Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքը Կարեւո՞ր Է

Հոկտեմբեր 3, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Միշտ խրտչած եմ «արտասահման» եզրոյթէն: Սահմանէն դուրս. անորոշութի՜ւն, սահմանափակում մը կայ, ուրեմն` սահմանէն դուրս անցած, նետուած զանգուած մը: Մինչդեռ մենք ոչ թէ ներկայ Հայաստանի, այլ Արեւմտահայաստանի սահմաններէն դուրս ենք: Բարեբախտաբար կայ Պոլսոյ գաղութը, ինչպէս նաեւ ցիրուցան հայեր` այն քաղաքներուն մէջ, ուրկէ տեղահանուեցանք, եւ որոնք գիտակից են իրենց ծագումին: Անոնք կ՛ապրին դարաւոր սահմանին մէջ, մինչ մենք` չորս բոլորը, մենք` տարագրուած վերապրողներ ու նորապրողներ, զետեղած ենք մենք մեզ բազմազան քաղաքներու մէջ եւ արեան կապով ստեղծած սփիւռք. յստակ կացութաձեւ մը` որոշիչ հասարակ յայտարարներով:

Արտասահման բառը օտարուածի, նոյնքան կենսական չըլլալու, աքսորուածի հոսանքներ ունի, մինչդեռ սփիւռքի ծնունդը եւ տարածքը հայրենիքէն չի գար, այլ` Արեւմտահայաստանէն, ներսէ՛ն սկիզբ կ՛առնէ, զօրաւոր հոսք է: Ունի անսահման կարողականութիւն, վկայ` գիտութեան, արուեստներու, մշակոյթի տարածքներուն մէջ փայլփլացող հոյլը: Սփիւռքը ունի Նիցչէի գերմարդը իր մէջ, ունի գերհա՛յը, այդ կենարար էութիւնն է, որ պէտք է վերջապէս յայտնուի:

Կարօ Արմէնեանի եւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի շեշտադրումը ա՛յս կէտին վրայ է: Ես կ՛առարկեմ նաեւ արտասահման սահմանումին:

Հայաստանը այնպէս ընդելուզուած է մեր գիտակից կամ անգիտակից կեանքին մէջ, որ մենք մեր կարիքները մէկդի դրած` նիւթական նպաստ հասցնելու անհատնում հեւքի մէջ ենք, հրաշալի՛ գործ կ՛ընենք, սակայն անհրաժեշտը` հաշուետուութիւն չենք ուզեր այն լիաբուռ օգնութեան, որ կու տանք անկախութեան առաջին օրէն, օրինակ` համահայկական հիմնադրամին:

Ամէնքս ալ գիտենք, թէ ինչպէ՛ս կը զրկուի ժողովուրդը այդպիսի նպաստի իր իրաւունքներէն:

Երկրաշարժի օրերէն մենաշնորհեալ դասակարգ մը անյագ ախորժակով ապարանքներ կը կառուցէր, օֆշոր մեծագումար տոլարներով եւ եւրոներով կ՛ապահովէր իր եօթը պորտը, մինչ Երեւանի մէջ մէկ օրէն միւսը` անտունիներ ու մուրացկաններ կային, անարդարութիւնը պատասխանատուութիւնը կորսնցուցած` կ՛ուռճանար, գիւղական դպրոցները անմխիթար վիճակի մէջ էին, հողէ ծուռումուռ փողոցներ, բնականոն ջրոռոգման անտեսում: Բնակիչներու կեանքը բարելաւելու բացակայութիւն: Ինչո՞ւ երկար տարիներ լուռ մնացին հանգանակութիւններու պատասխանատուները:

Քառասունչորսօրեայ պատերազմին երբ ամենայն արագութեամբ հարիւր եօթանասուն կամ աւելի միլիոն տոլար հասաւ, եւ հայրենի պետութիւնը ի՛նք ստանձնեց յատկացումները աղէտեալներուն համար, անշուշտ մաս մը յատկացուեցաւ անոնց, միաժամանակ կորզումը միշտ ներկայ էր: Հեռատեսիլէն տեսայ, թէ երիտասարդ պատգամաւոր մը խորհրդարանական ժողովին կ՛ըսէր, որ Կեդրոնական այգին պէտք ունի բարենորոգման, որուն համար անհրաժեշտ է տասը միլիոն տոլար: Իսկ մեր զաւակները իրենց օտար բարեկամներէն, գործակիցներէն անգամ խնդրեցին նուիրատուութիւն: Գաղութներ, որ հազիւ հազ կ՛ապրէին, նոյնպէս օգնեցին Հայաստանի քոյր-եղբայրներուն:

