Արցախի հայաթափման գործողութիւնը կատարուեցաւ մեծ արագութեամբ եւ լաւապէս կազմակերպուած եղանակով: Հայաստանի կառավարութիւնը ստեղծած էր միջնախարարական մարմին մը, առնչակից բազմաթիւ նախարարներու մասնակցութեամբ, որ հսկեց գործընթացին ու ապահովեց աւելի քան 100.000 արցախահայերու տեղափոխութիւնը եւ հաստատումը Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերուն մէջ: Ամէն տեղ ստեղծուած էին ընդունելութեան բջիջներ, որոնք ստացած էին եկողներուն օժանդակելու համար ցուցմունքներ: Պետական մեքենան գործեց գրեթէ անթերի եղանակով:
Այնքան հեզասահ ու կանոնաւոր, որ կարելի չէ նշմարել անոր կանխաւ նախատեսուած ու նախապատրաստուած ըլլալը: Հայաստան Արցախի հայերը ընդունեց կազմակերպուած եղանակով, Ազրպէյճանի եւ ռուս խաղաղապահներու հետ հեռակայ համագործակցութեամբ: Արցախի մէջ ցեղային զտումը հասաւ իր աւարտին:
Ո՞ւր մնացին Արցախի հայութեան անվտանգութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին տրուած հաւաստիքները: ՄԱԿ-ը դիտորդական առաքելութիւն կը ղրկէ քննելու համար Արցախի հայութեան մարդասիրական կարիքները, երբ… Արցախի մէջ գրեթէ հայ չէ մնացած: ՄԱԿ-ը կրցած է ազրպէյճանական դարձած տարածք առաքելութիւն իրականացնել Ազրպէյճանի համաձայնութեամբ եւ կարեւոր զիջում մը կատարելէ ետք: Ազրպէյճան պահանջած է, որ պատուիրակութեան կազմը չներառէ Մարդու իրաւունքներու բարձր գործակալութեան անդամներ: Մարդու իրաւունքները լաւապէս յարգուած են, ըստ Ազրպէյճանի. ՄԱԿ-ն ալ ենթարկուած է պայմանին:
Տեսնենք, թէ ի՛նչ Կարիքներ պիտի յայտնաբերէ ՄԱԿ-ի ուշացած առաքելութիւնը:
Ցեղասպանութիւն նկատուող այս մարդկային աղէտը միայն մարդասիրակա՞ն պատասխան կ՛ենթադրէ: Հայաստանը, Եւրոպան, Միացեալ Նահանգները, առաւել եւս Ռուսիան մեծ բծախնդրութեամբ կը խուսափին քաղաքական բնութագրում տալէ պատահածին: Բոլորին համար կարեւորը քիչ թէ շատ արժանավայել կեանք մը ունենալն է. այսօր Հայաստանի մէջ, վաղը աշխարհի տարածքին որեւէ անկիւն:
Հայ ժողովուրդը մխրճուած է պատմական խոր ճգնաժամի մէջ: Ցոյցեր ու հաւաքներ տեղի կ՛ունենան այն բոլոր վայրերուն մէջ, ուր հայեր կ՛ապրին: Նաեւ Հայաստանի մէջ: Անոպայ մը կը գրէ, որ եթէ Արցախէն գաղթած հայ մը յանդգնի ընդդիմութեան հաւաքի մասնակցիլ, զայն պէտք է զրկել որեւէ օժանդակութիւն ստանալէ: Ուրիշներ իշխանութեան վարած քաղաքականութիւնը սխալ կը նկատեն, սակայն բողոքի հաւաքներուն մասնակցելու համար պայմաններ ունին: Ազգային կոմիտէն կը յայտարարէ, որ պատրաստ է լսելու բոլոր դիտողութիւններն ու առաջարկները: Կարեւորութիւն չունի. մէկը երկար քիթ ունի, ուրիշ մը կարճ, մէկը բեմէն կ՛ուզէ իր ուզածը լսել, ուրիշ մը ատոր հակառակը: Որքան մարդ, այնքան կարծիք եւ նոյնքան պայման:
Իշխանութիւնները կը ձեւացնեն, որ իրենց հակառուսական ջլախտին նկատմամբ վերապահութիւն ունեցողները կը դաւեն Հայաստանի ինքնիշխանութեան դէմ, դուրսէն կը ղեկավարուին, դէմ են Հայաստանի անկախութեան: Եթէ Հայաստանի անկախութեան, սահմաններու պաշտպանութեան մասին ծրագիր մը ունենային, կրնայինք թերեւս հաւատալ: Ապահովութիւն բերող որեւէ երկիր ալ թեկնածու չի ներկայանար: Հակառակը, ամէնէն աւելի հայասէր նկատուող Ֆրանսան կը զգուշացնէ, որ ինք չի կրնար զինական միջոցով Հայաստանի սահմանները պաշտպանել:
Նման պայմաններու մէջ տրամաբանական պիտի ըլլար, որ բոլոր կարծիքները լռէին ու ստեղծուէր ազգային միասնականութիւն: Իտէալականը պիտի ըլլար այն, որ իշխանութիւնը ինք ստանձնէր ազգային միասնականութիւն ստեղծելու գործը: Միասնականութիւն անշուշտ գաղափարի շուրջ, համաձայնեցուած քաղաքականութեան մը շուրջ: Իշխանութեան վարած քաղաքականութեան անհեռանկար ըլլալը բացայայտ է այլեւս: Ձախողին համաձայնելով կարելի չէ միասնականութիւն ստեղծել: Եթէ գործող իշխանութիւնը ի վիճակի չէ շրջադարձ կատարելու եւ համախմբելու, թող, ի սէր Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին, զիջի իր տեղը անոնց, որոնք իր ալ մասնակցութեամբ ի վիճակի են խորտակուող նաւը փրկելու: Ի սէր Հայաստանին ու հայութեան: