Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհուրդ` Ալիեւին. Շարունակէ՛ Վարկաբեկել Ազրպէյճանի Հեղինակութիւնը

June 13, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Հակառակ անոր որ Ազրպէյճան 2020-ի արցախեան պատերազմը յաղթեց թրքական եւ իսրայէլեան զինամթերքով ու իսլամ վարձկան ահաբեկիչներու օգնութեամբ, նախագահ Ալիեւ կը կործանէ իր երկրին միջազգային հեղինակութիւնը:

Պատերազմի ժամանակ եւ անկէ ետք Ալիեւ իր բարբարոսական գործողութիւններով ոտնահարեց Ազրպէյճանի շահերը: Հետեւանքը այն եղաւ, որ ան ինքզինք դարձուց ատելի ու մերժուած անձ, նոյնիսկ ծիծաղի առարկայ` ամբողջ աշխարհին մէջ: Մինչ Ռուսիա իր գիրկը առած է զայն` իր քաղաքական շահերուն համար, Արեւմուտքը կը հանդուրժէ զայն, որպէսզի օգտուի ազրպէյճանական նաւթէն եւ կազէն:

Շատ ուրախ եմ, որ Ալիեւ այսքան բացասական  բաներ կ՛ընէ ո՛չ միայն հայ ժողովուրդին, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ:

Ալիեւեան չարագործութիւններու բազմաթիւ օրինակներ կան: Ահա՛ անոնցմէ քանի մը հատը.

2020-ի պատերազմին ազրպէյճանցի զինուորները կատարած են բարբարոսական գործողութիւններ, որոնք կը խախտեն միջազգային իրաւունքը, օրինակ` գերեվարուած հայ զինուորներու եւ խաղաղ բնակիչներու գլխատումը, անոնց մարմիններուն անդամահատումը, խոշտանգումը, գերիներուն` դատ-դատարանի մէջ եւ երկարաժամկէտ ազատազրկման դատապարտումը:

Խախտելով միջազգային համաձայնութիւնները` Ազրպէյճան 2020-ի պատերազմի ընթացքին օգտագործած է արգիլուած տարանջատուող եւ ֆոսֆորային ռումբեր` հայ զինուորներ սպաննելու համար:

Ազրպէյճան պարբերաբար աւերած ու աղաւաղած է հայկական մշակութային հարիւրաւոր յուշարձաններ եւ պղծած տասնեակ հայկական եկեղեցիներ Արցախի մէջ` խախտելով «զինեալ բախումներու պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» Լա Հէյի համաձայնագիրը:

Ազրպէյճան կը շարունակէ խախտել 2020-ի պատերազմի աւարտին Փաշինեանի, Ալիեւի եւ Փութինի միջեւ ստորագրուած հրադադարի պայմանագիրը: Ահա՛ քանի մը օրինակ, ինչպէս`  բազմաթիւ հայ ռազմագերիներու ազատ չարձակելը, Արցախի մէջ խաղաղ բնակիչներու վրայ կրակելը, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն որոշ հատուածներու գրաւումը, նոր հայ պատանդներ վերցնելը եւ Հայաստանին ու Արցախին` հետագայ յարձակումներով սպառնալը, եթէ անոնք չկատարեն Ազրպէյճանի ուզածները:

Ալիեւ անմարդկայնացուցած եւ սատանայի վերածած է հայերը` զանոնք բնութագրելով ստոր ածականներով, ինչպէս` «տզրուկներ» եւ «գազաններ»: 2005-ին, գերմանական պատուիրակութեան մը այցելութեան ընթացքին, Պաքուի քաղաքապետ Հաճիպալա Ապութալիպով անոր անդամներուն անամօթաբար ըսաւ. «Մեր նպատակը հայերու լիակատար ոչնչացումն է: Դուք` նացիներդ, արդէն ոչնչացուցած էք հրեաները 1930-1940-ականներուն, այդպէս չէ՞: Դուք պէտք է հասկնաք մեզ»:

Վերջին վեց ամիսներուն Ալիեւ տասնեակ մը կեղծ բնապահպան գործիչներ ուղարկած  է Լաչինի միջանցքը փակելու համար` տեղւոյն 120 հազար արցախցիները զրկելով սնունդէ եւ դեղամիջոցներէ: Այսպէս կոչուած` բնապահպանները, սակայն, աւելի նման էին ահաբեկիչներու: Այնուհետեւ Ազրպէյճան անցակէտ տեղադրեց Լաչինի միջանցքին վրայ` աւելի եւս  խախտելով 2020-ի համաձայնագիրը:

Բացի ասկէ, Ազրպէյճան նաեւ պարբերաբար կ՛անջատէ Արցախի բնակչութեան համացանցն ու ելեկտրականութիւնը` սառնամանիքի պայմաններու տակ եւս արցախցիները պահելով մեկուսացուած, մթութեան մէջ եւ առանց ջեռուցումի:

Պարզ տարանցիկ ճամբու փոխարէն, Ազրպէյճան բազմիցս կը պահանջէ միջանցք` Ազրպէյճանի արեւելեան հատուածէն Նախիջեւան անցնելու համար, ինչ որ կ՛ենթադրէ Ազրպէյճանի ինքնիշխանութիւն Հայաստանի տարածքին` խախտելով 2020-ի համաձայնագիրը: Պնդելով միջանցքին վրայ` Ալիեւ փաստացիօրէն կը յետաձգէ Հայաստանի տարածքով Ազրպէյճանի մուտքը Նախիջեւան:

Ալիեւ կը յայտարարէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքը «Արեւմտեան Ազրպէյճան» է: Ասիկա կատարեալ անհեթեթութիւն է: Մինչ Արցախն ու Հայաստանը հազարամեայ պատմութիւն ունին,  Ազրպէյճան նոյնիսկ մէկ դար առաջ գոյութիւն չունէր:

Ալիեւ ծիծաղելի խոստում մը տուած է` ըսելով, որ արցախցիները ազրպէյճանական տիրապետութեան տակ պիտի ապրին այնպէս, ինչպէս կ՛ապրին իր երկրի բոլոր միւս քաղաքացիները, որոնք սակայն նոյնպէս ճնշուած են: Արցախցիները լա՛ւ կը յիշեն Ազրպէյճանի բարբարոսական դաժան վերաբերումը իրենց հանդէպ: Ներկայ շրջափակումը արդէն իսկ ցոյց կու տայ, թէ ազրպէյճանցիք ապագային որքա՜ն աւելի վատ պիտի վերաբերին իրենց հետ:

Ալիեւ բազմիցս կոչ կ՛ընէ Հայաստանի` խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու համար Ազրպէյճանի հետ: Ազրպէյճանի կողմէ ստորագրուած որեւէ համաձայնագիր անիմաստ թուղթի կտոր է, ինչպէս որ կը տեսնենք` 2020-ի համաձայնագիրին կապուած, Ալիեւի կողմէ իրագործուող խախտումներէն:

Իրավիճակը աւելի եւս վատթարացնելով` ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիու Միլըր ողջունեց Ալիեւի խայտառակ յայտարարութիւնը այն մասին, որ ինք համաներում պիտի տայ Արցախի այն բոլոր պաշտօնեաներուն, որոնք հրաժարական կու տան: Մինչդեռ  Միլըր պէտք էր դատապարտէր Ալիեւի անընդունելի սպառնալիքները` Հայաստան եւ Արցախ ներխուժելու մասին:

Ալիեւ մերժած է համաշխարհային բազմաթիւ առաջնորդներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, Համաշխարհային դատարանին եւ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին պահանջները` ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները եւ ապաշրջափակելու Լաչինի միջանցքը:

2020-ի պատերազմէն ետք Ազրպէյճան Պաքուի մէջ հիմնեց ցեղապաշտական «Ռազմական աւարի պուրակ»` ցուցադրելով հայ զինուորներու մոմէ մոտելները` կեռ քիթերով եւ աղաւաղուած դէմքերով: Միջազգային հանրութեան բողոքներէն եւ դատապարտումներէն ետք ցուցահանդէսը փակուեցաւ:

Փետրուար 2004-ին ազրպէյճանցի զինուորական Ռամիլ Սաֆարով Հունգարիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ծրագիրով ուսուցման ընթացքին կացինով կտրեց քնացած հայ զինուորին գլուխը: Ազրպէյճանի կողմէ Հունգարիոյ քանի մը միլիառ տոլար վարկ տալու դիմաց Սաֆարով ժամանակէն առաջ ազատ արձակուեցաւ` հասկնալով, որ ցմահ բանտարկութեան մնացած մասով պատիժը կը կրէ Պաքուի բանտին մէջ: Սակայն Ալիեւ Սաֆարովը ընդունեց իբրեւ ազգային հերոս, անոր ներում շնորհեց, տուաւ գնդապետի կոչում, ձրի բնակարան եւ 8 տարուան չվճարուած ամսականները: Ասիկա Ազրպէյճանի հատուցումն է Սաֆարովի` սառնասիրտ  սպանութիւն կատարելուն համար:

Պատերազմական բոլոր այս յանցագործութիւններուն պատճառով, Ալիեւ վարկաբեկեց իր եւ Ազրպէյճանի հեղինակութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ: Միջազգային քրէական դատարանը պէտք է ձերբակալէ զայն եւ դատապարտէ իբրեւ պատերազմական յանցագործ:

Հակառակ Ալիեւի այպանելի գործողութիւններուն, համաշխարհային տէրութիւնները կը շարունակեն փակել իրենց աչքերը` անտեսելով անոր բազմաթիւ յանցագործութիւնները, կուրցած ըլլալով Ազրպէյճանի նաւթով ու կազով:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Իտալիոյ Աջակողմեան Կառավարութիւնը Կ՛ուզէ Արգիլել Օտար Բառերու Գործածութիւնը` 100.000 Եւրօ Տուգանքներով. Ասիկա Պէտք Է Օրինակելի Եւ Վարակիչ Դառնայ Հայերէնին Համար

Յաջորդը

Շուշիի Ազատագրութեան 31-Ամեակի Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 105-Ամեակի Տօնակատարութիւն

RelatedPosts

«Փոխակերպուող Հայաշխարհ». Ինչպէ՞ս Անհամաժամանակ Փոփոխութիւնները Ծառայեցնել Կենսունակ Շարունակականութիւն Ստեղծող Կարողութեան
Անդրադարձ

«Փոխակերպուող Հայաշխարհ». Ինչպէ՞ս Անհամաժամանակ Փոփոխութիւնները Ծառայեցնել Կենսունակ Շարունակականութիւն Ստեղծող Կարողութեան

October 15, 2026
Տօներուն Մեծագոյնը` Թարգմանչացը
Անդրադարձ

Տօներուն Մեծագոյնը` Թարգմանչացը

October 15, 2026
«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.