Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 4, 2023
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Սուրիական Ճգնաժամին Նուիրուած Գիտաժողովը Նպաստեց Գիտական Դիւանագիտութեան Շրջանակին Մէջ Առկայ Մարտահրաւէրներու Քննարկման

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկը կազմակերպեց եւ իրականացուց «Սուրիական ճգնաժամն ու քրտական գործօնը. ներքրտական, տարածաշրջանային եւ միջազգային դիտանկիւններ» խորագրով միջազգային գիտաժողովը, որուն նպատակն էր դիւանագիտական եւ ակադեմական շրջանակներու ներգրաւումով գիտական դիւանագիտութեան հարթակին մէջ քննարկել սուրիական ճգնաժամի ներսուրիական, տարածաշրջանային եւ միջազգային դիտանկիւններն ու տարածաշրջանին մէջ քրտական գործօնին աշխարհաքաղաքական նշանակութիւնը: Այս մասին տեղեկացուցին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկէն, Արցախի եւ Հայաստանի համար բարդագոյն եւ մարտահրաւէրներով լի այս շրջանին գիտաժողովը մեծապէս նպաստեց նաեւ գիտական դիւանագիտութեան հարթակին վրայ առկայ մարտահրաւէրներու բարձրաձայնման ու անոնց բազմակողմանի քննարկման:

Զեկուցումները նուիրուեցան ներսուրիական զարգացումներուն եւ քրտական գործօնի տարբեր դիտանկիւններուն: Քննարկուեցան հարցեր, որոնք կ՛առնչուէին սուրիական ճգնաժամի ազդեցութեանը տարածաշրջանային եւ միջազգային իրողութիւններուն վրայ, տարածաշրջանային եւ ոչ տարածաշրջանային դերակատարներու (Ռուսիա, Իրան, Թուրքիա, Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան, եւրոպական երկիրներ) ներգրաւուածութեան սուրիական հակամարտութեան ու անոր հետեւանքներուն մէջ:

Զեկուցումներու թեմաները ներառեցին հետեւեալ դիտանկիւնները` սուրիական ճգնաժամին քրտական հարցին վերաբերեալ Ռուսիոյ մօտեցումները, Սուրիոյ աշխարհաքաղաքական նշանակութիւնը, Միացեալ Նահանգներու մերձաւորարեւելեան քաղաքականութեան կերպարանափոխումները, Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը` սուրիական ճգնաժամին եւ ուղղակի ներգրաւումը,  անվտանգային հիմնահարցեր, Սուրիոյ քիւրտերուն հետ կապուած մարտահրաւէրները` Թուրքիոյ տեսանկիւնէն, քիւրտ պարտիզպան կնոջ կերպարին փոխակերպումները, սուրիական կառավարութեան քրտական քաղաքականութիւնը ճգնաժամի սկիզբի հանգրուանին, Իրանի տարածաշրջանային անվտանգութեան շահերն ու քրտական գործօնը սուրիական ճգնաժամի առանցքին, հայ-քրտական պատմական մշակութային առնչութիւնները, Քիւրտիստանի եւ Իրաքի կառավարութեան յարաբերութիւններու առանձնայատկութիւնները: Քանի մը զեկուցումներ նուիրուեցան Սուրիոյ` արաբական երկիրներու հետ յարաբերութիւններու բարելաւման գործընթացին. մասնաւորապէս` այդ գործընթացին Եգիպտոսի դերակատարութեան, Ծոցի երկիրներու, ինչպէս նաեւ Մարոքի եւ Թունուզի դիրքորոշումներու փոփոխութեան, ԱՊԼ-ի մէջ Սուրիոյ անդամակցութեան վերականգնման, ինչպէս նաեւ` սուրիական յարամարտութեան նկատմամբ Իսրայէլի քաղաքական եւ հասարակական ընկալումներու քննութեան: Քննարկուեցան նաեւ հարցեր, որոնք կ՛առնչուին նաեւ Հարաւային Կովկասի թրքական գործօնի ուժեղացման, ռուս-թրքական յարաբերութիւններու դրսեւորումներուն, Արցախի շուրջ ձեւաւորուած բարդագոյն իրավիճակին, Հայաստան-Ազրպէյճան եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ այլն:

Գիտաժողովին մասնակցեցան ինչպէս Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւն իրականացնող օտար դիւանագէտներ, այնպէս ալ` արաբական շարք մը երկիրներու մէջ ծառայութիւն իրականացնող Հայաստանի դեսպաններ եւ դիւանագէտներ, Հայաստանի պետական տարբեր գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի յառաջատար գիտաշխատողներ, հետազօտողներ Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Ասիոյ ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնէն, Ուաշինկթընէն, Հանրային քաղաքականութեան Ռիւակ Պաղտատ կեդրոնէն (Իրաք), Եգիպտոսէն եւ այլ վայրերէ:

Գիտաժողովին մասնակցեցան նաեւ Երեւանի պետական համալսարանէն, Բրիւսովի անուան լեզուաբանական համալսարանէն դասախօսներ:

Գանձասարի Մէջ Այժմ Կան Միայն Ձեռագիրներու Կրկնօրինակները. Իսկ Բնօրինակները Արդէն Իսկ Տեղափոխուած Են Մատենադարան

44-օրեայ պատերազմի ժամանակ Մատենադարան-Գանձասար գիտական մշակութային կեդրոնին մէջ ցուցադրուող ձեռագիրներու կրկնօրինակները, Արցախի պատմութեան առնչուող հազուագիւտ վաւերագիրներն ու հնատիպ գիրքերը տեղափոխուած են Մաշտոցեան մատենադարան: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է մատենադարանը` վստահեցնելով, որ բոլոր բնօրինակները Մաշտոցեան մատենադարանի պահոցին մէջ կը գտնուին:

Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուած է, որ պատերազմէն ետք կրկնօրինակներուն մէկ մասը կրկին վերադարձուած է Գանձասար: Այժմ այնտեղ կը գտնուին միայն ձեռագիրներուն կրկնօրինակները:

Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղի բարձունքին դարերու խորքէն վեր կը խոյանայ Գանձասարի վանական համալիրը: Անիկա հայ ճարտարապետութեան հանճարեղ միտքի ու վարպետութեան վառ օրինակներէն է:

Պահպանուած արձանագրութեան համաձայն, վանական համալիրին կառուցումը սկսած է 1216-ին եւ աւարտած է 1238-ին: Գանձասարի վանքը բաղկացած է Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցիէն, գաւիթէն, կրօնական ու աշխարհիկ կառոյցներէն: Վանապատկան բնակելի եւ տնտեսական շէնքերու, դարպասներով պարիսպներու հետ միասին Գանձասարը հայ ճարտարապետութեան լաւագոյն համալիրներէն մէկն է: Վանքին մօտաւորապէս երկու հարիւր արձանագրութիւններուն մեծ մասը գրուած է վարպետ գրիչներու ձեռքով:

Ժամանակի պատմիչները, յատկապէս` Կիրակոս Գանձակեցին, հիացմունքով կը պատմեն վանքի շինութեան եւ անոր օծման արարողութեան մասին: Պատմական աղբիւրներէն յայտնի է, որ Գանձասարի հինաւուրց եկեղեցին քաղաքական ու կրօնական հաւաքատեղի էր Արցախի եւ շրջակայ հայկական գաւառներու բնակչութեան համար: 17-րդ դարու վերջաւորութեան Գանձասարը արդէն մեծ անուն ունեցող պատմական, մշակութային եւ հոգեւոր կեդրոն էր: Դարավերջին դարձած էր ազատագրական կեդրոն` հայրենասիրական ձգտումներ ունեցող մարդոց գլխաւոր հաւաքատեղի: Շարժումը կը գլխաւորէր եւ կ՛առաջնորդէր Գանձասարի Եսայի կաթողիկոսը: Անոր եւ Իսրայէլ Օրիի համախմբումին շնորհիւ` կատարուած են Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններուն առաջին քայլերը:

