Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցականի Ակնոցով Դիտուած. Եւրոպայի Հայկական Համայնքներու Մասին

Հոկտեմբեր 4, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

14. Յունաստան.– Շատ հին է հայկական տարրի ներկայութիւնը Յունաստանի եւ յատկապէս Մակեդոնիոյ (Սելանիկ) եւ Թրակիոյ մէջ: Շրջանի քաղաքներէն իւրաքանչիւրը մինչեւ հիմա ունի իր ազգային գերեզմանատունը, որմէ զրկուած է Ատտիկէի (Աթէնք, Բիրէա եւ արուարձաններ) հայութիւնը: Հայկական հետքեր կը գտնուին նաեւ Կրետէ կղզիին մէջ, ուր մինչեւ հիմա «Արմենի» կոչուող շրջան մը կայ ու անկէ քիչ անդին` «Ամառի» անունով գիւղ մը` հաւանաբար նախորդին ամարանոցը եղած ըլլայ…

Նորագոյն շրջանի յունահայ  գաղութը կազմուած է 1920-ական թուականներուն` Հայոց ցեղասպանութեան եւ Զմիւռնիոյ աղէտին (1923) հետեւանքով, երբ   Կիլիկիայէն, Զմիւռնիայէն, Կ. Պոլսէն կամ Փոքր Ասիոյ տարբեր քաղաքներէն 80.000-էն աւելի գաղթական հայեր ապաստան գտած են Յունաստանի մէջ: Անոնցմէ շատեր Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք երկրին մէջ տարածուած համատարած չքաւորութեան ու անգործութեան պատճառով գաղթած են Ամերիկաներ ու Քանատա:

Խորհրդային Միութեան փլուզման տարիներուն յունահայերու  թիւը 15 հազարի շուրջ կը տարուբերէր: Գաղութը կը շարունակէ օժտուած ըլլալ մեծ գաղութի մը բոլոր գործօններով` առաջնորդարան, եկեղեցի-կրօնականներ, ամէնօրեայ եւ միօրեայ վարժարաններ, ակումբ-հաւաքատեղիներ, բարեսիրական, մարզական թէ մշակութային կազմակերպութիւններ իրենց մասնաճիւղերով  եւ յարակից լծորդներով, ինչպէս`  պարախումբ, երգչախումբ, սկաուտութիւն, պասքեթպոլի, վոլէյպոլի խումբեր եւ այլն: Միակ շրջանն է ամբողջ Եւրոպայի մէջ, որ մեծ ջանքերով կը շարունակէ պահել «Ազատ Օր» օրաթերթը` իբրեւ օրկան ՀՅԴ-ի:  Յունաստանի մէջ կը գործեն ՀՅԴ-ի հինգ կոմիտէութիւններ, երեքը Ատտիկէի եւ երկուքը` հիւսիսային Յունաստանի քաղաքներու մէջ: Կեդրոնական կոմիտէն ունի  հակակշիռ` ազգային ու միութենական կեանքին վրայ եւ ստանձնած է գաղութային աշխուժութիւնները խթանելու դերակատարութիւն: Հայ դատի յանձնախումբին հետ կը վարէ քաղաքական յարաբերութիւններ: Այս վերջին մարզին մէջ արձանագրուած է մեծ յաջողութիւն տարիներու ընթացքին, ինչ որ կը ջանան պահել յաջորդական ԿԿ-ները` շարունակելով քաղաքական շրջանակներու հետ ջերմ ու յաճախակի յարաբերութիւնները: Շնորհիւ այդ յարաբերութիւններուն` կարելի եղած է ապահովել, որ երկար տարիներէ ի վեր կրթական նախարարութիւնը ստանձնէ յոյն եւ հայ ուսուցիչներու վարձատրութիւնը,  որ 1996-ին պետական օրէնքով ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշելու օր հռչակուի եւ նահանգապետարանի ծախսերով ու մասնակցութեամբ համապատասխան ձեռնարկներ կատարուին եւ այլն:

