Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իսրայէլի Մատնահետքերը Կը Գտնուին Ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղի Ցեղային Մաքրագործումին Վրայ». Իսրայէլեան «Հաարեց» Օրաթերթի Խմբագրականը

Հոկտեմբեր 3, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Այս է խորագիրը իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթի 27 սեպտեմբեր 2023-ի խիստ շահեկան խմբագրականին. Israel՛s Fingerprints Are All Over the Ethnic Cleansing in Nagorno-Karabakh (1): Ստորեւ անգլերէնէ (նաեւ` եբրայերէնով հրատարակուած) կը թարգմանեմ յօդուածը ճշդումներով* եւ կ՛եզրակացնեմ.

1. «Հաարեց»-ի խմբագրականը, որուն նկարը Երուսաղէմի հայերուն բողոքի ցոյցն է 22 հոկտեմբեր 2020-ին, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան դիմաց` Իսրայէլի կողմէ Ազրպէյճանը զինելուն դէմ: 2. Ազրպէյճանին վերջերս վաճառուած իսրայէլեան Պարաք 8 ER հակաօդային համակարգի մէկ շարժական սարքը, որ 12 սեպտեմբեր 2023-ին հրթիռով փորձեցին:

«… Ամբողջ այս ընթացքին Իսրայէլը Ազրպէյճանին պարզապէս միա՛յն զէնք չէ մատակարարած: ԱՆ ՆԱԵՒ ՕԳՆԱԾ Է ԽԵՂԱԹԻՒՐԵԼՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ…»:

«Լեռնային Ղարաբաղէն զանգուածաբար փախչող հայերը տակաւին կը յիշեն Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք (եւ առաջ 1988-էն սկսեալ*) տարիները, երբ իրենց համայնքը ենթարկուեցաւ պատերազմի եւ զանգուածային ջարդերու: Սակայն անոնք կը յիշեն նաեւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրենց հայրենակիցներուն դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան աւելի հեռաւոր (1915-1922*) պատմութիւնը: Հետեւաբար անոնք արդարօրէն չեն ուզեր ապաւինիլ ազրպէյճանական անվտանգութեան ծառայութիւններու ողորմութեան, որոնք վերջին տարիներուն չեն վարանած յարձակիլ հայ խաղաղ բնակիչներու եւ քաղաքացիական թիրախներու վրայ եւ ռազմական յանցագործութիւններ կատարել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

«21-րդ դարու երկրորդ տասնամեակէն սկսած` Իսրայէլը կ՛օգնէ Ազրպէյճանին ռազմական յանցագործութիւններ կատարելու եւ պարտութեան մատնելու հայերը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Իսրայէլը ռազմավարական յարաբերութիւններ ունի ազրպէյճանցիներուն հետ, որոնք կը ներառեն միլիառաւոր տոլարի զէնքի առեւտուր, հիմնուելով ինչպէս Իրանի դէմ Իսրայէլի պատերազմին, այնպէս ալ այն իրողութեան վրայ, որ Ազրպէյճանէն կը գնէ իրեն անհրաժեշտ քարիւղին զգալի մասը:

«Նախապէս` երկու երկիրներուն միջեւ անվտանգութեան կապերը գաղտնի էին: Սակայն վերջին տարիներուն Ազրպէյճանը իր ռազմական տողանցքներուն ընթացքին հպարտօրէն կը ցուցադրէ իսրայէլեան արդի սպառազինութիւն, ներառեալ` հրթիռներ եւ անձնասպանական անօդաչու թռչող սարքեր: Ան նաեւ յայտնած է, որ ազրպէյճանական հողին վրայ գոյութիւն ունին իսրայէլեան անձնասպանական անօդաչու թռչող սարքեր արտադրող գործարաններ, որոնց մասին Ազրպէյճան քանիցս հրապարակած է պաշտօնական տեսանիւթեր, ուր կ՛երեւի, որ իր ուժերը կը գործածեն իսրայէլեան զէնքեր:

«6 մարտ 2023-ին «Հաարեց»-ը հաղորդած էր, որ վերջին եօթը տարիներուն ընթացքին 92 ազերի բեռնատար օդանաւեր վայրէջք կատարած են Օվտա` միակ ռազմական օդակայանը, ուրկէ կարելի է պայթուցիկ նիւթեր արտածել (2): Բացի այդ` փաստուած է, որ իսրայէլեան անձնասպանական անօդաչու թռչող սարք մը յարձակած է նոյնիսկ Հայաստանի մէջ հակահրասայլային մարտկոցի մը վրայ («Հաարեց», 15 մարտ 2021): «Հաարեց»-ը նաեւ յայտնած է, որ ազերի լրագրողները եւ ընդդիմադիր ջատագովներ թիրախ դարձած են իսրայէլեան NSO-ի Pegasus (բջիջային հեռաձայն*) լրտեսող ծրագրերու միջոցով հսկողութեան համար («Հաարեց» 25 մայիս 2023):

«Ամբողջ այս ընթացքին Իսրայէլը Ազրպէյճանին պարզապէս միա՛յն զէնք չէ մատակարարած: ԱՆ ՆԱԵՒ ՕԳՆԱԾ Է ԽԵՂԱԹԻՒՐԵԼ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ: 2020-ին դատական քննութիւններու ընթացքին արտաքին գործոց նախարարութիւնը  ընդունած է, որ Իսրայէլի մերժումը` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ ան կը սահմանէ պարզապէս իբրեւ «ողբերգութիւն», մասամբ կը բխի Ազրպէյճանի կառավարութեան հետ անոր յարաբերութիւններէն: Միեւնոյն ատեն Իսրայէլ նաեւ կ՛օգնէ Ազրպէյճանի քարոզչութեան ճիգերուն` ճանչնալու համար այսպէս կոչուած «Խոջալուի ցեղասպանութիւնը», որ իբր թէ հայերը գործադրեցին ազերիներուն դէմ: Իրողապէս հակասական պատմութիւններ կան, թէ ճիշդ ի՛նչ տեղի ունեցաւ Խոջալուի կռիւին, Լեռնային Ղարաբաղի առաջին պատերազմին, 1992-ին: Սակայն մէկ բան յստակ է, որ միջազգային ընտանիքը համաձայն է, որ ոչ մէկ տեսակի ցեղասպանութիւն տեղի ունեցաւ այնտեղ, ըստ եզրի սահմանումին:

«Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, առաջին ցեղային մաքրագործումի դէպքը չէ, ուր Իսրայէլի մատնահետքերը կը գտնենք: Միանմարի ռոյինկաներու եւ Պոսնիոյ պատերազմին` իսլամներու դէմ հալածանքը մի՛այն երկու օրինակներ են շատերէն: Իսրայէլը իր հրեայ ժողովուրդին պատմութենէն պէտք է գիտնայ, որ եթէ հսկայական քանակութեամբ զէնքեր խառնես պատմութեան աղաւաղումին հետ, հետեւանքը աղէտալի կ՛ըլլայ»:

Զարմանալիօրէն արդար գնահատական կատարող խմբագրական մըն է այս` Իսրայէլի առաջատար ամէնէն տարեց օրաթերթէն, հիմնուած` 1918-ին: Կ՛ուզեմ շեշտը դնել այս խմբագրականին երեք հաստատումներուն, կամ բացայայտումներուն վրայ.

Ա.- Ազրպէյճան ցեղային զտումներ եւ ռազմական յանցագործութիւններ արդէն կատարած է խորհրդային օրերէն սկսեալ:

Բ.- Իսրայէլ Հայոց ցեղասպանութիւնը չէ ճանչցած, որպէսզի չվտանգէ Ազրպէյճանի հետ իր ռազմական, քարիւղի եւ առեւտրական յարաբերութիւնները:

Գ.- Իսրայէլ օգնած է խեղաթիւրելու Հայաստան-Ազրպէյճան պատմական փաստերը: Այստեղ պիտի աւելցնեմ նաեւ ընդհանուր պատմութեան մէջ Հայաստանի ու հայութեան անտեսումը եւ ամէնուրեք հայոց պատմութեան խեղաթիւրումը:

Արդէն իրողապէս, Արցախի ու Հայաստանի հետ Ազրպէյճանի խնդիրներէն մէկը այն պարզ իրականութիւնն է, որ Ազրպէյճան կոչուած երկիրը 1918-ին ստեղծուեցաւ եւ այդ թուականէն առաջ պատմութեան մէջ գոյութիւն չէ ունեցած, իսկ Արցախը երբե՛ք Ազրպէյճանի մաս չէ եղած, այլ խորհրդային օրերուն ինքնավար հանրապետութիւն եղած է` Ազրպէյճանի հսկողութեան տակ:

Ինչ որ այստեղ մոռցած է նշելու, որ այլ յօդուածներու մէջ «Հաարեց»-ը կը հաստատէ` Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դէմ իսրայէլեան անկաշկանդ գործունէութիւնն է, Իրան-Ազրպէյճան սահմանին երկայնքին, ուր նոյնիսկ իսրայէլեան ռազմական օդակայան գոյութիւն ունի եւ` հետախուզական կեդրոններ:

29 սեպտեմբեր 2023

haroutchekijian.wordpress.com

* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները իմ կողմէս

(1).- https://archive.ph/86yNz#selection-759.0-763.19

(2).- https://www.aztagdaily.com/archives/576073

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Յատուկ Ներկայացուցիչի Գրասենեակ

Յաջորդը

Սփիւռքը Կարեւո՞ր Է

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?