1701 թուականին այստեղ գրուած է ռուսական կայսր Պետրոս Առաջինին ուղղուած առաջին նամակը, որով Ղարաբաղի հայերը ռուսական պետութենէն օգնութիւն խնդրած են արեւելքի բարբարոսներէն ազատագրուելու համար: 1923 թուականին` Արցախ աշխարհը Ազրպէյճանին բռնակցուելէն ետք, Գանձասարը չէ գործած եւ անիկա կարելի եղած է նորոգել միայն 1993-1997 թուականներուն: Ուսումնասիրողները Գանձասարի վանական համալիրը միաձայն համարած են 13-րդ դարու հայկական ճարտարապետութեան «գոհարն ու շտեմարանը»: Հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան լաւագոյն գիտակ Ա. Լ. Յակոբսոնի կարծիքով,  «Գանձասարի վանքը ո՛չ միայն ինքնատիպ է ու իր կատարելութեան մէջ ինքնուրոյն, այլեւ բացառիկ է, մենք չենք կրնար ցոյց տալ ուրիշ այդպիսի յուշարձան մը Հայաստանի հողին վրայ»:

Այս մասին տեղեկացուցին Պատմական մշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութենէն:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Յայտնեց` «Վտանգուած Է Արցախի Հայկական Հոգեւոր Եւ Մշակութային Ժառանգութիւնը»

Սեպտեմբեր 28-ին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց  կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Աւստրալիոյ նահանգային խորհրդարանականներու պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ պատուիրակութեան համանախագահներ Հուք Մըք Տերմոթի եւ  Փիմ Ճէյմսի: Այս մասին յայտնեցին Մայր Աթոռի տեղեկատուական կեդրոնէն:

Հիւրերը ողջունելէ ետք նորին սրբութիւնը խոր մտահոգութեամբ անդրադարձաւ արցախահայութեան շարունակուող բռնի տեղահանութեան եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ հայորդիներուն հետապնդումներուն: Հայոց հայրապետը ընդգծեց նաեւ, որ մեծապէս վտանգուած է Արցախի հայկական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը` յիշատակելով ազրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ ամբողջ աշխարհին աչքին առջեւ Նախիջեւանի դարաւոր հայկական գերեզմանին շուրջ 6 հազար խաչքարերու ի սպառ ոչնչացումը:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ցաւով անդրադարձաւ միջազգային հանրութեան ոչ համարժէք արձագանգին, որ առիթ տուաւ Ազրպէյճանին անարգել իրագործել Արցախի մէջ իր ոճրագործ եւ ցեղասպան քաղաքականութիւնը` շրջանցելով միջազգային մարդասիրական բոլոր սկզբունքները:

Հանդիպումին վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Աւստրալիա կատարած իր հովուապետական այցելութիւններուն, գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ ականատես եղած է Աւստրալիոյ ժողովուրդին ու իշխանութիւններուն` հայկական համայնքի նկատմամբ դրսեւորուող հոգատար վերաբերմունքին: Այս առնչութեամբ նորին սրբութիւնը, յանուն հաւատաւոր հայորդիներու, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Աւստրալիոյ իշխանութիւններուն:

Իր հերթին պատուիրակութեան համանախագահ Հուք Մըք Տերմոթը շնորհակալութիւն յայտնեց հայոց հովուապետին` Հայաստանի ու Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ տեղեկատուութիւն փոխանցելուն համար եւ ընդգծեց, որ առկայ մարտահրաւէրներուն եւ սպասուող զարգացումներուն մասին ամբողջական պատկերացումը օգտակար կը դառնայ իրենց հետագայ հայանպաստ գործունէութեան:

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկը Հրապարակեց Հետեւեալ Յայտարարութիւնը

Ինը ամիս տեւած շրջափակումէ ետք, որ կը նպատակադրէր հետապնդուած հիւծման միջոցով ցեղասպանութեան ենթարկելու արցախահայութիւնը, 19 սեպտեմբեր 2023-ին Ազրպէյճանը անցաւ ֆիզիքական բնաջնջման փուլ:

Լայնածաւալ ռազմական յարձակման իբրեւ հետեւանք, որ կ՛ուղեկցուէր հայատեացութեան ակնյայտ դրսեւորումներով, դաժանութիւններով եւ բռնութիւններով, սպաննուեցան հարիւրաւոր արցախցիներ, անոնց շարքին` կիներ եւ երեխաներ: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ ֆիզիքական բնաջնջման անմիջական սպառնալիքի պայմաններուն մէջ մնացած արցախահայութիւնը ենթարկուեցաւ իր հայրենիքէն բռնի տեղահանման:

Արցախեան հիմնահարցը եղած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հետազօտական եւ հանրահռչակման գործունէութեան առանցքին մէջ: Օգտագործելով յուշահամալիրի տարածքին Պաքուի, Սումկայիթի եւ Գանձակի հայերու կոտորածներուն նուիրուած խաչքարերու եւ արցախեան գոյամարտի ընթացքին զոհուած հերոսներու գերեզմաններու առկայութեան հանգամանքը` 2018 թուականի աշունէն Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելող պաշտօնական բոլոր պատուիրակութիւններուն կը ներկայացուի արցախեան հիմնահարցը` զուգահեռներ գծելով Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վարած հակահայկական քաղաքականութիւններուն միջեւ:

2020 թուականին Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմէն ետք Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Արցախի, Նախիջեւանի, Ազրպէյճանի հայութեան բռնաճնշումներուն ուսումնասիրութեան» բաժինը: Բաժինի աշխատակիցներուն ուժերով հայաստանեան եւ արտասահմանեան ամսագրերուն (WOS, Scopus) մէջ նիւթին առնչութեամբ կը տպագրուին գիտական յօդուածներ:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի անգլերէն լեզուով «International Journal of Armenian Genocide Studies» պարբերականի յատուկ թիւ հրատարակուեցաւ` նուիրուած բացառապէս արցախեան հիմնահարցին, որ կը  տրամադրուի շահագրգիռ կազմակերպութիւններու եւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելող պաշտօնական պատուիրակութիւններու անդամներուն:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի որոշ գիտաշխատողներ ներգրաւուեցան «թուրք-ազրպէյճանական հայատեացութեան ակունքները, արդի վիճակը, միտումները (միջգիտակարգային մօտեցումներ)» նիւթի ուսումնասիրութեան մէջ:

2021 թուականին կազմակերպուեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան, հայկական պահանջատիրութեան եւ արցախեան հիմնահարցի խաչմերուկներուն մէջ. յետահայեաց գնահատումներ եւ հեռանկարներ» միջազգային գիտաժողովը, որ նոյնպէս կը միտէր արցախեան հարցի բարձրաձայնման: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կայքը այս ընթացքին պարբերաբար անդրադարձաւ արցախեան հիմնահարցին, Ազրպէյճանի վարած ցեղասպան քաղաքականութեան` ներկայացնելով նաեւ միջազգային կարեւոր կառոյցներու զեկոյցները:

Ներկայիս, ստեղծուած հանգամանքներով պայմանաւորուած, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը նպատակ ունի ընդարձակելու այս ուղղութեամբ իր հետազօտական գործունէութիւնը` նախաձեռնելով հետեւեալ աշխատանքները.

Ա.- «Արցախի, Նախիջեւանի, Ազրպէյճանի հայութեան բռնաճնշումներու ուսումնասիրութեան» բաժինի ընդլայնում,

Բ.- Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի որոշ գիտաշխատողներու ներգրաւում Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներու շրջանակներուն մէջ փաստահաւաք առաքելութեան իրականացման,

Գ.- Տեղահանութեան, բռնութիւններու, ատելութեան խօսքի, հայատեացութեան այլեւայլ դրսեւորումներու վերաբերեալ նիւթերու հաւաքագրում եւ արխիւացում,

Դ.- Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած ցեղասպանական գործողութիւններու վերաբերեալ յօդուածներու, զեկոյցներու, զեկուցումներու եւ յայտարարութիւններու հրապարակայնացում, ցուցադրութիւններու կազմակերպում,

Ե.- Իրականացուած թիրախային ուսումնասիրութիւններու տրամադրում համապատասխան ատեաններուն: Անոնք կրնան հիմք դառնալ ոճրագործութեան մեղաւորները պատասխանատուութեան կանչելու եւ արցախահայութեան խախտած իրաւունքները վերականգնելու ուղղութեամբ իրականացուելիք աշխատանքներուն համար:

Նշուած ուղղութեամբ աշխատանքներ իրականացնելու համար Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը պատրաստ է համագործակցելու շահագրգիռ անհատներու, գիտական հետազօտական հիմնարկներու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութիւնը ներկայացնող բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ:

Կոմիտասի Ծննդեան 154-Ամեակի Նշում. «Կոմիտասը Հայ Ազգի Ծագումնաբանական Քոտի Մարմնացումն Է»

Սեպտեմբեր 26-ին` Կոմիտասի ծննդեան օրը, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեան խումբ մը մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու հետ այցելեց Կոմիտասի անուան պանթէոն, յարգանքի տուրք մատուցեց եւ ծաղիկներ խոնարհեց վարդապետի շիրիմին:

Կոմիտասի ծննդեան 154-ամեակին առիթով կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ: Արարողութեան աւարտին Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեանի գլխաւորութեամբ, կատարեց Կոմիտասի «Ել, ել» ստեղծագործութիւնը: Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեան խօսելով Կոմիտասի ստեղծագործական ժառանգութեան եւ կերպարի մասին` ընդգծեց, որ Կոմիտաս վարդապետը հայ ազգի ծագումնաբանական քոտի մարմնացումն է, հայութեան հաւաքական ուժի, ապրելու եւ արարելու խորհուրդն ու անկոտրում կամքի առհաւատչեան:

Հաղորդենք, որ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 154-ամեակին առիթով հնչեցին Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի զանգերը:

Այս Ծանր Օրերուն «Ծիլ» Տիկնիկային Սթուտիոն Շրջեցաւ Տարբեր Վայրեր Եւ Երեխաներուն Հեքիաթ Պարգեւեց

Ստեփանակերտի «Ծիլ» մանկական տիկնիկային սթուտիոն Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է.

«Այս ծանր օրերուն «Ծիլ» տիկնիկային սթուտիոն շրջեցաւ տարբեր վայրեր եւ երեխաներուն հեքիաթ պարգեւեց:

Խառն տրամադրութիւններ, անորոշութիւն, ապրելու պայքար… Այստեղ իրականութիւնն է, շրջուած ու խօսող իրականութիւնը… Դիմանում ենք…

Ազրպէյճանցի Զինուորները Կրակեցին Չարեքտարի 13-րդ Դարու Վանքի Ուղղութեամբ

Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան կազմակերպութիւնը X-ի վրայ (նախկին Թուիթեր) տեսանիւթ հրապարակեց, որուն մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս ազրպէյճանցի զինուորները կը կրակեն  Չարեքտարի 13-րդ դարու վանքին ուղղութեամբ:

«Այսպիսի յարձակումները ուղղակիօրէն կը խախտեն հայկական մշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին ընդունած ժամանակաւոր միջոցներ կիրարկելու մասին որոշումը, անոնք պէտք է հետաքննուին ու կատարողները պատասխանատուութեան ենթարկուին», նշուած է գրառման մէջ:

Յիշեցնենք, որ Չարեքտարի վանքը Մարտակերտ-Շահումեան շրջաններու նշանաւոր վանային համալիրներէն է:

Չարեքտարի վանքը կը գտնուի Տրտու գետի աջ ափին, բարձունքի վրայ: Անոր Ս. Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է 1260 թուականին: Վանքը կը գտնուի աւերակ վիճակի մէջ: Շրջապատին մէջ կան պատմական նշանակութեան արձանագրութիւններով խաչքարեր, տապանաքարեր:

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշեցիներու Ապրելակերպը Եւ Բարքերը

Յաջորդը

Յաջորդ Տողերը Ջնջել Ընդփոյթ… Ջնջել Հիմա՛

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?