Յօդուածներ

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Արցախի Նուիրուած Ձեռնարկներ Միացեալ Նահանգներ Հովանաւորութեամբ առաջնորդներ Մեսրոպ վրդ. Պարսամեանի եւ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի, 21 սեպտեմբերին Ս. Վարդան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցութեան հաւաք: Խօսք առին Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան եւ Անուշաւան արք. Դանիէլեան, որ իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ հետեւեալը. կը թուի, թէ հասած ենք այն երկար ճանապարհին վերջաւորութեան, զոր կտրեցինք` մեր զօրակցութիւնը յայտնելու Արցախ ապրող...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Հաւաքական Կուրութիւն, Քաղաքական Միտքի Եւ Դիւանագիտութեան Բացակայութիւն, Մարտավարական Կեդրոններէն Անտեղեակութիւն, Մարդկային Կիրքի Գերադասում` Ազգային Արժէքներէն Եւ Իրաւունքէն Ու Գերագոյն Դաւաճանութիւն` Արցախի Յանձնում Թշնամիին

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ 27 սեպտեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանի եւ իր դաշնակիցներուն կողմէ Արցախի վրայ յարձակումը եւ անոր նախորդող Ազրպէյճան-Թուրքիա-Իսրայէլ-Փաքիստան եւ ՏԱՀԵՇ դաշինքը եւ անոնց միացեալ ռազմափորձերը, իսրայէլեան ռազմական օդակայանէն պայթուցիկ նիւթերու թռիչքները դէպի Պաքու եւ պատերազմի բոլոր պատրաստութիւնները Միացեալ Նահանգներուն եւ անոր հովանաւորած ՕԹԱՆ-ին` Արեւմուտքին կողմէ ծրագրուած էին` նպատակ ունենալով Ռուսիան հեռացնել Հարաւային Կովկասէն` զոհելով Արցախն ու Հայաստանը եւ իսկական թիրախ ունենալով...

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)

Դաշնակցականի Ակնոցով Դիտուած. Եւրոպայի Հայկական Համայնքներու Մասին

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ 14. Յունաստան.- Շատ հին է հայկական տարրի ներկայութիւնը Յունաստանի եւ յատկապէս Մակեդոնիոյ (Սելանիկ) եւ Թրակիոյ մէջ: Շրջանի քաղաքներէն իւրաքանչիւրը մինչեւ հիմա ունի իր ազգային գերեզմանատունը, որմէ զրկուած է Ատտիկէի (Աթէնք, Բիրէա եւ արուարձաններ) հայութիւնը: Հայկական հետքեր կը գտնուին նաեւ Կրետէ կղզիին մէջ, ուր մինչեւ հիմա «Արմենի» կոչուող շրջան մը կայ ու անկէ քիչ անդին` «Ամառի» անունով գիւղ մը`...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Յաջորդ Տողերը Ջնջել Ընդփոյթ… Ջնջել Հիմա՛

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Փոխ կ՛առնեմ հանրահաւաքի այսօրուան հարթակէն հնչած յարգարժան Վազգէն Մանուկեանի շատ խօսուն կոչը` ուղղուած հրապարակի ժողովուրդին: Ազգային կոմիտէի մեծարգոյ նախագահը իրաւամբ կը յայտարարէ, որ արդէն վաղուց գոյութիւն ունի հայ անկախ պետականութեան կազմաքանդման սադայէլական ծրագիր, որ կը բաղկանայ  բազմաթիւ հանգրուաններէ: Վազգէն Մանուկեանը զանոնք կ՛անուանէ «տողեր»: Այդ տող-հանգրուանները ճշդուած են թշնամիին կողմէ (յենարան ունենալով փաշինեանական համակարգը` որպէս արբանեակ իշխանութիւն): Ամէն անգամ,...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Սուրիական Ճգնաժամին Նուիրուած Գիտաժողովը Նպաստեց Գիտական Դիւանագիտութեան Շրջանակին Մէջ Առկայ Մարտահրաւէրներու Քննարկման Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկը կազմակերպեց եւ իրականացուց «Սուրիական ճգնաժամն ու քրտական գործօնը. ներքրտական, տարածաշրջանային եւ միջազգային դիտանկիւններ» խորագրով միջազգային գիտաժողովը, որուն նպատակն էր դիւանագիտական եւ ակադեմական շրջանակներու ներգրաւումով գիտական դիւանագիտութեան հարթակին մէջ քննարկել սուրիական ճգնաժամի ներսուրիական, տարածաշրջանային եւ միջազգային դիտանկիւններն ու տարածաշրջանին մէջ քրտական...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշեցիներու Ապրելակերպը Եւ Բարքերը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշեցիներու Ապրելակերպը Եւ Բարքերը

