2023-ին ամբողջացաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի գործունէութեան տասնամեակը: Այս առթիւ հանրային հանդիպում մը կայացաւ նշեալ տնօրէնութեան կազմին հետ, ուրբաթ, 22 սեպտեմբեր 2023-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի Փիւնիկ սրահին մէջ, ներկայութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կրթական մարզի պատասխանատուներու, միութենական ներկայացուցիչներու, ուսանողներու եւ մշակութասէր ազգայիններու:
Յաջորդաբար իրենց զեկոյցներով ելոյթ ունեցան` «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, Լիբանանի ծրագիրներու պատասխանատու Գայեանէ Մածունեան եւ արեւմտահայերէնի զարգացման եւ դպրոցներու օժանդակութեան պատասխանատու Անի Կարմիրեան:
Ռազմիկ Փանոսեան սեղմ տողերու մէջ ներկայացուց իր գլխաւորած բաժանմունքին տասնամեայ գործունէութեան հիմնական իրագործումները, ան յիշեցուց, որ տասը տարի առաջ բաժանմունքի գործունէութեան հնգամեայ ծրագիրի մշակման գծով տեսակցութիւններ ունեցած էր լիբանանահայ գաղութի տարբեր հատուածներու ներկայացուցիչներուն հետ, ուր առաջադրուած էր արեւմտահայերէնի հզօրացման շեշտաւորումը (շեշտումը): «Այսօր հաշուետուութեան պահն է» ըսաւ ան, զեկոյցի այս հանդիպումը ներկայացնելով իբրեւ «աշխատանքային բնոյթ ունեցող երեկոյ»: «2014-ին մեկնարկեցինք առաջին հնգամեայ ծրագիրը, որ 2019-ին քիչ մը փոփոխութիւն կրեց, 2023-ին նոր մը սկսաւ, հիմա այս անցումային տարի է, ու ձեր ներդրումը շատ կարեւոր է», աւելցուց Փանոսեան` թուելով ընկերային, բարեսիրական ու կրթական հաստատութեանց յատկացուած նպաստները, որոնք 2014-2023-ի ընթացքին 46 երկիրներու հայկական համայնքներուն յատկացուած է ընդամէնը 25 միլիոն եւ 250 հազար եւրօ: Նպաստի յատկացումը դասաւորուած է չորս սիւներու ուղղութեամբ` արեւմտահայերէնի ամրապնդումը (դպրոց, ուսուցիչ, թեքնաբանութիւն, հրատարակութիւն…) համալսարանական կրթանպաստները, որոնք 1957-էն ի վեր կը յատկացուին հայ ուսանողներու, երրորդը` համալսարաններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ քննական մօտեցման («թինք-թենք» Think-thank) ու գիտական աշխատանքի գծով գործակցութիւն Հայաստանի մէջ, ու չորրորդ` հայ-թրքական յարաբերութեանց բարելաւումի ծրագիր: Դոկտ. Փանոսեան նշեց նաեւ, որ սփիւռքի հզօրացման, սփիւռքակեդրոն մօտեցումի ծիրին մէջ որդեգրուած է նաեւ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերաորակաւորման ծրագիր: Արեւմտահայերէնի շեշտաւորման միտումով ան նշեց թեքնաբանութեան (թեքնոլոժի) կիրարկումը, որուն ցայտուն օրինակներէն է «Նայիրի» բառարանի տարբեր լեզուներով առցանց հրապարակումը: Ապա ան սահիկներու ցուցադրութեամբ թուեց ցարդ իրագործուած հիմնական ծրագիրները, ինչպէս` նորարար մշակոյթի ծրագիրը եւ այլն: Ան ընդգծեց, որ արեւմտահայերէնը կիզակէտն է այս բաժանմունքի նորագոյն նորարար մշակոյթի ծրագիրին: 2014-ին հիմնարկութիւնը կրթանպաստ յատկացուցած է քառասուն դպրոցներու, եւ նշեց, որ ներկայիս գործող տասնվեց դպրոցներէն միայն չորս դպրոցներու հետ կը գործակցին: Օժանդակութիւն կատարուած է նաեւ ոչ կուսակցական մամուլի: Ան ընդգծեց, որ «Քորոնա» ախտավարակի եւ ճգնաժամի շրջանին հիմնարկութիւնը նաեւ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրած է:
Հայ-թրքական յարաբերութեանց մասին Փանոսեան յայտնեց, որ նպաստ, երկխօսութիւն եւ մշակութային գործակցութիւն եղած է Թուրքիոյ մէջ հայանպաստ կազմակերպութիւններու հետ, ինչպէս` «Հրանդ Տինք» «Անատոլու քիւլթիւր» (որուն պատասխանատուն Օսման Քաւալա, ցաւ ի սիրտ, տակաւին արգելափակուած է), «Պողազիչի» համալսարաններու հետ եւ այլն: Ան նշեց նաեւ, որ թարգմանութիւններ կատարուած են Զապէլ Եսայեանի գործերէն, ինչպէս նաեւ կրթանպաստ յատկացուած է կարգ մը դպրոցներու (Կեդրոնական…), աւելցնելով, թէ որոշ նկատառումներով հիմնարկութիւնը այժմ դադրեցուցած է Թուրքիոյ մէջ իր գործակցութեան մեծ մասը` միաժամանակ որոշ ծրագիրներ շարունակելու որոշումով: Նմանօրինակ նախաձեռնութիւններով գործակցութիւն իրականացուած է նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան հետ: Դոկտ. Փանոսեան յայտնեց, որ 2022-ին հիմնարկութեան նոր նախագահ փրոֆեսէօր Անթոնիօ Ֆէյժոնի հետ ամիսներու վրայ երկարող խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ մշակուած է ռազմավարական վերամշակման եւ ծրագրաւորման գործընթաց, որուն ծիրին մէջ մանրամասնութիւններ կը հրապարակուին մօտերս: Ան նաեւ նշեց հիմնարկութեան կայքէջի վերամշակումը, որ երկլեզու` հայերէն ու անգլերէն է (փոխան` փորթուգալերէնի) թելադրելով բաժանորդագրուիլ եւ հետեւիլ անոր բովանդակութեան:
Ապա դոկտ. Փանոսեան խօսքը փոխանցեց հիմնարկութեան Լիբանանի ծրագիրներու պատասխանատու Գայեանէ Մածունեանին, որ նոյնպէս սահիկներու ցուցադրութեամբ զեկուցեց իրագործուած հայկական կրթանպաստի, նախաձեռնութիւններու մասին, ինչպէս` Նորարար մշակոյթի ծրագիր եւ այլն: Մածունեան ընդունուած նպաստառուներու դէմքերը պատկերացնող սահիկի կողքին, թուեց նաեւ անոնց անունները: Ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ լիբանանահայ կրթական, ընկերային-բարեսիրական կազմակերպութիւններու, կեդրոններու թէ հաստատութիւններու («Զուարթնոց», «Գարակէօզեան»… ) տրամադրուած գումարներուն, իրագործուած այլ ձեռքբերումներու, ինչպէս` մամուլի թուայնացման ու բարեզարդման առումով նպաստ («Ազդակ», «Փթիթ», «Տարբերակ»…): «Քորոնա» ախտավարակի եւ ճգնաժամի օրերուն հիմնարկութիւնը արտակարգ իրավիճակի նպաստ եւ կրթական սարքեր տրամադրած է զանազան կեդրոններու (ԼՕԽ, ՀԿԲՄ …), որոշ կայքերու անվճար տրամադրում եւ այլն: Մածունեան վերահաստատեց հիմնարկութեան նախանձախնդրութիւնը` արեւմտահայերէնի եւ սփիւռքի հզօրացման միջոցներու որդեգրման եւ գործադրութեան վերաբերեալ:
Իր կարգին, արեւմտահայերէնի զարգացման եւ դպրոցներու օժանդակութեան պատասխանատու Անի Կարմիրեան անդրադարձաւ հիմնարկութեան գործունէութեան Լիբանանի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու մերձակայ հայկական գաղութներուն մէջ: Ան յայտնեց, որ 2015-էն սկսեալ հիմնարկութիւնը զարկ տուած է արեւմտահայերէնի հզօրացման, աշխատանքի կազդուրման եւ դաստիարակչական նորարար նախաձեռնութիւններու: Կազմակերպած է նորարարական (workshop) վարժանիստեր, ինչպէս` «Ստեղծարար գրագիտութիւն» (Readers Writers workshop) եւ այլն: Քառասուն մտաւորականներու մասնակցութեամբ` տնօրէններու պատրաստութեան համագումար Ֆրանսայի մէջ, գործակցաբար «Ամերիկայի ձայն»-ին հետ, գործակցութիւն լիբանանեան համալսարաններու հետ (Հայկազեան, Էլ.Էյ.Եու.- LAU…): Բաժանմունքը նաեւ նախաձեռնած է կարգ մը դասագիրքերու վերանայման ու թուայնացման` զանոնք տրամադրելի (ներբեռնելի) դարձնելով աշակերտութեան թէ ուսուցիչներու, ինչպէս` Հրաչ Տասնապետեանի «Իրագիտութիւն» դասագիրքերու շարքը: Ձեռնարկած է դաստիարակչական, նորարար ձեռնարկներու («Զարթիս» մատենաշար, «Զնտուկ» կայք, «Նայիրի» բառարանային բազմալեզու կայքի հաստատում, գրադարաններու բարեզարդում (բարելաւում) Համազգայինի կեդրոնական գրադարան, «Զարմանազան» «Զարցանց» ուսահարթակներ` վարիչներու յատուկ: Կարմիրեան հանգամանօրէն անդրադարձաւ ցարդ իրագործուած քայլերու, ինչպէս` մանուկներու թէ չափահասներու յատուկ թարգմանական ու հետազօտական աշխատանքներ:
Նշենք, որ ձեռնարկին զուգահեռ, ներկաներուն թելադրուեցաւ դիտել սեղաններու վրայ զետեղուած հիմնարկութեան գործունէութիւնը ցոլացնող հրատարակութիւններ: