաւիրքը, սակայն հրաշքով կ՛ազատին:
Կիլիկիոյ պարպումէն ետք Վիքթորիան երեք զաւակներով, բոլոր մարաշցիներուն նման, երկրորդ անգամ ըլլալով կը դառնայ գաղթական եւ կը հասնի Հալէպ:
Հալէպի մէջ Վիքթորիա դարձեալ ամերիկեան որբախնամ կազմակերպութեան մօտ կը գործէ եւ երեք զաւակները կը տեղաւորէ հայ որբանոց մը, ուր անոնք կը ճանչնան որբերու տխուր եւ անարեւ կեանքը: Վիքթորիա կը ստանձնէ երեք զաւակներուն նախակրթարանի կրթութիւնը եւ ազգային դաստիարակութիւնը:
Երբ կը փակուին Հալէպի ամերիկեան որբախնամ հաստատութիւնները, Վիքթորիա երեք զաւակներով կը փոխադրուի Պէյրութ եւ կը տեղաւորէ զանոնք Ժիպէյլի ամերիկեան «Թռչնոց բոյն» որբանոցը, իսկ ինք կը սկսի աշխատիլ Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ:
Վարժապետեան եղբայրները «Թռչնոց բոյն» կը մնան երկու տարի, ապա անոնք կը յաճախեն Պէյրութի Հայ աւետարանական վարժարանը, ուրկէ Տիգրան շրջանաւարտ կ՛ըլլայ 1929-ին:
Տիգրան Վարժապետեան 1929-ին կը մտնէ Պէյրութի ամերիկեան համալսարան եւ կը ստանայ բժիշկի իր վկայականը 1937-ին:
Ան տասը տարի որպէս բժիշկ կը գործէ Լիբանանի Ժեզզին եւ Սուրիոյ Սելմիէի քաղաքներուն մէջ:
Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան 1947-ին կը մեկնի Ամերիկա եւ կը ստանայ Ք ճառագայթներու (X Ray) մասնագէտի վկայական Հարվըրտ համալսարանէն, 1949-ին: Պէյրութ վերադառնալէ ետք կը հաստատէ իր անձնական Ք ճառագայթային նկարումի դարմանատունը, որ գործած է մինչեւ 1977:
Տիգրանին մայրը` Վիքթորիա, կը մահանայ Պէյրութ, 16 յունուար 1971-ին:
Բժշկութիւնը Տիգրան վարժապետեանին համար եղած է մարդասիրական ծառայութիւն, առաքելութիւն: Ան վայելած է իր հիւանդներուն յարգանքն ու համակրանքը:

Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան իրապէս նկատուած է «Մարդ բժիշկ», ան իր հիւանդներուն բաշխած է կորով, որպէսզի կարենան յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները: Ան եղած է փխրուն սրտի տէր, լաւատես եւ յոգնիլ չգիտցող մարդ:
Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան, իր բժշկական ասպարէզի կողքին, եղած է հասարակական գործիչ, գրող եւ գլխագիր ՄԱՐԴ:
Ան ամուր կառչած է իր հայ արմատներուն: Իր բժշկական ասպարէզին կողքին, ազգային հասարակական ծառայութիւնը եղած է իր սիրած երկրորդ ասպարէզը:
Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան իր մասնակցութիւնը բերած է լիբանանահայութեան ազգային, մշակութային կեանքէն ներս` որպէս գրող, բանախօս, վարչական եւ ղեկավար:
1942-46 գործած է ՀԲԸՄ-ի Հայ երիտ. ընկեր. Գրասէր երիտ. միութեան մէջ:
1946-47 եռանդով աշխատած է ներգաղթի կոմիտէին մէջ:
1948-50 մաս կազմած է Պոսթընի Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութեան:
1952-1975 եղած է ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի վարժարաններուն կրթական յանձնախումբին ատենապետը:
1975-ին բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան Վահէ Վահեանին հետ Միացեալ Նահանգներ կը մեկնին Բարեգործականի կողմէ կազմակերպուած լիբանահայ կարօտեալներու հանգանակութեան առաքելութեամբ: Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան կը կատարէ իր պարտականութիւնը լիովին: Ան կը խօսի Նիւ Եորքի, Տիթրոյթի, Շիքակոյի եւ Լոս Անճելըսի մէջ եւ յաջողութեամբ կը պսակէ իր առաքելութիւնը:
Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան սկսած է գրել 1938-ին: Առաջին փորձերը լոյս տեսած են «Ծիածան» գրական պարբերաթերթին մէջ: Աշխատակցած է «Անի», «Շիրակ», «Յուշարար», «Բժիշկ» ամսագիրներու, ինչպէս նաեւ «Զարթօնք», «Սփիւռք», «Պայքար», «Նոր Օր» օրաթերթերուն:
1946-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսած է պատմուածքներու իր առաջին հատորը` «Կեանքի քառուղիէն»:
1957-ին լոյս տեսած է իր պատմուածքներու երկրորդ հատորը` «Զառիթափին վրայ»:
1967-ին հրատարակած է «Բժիշկը կեանքի ու մահուան հետ» հատորը:
1969-ին, Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 100-ամեակին, հրատարակած է «Գարուն ա» պաստմուածքներու հատորը:
1974-ին լոյս տեսած է իր «Ցայտաղբիւրներ անապատներու մէջ» պատմուածքներու հատորը:
Յետմահու, յաջորդաբար հրատարակուած են Երեւանի մէջ իր պատմուածքներու հաւաքածոյէն` «Հայրենիքէս դուրս», 1985-ին, եւ Լոս Անճելըսի մէջ` «Արծիւը կը սաւառնէր», 1987-ին:
Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան նկատուած է տաղանդաւոր, իրապաշտ եւ անկեղծ արձակագիր մը: Իր գրած բազմաթիւ հոգեբանական պատմուածքները առնուած են բժշկական թէ այլ փորձառութիւններէ, որոնց ենթահողը եղած են` ազգայինը, հայու իր տառապանքը, տագնապը:
1951-ին ան ամուսնացած է Գառնիկ Պետրոսեանի դստեր` Հերմինէ Պետրոսեանին հետ: Անոնք բախտաւորուած են երեք զաւակներով` Լուսայգ, Իռենա եւ Հրակ:
Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան մահացած է 19 սեպտեմբեր 1977-ին, Պէյրութ:
Մոնրէալ, 21 ապրիլ 2023
——————-
Աղբիւրներ`
1.- Կարօ Տէրունեան, Iammedia, 4 յուլիս 2020:
2.- Մելքոնեան, Զարեհ, «Տոքթ. Տիգրան Վարժապետեան-մարդն ու գրագէտը», «Պայքար», 12 դեկտեմբեր 1978:
3.- Պապայեան, Երուանդ, «Գրող եւ ազգային-հասարակական գործիչ, բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան», «Նոր Կեանք», 7 փետրուար 2008:
4.- Պապայեան, Երուանդ, «Տոքթ. Տիգրան Վարժապետեան-մահուան 25-ամեակին առիթով», «Խօսնակ», սեպտեմբեր-հոկտեմբեր, 2002:
5.- Լեւոն Վարդան, «Ակնարկ լիբանանահայ գրականութեան մասին, Հայերն Լիբանանի մէջ, Սիսակ Վարժապետեան», Դ. հատոր:
6.- «Զարթօնք» օրաթերթ, «Տոքթ. Տիգրան Վարժապետեան, հայերն Լիբանանի մէջ», Ե. հատոր, 24 սեպտեմբեր 1978:
7.- «Բժիշկ», «Յուշ երեկոյ` նուիրուած տոքթ. Տիգրան Վարժապետեանի», հոկտեմբեր, 1987:
8.- «Արծիւը կը սաւառնէր» գիրքին նախաբանը` «Տոքթ. Տիգրան Վարժապետեան», գրուած` հրատարակիչին կողմէ:
9.- Տիկին Լուսայգ Վարժապետեան-Պետրոսեան, անձնական թղթակցութիւն, Մոնրէալ, ապրիլ 2023.