Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

Յունիս 15, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

«Միասնաբար Արցախի Համար» Խորագիրով Երթ Կլենտէյլի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ երիտասարդական դաշնակցութեան, հովանաւորութեամբ եւ աջակցութեամբ համայնքային տարբեր կազմակերպութիւններու, 1 յունիսին Լոս Անճելըսի հայ համայնքի հարիւրաւոր անդամներ համախմբուեցան Կլենտէյլի մէջ` հայրենիքի տարածքային ամբողջականութեան եւ Արցախի անկախութեան համար: Մասնակիցները Կլենտէյլի կեդրոնական գրադարանէն ուղղուեցան դէպի Հայաստանի  հիւպատոսարան:

Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առին համայնքային ներկայացուցիչներ, որոնք դատապարտեցին Արցախի ժողովուրդը ազերի ցեղասպան վարչակարգին դիմաց մինակ եւ անպաշտպան ձգելու Փաշինեանի պարտուողական քաղաքականութիւնը:

Ֆրանսա

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 105-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ

* Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին, Մարսէյի մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Ա.  Հանրապետութեան  հիմնադրութեան 105-ամեակը: Այս առիթով ՀՅԴ Մարսէյի շարքերուն միացան 9 նորագիրներ, որոնք տուին դաշնակցականի իրենց երդումը` կնքահայրութեամբ կոմիտէի ներկայացուցիչ Սագօ Աֆարեանի:

Մայիս 28-ի ժողովրդային ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ շուրջ 600 հոգի: Կոմիտէին անունով խօսք առին Լենա Արապօղլեան եւ Քրիստ Չոփուրեան, որոնք նշեցին մայիսեան յաղթական ոգիի ու կամքի անհրաժեշտութիւնը այսօրուան մեր ազգային թէ պետական կեանքին մէջ: Ապա 22 պատանիներ տուին իրենց խոստումը` կնքահայրութեամբ Պրիժիթ Մարքոյեանի:

Երեկոյին գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ երգիչ Ժոզեֆ Գրիգորեան:

* 30 մայիսին Համազգայինի Մարսէյի ճեմարանին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Ա.  Հանրապետութեան  հիմնադրութեան 105-ամեակը: Առաւօտուն տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որուն ընթացքին աշակերտութիւնը երգեց Հայաստանի, Ֆրանսայի եւ Համազգայինի Ճեմարանի քայլերգները, որմէ ետք խօսք առաւ քաղաքապետարանի ներկայացուցիչ Եանիք Օհաննէսեան:

Աւարտական դասարանի աշակերտները կարդացին հայ բանաստեղծներու գործերէն հայերէն եւ ֆրանսերէն կտորներ` նուիրուած անկախութեան ու եռագոյնին, որմէ ետք աշակերտները երգեցին «Հայեր, միացէ՛ք» երգը, իսկ 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտները ասմունքեցին Անդրանիկ Ծառուկեանի` եռագոյնին նուիրուած հատուածը:

Արարողութիւնը եզրափակուեցաւ «Սարդարապատ»-ի երգեցողութեամբ:

Յայտնենք, որ ամբողջ օրուան ընթացքին աշակերտները ունեցան նախաձեռնութիւններ եւ գեղարուեստական յայտագիրներ` անկախութեան բնաբանով:

Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի Բարերար Մարիոն Տատիքեանի Յիշատակին

Վերջերս Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի ընտանիքը կորսնցուց իր առատաձեռն բարերարներէն Մարիոն Տատիքեանը:

Մարիոն եւ Ժան Տատիքեան ամոլը երկար տարիներէ ի վեր իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը կը  տրամադրեն դպրոցի շինարարական ու բարգաւաճման աշխատանքներուն: Անոնք նաեւ  Հայաստանի մէջ կը հովանաւորեն մանկատուն մը, 2020-ի արցախեան պատերազմէն ի վեր կ՛աջակցին Հայաստանի մէջ  գտնուող Զինուորի տան, ինչպէս նաեւ` Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներուն:

Առ այդ, յարգելու համար Մարիոն Տատիքեանի յիշատակը, 6 յունիսին ճեմարանի տնօրէնութիւնը, վարչութիւնը, ուսուցչական կազմը, պաշտօնէութիւնը եւ աշակերտութիւնը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի ներկայացուցիչը, ներկայ էին ճեմարանի բակին մէջ, ուր յատուկ  արարողութեամբ դրօշակները վար առնուեցան` իբրեւ սուգի արտայայտութիւն: Ապա վարչութեան ատենապետ Ժիլպեր Մարքոյեան արտասանեց իր սրտի խօսքը ու շեշտեց հանգուցեալին  հոգածութիւնն ու սէրը դպրոցին ու անոր բարգաւաճման նկատմամբ:

Ապա մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ Մարիոն Տատիքեանի յիշատակը:

Կիպրոս

Մշակութային Երեկոյ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի Դասախօսութեամբ` «Սփիւռք, Հայապահպանում Եւ Ամբողջական Մշակոյթ»

Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» մասնաճիւղի «Մշակութային երեկոյ»  յաջորդական ծրագիրներուն շարքին այս եղանակի վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 9 յունիս 2023-ին:

Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանի հակիրճ բացման խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս, Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը, որ ներկայացուց «Սփիւռք, հայապահպանում եւ ամբողջական մշակոյթ» նիւթը:

Դոկտ. Ճէպէճեան իր նիւթը սկսաւ նախ ներկայացնելով մշակոյթ հասկացողութիւնը եւ անոր բաղադրիչ մասերը` դրուատելով ամբողջական մշակոյթի կազմաւորումը եւ հասկացողութիւնը հաւաքականութեան մը կեանքի համար: Ան ապա անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան պատճառած մեծ աղէտներէն մէկուն` հայուն ամբողջական մշակոյթի կորուստին, երբ հայ ժողովուրդը իր պապենական հողէն տեղահան ըլլալով` կորսնցուց իր ազգային հողին վրայ ապրելու իր ինքնուրոյն կենցաղը:

Ճէպէճեան խօսեցաւ հայկական սփիւռքներու կազմաւորումին մասին` առաջին օրերէն հասնելով ներկայ ժամանակները: Այս իմաստով ան ներկայացուց հայկական սփիւռքներու բարդ խճանկարները այսօր` օրինակներ բերելով իր երկար տարիներու ճամբորդութիւններու փորձառութենէն, երբ այցելած եւ տեսած է շատ մը հայկական գաղութներ: «Հայկական սփիւռքները տարբեր են, բայց օտարներ չեն»,  ըսաւ ան:

Անդրադառնալէ ետք ներկայ ժամանակներու համաշխարհային կարգավիճակներուն` Հ. Ճէպէճեան իր խօսքի վերջաւորութեան խօսեցաւ հայապահպանումի մեծ մարտահրաւէրներուն մասին: «Մենք հայապահպանումի մեծ պատերազմի մէջ ենք սփիւռքի մէջ: Իւրաքանչիւր գաղութ իր ճակատամարտը կը մղէ այս իրականութեան մէջ», ըսաւ ան: Դասախօսը շեշտեց դաստիարակութեան կարեւորութիւնը նոր սերունդին համար ու անհրաժեշտութիւնը` սերմանելու հպարտութիւնը հայկական ինքնութեան եւ մշակութային մեծ ժառանգի գիտակցութեան մէջ: Ան քաջալերեց ներկաները` լիցքաւորուելու «դրական ուժով» եւ լաւատեսութեամբ:

Յայտագիրը վերջ գտաւ Նառա Սարդարեանի եւ երիտասարդ երգիչ Գարիկ Մալխասեանի ելոյթով, անոնք գեղեցիկ կերպով կատարեցին Մեծն Կոմիտասի գործերէն ընտրանի մը:

Փակելով երեկոն` Արթօ Դաւիթեան շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագրի մասնակիցներուն եւ դասախօսին:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. Աղին Խորհուրդը Հայերուս Մէջ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?