Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Արցախի Նուիրուած Ձեռնարկներ
Միացեալ Նահանգներ
Հովանաւորութեամբ առաջնորդներ Մեսրոպ վրդ. Պարսամեանի եւ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի, 21 սեպտեմբերին Ս. Վարդան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցութեան հաւաք:
Խօսք առին Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան եւ Անուշաւան արք. Դանիէլեան, որ իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ հետեւեալը. կը թուի, թէ հասած ենք այն երկար ճանապարհին վերջաւորութեան, զոր կտրեցինք` մեր զօրակցութիւնը յայտնելու Արցախ ապրող մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, աւելցնելով, որ իրօք, գլուխ մը կը վերջանայ, բայց նոր գլուխ մը կը բացուի ժամանակակից հայոց պատմութեան մէջ: Ան հաստատեց, որ աշխարհի ընտանիքը, ներառեալ` ՄԱԿ-ը, Եւրոպական խորհուրդը եւ ամերիկեան կառավարութիւնը իրենց գաղջ եւ լպրծուն մօտեցումով սնունդ տուին ահաբեկիչ բռնատիրոջ մը, որ անտեսեց անոնց յայտարարութիւններն ու որոշումները վերջին ինը ամիսներուն, նոյնիսկ այսօր հրադադարը խախտելով: Ան բրտութեան դիմեց` ահ ու սարսափ տարածելով, առեւանգելով ու գլխատելով չափահասներ եւ հազարաւոր ընտանիքներ տեղահանելով իրենց պապենական հողերէն, ինչպէս իր դաշնակիցը ըրաւ 1915-ին` առաջին ցեղասպանութեան օրերուն: Սրբազանը իր երախտագիտութիւնը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անկեղծօրէն զօրակցած են Արցախի արդար դատին եւ, սակայն, մեզի պէս յուսախաբ են, այսպէս կոչուած, ազատ աշխարհի ղեկավարներու անարդարանալի քաղաքականութեան պատճառով: Ան յորդորեց ներկաները` ուխտելու Արցախի անունով, որ այսօրուընէ պիտի միացնենք մեր բոլոր միջոցներն ու ջանքերը եւ ուժեղ սփիւռք դառնանք` Հայաստան հայրենիքի ու Արցախի ի նպաստ:
Հաւաքին ելոյթ ունեցան նաեւ` ՀՅԴ Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Անի Չաղլասեան, փրոֆ. Շպան Նաշ-Մառշալ, «Վարդանանց ասպետներ»-ու ներկայացուցիչ Հայկ Կիւլեան, Հայ աւետարանական եկեղեցիէն Արամ Պաշեան, ՀԲԸՄ-ի երիտասարդ մասնագէտներու անունով Արամ Պաուըն, Հայ դատի յանձնախումբի Նիւ Եորքի ատենապետ Շանթալ Նասրի, Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղէն Նայիրի Տիրացուեան եւ ՀԵԴ-ի Նիւ Եորքի մասնաճիւղէն Իզապէլ Յակոբեան: Հաւաքէն ետք Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան ներկաները հրաւիրեց մայր եկեղեցւոյ մէջ աղօթքի եւ մոմավառութեան:
Վրաստան
1 հոկտեմբերին Թիֆլիսի մէջ կայացաւ երթ` որպէս աջակցութիւն Արցախի: Երթը սկսաւ Վակէի զբօսայգիի մուտքէն դէպի Եւրոմիութեան ներկայացուցչութեան գրասենեակ, ապա` Վրաստանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակ: Երկու գրասենեակներուն դիմաց ցուցարարները դատապարտեցին եղածը եւ շեշտեցին, որ իր յայտարարութիւններով Ազրպէյճան ցեղասպանական քաղաքականութիւն վարելով Արցախի նկատմամբ` մնաց անպատասխան, ոչ միայն պէտք էր կոչերով դիմէին, այլ պատժամիջոցներ կիրարկէին յանցագործին դէմ: ՄԱԿ-ի գրասենեակին դիմաց միասնութեան կոչով ելոյթ ունեցան վիրահայոց թեմի Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ հովիւ Կիրակոս քհնյ. Սիմոնեան, Վրաստանի հայ համայնք հասարակական կազմակերպութիւններու նախագահ Արթուր Միրզոյեան, որ դատապարտեց Վրաստանի իշխանութիւններուն լռութիւնը` 9 ամսուան շրջափակման եւ վերջին պատերազմի իրադարձութիւններուն լոյսին տակ:
