Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Դանիէլ Վարուժան` Հոգեկանութեան Ծիրէն Ներս» (Հեղինակ` Մեսրոպ Հայունի)

Յունիս 16, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պէյրութի մէջ 2022-ին լոյս տեսաւ Մեսրոպ Հայունիի հեղինակած «Դանիէլ Վարուժան` հոգեկանութեան ծիրէն ներս» ծաւալուն հատորը, բաղկացած` 1184 էջերէ: Հեղինակը գիրքը ձօնած է իր սիրայարգ ծնողներուն` Կարապետ եւ տիրամայր Ռոզ Թոփալեանի, Քերոբ Ճապուրեանի եւ Հայկուհի Աշգարեան-Ճապուրեանի յիշատակին:

Մեսրոպ Հայունի կ՛ըսէ, որ Դանիէլ Վարուժանի, ինչպէս նաեւ համարեա բոլոր հայ քերթողներուն պարագային, բանաստեղծութեան մէջ առկայ հոգեւորութիւնը, հոգեկանութիւնը ամէնէն անտեսուած նիւթն է:

Դանիէլ Վարուժան իր հայ սրտովը` Մխիթարեանց ձեռակերտն է: Մխիթարեանց ձեռնասունն է դարձեալ իր հայ պաշարովը: Վարուժանի ամբողջ գրականութիւնը արտացոլումն է Մխիթարեան նոր դասական դպրոցին:

Հեղինակը կը նշէ, թէ տոհմային գետնի վրայ, Մխիթարեան հայրերու առաջնահերթ ջանքն էր իրենց աշակերտները դարձնել ու պահել վառ հայրենասէրներ եւ բերրի ազգօգուտներ, որոնց անգերազանցելի յառաջապահներէն մին եղաւ Դանիէլ Վարուժան:

Մխիթարեաններուն շնորհիւ էր, որ Վենետիկ արտաքին ու ներքին գեղեցկութիւնը զտեց Վարուժանի ճաշակն ու տեսութիւնը:

Մեսրոպ Հայունի կը շարունակէ` ըսելով, որ Դանիէլ Վարուժանի կատարեալ յաջողութիւնը կը կայանայ ոչ միայն գագաթնային բանաստեղծութեան, այլ նաեւ անոր ստեղծագործական թողօնին բովանդակած թաքուն հոգեւորութեան մէջ, որ բարեբեր արգասիքն է իր բազմատաղանդ հեղինակին քողարկուած բարձր հոգեկանութեան:

Դանիէլ Վարուժան գերազանց յիսուսապաշտն է եւ ջերմ յիսուսասէրը` գուցէ առաջինը հայ աշխարհական արձակագիրներուն եւ բանաստեղծներուն մէջ:

Ըստ Հայունիի` Դանիէլ Վարուժան աշխարհական բանաստեղծը անգերազանցելի մասնագէտն է աստուածային-ազգային ու երկնային-հայրենի իմացութիւններու զօդումին:

Մարդուն եւ բանաստեղծին մէջ կան հոգեկան բարեմասնութիւններ մեր տոհմային խորհուրդէն, որուն աչքառու յատկադրոշմներէն մէկն է մարեմասիրութիւնը:

Գիրքին հեղինակը դիտել կու տայ, որ քրիստոսահիմն եկեղեցիի խորհուրդներէն խոստովանանքի մասին Դանիէլ Վարուժան արտագրեց իր ամէնէն յուզիչ բանաստեղծութիւններէն մին` «Երգ խոստովանանքի»:

Դանիէլ Վարուժանի ուղիղ դաւանութեամբ` Աստուածամարդն է, «որ մեր կեանքին ունայնութիւնը պճնեց» շնորհիւ իր «արեան առջի կաթիլին»:

Վարուժան կ՛ընդունի գոյութիւն հանդերձեալ կեանքին ու կը դաւանի անմահութիւնը հոգիին:

«Հրաշքին աղբիւրը» չքնաղ քնարերգութիւնն է Արարիչին` հրաշագործ Աստուծոյ, որուն առաջին հրաշատիպ ներկայացուցիչն է Աստուածամայրը սքանչելագործ:

Մ. Հայունի լուսարձակի տակ կ՛առնէ այն, որ Դանիէլ Վարուժան երկինքն ու փրկութիւնը մաղթեց ու ցանկաց արար աշխարհին, ինչպէս կը տեսնենք «Անդաստան» մաղթանքին կամ աղօթքին մէջ:

Դանիէլ Վարուժան մեր տոհմային բարքուվարքին ոչ միայն աւանդապահն է, այլեւ աւանդատարն ու աւանդասոյցը, որուն հոգեկան, քերթողական, պատմական եւ դիցաբանական տուեալները «տակաւին ըստ բաւականի անկոխ լգետին մը» կը կազմեն մեր ազգագրութեան մէջ:

Հեթանոսականին յիշեցումը կամ Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծական հեթանոսագրութիւնը անխնայ խարանումն է անոր վերապրումին արդի ժամանակներուն մէջ` հոգեպէս, մարդկայնօրէն ու բարոյապէս սնանկացած մարդերու, ընդհանրապէս, եւ քրիստոնեաներու` մասնաւորաբար:

Մեսրոպ Հայունի կը շեշտէ, որ Դանիէլ Վարուժանի քերթողութիւնը աշխարհական հայ գրականութեան մէջ ամենափարթամ գանձարանն է անգերազանցելի սիրերգութեան, անփոխարինելի հայերգութեան, անկրկնելի մարդերգութեան, անգտանելի լուսերգութեան, անլռելի աստուածերգութեան եւ անվերանալի օրհներգութեան:

Մեսրոպ Հայունի կ՛աւելցնէ, որ Դանիէլ Վարուժանի փորձառութեամբ` հարազատ արուեստագէտներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը իրողապէս ընդունելու է, թէ արուեստագէտը որքան մօտենայ Աստուծոյ, այնքան աւելի կը դառնայ «սիրազոհը» ներշնչումին, իսկ երբ հեռանայ Աստուծմէ, կը հեռանայ ներշնչարանէն:

Ծաւալուն, կոթողական եւ ակադեմական մակարդակի ու մնայուն արժէք ներկայացնող երախտարժան աշխատութիւն մը, որ արժանի է բարձրագոյն գնահատանքի:

 

 

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.   Մօրս Գերեզմանը

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?