Պոսթըն, 23 Դեկտեմբեր 2003: Հաւաքուած ենք տեղւոյն MassGeneral հիւանդանոցի սպասման մէկ յատուկ սենեակը, որուն կից այլ սենեակ մը կար, աւելի փոքր, աւելի լուր եւ լուրջ։ Այդ գրեթէ պարապ սենեակին միայն կեդրոնն էր անկողին մը զետեղուած, մէջը կը հանգչէր Վահէ Մարուխեանին՝ մանկութեան ու պատանութեան օրերէն մեր ընկերոջ՝ Վահէին անշունչ մարմինը։ Մեծաթիւ էինք սպասման սենեակը եղողներս, փոքր խումբով մուտք կը գործէինք դիարանը, «զրուցելու» համար մեր ընկերոջ հետ։
Դէմքերը խէթ ու խոժոռ էին։ Քանի մը բառ կը փոխանակէինք իրարու հետ եւ այլ ընկեր մը մուտք կը գործէր։ Գլխու շարժում մը, եւ կրկին ու կրկին խոր լռութիւն։ Թաց ու խոնաւ էին բոլորիս աչքերը, յօնքերն ալ պռստած ու քռստած, իսկ այտերը՝ խանձուած ըլլալու աստիճան կարմրած։
Տարեվերջի օրերն էին։ Դուրսը ցուրտ էր։ Հիւսիսարեւելեան նահանգներուն իւրայատուկ՝ կիսախառն ձիւն ու անձրեւ։ Ներսն ալ պաղ էր, մի-ա-պա-ղաղ․․․ ։ Խօսուն, ժպտուն եւ համակրելի ընկերը անխօս ու անպատասխան ննջած էր։
Սպասման սենեակ, ապա կրկին դիարան, եւ այսպէս…: Յանկարծ սեւազգեստ շուք մը դանդաղ քայլերով եւ առանց շուրջ նայելու անցաւ սպասման սրահէն եւ ուղղակի մուտք գործեց դիարան։ Սեւ վզնոց եւ սեւ ակնոցներ․․․: «Պալե՛ս․․․ այսպէս շուտով գացի՞ր»։ Տիկին Անահիտն էր․ Վահէին մայրը։ Հազիւ հեկեկանքով կէտադրուած խօսքը աւարտած, ինքզինք զսպելով աւելցուց․ «Տղե՛րք, կարո՞ղ էք ինց առանձին ձգել»։
Խօսքը չաւարտած, բոլորս անցած էինք սպասման սրահ…։
*
«Տիկին Անահիտի կարիք չկայ։ Անահիտը բաւարար է», կը կրկնէր միշտ, երբ իրեն կը դիմէինք տիկին-ով, իբրեւ յարգանքի արտայայտութիւն: Հիմա, երբ կողակից եւ զաւակներ հողին յանձնելէ ետք, ինքն ալ ահաւասիկ գրեթէ քառասուն օրէ ի վեր միացած է անոնց, ամէնայն հանգստութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ կրնանք ըսել, թէ որքան տիպար մայր մըն էր Տիկի՛ն Անահիտը, գլխագիրո՛վ Տիկին Անահիտը, բառին ամբողջական իմաստով ՄԱՅՐը։ Ան՝ որ իր զաւակներուն չափ գուրգուրանք ունէր անոնց ընկերներուն ու ընկերուհիներուն հանդէպ:
Դրուագները շատ են այս կնոջ կեանքէն։ Դրուագներ՝ որոնք ցոյց կու տան, թէ որքա՜ն համեստ, պարկեշտ, խիզախ եւ քաջասիրտ էր ան։ Տարիներ շարունակ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչին կողակիցն էր, սակայն ամբողջական «լռիկ-մնջիկ»-ութեամբ, հաւատքով, անվեհերութեամբ եւ յանդգնութեամբ կը մնար չորս զաւակի տէր ՄԱՅՐը, որ նաեւ գուրգուրանքով կը խնամէր իր կողակիցին՝ ընկեր Հրայրի հայրն ու մայրը։
Ոչ մէկ պարծանք, յոխորտանք, թէ ինք ղեկավարի մը կողակիցն է։ Այլ ընդհակառակը՝ զոհողութիւն եւ անսպառ զոհողութիւն, լուսարձակներէ խուսափում, մանաւանդ Աթէնքի մէջ այն հալ ու մաշ ընող օրերուն, երբ տարիներ շարունակ անկողինի ծառայած իր ամուսնոյն կողքին մնաց ու խնամեց զայն՝ մինչեւ անոր վերջին շունչը։
Անաչառ ու արդարամիտ Տիկին Անահիտը, իր բառերով՝ Անահիտը, տարիներ շարունակ գործեց Պէյրութի Ամերիկեան հիւանդանոցի տարրալուծարանի բաժանմունքին մէջ։ Նոյնիսկ պատերազմի դաժան օրերուն, ան հետեւողական ձեւով եւ առանց բացակայելու կը փութար իր գործատեղին ու կը գործէր։ Ան սիւներէն էր այդ դաժան օրերուն այդքա՛ն պահանջկոտ դարձած կառոյցին։
Անդորրութեան խախտո՞ւմ, անապահովութի՞ւն, ռմբակոծո՞ւմ․․․ Իրեն համար երկրորդական էին։ Ան պէտք էր հասնէր իր գործատեղին եւ ծառայէր։ Երբ կը փորձէինք զինք զգուշացնել, թէ խոհեմութիւն չէ այդ պայմաններուն մէջ վտանգը «աչք առնել» ու ճամբայ դուրս գալ, թեթեւ ժպիտով մը կը պատասխանէր․ «Մանաւանդ այս դաժան պայմաններո՛ւմ զինեալներ պէտք ունեն մեզ»։
Դասական երաժշտութեան սիրահար, իւրայատուկ էր տիկին Անահիտին ճաշակը։ Ան ակնածանքով կ՛ունդրէր ու կ՛ըմբոշխնէր եզակի գործեր՝ Չայքովսքիէն, Փըրսելէն ․․․եւ յատկապէս Էլկարէն։
*
…Պոսթըն, 23 Դեկտեմբեր 2003:
Ժամ մը ետք դիարանին դուռը բացուեցաւ եւ սեւազգեստ, սեւ ակնոցով եւ վզնոցով, աչքերն ու յօնքերը լայնատարած սեւ ակնոցով ծածկած Տիկին Անահիտը դուրս եկաւ եւ հազիւ լսելի ու ցած ձայնով ըսաւ․ «Տղե՛րք․․․կրնա՛ք մուտք գործել։ Շնորհակալութիւն»։
Ոչ մէկ արձագանգ, զրոյց եւ խօսակցութիւն։ Այդպէս էր մթնոլորտը նաեւ ինքնաշարժին մէջ, երբ զինք բնակարանը կը տանէինք:
*
Երեւան, 8 Մայիս 2023․․․: Գոյժը տարածուած էր։ Ճակատագիրը անարդար եղած էր իրեն հանդէպ։ Հիմա հասած էր այն վերջին հանգրուանը, որուն սեւեռած էր տարիներ շարունակ, այն օրերէն՝ երբ հողին յանձնած էր կողակից, երեք զաւակներ, հարազատներ․․․։
Այսպէ՛ս անդենական մեկնեցաւ Տիկին Անահիտը․․․իր թոռնիկներուն շատ սիրելի «մեծիկ»-ը՝ ՄԱՅՐը։
Մասաչուսէց – Ա․Մ․Ն