Յունաստանի մէջ մէկ եկեղեցիով կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ նաեւ էջմիածնական թեմը, որ նշանակալի գործունէութիւն մը չի ծաւալեր: Նոյն ալիքի վրայ են ՌԱԿ-ն ու ՀԲԸՄ-ը, որոնք կը հրատարակեն շաբաթաթերթ մը եւ կը պահեն  նախակրթարան մը` աշակերտներու նօսրացած թիւերով:

Յունահայ գաղութի պատասխանատուներուն մեծ մտահոգութիւնն է  բոլոր դպրոցներու աշակերտներու թիւի համեմատական նօսրացումը, յատկապէս` մանկապարտէզներու եւ նախակրթարաններու մէջ:

Դասական գաղութի շուրջ 12-15 հազար հայերուն վրայ Սուրիայէն ու Լիբանանէն  քանի մը հարիւր եւ մանաւանդ Հայաստանէն եկուոր բազմահազար հայերը գումարած` կ՛ենթադրուի, թէ յունահայութեան թուաքանակը այսօր հասած պէտք է ըլլայ շուրջ 50.000-ի:

Ներկայիս սփիւռքահայութեան ընդհանուր ու համատարած անտարբերութեան վտանգաւոր վարակէն զերծ չեն նաեւ յունահայ ազգայինները, ինչ որ անյարիր է ընդհանրապէս ամբողջ սփիւռքին, յատկապէս` յունահայութեան, որ միշտ եղած է բծախնդիր ու հետեւողական` իր կազմակերպուածութիւնը ամուր պահելու ջանքին մէջ :

15. Կիպրոս.- Իբրեւ գլխաւոր հաստատում պէտք է յատկանշել, որ ամբողջ Եւրոպայի մէջ միակ հայախօս գաղութն է: Հայութեան թիւը շուրջ 4000 է եւ կը վայելէ պետութեան հոգածութիւնն ու օժանդակութիւնը: Կառավարութիւնը տարեկան մէկ միլիոն եւրօ կը յատկացնէ հայկական դպրոցներուն, չհաշուած պարբերական այլ յատկացումները` մշակութային այլազան աշխուժութիւններու համար: Հայոց կողմէ կայ մէկ երեսփոխան կիպրական խորհրդարանին մէջ: Կը գործեն 3 հայկական ամէնօրեայ նախակրթարաններ Նիկոսիոյ, Լառնաքայի եւ Լեմեսոսի մէջ եւ մէկ միջնակարգ` շուրջ 230 աշակերտներու ընդհ. թիւով: Ունին նաեւ մանկամսուր` շուրջ 15 երեխաներով:

Կիպրոսի մէջ կը գործէ ՀՅԴ-ի կուսակցական կազմ եւ Հայ դատի յանձնախումբ, որոնք կազմակերպական աշխատանքներու կողքին, կը վարեն քաղաքական յարաբերութիւնները եւ մղում կու տան Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ընդհանրապէս ազգային իշխանութեանց գործունէութեանց: Կը կատարուին ամէնօրեայ ռատիոհաղորդումներ, առցանց ու պարբերական հրատարակումներ, ինչպէս, օրինակ,  «Կիպրահայեր»-ը, «Ազատ խօսք»-ը եւ այլն: Կարելի է Կիպրոսը համարել կազմակերպ գաղութ, ուր  ՀՅԴ-ի հակակշիռը զգալի է եւ ազգայիններու կողմէ` ընդունուած:

(Շար. 4)

 

Նախորդը

Յաջորդ Տողերը Ջնջել Ընդփոյթ… Ջնջել Հիմա՛

Յաջորդը

Գործակցաբար Հայկազեան Համալսարանին Հետ. Ազգային Վարժարաններու Ուսուցիչներու Վերապատրաստութեան Երկօրեայ Սեմինար

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?