Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ազգային Ծանրագոյն Ողբերգութիւն

Հոկտեմբեր 3, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զարհուրելի են վերջին քանի մը օրերը, որոնց ընդհանուր վերնագիրն է` Արցախի վերջնական կորուստն ու հայաթափման վերջին փուլը:

Հայոց պատմութեան դիտանկիւնէն, դժուար պիտի ըլլայ նկարագրելը, բացատրելն ու պատմութեան արխիւներուն մէջ տեղադրելը: Աւելի՛ն. ինչպէ՞ս կարելի է կուլ տալ Արցախի Հանրապետութեան լուծարման «դեղահատը»:

Արցախի` իբրեւ առանձին, հայկակա՛ն միաւոր գոյութիւն ունենալէ դադրելու իրականութեան չափ դժուար է բռնագաղթուածներուն մասին խօսիլը, որովհետեւ եթէ առաջինը իրականացման հանգրուանին կը սպասէ յառաջիկայ տարեմուտին, գաղթականներուն տագնապը այսօ՛ր է եւ կը ծանրանայ ժամ առ ժամ: Ինչ որ կը տեսնենք պարզ աչքերով, մարդկային, հայկակա՛ն ողբերգութիւն, ցեղասպանութիւն հասկացողութեան ամէնէն ցուցական արտայայտութիւններն են:

Արցախը կը պարպուի վերջնականապէս, 1 յունուար 2024-ին պիտի վերցուի նաեւ աշխարհի քարտէսէն:

Այո՛, պարոն ՀՀ վարչապետ: Արդէն իսկ ձեզի համար ամանորեայ նուէր մը պատրաստ է, եւ յունուար 1-էն անդին գոյութիւն պիտի չունենայ Արցախի Հանրապետութիւնը: Հաւանաբար անտարբեր ու ժպտուն դէմքով վճռես պաշտօնապէս. «Արցախը Ազրպէյճան է… եւ վերջ»:

Հոն հասնելէ առաջ կեդրոնանանք այսօրուան ողբերգութիւններուն վրայ: Բերձորի յոյսի ճամբան կը գործէ մէկ ուղղութեամբ: «Յոյսի ճանապարհ»-ը, հակառակ անտառներով շրջապատուած ըլլալուն, հիմա կը յիշեցնէ 1915-ի բռնագաղթի օրերու անդնդախոր եւ անապատային ճամբաները:

44-օրեայ պատերազմի երրորդ տարելիցը չյիշատակուեցաւ, այլ կրկնուեցաւ հազիւ 24 ժամ տեւողութեամբ ազերիական լայնածաւալ յարձակումով:

Հայրենիքի պաշտպաններուն համար ստեղծուած կացութիւնը պատմութեան արիւնալի մէկ կրկնութիւնն էր: Հողին կառչած դիւցազնական հերոսները բուռն ճակատամարտ մղեցին, «զարկին ու զարկուան, ինկան քաջ-քաջ»:

Արցախցի պաշտպաններուն տրամադրութեան տակ եղող զինամթերքը անբաղդատելի էր թշնամիին գերարդիական ռազմամթերքին դիմաց: Կատաղի էր վերջին ճակատամարտը, ուր անգամ մը եւս ել-օդային կամ անօդաչու սարքերով «տրոնամոյն» եղան մեր նահատակները: Անմեղ քաղաքայիններ դարձեալ սուղ վճարեցին իրենց կեանքերով:

Պատմութեան սեւ ու կարմիր էջերուն մէջ պիտի յիշուին այս օրերը:

Սակայն նոյնքան վրդովեցնող ու ընդվզեցնող են նոյն օրերուն Երեւանի մէջ պատահած դէպքերը: Հոն ալ, Հիւսիսային պողոտայէն ու մօտակայքէն կը հասնին «կարմիր լուրեր»: Այս անգամ թշնամին ազերին չէ, ոչ ալ` հայրենի հողի պաշտպան ու ներկայ կամայական ղեկավարութեան կողմէ դիտմամբ չքացած բանակը, այլ` կարմիր գլխարկ կրող ոստիկանները, որոնց վստահուած է պարզ ու մեկին պարտականութիւն մը` միայն ու միայն պաշտպանել վարչապետին եւ կողքին քալողներուն անձերը: Արդեօք այս «առաքելութիւնը» պիտի շարունակեն, մինչեւ որ Հայաստա՞նն ալ մատնուի Արցախի ճակատագիրին…

Աւելի քան տասը հազար հաշուող ոստիկանութիւն մը, որուն պարտականութիւնը անդորրութեան պահապան կանգնիլ չէ, այլ պայքարիլ հայրենի հողերը եւ ժողովրդավարութեան պահպանումը պահանջողներուն դէմ: Բռնարարքները գաղտնի չեն, այլ կը կատարուին լրատուական ոսպնեակներու աչքին առջեւ. հուժկու եւ ընտրեալ «մկանակոյտ»-եր առանց այլեւայլի կը յարձակին արդարօրէն իր ցասումն ու բողոքը արտայայտող երիտասարդին, մատղաշ պատանիին, ընդդիմադիր անձնաւորութեանց, «փափկասուն տիկնանց» եւ նոյնիսկ ալեհերին վրայ` խլելով հայրենի եւ արցախեան եռագոյնը եւ բռնի ուժով փոխադրելով ոստիկանատուն:

Պատճա՞ռը. որովհետեւ իրենց «պոս»-ը այդպէս հրահանգած է: Ա՛յն «պոս»-ը, որ քանի մը օր առաջ կը յոխորտար, թէ ինք է վարչապետը, եւ երկիրը կախեալ է իր կամքէն: Կարմիր գլխարկաւորները հող չէ, որ կը պաշտպանեն, այլ` էակ մը (խեղճ էակը եւ շուրջինները), անձ մը, առանց հասկնալու, որ հողը կայ ու կը մնայ, ՊԷ՛ՏՔ Է ՄՆԱՅ, մինչդեռ այդ անձ(եր)ը անցողակի է: Եւ այդ անձը Արցախը հռչակած է ազերիական հող, պատրաստ է Հայաստանէն հողեր, ի հարկին ամբողջ երկիրը յանձնելու թշնամիներուն:

Այդ հուժկու անխիղճները պատրաստ են մինչեւ իսկ մահացու հարուածներ ուղղելու անմեղ ցուցարարներուն: ՔՊ-ական «ուսապարկ» մը այս իմաստով սպառնալիք ուղղեց հրապարակաւ…

Ո՜վ հայ ժողովուրդ, այս «սխրանքներուն» հեղինակը հայորդին է, հայանուննե՛ր, եւ ո՛չ թէ` սահմանին կանգնած թշնամին: Երբ դուն ձեռքերդ կը լուաս հայրենիքի տիրութեան նուազագոյն պարտականութիւններէն ու կը հարուածես պաշտպանողը, թշնամին ու բարեկամ-դաշնակից լայն ասպարէզ կը գտնեն իրենց հաշիւներով գործելու անկաշկանդ:

Այս «կարմիր գթակաւորներ»-ը պէտք է անյապաղ գիտակցին, որ ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱՑԻԻՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐը այդ չէ: Տարբեր բանով պայմանագրուած են հայորդին, հայ պատանին, երիտասարդն ու ոստիկանը:

Ո՜վ ոստիկաններ, չէ՞ք տեսներ, որ հոն` խլուող Արցախի մէջ, ձեզի հասակակից կամ աւելի՛ մատղաշ հերոսներ ահարկու թշնամիին դէմ պատերազմեցան ու նահատակուեցան, իսկ դուք ձեր ֆիզիքական գերակայութեամբ կը փորձէք հերոսութի՞ւն խաղալ Երեւանի սրտին մէջ:

Հայորդին արդէն կը զարթնի եւ հաշիւ կը պահանջէ բոլոր յանցաւորներէն ու դաւադիրներէն: Ափսո՜ս, դուք շուտով պիտի զղջաք, որովհետեւ մեղսակից էք նորօրեայ «Անին ծախուեցաւ»-ին, դարձած էք վարձկան գործիքներ ոճիր եւ սադրանք սարքողներուն: Մեր պատմութեան անիւը չի կրնար երկար թաւալիլ անկումի ճամբուն: Կասկած չկայ, որ ձեր ձեռքերը շուտով պիտի միացնէք հայրենիքի փրկութեան համար պայքարողներուն:

Ողբերգութիւններու էջերը կարելի է փակել, եւ պիտի փակենք բոլոր ձեռքերու միացումով:

Նախորդը

Եռաբլուրը` Նոր Արցախ

Յաջորդը

Ազգային Միասնականութիւնը Կարելի Է

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?