-Մա՛մ, Արցախ չմնա՞ց …
– Ո՛չ, ձագս, Արցախը միշտ կը մնայ, սակայն ժողովուրդ չմնաց հոն:
– Ինչո՞ւ Հայաստան կ՛երթան անոնք:
– Որովհետեւ հայ են, ձագս:
– Բայց, ուրեմն … Հայաստանը զիրենք կ՛ընդունի, որովհետեւ հայ են, իսկ ինչո՞ւ չօգնեց հայերուն, որոնք ամիսներ շարունակ սովի մատնուեցան, որոնք յարձակումի ենթարկուեցան Ազրպէյճանի կողմէ, երբ մորթուեցան, երբ հայ կիներ բռնաբարուեցան, երբ մանուկներ անտառներու մէջ պահուըտեցան… կորսուեցան, հիմա, հիմա, երբ ամէն բան կորսնցուցած են, հիմա՞ Հայաստանը հայ կը նկատէ զանոնք…
– Դժբախտաբար, այո՛, զաւակս, դժբախտաբա՛ր: Բայց գիտե՞ս` ինչո՛ւ արցախցիները Հայաստան կու գան:
– Ո՛չ, մամ:
– Անոնք Հայաստան կու գան, մանաւանդ կ՛ուզեն Երեւան գալ, որովհետեւ կ՛ուզեն Ս. Եռաբլուր երթալ:
– Բայց Եռաբլուրը գերեզմանատուն է:
– Եռաբլուրը նոր Արցախն է, հոն թաղուածները կը ներկայացնեն հերոսական Արցախը, անոնք իրենց արիւնը նուիրեցին վասն Արցախի …
– Բայց ինչո՞ւ, ինչո՞ւ յանձնուեցաւ Արցախը:
– Որովհետեւ Հայաստանի վարչապետը, որ ժողովուրդին կը ներկայանայ որպէս բարեպաշտ քրիստոնեայ, հաւատաց, որ ինք Աբրահամն է, որմէ Աստուած պահանջած էր զոհել զաւակը, որպէսզի փաստէ, որ ինք ամէն բանէ աւելի կը սիրէ զԱստուած, բայց Փաշինեան կոչեցեալը, փոխանակ իր զաւակը զոհելու, տարաւ 5000 հայրերու եւ մայրերու զաւակներ, որոնք հաւատացին անոր եւ սպասեցին, որ Աստուած քաւութեան նոխազներ ղրկէ իրենց զաւակները պահելու համար… առանց գիտնալու, որ բարեպաշտի դիմակին տակ պահուըտածը սատանան էր, որ իրենց զաւակներուն արիւնը ծծեց…
– Բայց, մամ, խիղճ չունի՞ այդ Փաշինեանը:
– Ըսի, ձագս, սատանայի հետեւորդ է, սատանայի զաւակ է:
– Բայց իր մայրը, իր մայրը հայրենասիրութիւն չէ՞ սորվեցուցած իրեն, ան ալ հայ մայր է:
– Ուշադի՛ր, տղաս, հայ մայրը սուրբ է, հայ մայրը իր արգանդին մէջ իսկ հայրենասիրութիւն կը սորվեցնէ իր զաւկին, հայ մայրը իր արիւն-քրտինքով կը սնուցանէ իր զաւակը, եթէ պէտք ըլլայ, իր արիւնը կը խմցնէ զաւկին, յիշէ՛ Սպիտակի երկրաշարժը, եւ հայ մայրը իր սնուցած զաւակը հերոսաբար կը նուիրէ ազգի բագինին: Ես վստահ եմ` Փաշինեանին մայրն ալ հայ սուրբ մայրերու դասէն է, վստահ եմ, որ համաձայն չէ մոլորած զաւկին, սատանայի հետեւող զաւկին կատարածներուն, նահատակ մայրերու անէծքը եթէ ցարդ զայն չահաբեկեց, վստահ եղիր` ի՛ր մօր անէծքը այս աշխարհի, թէ միւս աշխարհի մէջ զինք պիտի ահաբեկէ:
– Իսկ նահատակնե՞րը, անոնց ծնողնե՞րը, զաւակնե՞րը, քոյրե՞րը, եղբայրնե՞րը, հարազատնե՞րը, ընկերնե՞րը, ինչպէ՞ս պիտի մխիթարուին, ինչպէ՞ս պիտի ներեն:
– Անոնք պիտի խմբուին նոր Արցախ` Եռաբլուրի մէջ, յարալէզներու պէս պիտի լիզեն իրենց որդիներուն դիակները, մինչեւ որ անոնք յարութիւն առնեն, մինչեւ որ անոնք ոտքի կանգնին, դառնան մէկական Առիւծ Մհեր, Սասունցի Դաւիթ, Դաւիթ բէկ, Մխիթար սպարապետ, Քրիստափոր, Սերոբ Աղբիւր, Ռուբէն, Իշխան, Արամ, Թեհլիրեան, Գարեգին Նժդեհ,Լիզպոնի հինգ, Շահէն Մեղրեան, Վիգէն եւ ՇԱ՜Տ ՈՒ ՇԱ՜Տ ՈՒՐԻՇՆԵՐ… Ա՛յն ատեն, ձագս, ա՛յն ատեն…