Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) – Թ. –

Հոկտեմբեր 2, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Գիրերու Գիւտին 1500-Ամեակը Եւ «Սուրբ Մեսրոպ»

Սիամանթօ Ամերիկայէն Պոլիս վերադարձաւ 1911-ի ամրան` արագօրէն անցնելէ ետք Լոնտոնէն, Փարիզէն ու Ժընեւէն:

Հայկական Պոլիսը այդ օրերուն կ՛եռեւեփէր մշակութային անօրինակ հեւքով մը, տրուած ըլլալով, որ արտասահման ապաստանած բազմաթիւ գրողներ, հրապարակագիրներ ու մտաւորականներ տուն վերադարձեր էին պանդխտութենէ` համիտեան վարչակարգի տապալումէն ետք: Տպարանները բազմացեր էին: Ամէն շաբաթ նոր գիրք մը կը տպուէր, նոր թերթեր երեւան կու գային: Անոնցմէ թերեւս ամէնէն աչքառուն «Ազատամարտ» օրաթերթն էր, պաշտօնաթերթը` ՀՅ Դաշնակցութեան:

Սիամանթօ սկսաւ աշխատակցիլ «Ազատամարտ»-ին: Թերթին 1912-ի փետրուարէն ապրիլ երկարող թիւերուն մէջ ան հրատարակեց քրոնիկներու շարք մը, որ կը կրէր «Ազատ կարծիքներ» խորագիրը: Զանոնք ստորագրեց ծածկանունով մը` Արշամ Աբբասեան:

Այդ օրերուն յա՛տկապէս ուշագրաւ դարձեր էին Էսայեան սանուց միութեան սարքած գրական ասուլիսները, որոնց կազմակերպման մէջ կարեւոր դեր կը խաղար Յ. Ճ. Սիրունին: Այդ ասուլիսներէն մէկն ալ (շարքին 6-րդը) նուիրուեցաւ Սիամանթոյի գործին քննարկումին եւ արժեւորման:

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 2 յունիս 1913-ին, Թաքսիմի Էսայեան վարժարանի սրահին մէջ: Հանդէսին նախագահեց գրագէտ Ռուբէն Զարդարեան: Յաջորդաբար խօսք առին Գարեգին Խաժակ, Դանիէլ Վարուժան եւ Սարգիս Մինասեան` վերլուծելով Սիամանթոյի քերթողութեան իւրայատուկ յատկանիշները (հոն կարդացուած զեկոյցները օրին հրատարակուած են առանձին պրակով, բայց նաեւ տեղ գտած` բանաստեղծին Գահիրէ տպուած «Ամբողջական գործեր»-ու հատորին մէջ, 1960):

Ճիշդ 110 տարի անցեր է այդ ձեռնարկէն: Կրնա՞նք անգիտանալ, թէ այդ օր բեմ բարձրացած բոլոր զեկուցաբերներն ալ, ներառեալ` օրուան մեծարեալը, զոհ գացին Հայոց ցեղասպանութեան…

*

Գիտենք արդէն, որ յետսահմանադրական շրջանի թրքահայ մշակութային կեանքին ամէնէն փառաւոր ու պանծալի էջերէն մին հանդիսացաւ հայոց այբուբենի գիւտին 1500-ամեակի լայնածաւալ տօնախմբութիւնը, որ միանալով հայ տպագրութեան ալ 400-ամեակին` մայրաքաղաք Կ. Պոլսէն մինչեւ գաւառի հեռաւոր ափերը համազգային հպարտութեան աննախընթաց ալիք մը տարածեց:

Գրոց գիւտը կը նշուէր 6-7 տարուան ակամայ յապաղումով (համիտեան վարչակարգը չէր արտօներ նման բան), մինչ տպագրութեան յոբելեանը կը համընկնէր ճի՛շդ իր տարեդարձին (հայատառ առաջին գիրքը տպուած էր Վենետիկ, Յակոբ Մեղապարտին կողմէ, 1513-ին):

Անկախ մշակութային զանազան կազմակերպութեանց սարքած բազմապիսի ձեռնարկներէն` Պոլսոյ կեդրոնական մայր հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ նոյն տարուան հոկտեմբերին, Թարգմանչաց տօնին զուգահեռ, եկեղեցական ու աշխարհիկ վեհաշուք եւ բազմամարդ հանդէսներով, որոնց իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ… թուրք կառավարութիւնը (երեւակայե՜լ, որ ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշա այս առթիւ հայ մշակոյթը դրուատող ուղերձ արտասանած է Գումգաբուի պատրիարքանիստ մայր տաճարին մէջ…):

Սիամանթոն ալ բանաստեղծի ու հայ գիրի սպասարկուի իր համեստ տուրքը բերաւ համազգային այս տօնախմբութեանց: Ան գրի առաւ «Սուրբ Մեսրոպ» խորագրով պոէմ մը (1913), ուր բանաստեղծական բարձրաթռիչ ոճով կը պանծացնէր Մեսրոպ Մաշտոցը, բարոյապէս կը խոնարհէր անոր Օշականի անշուք գերեզմանին առջեւ, տարօնցի վարդապետին տեսիլքին մէջ անպայման կ՛ուզէր տեսնել Աստուծոյ ներշնչումն ու ներգործութիւնը եւ, վերջապէս, կը ներբողէր «գիւտին փառքը»: Պրակը զուգահեռաբար լոյս տեսաւ Թիֆլիսի մէջ ալ: Այս պոէմէն հատուածներ արտասանեց Կոստան Զարեան` գրոց գիւտի 1500-ամեակի մայր հանդիսութեան ընթացքին (Պոլիս, Գումգաբուի աթոռանիստ մայր տաճար:

«Սուրբ Մեսրոպ»-ը ծաւալուն գործ մը չէր,  հազիւ տասնհինգ էջ էր: Կը բաղկանար չորս գլուխներէ` «Ներբողական», «Սուրբին աղօթքը», «Տեսիլքը» (այս բաժինը շատ կարճ է`  լոկ 12 տող) եւ «Գիւտին փառքը»:

Առաջին ընթերցումով իսկ զգալի է, որ այստեղ դէմ-յանդիման կը գտնուինք բոլորովին տարբեր Սիամանթոյի մը: Նիւթը օգնած է իրեն, որ բանաստեղծը անգամի մը համար դուրս գայ արիւնի, եղեռնագործութիւններու, տառապանքի, պայքարի ու ահեղ դիւցազնամարտերու իր ընթացիկ շրջածիրէն ու հակի դէպի անցեալ, դէպի Ե. դարու Մեծ Դէպքը:

Սիամանթոյի լեզուն ու ոճը այստեղ, դա՛րձեալ հռետորաշունչ է, պատկերները` գեղաքանդակ, երբեմն` գերբնական:  Մեսրոպի նկարին կամ յիշատակին առջեւ, տեսէ՛ք, թէ բանաստեղծը, առաջին իսկ էջերէն ինչպէ՛ս կը յիշէ անոր հետ իր անդրանիկ «հանդիպում»-ը.

ՕՇԱԿԱՆԻ մէջ անմա՜հօրէն մահացեալ,
Անճառելի եւ անդրանիկ դաստիարակ,
Ես` երազային երախայ մը վեցամեայ,
Այբբենարանդ ի ձեռին, անմեղօրէն զայն հեգելով
Առաջին խաչը, ճակտէս սրտիս,
Հաւատա՛ ինձ, ո՜վ հայրութիւն…
Պատկերիդ դէմ է որ հաներ եմ…

Այս բաժինը կը շարունակուի Մեսրոպը մատնացոյց ընող ներբողական «դուն»-երու երկար շարքով մը ու կ՛աւարտի սա՛ ցնցիչ բաղձանքով.

Դուն մտածման ծարաւներու արծաթեայ ծով,
Դուն Տարօնածին հսկա՜յ Մովսէս,
Դուն անհպելի մատենագիր մայր-բարբառի,
Թո՛ղ իմ գանկս, վերջալոյսիս,
Քնարիս հետ, մոխիրովս առլցուն,
Յուղարկաւորներս` խնկատուփի մը փոխարէն,
Հողակոյտիդ վրայ վառեն…

«Սուրբին աղօթքը» բաժնին մէջ Սիամանթօ Մեսրոպ Մաշտոցը կը վերածէ երկրորդ Նարեկացիի մը, ջերմեռանդ աղօթողի մը, որ ինքզինք չափազանցեալ կերպով կը նսեմացնէ «տիեզերքի անմեկնելի ճարտարապետ»-ին` Աստուծոյ անթափանց կերպարին առջեւ, շարայարել կու տայ անոր իր գործած կամ չգործած անհամար մեղքերը, մարդկային տկարութիւնները, տաղանդի եւ ուժի անբաւարարութիւնը, սրտառուչ «Օգնէ՜ ինծի»-ներով պաղատանքի ու աղերսանքի կը մղէ զինք: Աստուծոյ անունին դիմաց ալ կը շարէ գերադրական ինչ-ինչ որակականներ, «ի խորոց սրտի»: Ամբողջ բաժինը նարեկեան շունչի ու բառամթերքի մը ազդեցութեան տակ է` գեղեցիկ ու ինքնատիպ պատկերներով: Անիկա կ՛աւարտի սա՛պէս.

ՕԳՆԷ՛ ԻՆԾԻ, անծայրածիր Ծանօթութիւն,
Գերազօր Տէր, անհուն հնարիչ,
Լոյսի զենիթ, անկնճիռ իմաստ,
Ջուր երկնային, անանջրպետ հոգի,
Անհաշիւ բաշխող, երազներու սահանք,
Ճանաչումի քու ծածկոցդ լուսեղէն
Իմ կործանեալ ուսիս վրան թող ծածանի,
Եւ` հսկումներու, հեծեծանքի, աղօթքներու
Այս իրիկուան քառասներորդ գիշերին`
Աստուա՜ծ անյեղլի, Աստուած անափունք,
Արարչագործ ձեռքդ իմ ուղեղիս երկարէ,
Հոն իմ գիւտս խմորելու…:

Վերջին գլուխին մէջ, «Գիւտին փառքը» վերնագրեալ, կը շարունակուի «դուն»-երու շարքը` Մեսրոպը պանծացնող նորանոր բնութագրումներով, մակդիրներով, փառաբանանքներով.

Մեսրո՜պ, հայ դարերու դիմաց կեցող`
Դուն ադամանդեայ ապառաժ,
… Դուն աննինջ հսկող, դուն Տիտանեան տեսանող,
… Դուն բարբառի արարիչ, Բանի իշխան,
… Դուն անվատնելի ցորեանի դաշտ, դուն ձրի՜ հաց,
… Դուն արբեցութեան եւ գինիի աւազան,
Որուն մէջ ե՛ս ալ ոսկի սափորս եմ մխրճեր…
Արեւներու ծարաւէս խենթ…

Ի վերջոյ, բանաստեղծը մատնանիշ կ՛ընէ այբուբենի գիւտին պատմական արժէքը ու գիւտարարը կը կոչէ «երկրորդ Աստուած».

ԴՈՒՆ մեծաթափանց նայուածքներով առաքեալ,
Դուն էիր որ զքեզ երգող ցեղդ այսօրուան,
Հելլէններէն ե՛ւ հանճարեղ ե՛ւ հրավառ,
Ու աշխարհակալ մեծ Հռովմի որդիներէն
Ու հրապաշտ պարսիկներէն դրացի,
Մայր-բարբառիդ հիմնաքարովն յակինթ,
Հայկազունեաց մեր շառաւիղն ազատեցիր…:
Դուն երկրո՛րդ Աստուած,
Եւ մտածման Դուն առաջին արարիչ…: 

 

(Շար 9 եւ վերջ)
Հալէպ

* Վերջ` այս շարքին: Շարքը Բ. մասով մը պիտի շարունակուի հետագային:


(Շար. 1)
(Շար. 2)
(Շար. 3)
(Շար. 4)
(Շար. 5)
(Շար. 6)
(Շար. 7)
(Շար. 8)

Նախորդը

Դիմագրաւումներ Եւ Միաւորումներ. Գիրք Միտքերու Եւ Արուեստի (Encounters and Convergences. A Book of Ideas and Art). Սեդա Պ. Տատոյեան

Յաջորդը

Հոգիս Լացումա

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?