Յայտնենք, որ Թիֆլիսի հայ առաքելական եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ Արցախի համար աղօթքի յատուկ կարգ:
Նոր Ջուղա
1 հոկտեմբերին Նոր Ջուղայի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեանի, մատուցուեցաւ ս. պատարագ, եւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ու զօրակցութեան աղօթք` Արցախի մէջ զոհուած հայորդիներու յիշատակին եւ հայրենիքի խաղաղութեան համար:
Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ շեշտեց այն փաստը, որ անցնող աւելի քան երեք տասնամեակներու ընթացքին համայն հայութեան միասնականութեան, գիտակցութեան եւ նուիրական աշխատանքներու շնորհիւ յաջողեցանք կերտել ազատ, անկախ երկրորդ հայկական հանրապետութիւնը` Արցախի Հանրպետութիւնը, եւ համայն սփիւռքը իր անժխտելի դերը ունեցաւ այդ ուղղութեամբ: Ան անդրադառնալով ներկայիս Արցախի մէջ հողային եւ մարդկային կորուստներուն` յորդորեց ներկաները վերահաստատելու իրենց հաւատքը եւ յոյսը, նաեւ` աղօթելու Աստուծոյ, որպէսզի արժանանանք իր գթութեան, ողորմութեան եւ օրհնութեան:
Յայտնենք, որ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ նաեւ Շահինշահրի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:
Քանատա
Կազմակերպութեամբ Քեպեքի Հայ համայնքի միացեալ մարմինին, 1 հոկտեմբերին Մոնրէալի «Փլաս տիւ Քանատա»-ի մէջ տեղի ունեցաւ «Տէր կանգնինք Արցախին» կարգախօսով զօրակցական հաւաք եւ ցոյց` ներկայութեամբ Քանատայի խորհրդարանի անդամներ Տենիս Թրուտելի եւ Ալեքսանտր Պուլերիսի, Քեպեքի խորհրդարանի անդամներ Միշէլ Սեթլաքուի, Անտրէ Մորինի, Սոնա Լախոյեանի եւ Պրիժիթ Կարսոյի, Մոնրէալի քաղաքապետութեան անդամ Շանթ Տարագճեանի, Լաւալի քաղաքապետութեան անդամներ` Վասիլիոս Քարիտոճիանիսի, Սանտրա Ալ Հըլուի եւ Սեդա Թոփուզեանի, Մոնրէալի եւ Լաւալի հոգեւոր հայրերու եւ հոծ բազմութեան:
ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ-Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Արիանէ Թասլաքեան կատարեց բացման խօսքը: Քեպեքի Հայ համայնքի միացեալ մարմինին խօսքը արտասանեցին մարմինի անդամներ` Շանթ Գարայեան (ֆրանսերէն), Ճորճ Ծովիկեան (անգլերէն) եւ Էմմա Սարգսեան (հայերէն), որոնք կարդացին միացեալ մարմինին յղած նամակը Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիին:
Հերթաբար խօսք առին ներկայ քաղաքական գործիչները, որոնք իրենց մեծ ցասումը յայտնեցին արցախահայութեան տեղահանման առթիւ, նաեւ խստօրէն դատապարտեցին Ազրպէյճանի կատարած ցեղասպանութիւնն ու իրենց բացարձակ զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին:
Ս. Յակոբ ազգային վարժարանէն ինը տարեկան աշակերտ մը կարդաց արցախցի երեխայի մը գրած նամակը, ապա աւարտական կարգի աշակերտներ Վայք Աճեմեան եւ Լէա Տօնապետեան կարդացին իրենց պատրաստած նամակը` ուղղուած Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիին:
Հաւաքը աւարտեցաւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանի պատգամով, որուն սկիզբը ան յիշեց Արցախի ազատագրական շարժման նահատակներէն Մովսէս Գորգիսեանի խօսքը` «Սուգը յաւերժ է, եթէ պայքար չկայ», ապա անդրադարձաւ համայն աշխարհի սառնասիրտ մօտեցումին` արցախահայութեան դիմակայած 8 ամիսներու շրջափակումին եւ տեղահանութեան, ապա շեշտեց. «Սուգէն դուրս գանք եւ մեր մէջ փնտռենք ցեցը, որ թշնամիէն աւելի վտանգաւոր է, եւ արմատախիլ ընենք այդ մէկը մեր մէջէն»:
Ան նաեւ նշեց` որպէս քանատահայ գաղութ, մեր ընելիքները` ըսելով. «Առաջին հերթին մեր պարտականութիւնն է օգնութեան ձեռք երկարել Արցախէն տեղահանուած մեր ժողովուրդին, ապա շարունակենք աւելի վճռաբար պահանջել Քանատայի կառավարութենէն` պատժամիջոցներ որդեգրել Ազրպէյճանի նկատմամբ»: Ան իր խօսքը փակեց համախմբուելու եւ պայքարը շարունակելու կոչով` ըսելով. «Որքան ալ դժուար թուի մեր վերելքի ճամբան, բոլորս պարտաւոր ենք ոտքի կանգնելու եւ ուխտելու` չընդունիլ այս դառն ճակատագիրը, չընդունիլ Արցախի կորուստը. եկէք` բռնցքուինք եւ ամբողջ աշխարհի մէջ առաջնորդուինք Ցեղասպանութեան նահատակ մեր մեծագոյն բանաստեղծներէն Սիամանթոյի խօսքերով. «Մեր անունն է պայքար եւ վախճանը` յաղթանակ»:
Վանքուվըրի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ինքնաշարժներով Ցոյց Եւ Հաւաք` Առ Ի Զօրակցութիւն Արցախի
1 հոկտեմբեր 2023-ին Վանքուվըրի մէջ, կազմակերպութեամբ տեղւոյն միացեալ յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ Արցախի ժողովուրդին զօրակցական ինքնաշաժներով արշաւ-ցոյց եւ հաւաք:
Վանքուվըրի «Հայ կեդրոն»-ի շրջափակէն աւելի քան 30 ինքնաշարժներով, Քանատայի եւ Արցախի հանրապետութեան դրօշակները պարզած, ցուցատախտակներով եւ լոզունգներով լի պաստառներով, Վանքուվըրի փողոցներէն անցան ցուցարարները եւ հասան քաղաքի կեդրոն` Ռոպսըն փողոցի խաչմերուկին վրայ հասարակութեան ուշադրութիւնը գրաւելով:
Հաւաքին ներկայ էր ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Թիթար Քոչքերեան եւ քրտական տեղական կազմակերպութեան ներկայացուցիչը: Հերթաբար խօսք առին` ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղի անդամ Գառնի Քոչքերեան, Քանատայի Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգի առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքս եւ Քանատայի Հայ դատի Արեւմտեան շրջանի անդամ Վահէ Անտոնեան: Անոնք շեշտեցին, որ Քանատա աւելին պէտք է ընէ, աւելի խստօրէն պէտք է դատապարտէ ազերի-թուրքերու արցախահայութեան դէմ անվաւեր ձերբակալութիւնները, վայրագութիւններն ու բռնի տեղահանութիւնը: Քանատան պէտք է սատարէ Հայաստանին, որպէսզի բռնի տեղահանուած արցախահայերը վերադառնան իրենց պապենական տուները:
Վահէ Անտոնեան շեշտեց, թէ ժամը հասած է, որ որպէս գիտակից, մտահոգ պատասխանատու հայեր` մեր ընդվզումը արտայայտենք: Ժամը հասած է ոտքի կանգնելու եւ ձերբազատելու երկրի իր ձեռքը ղեկը առած, ազգը դէպի արհաւիրք առաջնորդած, թոյլ, անկարող եւ ապազգային ղեկավարէն եւ իրեն կառչողներէն:
Ֆրանսա
Մարսէյ
1 հոկտեմբերին հարաւային Ֆրանսայի հայկական միութիւնները համակարգող մարմնի (CCAF) հրաւէրին ընդառաջելով` շուրջ հինգ հազար հայեր հաւաքուեցան Մարսէյի նաւահանգիստի շրջանը` իրենց ցասումը արտայայտելու արցախահայութեան հանդէպ կիրարկուող ցեղային զտման ու հայաթափման քաղաքականութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ` իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու Արցախի հայրենակիցներուն:
Ձեռնարկին բացումը կատարեցին` CCAF-ի համանախագահներ Ազատ Պալալաս Գազանճեան, Տիգրան Հարունեան եւ Օրօր Պրիւնա, որոնք անդրադարձան Արցախի տագնապի իրաւական, մարդասիրական երեսներուն, եւ տեղահանման ու հայաթափման քաղաքականութեան` պահանջելով Ֆրանսայի կառավարութենէն` անյապաղ պատժամիջոցներ հաստատել Ազրպէյճանի դէմ ու կասեցնել կազի ներածումը:
Մարսէյի քաղաքապետ Պենուա Փայա Մարսէյի անունով իր զօրակցութիւնը յայտնեց համայն հայութեան, անընդունելի նկատեց Ազրպէյճանի վարքագիծը, դատապարտեց Ազրպէյճանէն Եւրոպա կազի ներածումը եւ պահանջեց կապոյտ սաղաւարտակիրներու առաքումը Արցախ:
Յաջորդաբար խօսք առին` Մարսէյի հայազգի երեսփոխան Տիտիէ Բարաքեան, հայ-ֆրանսական խորհրդարանական բարեկամութեան ատենապետ, Մարսէյի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Արա Մխճեան, ծերակուտականներ, թաղապետներ եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց խօսքերուն մէջ խստօրէն դատապարտեցին Ազրպէյճանն ու անոր ետին կանգնած Թուրքիան, իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին եւ Արցախի արդար դատին, իրենց ընդվզումը արտայայտեցին միջազգային ընտանիքի լուռ կեցուածքին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ անդրադարձան ազրպէյճանական կազի ներածումը կասեցնելու, մարդասիրական օժանդակութիւն առաքելու, խաղաղապահ ջոկատ ուղարկելու եւ Արցախի աղէտին հանդէպ համատարած միջազգային լռութիւնը բեկանելու կարեւորութեան:
Ձեռնարկի աւարտին կազմակերպիչ մարմինը կոչ ուղղեց բոլորին` մասնակցելու Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն ի նպաստ կազմակերպուած հանգանակութիւններուն:
Ալֆորվիլ
Շաբաթ, 30 սեպտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ալֆորվիլի «Փոք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արցախահայութեան զօրակցութեան նուիրուած հաւաք մը:
Հաւաքը կազմակերպուած էր Ալֆորվիլի Քաղաքապետական խորհուրդին կողմէն: Ներկայ էին` Ալֆորվիլի քաղաքապետ Լիւք Քարվունաս, ծերակուտականներ` Լորանս Ռոսինիոլ, Փիեր Ուզուլիաս, Աքլի Մելլուլի, երեսփոխան Իզապէլ Սանթիակօ, Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչներ, Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ` Տեպորա Զապունեան, Մարօ Գապայեան, Սարօ Մարտիրեան, Կարօ Խաչիկեան, Գրիգոր Քոսթիքեան, CCAF-ի նախագահ Մուրատ Փափազեան, ինչպէս նաեւ` սրահը լեցուցած հայ եւ օտար ներկաներ:
Առաջին հերթին սփռուեցաւ քաղաքապետարանին կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը, ուր կը ներկայացուէր վերջին տասնամեակներուն Ալֆորվիլի հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները եւ յատկապէս Արցախի հետ գործակցութեան տարբեր փուլերը:
Խօսք առաւ Ալֆորվիլի քաղաքապետ Լիւք Քարվունասը, որ անդրադարձաւ Արցախի եւ արցախահայութեան ներկայ ողբերգական վիճակին եւ ըսաւ, որ Ազրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները մտահոգիչ նախընթաց են, եւ անոնց անուղղակիօրէն մասնակից են մեծ թիւով եւրոպացիներ, որոնք լուռ կը մնան եւ չեն սաստեր եւրոպական չափանիշներուն հակադրուող այս արարքները: Ապա զգուշացուց, որ եթէ առաջքը չառնուի, նոյնպիսի գործողութիւններ կրնան ուղղուիլ Հայաստանի դէմ:
Կոչ ուղղելով ֆրանսական իշխանութիւններուն` Քարվունաս ըսաւ , որ Ֆրանսա պէտք է անմիջապէս միջազգային ահազանգ հնչեցնէ:
Իր խօսքին մէջ Լիւք Քարվունաս կոչ ուղղեց մեծ թիւերով մասնակցելու հոկտեմբեր 1-ի Պրիւքսելի մէջ կայանալիք համաեւրոպական ցոյցին, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց Ալֆորվիլի մէջ ընդունելու արցախահայ ընտանիքներ:
Ապա խօսք առաւ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց հաւաքը կազմակերպողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք Արցախի կողքին են թէ՛ ուրախ, թէ՛ տխուր օրերուն:
Խօսք առաւ Իզապէլ Սանթիակոն ու դատապարտեց Ազրպէյճանի անընդունելի զինուորական գործողութիւնները Արցախի բնակչութեան հանդէպ` կոչ ուղղելով չլռել ի տես այս ցեղասպանութեան եւ չընդունիլ, որ ազրպէյճանական կազը աւելի արժէ, քան` հայ մանուկներուն սիրտերը, խոստանալով ֆրանսական եւ եւրոպական խորհրդարաններէն ներս լսելի դարձնել արցախահայութեան ձայնը:
Իր կարգին, Լորանս Ռոսինիոլ ըսաւ, որ` շատ կ՛ուզէի ձեզի հետ առաջին հանդիպումս ըլլար աւելի լաւ ուրախ եւ նպաստաւոր պայմաններու մէջ, սակայն այսօր կը գտնուինք շատ դժուարին կացութեան մը առջեւ` գիտակցելով այն դժուարութիւններուն, որոնց կրնայ հանդիպիլ տեղահանուած ժողովուրդ մը: Պիտի աշխատիմ ամէն գնով մարդասիրական եւ նիւթական օժանդակութիւններ ուղարկելու ծրագիրներ յաջողցնել»:
Աքլի Մելլուլի նշեց, որ ամէն ճիգ պէտք է թափել հայ ժողովուրդի վիրաւորուած արժանապատուութիւնը վերականգնելու համար:
Փիեր Ուզուլիաս, իր կարգին, արտայայտեց դատապարտող իր կեցուածքը եւ յայտարարեց, որ ամօթ կը զգայ կատարուածին դիմաց եւ աւելցուց, որ կ՛ուզէ կրել Արցախի քաղաքացիութիւնը:
Ապա խօսք առին Ալֆորվիլի Քաղաքապետական խորհուրդի հայ անդամները, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Լիւք Քարվունասի այս նախաձեռնութեան եւ քաղաքապետարանի լիագումար նիստին Արցախի հարցին շուրջ քուէարկուած մեղադրանքներու միաձայնութեամբ որդեգրումին: Մուրատ Փափազեան, իր կարգին, դատապարտեց Ազրպէյճանի գործադրած ցեղասպանութինը եւ բոլորին ուշադրութեան յանձնեց, որ պէտք է ամէն տեսակ օժանդակութիւն հասցնել Հայաստան ապաստանած արցախահայութեան:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Ռոստոմ Խաչիկեան տուտուկով եւ խմբավար Սոնա Գրիգորեանին հետ բեմ բարձրացան «Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան» վարժարանի աշակերտները, որոնք յաջորդաբար երգեցին` «Հիմի էլ լռենք»-ը, Հայաստանի Արցախի եւ Ֆրանսայի քայլերգները:
Միացեալ Նահանգներ
Հայ Դատը Հիւրընկալեց Արցախի Տագնապին Նուիրուած «The Tales Of The Blue Sky» Ժապաւէնին Ցուցադրութիւնը
Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին, 14 սեպտեմբերին Հիւսիսային Հոլիվուտի «Էլ Փորթըլ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի տագնապին եւ յատկապէս 44-օրեայ պատերազմին ու անկէ ետք Արցախի մանուկներուն դիմագրաւած ահաւոր փորձառութիւններուն նուիրուած «The Tales Of The Blue Sky» վաւերագրական ժապաւէնին ցուցադրութիւնը` բեմադրութեամբ Վրոյր Թադէոսեանի:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսք արտասանեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ, իրաւաբան Նորա Յովսէփեան, որ շեշտեց, թէ իւրաքանչիւր հայ իր դերը ունի Արցախի տագնապին արդար լուծում մը գտնելու բազմաճակատ պայքարին մէջ:
Ժապաւէնին ցուցադրութենէն ետք «Էմի» մրցանակի արժանացած հաղորդավար Արաքսիա Կարապետեան առաջնորդեց ժապաւէնին նուիրուած քննարկում մը բեմադրիչին, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Սարգիս Պալխեանի եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող Մարդկային իրաւանց «Խոստումը» հիմնարկին գործադիր վարիչ փրոֆ. Հանա Կերիի հետ:
Այս առիթով Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Փոլ Գրիգորեան յայտնեց, որ զանազան միջոցներով, ինչպէս` այս վաւերագրական ժապաւէնով, պէտք է մեր ձայնը յստակօրէն հասցնենք Ուաշինկթըն, որպէսզի կարելի ըլլայ կասեցնել Հայոց ցեղասպանութիւնը կրկնելու Պաքուի ջանքերը: