Պոլոժենիա Հրապարակում Եւ Բաղդասար
Մետրոպոլիտ` Արցախի Առաջնորդ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի կաթողիկոսի հրաժարականէն ետք Յովհաննէս եպիսկոպոս Կարբեցի Էջմիածնի միաբանութեան կողմէ առաջադրուեցաւ իբրեւ կաթողիկոսութեան թեկնածու:
Կաթողիկոսական ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ 1831 մարտ 20-ին, կառավարութեան կողմէ մշակուած «Կանոններ ընտրութեան մասին» փաստաթուղթի հիման վրայ: Յովհաննէս եպիսկոպոս Կարբեցի ընտրուեցաւ կաթողիկոս ամենայն հայոց:
Նիկոլայ Ա. կայսր 30 յունիս 1831-ին յատուկ հրովարտակով վաւերացուց ընտրութիւնը:
Յովհաննէս կաթողիկոս Կարբեցի ծնած էր 1762-ին, Արագածոտնի Կարբի գիւղին մօտակայ Օհանաւան գիւղը: Ուսումը ստացած էր Մուղնիի եւ Էջմիածնի Ժառանգաւորաց դպրոցներուն մէջ: Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած էր Ղուկաս Ա. Կարնեցի կաթողիկոսին օրով: Դանիէլ Ա. Սուրմառեցի կաթողիկոսին ձեռամբ 1807-ին եպիսկոպոս օծուած էր:
Կովկասի նոր կառավարչապետ Գրիգորի Ռոզէն վաշտ մը զինուոր, թնդանօթներ եւ խումբ մը նուագածուներ Էջմիածին ուղարկեց եւ հրամայեց օծման արարողութիւնը շքեղ եւ փառաւոր կատարել:
Կաթողիկոսական օծումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 8 նոյեմբեր 1831-ին, Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ:
Հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին զինուորական ամբողջ վաշտը միանուագ հրացան արձակեց, եւ թնդանօթի հարիւրմէկ հարուածներ արձակուեցան:
Յովհաննէս Ը. Կարբեցի առաջին կաթողիկոսն էր, որուն թուահամար տրուեցաւ` իբրեւ Յովհաննէս Ութերորդ: Միաժամանակ ընդունուեցաւ նախորդ կաթողիկոսները թուահամարով տարբերակելու սկզբունքը:
Եփրեմ Ձորագեղցի մնաց Էջմիածին` «երիցագոյն սրբազնասուրբ կաթողիկոս» կոչումով: Ան վախճանեցաւ 1835-ին:
* * *

Ղարաբաղի գաւառի կառավարման հարցը ռուսական կառավարութեան կողմէ կրկին քննարկման առարկայ դարձաւ 2 փետրուար 1834-ին:
Անդրկովկասի կառավարման յանձնախումբի քննարկման ներկայացուած` պատերազմական նախարար Չերնիշեւի «Ռուսական կայսրութեան հիմնական դրոյթներու նախագիծ»-ի ծրագրային գրութեան մէջ կ՛առաջարկուէր Ռուսաստանի անդրկովկասեան շրջանները այսուհետեւ կոչել Անդրկովկասեան Ռուսաստան:
Անդրկովկասեան Ռուսաստան իր կարգին պէտք է բաժնուէր քրիստոնէական եւ իսլամական հատուածներու, համապատասխանաբար` Արեւմտեան եւ Արեւելեան նահանգներու:
Յաջորդ` 12 մարտ 1834-ի քննարկման ժամանակ ներքին գործոց նախարար Բլուդով առաջարկեց, որ Արեւմտեան` քրիստոնէական նահանգին մէջ պէտք է մտնէին Վրաստանը, Իմերեթիան, Մենկրելիան, Հայկական մարզը եւ Ախալցխան: Ղարաբաղը իսլամական գաւառներուն հետ պէտք է մտնէր Արեւելեան նահանգին մէջ:
Այնուհետեւ, 16 հոկտեմբեր 1834-ի կառավարական նիստի ժամանակ քրիստոնէական նահանգը կոչուեցաւ Սեւծովեան, իսկ իսլամականը` Կասպիական:
Կասպիական նահանգը կազմուած պիտի ըլլար երկու մարզերէ` Տաղստանի (Տաղստան եւ Ղուբա) եւ Կուրի: Կուրի մարզին մէջ պիտի մտնէին Ղարաբաղ, Շաքի, Շամախի եւ Թալիշ գաւառները:
Արցախի հայութեան ազգային ինքնութիւնը ոտնահարող այս նախագիծը բարեբախտաբար յաջողութիւն չունեցաւ եւ չիրականացաւ:
* * *
«Անդրկովկասի իսլամական գաւառներու կանոնադրութեան ընդհանուր նախագիծ»¬ը կազմուեցաւ 1835¬ին: Նախագիծի առաջին գլուխին մէջ կը յստակացուէր «իսլամական գաւառներ» անուանումը: «Անդրկովկասի իսլամական գաւառներ անուան տակ պէտք էր հասկնալ նախկին խանութիւնները` Ղարաբաղի, Շաքիի, Շիրվանի, Թալիշի, Դերբենդի եւ Պաքուի, եւ Ղուբայի խանութիւնը` Քարաքայթաքի եւ Թաբասարանի հետ»:
Ասիկա կը նշանակէր, որ «իսլամական գաւառներ» անուան որոշման համար ոչ պատմական, ոչ ալ ազգագրական բաժանում նկատի առնուած էր, այլ ուղղակի իրականացուած էր նախապէս գոյութիւն ունեցող աշխարհագրական բաժանման սկզբունքը, որուն հետեւանքով իսլամական գաւառներուն մէջ արհեստականօրէն մտցուած էր Ղարաբաղի գաւառը:
Ռուսական քաղաքականութիւնը ամէն կերպով կը խուսափէր ազգագրական կեդրոնացումներէն եւ կը ջանար պահպանել բնակչութեան խառն կազմը:
Նախագիծին համաձայն, իսլամական գաւառները պէտք է բաժնուէին երկու մարզի, որոնցմէ առաջինին մէջ կը մտնէին Ղարաբաղի, Շաքիի եւ Շիրվանի գաւառները, իբրեւ կեդրոն ունենալով Շամախի քաղաքը: Մարզերը իրենց կարգին շրջաններու կը բաժնուէին, որոնք պիտի ունենային իրենց շրջանային քաղաքները: Ղարաբաղի շրջանային քաղաքը պիտի ըլլար Շուշին:
«Իսլամական գաւառներու կառավարման կազմակերպման» ծրագիրը ստանալով, Կովկասի կառավարչապետ Ռոզէն անհրաժեշտ նկատեց գաւառները շրջաններու բաժնել:
Ռոզէն 9 նոյեմբեր 1835¬ին իսլամական գաւառներու եւ Թալիշի խանութեան կառավարիչ զօրավար Կրաբբէէն պահանջեց ներկայացնել Ղարաբաղի բաժանման նախագիծը` «որքան կարելի է, շրջաններու փոքր թիւով»` գոյութիւն ունեցող տասնչորս մահալներու փոխարէն: Շրջանային բաժանման իբրեւ հիմք առաջարկուեցաւ ընդունիլ երեք գործօն. բնակչութեան թիւը, տեղական յարմարութիւնները եւ աշխարհագրական դիրքը:
Կրաբբէ 12 դեկտեմբեր 1835¬ին Ռոզէնի ուղարկեց Ղարաբաղի գաւառի շրջանային բաժանման պահանջուած նախագիծը, որ կազմուած էր Ղարաբաղի պարէտ փոխգնդապետ Ստեփանովի կողմէ:
* * *

Նիկոլայ Ա. կայսր 11 մարտ 1836¬ի հրամանագիրով հաստատեց Պոլոժենիան («Բարձրագոյն կարգադրութիւն յաղագս կառավարութեան գործոց Գրիգորեան հայոց եկեղեցւոյ Ռուսաստան»):
Պոլոժենիայի ռուսերէն վերտառութեան մէջ օգտագործուած «Գրիգորեան հայոց եկեղեցի» արտայայտութիւնը (հայերէն վերտառութիւնը` լուսաւորչական հայոց եկեղեցի) կը հակասէր հայ եկեղեցւոյ էութեան, ծագման եւ աւանդութեան:
«Թագաւոր կայսեր ամենաողորմած հովանաւորութեան» ներքեւ հայ եկեղեցւոյ դաւանանքը կը հռչակուէր ազատ:
Հայ եկեղեցին կը վայելէր կայսերական հովանաւորութիւն «հաւասար այլոց օտարազգի» դաւանութիւններու, կրնար տիրել իր անշարժ կայքին եւ ստանալ նորերը, եկեղեցականներ ազատօրէն կրնային պաշտամունք կատարել, ազատ էին հարկատուութենէ եւ ընտանիքով ու սերունդներով մարմնական պատիժներու չէին ենթարկուեր:
Կաթողիկոսը կը ճանչցուէր հայ եկեղեցւոյ գլխաւոր կառավարիչ ու վերին տեսուչը եւ կը պահպանէր ու կը վայելէր իր աւանդական տիտղոսները` ամենայն հայոց կաթողիկոս եւ ծայրագոյն պատրիարք:
Կաթողիկոսը կ՛ընտրուէր ամբողջ հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն կողմէ, համազգային ընդհանուր ժողովի ընթացքին, աշխարհիկ եւ հոգեւոր պատգամաւորներու քուէներով: Համազգային ժողովը կրնար առաջադրել երկու թեկնածու, որոնցմէ մէկը, արժանանալով ամենաողորմած թագաւոր կայսեր հաստատութեան, կը դառնար կաթողիկոս:
Կաթողիկոսին կը պատկանէր դաւանական ու պաշտամունքային խնդիրներու վերաբերեալ վճիռներ արձակելու, միւռոն օրհնելու, եպիսկոպոսներ ձեռնադրելու, ընդհանրական թուղթեր հրատարակելու եւ իր հայեցողութեամբ վանական գործերը տնօրինելու իրաւունքը:
Սինոտը, կաթողիկոսի նախագահութեամբ, բաղկացած` մնայուն կերպով Էջմիածնի մէջ բնակող չորս եպիսկոպոսէ եւ չորս վարդապետէ, կը վճռէր այն բոլոր գործերը, որոնք կը վերաբերին հաւատոյ վարդապետութեան, եկեղեցւոյ պաշտամունքներուն ու ծէսերուն: Սինոտը կ՛ունենար իր պրոկուրորը, որ կը նշանակուէր բարձրագոյն հրամանով, կառավարութեան կողմէ:
Ռուսական կայսրութեան տարածքին գտնուող հայաբնակ շրջանները կը բաժնուէին վեց թեմերու` Երեւանի, Ղարաբաղի, Վրաստանի, Շամախիի, Նոր Նախիջեւան-Պեսարապիոյ եւ Աստրախանի:
Թեմակալ առաջնորդները կը նշանակէր եւ կ՛արձակէր թագաւոր կայսրը:
Թեմերուն մէջ կը ստեղծուէին հոգեւոր ատեաններ (կոնսիստորիաներ)` չորսական անդամներով (մէկ վարդապետ եւ երեք քահանայ): Իւրաքանչիւր թեմ կրնար ունենալ մէկ թեմական դպրոց:
* * *
Բաղդասար եպիսկոպոս Հասան Ջալալեան Աղուանից վերջին կաթողիկոս եւ Արցախի առաջին մետրոպոլիտ Սարգիս արքեպիսկոպոսի եղբօր` Դանիէլ բէկի որդին էր: Ծնած էր 12 յունուար 1775¬ին:
Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խանի բռնութիւններուն ժամանակ Բաղդասար տակաւին մանուկ էր: Խանը 1787¬ին Շուշիի բանտին մէջ թունաւորելով սպաննել տուած էր Յովհաննէս կաթողիկոսը: Հասան Ջալալեանները հեռացած էին Արցախէն եւ գացած Գանձակ, եւ Բաղդասար միացած էր անոնց:
Դանիէլ բէկ եւ Ջալալ բէկ Հասան Ջալալեան եղբայրները իրենց եղբայր Սարգիս եպիսկոպոսի թելադրանքով 1791¬ին Գանձասար վերադարձած էին, վանքին գանձերը Գանձակ փոխադրելու համար, բայց բռնուած եւ սպաննուած էին Իպրահիմ Խալիլ խանի մարդոց կողմէ:
Բաղդասար Գանձակ մնացած եւ Ջաւադ խանի պաշտպանութիւնը վայելած էր: Ջաւադ խան զմայլած էր անոր յափշտակիչ ձայնէն:
Բաղդասար 1796¬ին սարկաւագ եւ 1798¬ին ալ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ իր հօրեղբայր Սարգիս կաթողիկոսի ձեռամբ:
Բաղդասար վարդապետ եւ Սարգիս կաթողիկոս 1798¬ին Գանձակէն Թիֆլիս տեղափոխուեցան եւ վրաց Գէորգի ԺԲ. թագաւորին կողմէ պատիւներով ընդունուեցան:
Էջմիածին այցելութեան ժամանակ Բաղդասար վարդապետ Ղուկաս Ա. Կարնեցի կաթողիկոսէն փիլոն եւ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան ստացաւ:
Բաղդասար ծայրագոյն վարդապետ եւ հօրեղբայրը` կաթողիկոսութենէ հրաժարած Սարգիս արքեպիսկոպոս այնուհետեւ Հաղբատի վանքը քաշուեցան:
Ռուսական հովանաւորութեան ներքեւ Բաղդասար ծայրագոյն վարդապետ 1808¬ին Արցախ վերադարձաւ, հօրենական կալուածներուն տէր կանգնելու: Ան Գանձասարի վանքը վերանորոգեց, ցրուած միաբանները հաւաքեց, գիւղացիները ետ իրենց տուները դարձուց, գրաւուած կալուածները ազատեց, բռնաւորներէն դատաստանով ետ առաւ եւ ամէն կողմ շէնցուց ու ծաղկեցուց: Հօրեղբայրը` Սարգիս արքեպիսկոպոս Գանձասար վերադարձաւ եւ կրկին կաթողիկոսի տիտղոս առաւ, մինչեւ որ 1815¬ին ռուսական իշխանութեան կարգադրութեամբ Աղուանից կաթողիկոսութիւնը ջնջուեցաւ եւ դարձաւ մետրոպոլիտութիւն:
Մետրոպոլիտ Սարգիս արքեպիսկոպոս իր եղբօրորդին իրեն օգնական եւ յաջորդ պատրաստելու համար Էջմիածին ուղարկեց, ուր Բաղդասար 18 սեպտեմբեր 1820¬ին եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Եփրեմ կաթողիկոսի ձեռամբ:
Բաղդասար եպիսկոպոս այնուհետեւ իբրեւ օգնական վարեց մետրոպոլիտութիւնը, եւ 1828¬ին, հօրեղբօր վախճանումէն ետք Եփրեմ կաթողիկոսի կողմէ ստացաւ արքութեան եւ Արցախի ու Աղուանից երկիրներու մետրոպոլիտութեան պատիւը:
Բաղդասար արքեպիսկոպոս կարեւոր բարեկարգութիւններ կատարեց, Գանձասարի վանքի առապարներու մէջ արահետ բացաւ, մնացած վանական կալուածներն ալ ազատեց, միաբանութիւնը զօրացուց, դպրոց բացաւ եւ առաջնորդարան շինեց:
Պոլոժենիայի հրապարակումէն ետք Բաղդասար արքեպիսկոպոս, մետրոպոլիտ պատուանունով, Ղարաբաղի թեմի առաջնորդ նշանակուեցաւ: