– 10 յունիս 2023-ի առաւօտուն Արամ Ա. վեհափառ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Օնթարիոյի մէջ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հետեւելով կաթողիկոսին 2023 տարուան հռչակագիրին` Թորոնթոյի մէջ եւս կազմակերպուած էր «Սփիւռք» աշխատանքային հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծուեցաւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է վերակազմաւորել սփիւռքը: Աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր քաջալերել ինքնաճանաչողութիւնն ու երկխօսութիւնը` սփիւռքին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք այդ մարտահրաւէրները յաղթահարել:
Հանդիպման աւարտին առիթ տրուեցաւ, որ միութիւններու ներկայացուցիչները իրենց հարցումները ուղղեն կաթողիկոսին:
Նոյն օրը երեկոյեան Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ` ի պատիւ կաթողիկոսին:
Գրիգոր Պէպէճեան արտասանեց բացման խօսքը: Ճաշկերոյթի ընթացքին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ:
Ապա Օնթարիոյ նահանգի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեան կարդաց Օնթարիոյի վարչապետին բարի գալուստի խօսքը` ուղղուած վեհափառին:
Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան բարի գալուստ մաղթեց կաթողիկոսին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կամաւոր աշխատեցան ճաշկերոյթի յաջողութեան համար:
Ճաշկերոյթին ընթացքին գնահատուեցան անոնք, որոնք երկար տարիներ ծառայած են Թորոնթոյի համայնքին: Վեհափառ հայրապետին ձեռամբ «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշանին արժանացան` Վազգէն Թերզեան, Արմէն Կէտիկեան, Օսիկ Մխսիարթինեան, Ժիւլիեթ Ճանպազեան եւ Ժիւլիեթ Սարգիսեան: «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին արժանացան` Սիլվա Փայիլեան, Յասմիկ Պապեան եւ Ալիս Շիթիլեան:
Գնահատելով աշխատողներն ու պարգեւատրեալները` Արամ Ա. իր խօսքին մէջ շեշտեց պատկանելիութեան կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ իւրաքանչիւր հայ պէտք է ունենայ պատկանելիութեան խոր ու ամուր գիտակցութիւն: «Ես կ՛ուզեմ երեք բառերու մէջ խտացնել մեր հայութիւնը` ճանչնալ, փոխանցել եւ մասնակցիլ: Ինքնաճանաչողութիւնը կարեւոր է մեզի համար: Պատմութեան պէտք է նայինք, ճանչնանք մեր անցեալը եւ փոխանցենք նոր սերունդին: Իսկ այս բոլորին կողքին, պէտք է հայութիւնը ապրինք` մեր մասնակցութիւնը բերելով հայ կեանքէն ներս», ըսաւ ան:
– Ուրբաթ, 9 յունիս 2023-ի երեկոյեան Քեմպրիճի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ` ի պատիւ կաթողիկոսին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ցոլեր Փանոսեանը: Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ ներկաներուն:
Ճաշկերոյթին նաեւ գնահատուեցան անոնք, որոնք երկար տարիներէ կը ծառայեն Քեմպրիճի համայնքին: Վեհափառ հայրապետին ձեռամբ «Կիլիկեան իշխան»-ի շքանշանին արժանացաւ Կարօ Փոսթաճեանը, իսկ «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշանին` Վրէժ Գասամանեանը:
Կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ շեշտեց աւանդութեան պահպանման կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ այդպիսով պահած կ՛ըլլանք նաեւ մեր ինքնութիւնը:
Նոյն օրը երեկոյեան հայրապետական թափօրը` եկեղեցականաց, սարկաւագաց եւ դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի Քեմպրիճի մասնաճիւղի սկաուտներու առաջնորդութեամբ հասաւ Ս. Նշան եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք: Եկեղեցական արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ աջահամբոյր` «Փոսթաճեան» սրահին մէջ:
– Հինգշաբթի, 8 յունիս 2023-ի առաւօտուն կաթողիկոսը Թորոնթոյէն ուղղուեցաւ դէպի Նիակարա Ֆոլզ` ընկերակցութեամբ Քանատայի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին, Ազգային վարչութեան համաատենապետ Գրիգոր Մահսերեճեանին եւ դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանին:
Սահմանին վրայ ան դիմաւորուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանին եւ շրջանի ազգայիններուն կողմէ:
Անոնք ուղղուեցան Նիակարա Ֆոլզի գերեզմանատուն, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` տեղի հայ համայնքի ննջեցեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար: Ապա հայրապետը այցելեց քաղաքին Ս. Յակոբ եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ համայնքի զաւակներուն կողմէ. հոն տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք, որուն յաջորդեց ճաշ` համայնքի զաւակներուն հետ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում, որմէ ետք կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնեց ներկաներուն եւ յիշեց Նիւ Եորքի մէջ իր ուսանողութեան օրերուն յաճախակի առիթներով տուած իր այցելութիւնները Նիակարա Ֆոլզի համայնքին: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ հակառակ հայոց լեզուի նահանջին` հայկական աւանդութիւնները միշտ վառ կը մնան համայնքի զաւակներուն մէջ, դրական երեւոյթ մը, որուն ականատեսը դարձանք գաղութին կողմէ գեղեցիկ յայտագիրին ներկայացումով:
Իր շքախումբին հետ շրջելէ ետք Նիակարա Ֆոլզի ամերիկեան եւ քանատական կողմերը, հայրապետը մեկնեցաւ Քեմպրիճ, Քանատա:
– 7 յունիս 2023-ի երեկոյեան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք` ներկայութեամբ միջեկեղեցական հետեւեալ կրօնական պետերուն` Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Անպա Մինա եպիսկոպոս, Քանատայի Անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդ Լինտա արք. Նիքըլս, Հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւ Եղիա ծ. վրդ. Քիրէճեանը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ համայնքի հոգեւոր հովիւ Զարեհ Ա. քհնյ. Զարկարեան, ինչպէս նաեւ` Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ Անկլիքան եկեղեցւոյ քահանաներ ու սարկաւագներ:
Երկլեզու իր պատգամին մէջ կաթողիկոսը նշեց, որ պատմութեան բազմաթիւ փուլերու եկեղեցիներուն միջեւ բաժանումներ պարտադրուած եղած են, սակայն եկեղեցիներուն միութիւնը իր ամուր արմատները ունի Աստուծոյ Որդիին մէջ, որուն ամրապնդումը պէտք է ա՛լ աւելի ուժեղացնել եւ ապրիլ մեզի պարգեւուած այդ շնորհքով: Խօսքը ուղղելով եկեղեցւոյ զաւակներուն` ան անգամ մը եւս ընդգծեց, որ եկեղեցին գոյութիւն ունի յանուն ժողովուրդի ծառայութեան, եւ ա՛յդ է եկեղեցւոյ առաքելութեան նպատակը. «Քրիստոս ըսաւ` Ես եկայ աշխարհ ո՛չ թէ ծառայութիւն ստանալու, այլ` ծառայելու»: Առ այդ, կաթողիկոսը վերաշեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յանձնառութիւնը հայրենիքին ծառայութեան ու ըսաւ. «Մենք պատրաստ ենք ծառայելու մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին, Արցախին` մասնակից դառնալով այն բոլոր աշխատանքներուն, որոնց նպատակը մեր հայրենիքին, Արցախին, ժողովուրդին ընդհանրական շահերուն կենսագործումն է, մեր կեցուածքներուն առաւե՛լ ամրապնդումն է»: Եկեղեցական արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ աջահամբոյր` Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ:
– Երեքշաբթի, 6 յունիս 2023-ի առաւօտուն Արամ Ա. այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպանատուն:
Դեսպան Ֆատի Զիատէ նախ բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր, որ ընդառաջեց ու այցելեց Օթաուայի մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպանատուն:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ներքաղաքական հարցեր եւ տիրող տնտեսական ճգնաժամը:
Նոյն օրը կաթողիկոսը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ հիւրընկալուեցաւ դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի ու դեսպանատան անձնակազմին կողմէ:
Դեսպանին բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան խօսքէն ետք Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Տարբեր մօտեցումները պէտք չէ շփոթել մեր միասնականութեան հետ: Տարբերութիւններ կան, սակայն հիմնական եւ ընդհանրական հարցերու շուրջ պէտք է մեր ժողովուրդը իր հաւաքական կամքը արտայայտէ»:
«Այդ սկզբունքով է, որ կը գործէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը: Մենք որպէս Հայաստանի քաղաքացի` նոյն կամքը կ՛արտայայտենք», եզրակացուց դեսպանը:
– Երկուշաբթի, 5 յունիս 2023-ի առաւօտուն կաթողիկոսը այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան հիւպատոսարան եւ հիւրընկալուեցաւ հիւպատոս Անթուան Իտի կողմէ:
«Լիբանանի մէջ հայ ժողովուրդը յատուկ տեղ ունին լիբանանցի ժողովուրդին համար: Հայ ժողովուրդը նաեւ եղած է Լիբանանի պատմութիւնը կերտող ժողովուրդներէն մէկը եղած է», ըսաւ հիւպատոսը:
Կաթողիկոսը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւպատոսին, որ այս մօտեցումը ունի հայ ժողովուրդին նկատմամբ: «Լիբանանցի ժողովուրդը Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիները ընդունեցին իրենց երկրին մէջ եւ երբեք խտրութիւն չդրին: Լիբանանահայութիւնը` որպէս Լիբանանի քաղաքացի, բոլոր դժուարութիւններէն հեռու չմնաց, մասնակից դարձաւ, թէ՛ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն եւ թէ Լիբանանի ամէնէն փայլուն շրջանին իրենց ներդրումը ունեցած են», ըսաւ ան:
Անդրադարձան Լիբանանի տնտեսական արդի դժուարութիւններուն:
– 5 յունիսի երեկոյեան Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի «Բասդրմաճեան» սրահին մէջ կայացաւ հանդիպում Մեծն Մոնրէալի մէջ գործող գործակից միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Հետեւելով վեհափառ հայրապետի 2023 տարուան հռչակագիրին` կազմակերպուած էր «Սփիւռք» աշխատանքային հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծուեցաւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է վերակազմաւորել սփիւռքը: Աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր քաջալերել ինքնաճանաչողութիւնն ու երկխօսութիւնը` սփիւռքին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին եւ որոնել մարտահրաւէրները յաղթահարելու միջոցներ:
Բաբգէն արք. Չարեան բացումը կատարեց աշխատանքային հանդիպման` ներկայացնելով Քանատայի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի գործունէութիւնը` «Սփիւռքի տարի» հռչակման առթիւ:
Վեհափառը ուրախութիւն յայտնեց գործակից միութիւններու պատասխանատուներուն, ներկայացուցիչներուն, մանաւանդ` երիտասարդ պատասխանատուներուն հետ հանդիպելու առիթին համար. «Ես կը հաւատամ, որ երիտասարդներն են, որոնք պիտի դիմագրաւեն շատ մը մարտահրաւէրներ: Պէտք է զանոնք առաւել եւս ներգրաւել եւ ոչ թէ զանոնք պահել հանդիսատեսի դիրքին վրայ», ըսաւ ան եւ շեշտեց կարեւորութիւնը ինքնաճանաչողութեան եւ մէկ ըլլալու գաղափարին` յայտնելով, որ այդպիսով կարելի է տեսնել ճշմարտութիւնը: «Պէտք է պատշաճեցնենք եւ բարեփոխենք մեր մօտեցումները եւ այդպիսով տեսնել այսօրուան սփիւռքին դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Պէտք է մենք զմեզ միացնենք մեր ապրած շրջանակին մէջ, բայց պէտք է նաեւ ամուր պահենք մեր ինքնութիւնն ու մշակոյթը», թելադրեց ան:
– Կիրակի, 4 յունիս 2023-ի երեկոյեան Մոնրէալի «Փլազա Վոլարէ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, որուն հանդիսավարն էր Արազ Եաղճեանը: Ճաշկերոյթի ընթացքին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուցին Յասմիկ Գասպարեանը եւ Խաչատուր Ղազարեանը:
Ապա Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Յարութիւնեան եւ Բաբգէն արք. Չարեան բարի գալուստ մաղթեցին վեհափառ հայրապետին եւ արտասանեցին իրենց խօսքերը:
Ճաշկերոյթին գնահատուեցան անոնք, որոնք երկար տարիներէ կը ծառայեն Մեծն Մոնրէալի համայնքին համար: Վեհափառ հայրապետին ձեռամբ «Կիլիկեան իշխան»-ի շքանշան ստացան` Շաքէ Կէօնճեան, Մանուկ Չուխաճեան, «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշան` Ժան Մկրտիչեան, Վիգէն Սարգիսեան, Լեւոն Պէնկեան, Հերմինէ Մանուկեան, Յակոբ Լախոյեան, իսկ «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշան` Մհեր Գարագաշեան, Թորոս Պապիկեան եւ Տիքի Թորիկեան:
Կաթողիկոսը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց բոլոր շքանշանակիրներուն` անոնց ունեցած երկար ծառայութեան համար: «Ինչ որ Անթիլիասի մէջ կը կատարուի, մեր գաղութներուն եւ համայնքներուն ծառայութիւնն է: Փա՛ռք Աստուծոյ, որ գործակից բոլոր միութիւններու եւ հաստատութիւններու նպատակն ալ նոյնն է` ծառայել մեր գաղութներուն»:
Հովուապետը իր մտահոգութիւնը յայտնեց մեր գաղութներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ. «Մեր հաստատութիւնները ինքնաքննութենէ անցնելով` պէտք է իրականութեան յարմարին եւ ի հարկին փոփոխութիւն կատարեն», ըսաւ ան եւ խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան` շեշտեց. «Մեր երիտասարդութիւնը միայն մեր ապագան չէ, այլ` մեր ներկան»: Աւարտին ան միութեան կոչ ուղղեց` մանաւանդ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի համար: