ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Վերջերս Հայաստանի մէջ երկու հարցախոյզ կատարուած է` մարդոց հնարաւորութիւն տալով արտայայտել իրենց տեսակէտները տարբեր հարցումներու, որոնց շարքին` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ժողովրդականութեան կտրուկ անկման մասին:
Առաջին հետազօտութիւնը կատարուած է 23 յունուարէն 4 մարտ 2023-ի միջեւ, հարցումներու հետազօտութեան կեդրոնին կողմէ, որ Ուաշինկթընի մէջ գործող Միջազգային հանրապետական հիմնարկի (IRI) նախագիծն է: Այս գիտական հետազօտութիւնը, որ հիմնուած է Հայաստանի բնակչութեան պատահական ընտրանքի վրայ, ֆինանսաւորուած է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) կողմէ:
Հարցում.- «Ձեր կարծիքով, արդեօք Հայաստան ճի՞շդ, թէ՞ սխալ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ»: 52 տոկոսի կարծիքով` սխալ ուղղութեամբ (2018-ի 11-14 տոկոսի համեմատ, երբ Փաշինեան առաջին անգամ եկաւ իշխանութեան), 36 տոկոսի կարծիքով` ճիշդ ուղղութեամբ (2018-ի 72-73 տոկոսի համեմատ):
Հարցում.- «Որքանո՞վ գոհ էք կամ դժգոհ` մեր երկրին մէջ ժողովրդավարութեան ընթացքէն»: 17 տոկոսը գոհ է, 46 տոկոսը` դժգոհ, 35 տոկոսը` փոփոխութիւն չի տեսներ:
Հարցում.- «Որքա՞նով հետաքրքրուած էք քաղաքականութեամբ»: 43 տոկոսը շատ կամ որոշ չափով հետաքրքրուած է, 57 տոկոսը ընդհանրապէս կամ որոշ չափով հետաքրքրուած չէ:
Հարցում.- «Ինչպէ՞ս կը գնահատէք հայ բնակչութեան շրջանին մէջ տիրող տրամադրութիւնը»: 44 տոկոսը կարծիք յայտնած է, որ ապագան աւելի լաւ կամ որոշ չափով աւելի լաւ կ՛ըլլայ, 55 տոկոսը` անապահովութիւն, անհանգստութիւն եւ վախ ապագայի հանդէպ, այլեւ լիակատար հիասթափութիւն եւ հաւատքի բացակայութիւն, որեւէ բարելաւման նկատմամբ:
Հարցում.- «Ո՞ր քաղաքական կամ հասարակական գործիչին կը վստահիք ամէնէն աւելի»: 64 տոկոսը` ոչ մէկուն, 14 տոկոսը` Նիկոլ Փաշինեանի, 3 տոկոսը` Արարատ Միրզոյեանի, 2 տոկոսը` Ռոպերթ Քոչարեանի, միւսներուն` 2 տոկոսը:
Հարցում.- «Ո՞ր կուսակցութեան կամ դաշինքին կու տայիք ձեր ձայնը, եթէ խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի ունենային յառաջիկայ կիրակի»: 47 տոկոսը չէր քուէարկեր կամ կը մերժէ պատասխանել կամ չի գիտեր, 17 տոկոսը իր ձայնը կու տար «Քաղաքացիական պայմանագրին», 5 տոկոսը` «Հայաստան» դաշինքին, 4 տոկոսը` «Հանրային ձայն» կուսակցութեան, 2 տոկոսը` «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան, 2 տոկոսը` ՀՅԴ-ին, միւսներուն` 1 տոկոս իւրաքանչիւրին:
Հարցում.- «Որքանո՞վ գոհ կամ դժգոհ էք հետեւեալ հաստատութիւններէն»: Հայ առաքելական եկեղեցի` 54 տոկոսը շատ կամ որոշ չափով գոհ է, 40 տոկոսը շատ կամ որոշ չափով դժգոհ է: Վարչապետի աշխատակազմ` 38 տոկոս գոհ է (2018-ի 82-85 տոկոսի համեմատ), 61 տոկոսը` դժգոհ (2018-ի 13-17 տոկոսի համեմատ):
Հարցում.- «Ի՞նչ կը կարծէք վերջին վեց ամիսներու ընթացքին հետեւեալ ոլորտներէն իւրաքանչիւրի ուղղութեան մասին»: Խօսքի ազատութիւն, 56 տոկոսը` շատ կամ որոշ չափով բարելաւուած է (2018-ի 73-83 տոկոսի համեմատ), 18 տոկոսը` շատ նահանջած կամ որոշակիօրէն նահանջած է (2018-ի 3-6 տոկոսի համեմատ), 26 տոկոսը` փոփոխութիւն չկայ (2018-ի 19 տոկոսի համեմատ): Արտաքին քաղաքականութիւն, 37 տոկոսը` շատ կամ որոշ չափով բարելաւուած է (նոյնը, ինչպէս 2019-ին), 33 տոկոսը` չափով մը նահանջած կամ շատ նահանջած է (2019-ի 17 տոկոսի համեմատ), 26 տոկոս` ոչ մէկ փոփոխութիւն կայ (2019-ի 39 տոկոսի համեմատ): Հայաստանի քաղաքականութիւնը Արցախի հարցով, 10 տոկոսը` շատ կամ որոշակիօրէն բարելաւուած է (2019-ի 32 տոկոսի համեմատ), 69 տոկոսը` շատ նահանջած կամ որոշակիօրէն նահանջած է (2019-ի 18 տոկոսի համեմատ), 18 տոկոսը` ոչ մէկ փոփոխութիւն կայ (2019-ի 45 տոկոսի համեմատ): Կաշառակերութեան դէմ պայքարի ուղղութիւնը` 43 տոկոսը` բարելաւուած է (2018-ի 82 տոկոսի համեմատ), 22 տոկոսը` նահանջած է (2018-ի 2 տոկոսի համեմատ), 32 տոկոսը` ոչ մէկ փոփոխութիւն (2018-ի 14 տոկոսի համեմատ):
Հարցում.- «Ձեր կարծիքով, ո՞րն է կառավարութեան ամէնէն մեծ յաջողութիւնը վերջին 6 ամիսներու ընթացքին»: 43 տոկոսը` չկայ, 21 տոկոսը` չի գիտեր կամ մերժած է պատասխանել, 6 տոկոսը` դիւանագիտական յարաբերութիւններու զարգացումը, ուրիշ մանր հարցեր:
Հարցում.- «Ձեր կարծիքով, ո՞րն է կառավարութեան ամէնէն մեծ ձախողութիւնը վերջին 6 ամիսներու ընթացքին»: 21 տոկոսը` չի գիտեր կամ մերժած է պատասխանել, 15 տոկոսը` Լաչինի միջանցքի փակումը, 9 տոկոսը` արցախեան հիմնահարցի տապալումը, 8 տոկոսը` Հայաստանի ազգային անվտանգութիւնը եւ սահմանային հարցեր, 7 տոկոսը` տարածքներու կորուստը, ուրիշ մանր հարցեր:
Հարցում.- «Ինչե՞ր պէտք է ընէ Փաշինեանի կառավարութիւնը յառաջիկայ 6 ամիսներու ընթացքին». 23 տոկոսը` բանակի պայմաններու բարելաւում, 22 տոկոսը` Հայաստանի ազգային անվտանգութեան եւ սահմաններու պաշտպանութիւն, 16 տոկոսը` աշխատատեղերու ստեղծում, 15 տոկոսը` խաղաղութեան հաստատում, 13 տոկոսը` Լաչինի միջանցքի բացում, 13 տոկոսը` Արցախի հարցի հայանպաստ կարգաւորում:
Հարցում.- «Ի՞նչ չափով հարց է կաշառակերութիւնը»: 73 տոկոսը` շատ մեծ կամ չափով մը մեծ հարց, 25 տոկոսը` ոչ մեծ հարց, շատ փոքր կամ խնդիր չկայ:
Հարցում.- «Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի եւ… յարաբերութիւնները»: 96 տոկոսը` Ֆրանսայի (շատ լաւ կամ որոշ չափով լաւ), 91 տոկոսը` Իրան, 88 տոկոսը` Միացեալ Նահանգներ, 86 տոկոսը` Եւրոպական միութիւն, 84 տոկոսը` Չինաստան, 80 տոկոսը` Վրաստան, 50 տոկոսը` Ռուսիա, 44 տոկոսը` Ուքրանիա, 23 տոկոսը` Թուրքիա, 4 տոկոսը` Ազրպէյճան: Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները 2018-ի 87-92 տոկոս լաւ գնահատականէն նուազած է մինչեւ 50 տոկոսի` 2023-ին: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները 2018-ի 1-11 տոկոս լաւ գնահատականը 2023-ին հասած է 23 տոկոսի, մինչդեռ Հայաստանի քաղաքացիներու 75 տոկոսը յարաբերութիւնները վատ կը համարէ (2018-ի 85 տոկոսի համեմատ):
Երկրորդ հարցախոյզը տեղի ունեցած է մայիս 2023-ին, Gallup International-ի հետ փոխկապակցուած Marketing Professional Group-ին կողմէ: Ասիկա գիտական հետազօտութիւն է` հիմնուած Հայաստանի բնակչութեան պատահական ընտրանքին վրայ:
Հարցում.- «Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Նիկոլ Փաշինեանի` Արցախը Ազրպէյճանի մաս ճանչնալը»: 3,8 տոկոսը` միանշանակ դրական, 5,4 տոկոսը` գրեթէ դրական, 63,4 տոկոսը` ոչ դրական, 18,5 տոկոսը գրեթէ բացասական, 8,9 տոկոսը` դժուարացած է պատասխանել:
Հարցում.- «Կը կարծէ՞ք, որ արցախահայերը` իբրեւ ցեղային փոքրամասնութիւն, կրնան գոյութիւն ունենալ Ազրպէյճանի մէջ»: 2,8 տոկոսը` այո, 5,6 տոկոսը` գրեթէ այո, 77,7 տոկոսը` ոչ, 8,7 տոկոսը` գրեթէ ոչ, 5,1 տոկոսը դժուարացած է պատասխանել:
Հարցում.- «Այս դատողութիւններէն ո՞ր մէկուն հետ համաձայն էք»: Փաշինեան կը փորձէ վարել հաւասարակշիռ քաղաքականութիւն Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ հետ` 32,8 տոկոս, Փաշինեան կը փորձէ Հայաստանը համարկել Եւրոպայի, Արեւմուտքի եւ ՕԹԱՆ-ի շրջանակներուն` 20,5 տոկոս, Փաշինեան նպատակ ունի Հայաստանը մօտեցնել Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ` 14,7 տոկոս, Փաշինեանի գործողութիւնները ուղղուած են դուրս մղելու Ռուսիան Հայաստանէն` 12,9 տոկոս, 19 տոկոսը դժուարացած է պատասխանել:
Հարցում.- «Հաշուի առնելով Հայաստանի ներքաղաքական եւ արտաքին մարտահրաւէրները, արդեօք անհրաժե՞շտ է իրականացնել խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ եւ կազմել նոր կառավարութիւն»: 41 տոկոսը պատասխանած է` միանշանակ անհրաժեշտ է, 18,9 տոկոսը` գրեթէ անհրաժեշտ է, 12,2 տոկոսը` գրեթէ անհրաժեշտ չէ, 19,5 տոկոսը` անհրաժեշտ չէ, 8,5 տոկոսը` դժուարացած է պատասխանել:
Հարցում.- «Թուրքիա իր դժգոհութիւնը յայտնեց Երեւանի մէջ «Նեմեսիս»-ի արձանի տեղադրման առիթով եւ իբրեւ առաջին քայլ` փակած է իր օդային տարածքը հայկական թռիչքներու համար: Ի՞նչ կը կարծէք, պէ՞տք է արդեօք ՀՀ կամ քաղաքային իշխանութիւնները տուրք տան Թուրքիոյ ճնշումներուն եւ քանդեն «Նեմեսիս»-ի հերոսներուն նուիրուած յուշարձանը»: 82,5 տոկոսը` միանշանակ ոչ, 7,7 տոկոսը` գրեթէ ոչ, 2,6 տոկոսը` միանշանակ այո, 3,5 տոկոսը` գրեթէ այո, 3,5 տոկոսը դժուարացած է պատասխանել:
Հարցում.- «Մասնակցա՞ծ էք արդեօք 2018-ի յեղափոխութեան»: 2023-ի հետազօտութեան մէջ 62,6 տոկոսը` ոչ, 37,4 տոկոսը` այո: 2018-ի հետազօտութեան մէջ 91 տոկոսը` այո, 9 տոկոսը` ոչ:
Հարցում. «Ըստ ձեզի, ճի՞շդ էր արդեօք ցուցարարներու կողմէ ճամբաներու եւ խաչմերուկներու փակումը եւ երթեւեկութեան միջոցներու տեղաշարժման սահմանափակումը»: 2023-ի հետազօտութեան մէջ 44,5 տոկոսը` այո, 50,8 տոկոսը` ոչ: 2018 թուականի հետազօտութեան մէջ` 87,1 տոկոսը` այո, 8,7 տոկոսը` ոչ:
Հարցում.- «Յեղափոխութենէն անցած է հինգ տարի: Այս ընթացքին որքանո՞վ արդարացած են ձեր սպասումները»: 2023-ի հետազօտութեան մէջ 3,8 տոկոսը` ամբողջութեամբ արդարացան, 21,5 տոկոսը` որոշ չափով արդարացան, 18 տոկոսը` որոշ չափով չարդարացան, 52,1 տոկոսը` չարդարացան: 2018-ի հետազօտութեան մէջ 14,4 տոկոսը` ամբողջութեամբ չարդարացան, 64,2 տոկոսը` որոշ չափով արդարացան, 7,6 տոկոսը` որոշ չափով չարդարացան, 10,9 տոկոսը` չարդարացան:
Հարցում.- «Գնահատեցէք վարչապետ Փաշինեանի գործելաոճը»: 2023-ի հետազօտութեան մէջ 5,4 տոկոսը` լիովին դրական, 13,4 տոկոսը` գրեթէ դրական, 24,2 տոկոսը` գրեթէ բացասական, 47,1 տոկոսը` բացասական, 10 տոկոսը դժուարացած է պատասխանել: 2018-ի հետազօտութեան մէջ 45,4 տոկոսը` դրական, 46,2 տոկոսը` գրեթէ դրական, 3,9 տոկոսը` գրեթէ բացասական, 2,4 տոկոսը` բացասական:
Մենք բոլորս ունինք մեր անձնական կարծիքները, սակայն կարեւոր է գիտնալ, թէ Հայաստանի քաղաքացիները ի՛նչ կը մտածեն այս հարցումներուն մասին: 2018-էն մինչեւ 2023 անոնց ընկալման մէջ մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