Քաղաքային Ակումբ Եւ Զբօսայգի Համքարութիւններ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Շուշի, մեծամասնութեամբ հայ բնակչութեամբ, մշակութային մեծ կեդրոն էր: Հոն կը գործէին շարք մը դպրոցներ, կը հրատարակուէին գիրքեր եւ պարբերականներ եւ կը զարգանային արուեստներն ու արհեստները: Քաղաքին բնական դիրքը, առողջարար կլիման եւ իւրայատուկ ճարտարապետութիւնը նպաստած են անոր արագ զարգացման: Շուշիի բնակարանները երկու-երեք յարկանի էին, կղմինտրածածկ, գեղակերտ դարպասներով եւ պատուհաններով ու փայտէ պատշգամներով: Տուները պարտէզներով...

Ցնցումը Պիտի Չտանի Ընդարմացումի

Ցնցումը Պիտի Չտանի Ընդարմացումի

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ «Ու պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր երգեցի. - Ձեզի ընծա՜յ, հայ մարտիկներ - Գրիչս եղաւ անթրոց սըրտերու հնոցի... - Ձեզի ընծա՜յ, քաջ մարտիկներ - Եղէգնեայ գըրչով վըրէժ երգեցի. Ընդ եղէգան փող բո՛ց ելանէր» Դ. ՎԱՐՈՒԺԱՆ   Անշո՛ւշտ որ ցնցիչ էր Արցախի Հանրապետութեան նախագահին 28 սեպտեմբերի հրամանագիրը, թէ` 1 յունուար 2024-ին պիտի լուծարուի Արցախի Հանրապետութիւնը եւ կազմալուծուին անոր ծածկին տակ գործող...

Սթափելու Ժամանակը

Ազգային Միասնականութիւնը Կարելի Է

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Արցախի հայաթափման գործողութիւնը կատարուեցաւ մեծ արագութեամբ եւ լաւապէս կազմակերպուած եղանակով: Հայաստանի կառավարութիւնը ստեղծած էր միջնախարարական մարմին մը, առնչակից բազմաթիւ նախարարներու մասնակցութեամբ, որ հսկեց գործընթացին ու ապահովեց աւելի քան 100.000 արցախահայերու տեղափոխութիւնը եւ հաստատումը Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերուն մէջ: Ամէն տեղ ստեղծուած էին ընդունելութեան բջիջներ, որոնք ստացած էին եկողներուն օժանդակելու համար ցուցմունքներ: Պետական մեքենան գործեց գրեթէ անթերի եղանակով: Այնքան հեզասահ...

Լիբանանեան Համատարած  Զօրակցութիւն` Հայ Ժողովուրդին

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ազգային Ծանրագոյն Ողբերգութիւն

Զարհուրելի են վերջին քանի մը օրերը, որոնց ընդհանուր վերնագիրն է` Արցախի վերջնական կորուստն ու հայաթափման վերջին փուլը: Հայոց պատմութեան դիտանկիւնէն, դժուար պիտի ըլլայ նկարագրելը, բացատրելն ու պատմութեան արխիւներուն մէջ տեղադրելը: Աւելի՛ն. ինչպէ՞ս կարելի է կուլ տալ Արցախի Հանրապետութեան լուծարման «դեղահատը»: Արցախի` իբրեւ առանձին, հայկակա՛ն միաւոր գոյութիւն ունենալէ դադրելու իրականութեան չափ դժուար է բռնագաղթուածներուն մասին խօսիլը, որովհետեւ եթէ առաջինը իրականացման հանգրուանին...

Մինակ Չե՛նք, Բայց Առանձին Ենք…

Եռաբլուրը` Նոր Արցախ

ԱՅԲ ՈՒ ԲԵՆ -Մա՛մ,  Արցախ չմնա՞ց ... - Ո՛չ, ձագս, Արցախը միշտ կը մնայ, սակայն ժողովուրդ չմնաց հոն: - Ինչո՞ւ Հայաստան կ՛երթան անոնք: - Որովհետեւ հայ են, ձագս: - Բայց, ուրեմն ... Հայաստանը զիրենք կ՛ընդունի, որովհետեւ հայ են, իսկ ինչո՞ւ չօգնեց հայերուն, որոնք ամիսներ շարունակ սովի մատնուեցան, որոնք յարձակումի ենթարկուեցան Ազրպէյճանի կողմէ, երբ մորթուեցան, երբ հայ կիներ բռնաբարուեցան, երբ մանուկներ...

Հրաժեշտ Արցախին

Հրաժեշտ Արցախին

ԾՈՎԻՆԱՐ ԲԱՐԽՈՒԴԱՐԵԱՆԸ «Արցախի Հանրային հեռուստատեսութիւն խմբագիր հաղորդավար» Մեր տանը ճամպրուկ չկար, որովհետեւ մենք երբեք մի շաբաթից աւելի շատ հեռու չենք գնացել ու միտք էլ չունէինք... Նստել եմ բազմոցին ու նայում եմ մեր տան թանկարժէքին` գրադարանիս. այն ոչ մի պայուսակում չեմ կարողանում տեղաւորել: Մեր տան ամենաթանկարժէքը` ամուսնուս զինուորական համազգեստները, որով նա երեք պատերազմ է անցել ու իմ տօնական զգեստները, որով ես...

Ապերախտութեան Ճամբա՞ն,  Թէ՞ Քննադատութեան Ոգին

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Լիբանանահայութիւնը Արցախին Եւ Հայաստանին Կողքին Է

ՌԱԶՄԻԿ ՃՈՒԼՖԱՅԵԱՆ (ՌԱԶԻ) Լիբանանահայութիւնը եղած է ու պիտի մնայ  հայութեան այն վառ եւ գործօն կեդրոններէն մին, որ միշտ պահանջատէր եղած է եւ պիտի ըլլայ իր արժէքներուն: Նախորդ շաբաթ Լիբանանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց լիբանանահայութեան կատարած ժողովրդային ցոյցին ընթացքին ես անգամ մը եւս համոզուեցայ, որ լիբանանահայը տարբեր է իր կեցուածքով եւ իր գաղափարներով: Այո՛, այսօր կրնամ ըսել, որ լիբանանահայութեան ձայնը հասաւ...

Հանրային Հանդիպում` Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի Տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի Հետ

Հանրային Հանդիպում` Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի Տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի Հետ

2023-ին ամբողջացաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի գործունէութեան տասնամեակը: Այս առթիւ հանրային հանդիպում մը կայացաւ նշեալ տնօրէնութեան կազմին հետ, ուրբաթ, 22 սեպտեմբեր 2023-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի Փիւնիկ սրահին մէջ, ներկայութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կրթական մարզի պատասխանատուներու, միութենական ներկայացուցիչներու, ուսանողներու եւ մշակութասէր ազգայիններու: Յաջորդաբար իրենց զեկոյցներով ելոյթ ունեցան` «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան...

Բանաստեղծին, Որ Փառաւորեց Հայ Գրականութիւնը Եւ Աստուած Փառաւորուեցաւ Իրմով

Սփիւռքը Կարեւո՞ր Է

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Միշտ խրտչած եմ «արտասահման» եզրոյթէն: Սահմանէն դուրս. անորոշութի՜ւն, սահմանափակում մը կայ, ուրեմն` սահմանէն դուրս անցած, նետուած զանգուած մը: Մինչդեռ մենք ոչ թէ ներկայ Հայաստանի, այլ Արեւմտահայաստանի սահմաններէն դուրս ենք: Բարեբախտաբար կայ Պոլսոյ գաղութը, ինչպէս նաեւ ցիրուցան հայեր` այն քաղաքներուն մէջ, ուրկէ տեղահանուեցանք, եւ որոնք գիտակից են իրենց ծագումին: Անոնք կ՛ապրին դարաւոր սահմանին մէջ, մինչ մենք` չորս բոլորը, մենք`...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

«Իսրայէլի Մատնահետքերը Կը Գտնուին Ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղի Ցեղային Մաքրագործումին Վրայ». Իսրայէլեան «Հաարեց» Օրաթերթի Խմբագրականը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Այս է խորագիրը իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթի 27 սեպտեմբեր 2023-ի խիստ շահեկան խմբագրականին. Israel՛s Fingerprints Are All Over the Ethnic Cleansing in Nagorno-Karabakh (1): Ստորեւ անգլերէնէ (նաեւ` եբրայերէնով հրատարակուած) կը թարգմանեմ յօդուածը ճշդումներով* եւ կ՛եզրակացնեմ. 1. «Հաարեց»-ի խմբագրականը, որուն նկարը Երուսաղէմի հայերուն բողոքի ցոյցն է 22 հոկտեմբեր 2020-ին, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան դիմաց` Իսրայէլի կողմէ Ազրպէյճանը զինելուն դէմ: 2....

Պատմութիւնը Հոս Չի՛ Վերջանար

Պատմութիւնը Հոս Չի՛ Վերջանար

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ  Արցախէն բարեկամս իր ընկերներէն մէկուն հետ խօսած ատեն խնդրած է, որ ափ մը հող բերէ հետը Արցախէն: Արցախի իր ընկերը պատասխանած է, որ Արցախը Արեւմտահայաստան պիտի չըլլայ, պիտի վերադառնանք, մի՛ յուսահատիր: Որքան ալ դժուար ու ծանր ըլլան պայմանները... Որքան ալ անշնչելի ու հեղձուցիչ ըլլայ կացութիւնը... Որքան ալ խեղդուելու աստիճան լորձունքդ չիջնէ կոկորդէդ... ՊԷ՛ՏՔ Է հաւատանք եւ հաստատենք, որ...

Ազատութեան Փրկագինը

Ազատութեան Փրկագինը

ՍԻԼՎԱ ԻՍԿԻԿԵԱՆ-ՄԱՀՍԵՐԵՃԵԱՆ Պատանուհի էի` նախակրթարանի երրորդ դասարանի աշակերտուհի, երբ հայերէնի դասապահուն ճանչցայ Յովհաննէս Թումանեանի «Գիքորը»: Հոգեխռով նկարագրական մը, ուր տասներկուամեայ մատղաշ պատանին` Գիքորը, կ՛ենթարկուի ահաւոր տառապանքներու, որոնք կը յանգեցնեն իր եղերական աւարտին: Ես` իննամեայ պատանուհի, առաջին անգամ ըլլալով դէմ յանդիման կը գտնուէի մահուան սոսկալի գաղափարին հետ, որ սաստիկ յուզում եւ խռովք պատճառելէ անդին` կ՛ալեկոծէր ներաշխարհս իր անբացատրելի խորհրդաւորութեամբ: Արձակուրդի օրերուն...

Հոգիս Լացումա

Հոգիս Լացումա

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Անցեալ տարի, երկար ամիսներու առողջական վիճակիս պատճառած  «չարչարանք-տանջանքներէն» ետք, իբրեւ ամառնային «արձակուրդ», այս տարի այր եւ կին որոշեցինք դարձեալ Հայաստան գալ, շաբաթներու համրանքով: Ու ի՜նչ մեղքս պահեմ, անհամբեր կը սպասէի հայրենիքիս մէջ ապրած հին օրերուս գեղեցիկ յուշերուս վերադարձին: Բայց ի տես տեղական ներքին եւ մանաւանդ լարուած իրավիճակին` առաջին օրն իսկ արդէն միտքս լեցուեցաւ նոր տագնապներով: Գրեթէ կորսնցուցի հոգեկան...

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) – Թ. –

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) – Թ. –

 ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Գիրերու Գիւտին 1500-Ամեակը Եւ «Սուրբ Մեսրոպ» Սիամանթօ Ամերիկայէն Պոլիս վերադարձաւ 1911-ի ամրան` արագօրէն անցնելէ ետք Լոնտոնէն, Փարիզէն ու Ժընեւէն: Հայկական Պոլիսը այդ օրերուն կ՛եռեւեփէր մշակութային անօրինակ հեւքով մը, տրուած ըլլալով, որ արտասահման ապաստանած բազմաթիւ գրողներ, հրապարակագիրներ ու մտաւորականներ տուն վերադարձեր էին պանդխտութենէ` համիտեան վարչակարգի տապալումէն ետք: Տպարանները բազմացեր էին: Ամէն շաբաթ նոր գիրք մը կը տպուէր, նոր թերթեր...

Դիմագրաւումներ Եւ Միաւորումներ. Գիրք Միտքերու Եւ Արուեստի  (Encounters and Convergences. A Book of Ideas and Art). Սեդա Պ. Տատոյեան

Դիմագրաւումներ Եւ Միաւորումներ. Գիրք Միտքերու Եւ Արուեստի (Encounters and Convergences. A Book of Ideas and Art). Սեդա Պ. Տատոյեան

Վերջերս լոյս տեսաւ երեւելի գիտնական, հեղինակաւոր հայագէտ փրոֆ. Սեդա Տատոյեանի «Դիմագրաւումներ եւ միաւորումներ. գիրք միտքերու եւ արուեստի» գիրքը: Ձեւով եւ բովանդակութեամբ` փիլիսոփայութեան եւ արուեստի այս գիրքը ամփոփ ներկայացում մըն է հեղինակին մտաւորական, փիլիսոփայական, պատմագիտական, գեղագիտական տեսակէտներուն, աշխատութեանց եւ արուեստին: Հակադրուած «զուտ ակադեմական» նեղ մօտեցումներու` գործը նաեւ պատկերազարդ փաստարկութիւն (argument) մըն է` ի նպաստ քննադատական, վերլուծական եւ միջմարզային (interdisciplinary) մտաւորականութեան: Փրոֆ....

Page 235 of 1111 1 … 234 235 236 … 1,111

Արխիւներ