Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիմագրաւումներ Եւ Միաւորումներ. Գիրք Միտքերու Եւ Արուեստի (Encounters and Convergences. A Book of Ideas and Art). Սեդա Պ. Տատոյեան

Հոկտեմբեր 2, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս լոյս տեսաւ երեւելի գիտնական, հեղինակաւոր հայագէտ փրոֆ. Սեդա Տատոյեանի «Դիմագրաւումներ եւ միաւորումներ. գիրք միտքերու եւ արուեստի» գիրքը:

Ձեւով եւ բովանդակութեամբ` փիլիսոփայութեան եւ արուեստի այս գիրքը ամփոփ ներկայացում մըն է հեղինակին մտաւորական, փիլիսոփայական, պատմագիտական, գեղագիտական տեսակէտներուն, աշխատութեանց եւ արուեստին: Հակադրուած «զուտ ակադեմական» նեղ մօտեցումներու` գործը նաեւ պատկերազարդ փաստարկութիւն (argument) մըն է` ի նպաստ քննադատական, վերլուծական եւ միջմարզային (interdisciplinary) մտաւորականութեան: Փրոֆ. Տատոյեան կարեւորութեամբ կը շեշտէ ընդհանրութիւնը` մարդկայնական, ընկերային գիտութեանց եւ արուեստներու, նաեւ մասնաւորաբար հայագիտութեան միջեւ: Այսինքն պատմագրական գործ մը կ՛առնչուի արուեստներուն եւ մշակոյթին, ինչպէս որ արուեստի գործերը օրկանականօրէն կապուած են պատմական-ընկերային պայմաններուն: Եթէ գրականութեան եւ արուեստի գործերը հիմնականին մէջ հակազդեցութիւններ են ընկերային պայմաններու, նաեւ` եթէ բոլորին ալ դրդիչ ազդակն ու նպատակը հասկնալ է մարդկային կացութականութիւնը (situatedness), ուրեմն ընկերային հունաւորումը (social embeddedness) կ՛ըլլայ հասարակ յայտարար: Կացութականութիւն կը նշանակէ, որ մարդու հասկացողութիւնը եւ իրերու տրուած իմաստը կախում ունին իրենց ընկերային, քաղաքական, պատմական, մշակութային միջավայրէն եւ փորձառութենէն: Այս մօտեցումը կը բնորոշէ Տատոյեանի տասնէ աւելի հատորները եւ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւնները` նուիրուած Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայոց միջգործական (interactive) պատմութեան, փիլիսոփայութեան, եւ արուեստի պատմութեան: Իր կարգին, այս գործը եւս է ինքնախոհական (self-reflective)` իր յղացումով, միջմարզային իր գործադաշտով (scope), տիալեքթիք իր մեթոտով, մեկնաբանական (hermeneutical) իր մօտեցումով եւ, այս պարագային գեղարուեստական իր արտայայտութեամբ:

Գիրքը կը բաղկանայ 175 մեծադիր էջերէ, որոնց 90-ը մեծ մասամբ ածուխով գծանկարներ են` բաժնուած ստեղծագործական երկու հանգրուաններու. մինչեւ 1991 գործեր, որոնց աւելի քան 45-ը «ռազմապահի» (wartime Լիբանանի պատերազմին) գործեր են, իսկ մնացեալ 30-ը (2012-ին) «Յաղագս նիւթի ոգիին» (spirit of matter) վերնագրին տակ: Ամփոփ կերպով` բովանդակութիւնը հետեւեալն է. «Նախաբան գիտաշխատութեան եւ արուեստներու մասին» (Prologue on Scholarship and the Arts). առաջին մասը` «Իմ գեղագիտութիւնս» (My Aesthetic), կը բաղկանայ հինգ գլուխներէ եւ կը հայթայթէ գործին տեսական-վերլուծական շրջանակը` ուրուագծելով արուեստի տարբեր փիլիսոփայութիւնները եւ արուեստներու, զանգուածային ու սպառողական մշակոյթի ներկայ կացութիւնը: Երկրորդ մասը` «Փնտռտուքը եւ արահետը» (The Quest and the Path) ունի չորս գլուխներ. «Նախերգանք» (Prelude, 10 նմուշներ իր առաջին գործերէն մինչեւ 1966). «Հանդիպում Կռիւի եւ Տառապանքի հետ» (Encounters with Strife and Suffering, 7 գործեր, մինչեւ 1977). «Ռազմապահի արուեստ եւ գեղագիտութիւն» (Wartime Art and Aesthetic, 44 գործեր, մինչեւ 1991). «Յաղագս նիւթի ոգիին» (Of the Spirit of Matter, 28 գործեր, 2022). «Վերջաբանը» (Epilogue) կը փակէ գործը: «Բովանդակութիւն նկարներու ցանկով» յաւելուած մըն է գրացանկէն առաջ:

Կենսագրական Գիծեր

Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան (ծն. Սաթենիկ Պարսումեան) երեւելի հայագէտ, մտաւորական դաստիարակ եւ արուեստագէտ է, փիլիսոփայական գիտութեանց դոկտոր: Իր ընդարձակ հետազօտութիւնները եւ բազմաթիւ հրատարակութիւնները կը կեդրոնանան հայ միջնադարեան եւ արդի մշակութային, քաղաքական եւ մտաւորական միջգործական փորձառութեանց վրայ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելեան շրջանին` եւ մասնաւորաբար իսլամական աշխարհին մէջ: Այս ուղղութեամբ կը նկատուի պատմագիտական եւ մտաւորական նոր ուղիներ բացող մը եւ հիմնադիրը միջազգային ու մերձաւոր արեւելեան պատմագրութեան մէջ` հայ-իսլամական միջգործական նոր մարզի մը, որուն նուիրած է վեց հատորներ եւ բազմաթիւ աշխատութիւններ: Տատոյեան դասախօսած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարան երկու տասնամեակներ, ապա` Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանը, Շիքակոյի համալսարանը, Սուրբ Ներսէս Ընծայարանը (Նիւ Ռոշել) եւ Երեւանի պետական համալսարանը մինչեւ 2011: Իր բացառիկ գիտական գործունէութեան եւ սատարին ի գնահատանք, Տատոյեան արժանացած է բարձրագոյն մետալներու.- Հայագիտական ուսումնասիրութեանց ընկերացութեան (Միացեալ Նահանգներ) «Lifetime Achievement Award» (սեպտեմբեր 2021), Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի» մետալին (սեպտեմբեր 2015). Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի` փիլիսոփայութեան ակադեմիայի «Դաւիթ Անյաղթի» բարձրագոյն վկայականին եւ մետալին (յունուար 1999) եւ ուրիշներու: Ցարդ հրատարակուած` աւելի քան յիսուն ընդարձակ ուսումնասիրութեանց կողքին, ունի տասներեք հատորներ:

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Տարագրի Յուշեր 1915-1917» (Հեղինակ Գառնիկ Կ. Պօտուռեան)

Յաջորդը

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) – Թ. –

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?