Ճամբաներու, գիւղերու, աւաններու, քաղաքներու եւ զրկուած բնակիչներու կարիքներուն հասան սփիւռքահայ կազմակերպութիւններն ու բարերարները` առանց պրպտելու, թէ որո՛նց գրպանը կը հոսին, եւ ինչո՞ւ իրենց նպատակին մասա՜մբ կը յատկացուին բազմամիլիոն գումարները, որ «հայրենասիրօրէն» կը տրամադրուէր հայրենիքի բարենորոգման: Բարեբախտաբար զգօնութիւնը ունեցան ոմանք իրե՛նց ձեռքով կամ սեփական պաշտօնեայով կատարելու իրենց ծրագիրները: Կարծեմ միայն Քըրք Քրիգորեանը եւ Շարլ Ազնաւուրն էին, որ կասեցուցին իրենց պատահած չարաշահումը:

Սփիւռքի ղեկավարները կուրօրէն նուիրուեցան հայրենիքին` առանց պահանջելու, որ իրենք ալ ներդրում ունենան, այսինքն նկատի առնուին որպէս իրաւասո՛ւ հայ, ո՛չ թէ կթան կով:

Սփիւռքը տուժեց:

Ինչո՞ւ դրամահաւաք մըն ալ չկազմակերպուեցաւ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը բաց պահելու: Վաճառքէն գոյացած հսկայ գումարը եթէ սփիւռքի այլ կարիքաւոր վարժարաններու չյատկացուեցաւ, ինչի՞ գործածուեցաւ: Քաղաքական վերիվայրումները ցոյց տուին, թէ հոծ թիւով աշակերտներ կրնային ուսանիլ այդտեղ:

Մեր դպրոցներէն, մամուլէն մաս մը փակեցինք: Պիւտճէ չկար սփիւռքի համար, որուն բնակչութիւնը աւելի էր, քան` Հայաստանինը: Սխալ չհասկցուիմ, ըսել ուզածս այն է, որ կոյր, ոչ թէ արթնամիտ, հայրենասիրութիւնը այնքան մեծ դեր խաղաց, ու մանաւանդ չպահանջեց հաշուետուութիւն որ պատասխանատու մարմինները առանց գիտակցելու աղէտին` չկարեւորեցին, ու շատ չանցած տկարացաւ  սփիւռքը` մեր զաւակներուն բնակավայրը: Մեր ապագան:

Ահաւասիկ` հրամայականը. սփիւռքը անյապաղ պէտք է վերաքննէ ինքզինք, արժեւորէ, սահմանէ իր ինքնութիւնը: Ծրագրէ եւ լաւատեսութիւն ներարկէ իր կեանքին: Չարտասահմանուի: Չկորսուի իր կորիզը, իր վերածնունդը:

Սփիւռքը ժամանակաւո՞ր է: Ահա Արցախը բռնի կը յանձնուի անոր, որ իրաւասութիւն չունի, քարիւղ ունի: Մեր հազարաւոր տարիներու կոթողները կը բնաջնջուին` ամէն անգամ մեր սրտէն քիչ մը եւս արիւն քամելով: Թուրքը հաւատաւոր շունի նման կը սպասէ իր կարգին:

Հայաստանը կը խախտի, եւ համայն հայ ազգը կու լա՜յ: Հայրենիքի յաւերժութեան հաւատաւորները կ՛ըմբոստանան ամէնուրեք: Ամէն օր` ցոյցեր, պաստառներ: Մեծը, պզտիկը, ուսանողը, թոշակառուն: Կը հաւատա՞ն, թէ՞ չեն հաւատար: Բայց կը սքնին կացութիւնը յեղաշրջելու:

Մեր ժողովուրդին գունագեղ հանդերձանքը այսօր վերածուած է սեւազգեստ սուգի:

Վերջնական կորուստին համար մենք կը սգանք: Անփոյթները տակաւի՛ն կը յղփանան:

Արցախը մահացա՜ւ: Ոճրագործները հայ են, հրամանատարներ ալ ունին, աթոռին փակած, դասալիք, ճգնաժամային պահու հեռացած բանակի պատասխանատուներ: Ո՛չ քաղաքագէտ, եւ ո՜չ բարեխիղճ:

Քառասունչորսօրեայ պատերազմէն ի վեր` անթիւ անհամար նահատակներ, Եռաբլուրը` հողին տակ նահատակ, սակայն հողին վրայ յաւերժացողներու տարածուն, սրտաճմլիկ պանթէոն է:

Իր տունն ու հունձքը վարող, իր ղեկավարներուն վստահած, իր հայրենիքին համար հոգի տուող բարի՜ ժողովուրդի մը գլխուն` մէկ օրէն միւսը կիսափուլ ընտանիքներ, հայրազուրկ որբեր, ամուսնազուրկ այրիներ, որդեկորոյս ծնողներ, հաշմանդամ երիտասարդներ ու մոռցուած ռազմագերիներ: Պատերազմ` վասն հայրենեա՞ց:

Ո՞վ էր պարագլուխը, ուրացողը, դաւադիրը, խիղճի տեղ գանձանակ ունեցողը, ինքնապաշտը, պարզապէս ինք դաւաճան չկոչուելու համար պատերազմը չդադրեցնողը, իր սեւ ակնոցներով` լոյս տարածող Շուշին հիւանդ տեսնողը, Ղազանչեցոցին` տաճկական պատանք արտօնողը, հայոց եկեղեցին հալածողը, դասագիրքերու հայկականութիւնը նուազեցնողը, տարախոհները բերման ենթարկողը, ցուցարար սգաւոր կիները հարուածողը, պատանիները խեղդել փորձողը, իրեն հակառակող մարդոց «ասֆալթին փռելու» սպառնացողը: Իր մանկլաւիկներուն պոլ-պոլ վարձատրողը, միայն թէ վնաս չհասնի հայոց բռնատէրին: Օ՜, բարձր տեղեր թառեցուցած արձակազէնները:

Սփիւռքը մեծաւ մասամբ հանդուրժեց, ձեւով մը` արտօնեց, որ շարունակուի, հակառակ որ հեռուէն տեսաւ անդառնալի պատուհասը:

Ինչո՞ւ:

Հարկաւ ունէինք մեր ծննդավայր երկիրներու մէջ մե՛ր առօրեայ հետզհետէ ահագնացող հնհնուքը: Հազիւ հազ, ծայրը ծայրին բերուող բազմաթիւ զրկանքներու հոգատարութիւնը:

Բայց այնտեղ մեր մինուճար Արցախը, մեր պաշտած Հայաստանը կը կործանէր: Միայն մէ՛կ մարդ` գոմէշի կաշիով, կրցաւ գլխիվայր դարձնել աշխարհի ամենաերկարակեաց ժողովուրդներէն մէկուն պատմութիւնը:

Այդ ազգը Հա՛յն էր՝ հուրի ու սուրի, դաւադրութեան, տեղահանութեան, եաթաղանի,  անապատի, երկրաշարժի անօթութեան,  բռնաբարումի, սպանութեան ամենազազրելի ձեւերու ու գերութեան եւ խենթութեան դիմադրած, յաղթանակա՛ծ ազգը:

Այլեւս ո՛չ թէ անօգուտ, այլ ամօ՛թ է միայն ափսոսանք զգալ այս անդառնալի մղձաւանջին նկատմամբ:

Սուգ է եւ մութ է հայոց երկինքը:

Կրակ չկա՞յ, մո՛մ մը վառենք:

Իրենց հայրենիքը բռնի լքողները հոգեբանական եւ նիւթական կարիքներ ունին: Սրտաբա՛ց ընդունելութեան պէտք ունին: Փոքրիկները, երբ մեծնան ու յիշեն այս օրերը, թող յիշեն նաեւ իրենց ազգակիցներու սէրն ու խնամքը:

Տառապագին ժողովուրդին, պուտ մը հողին արդարութի՛ւն ստեղծենք:

24 սեպտեմբեր 24 2023

Նախորդը

«Իսրայէլի Մատնահետքերը Կը Գտնուին Ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղի Ցեղային Մաքրագործումին Վրայ». Իսրայէլեան «Հաարեց» Օրաթերթի Խմբագրականը

Յաջորդը

Հանրային Հանդիպում` Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի Տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի Հետ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?