Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շաքի` Երբեմնի Հայաշատ Գաւառ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Շաքի Աղուանքի հիւսիս-արեւմտեան կողմը գտնուող Շաքի քաղաքը իր շրջակայ գիւղերով հայաշատ էր եւ հարուստ` հայրենի պատմական յիշատակարաններով: Շաքիի շրջակայ գիւղերէն անուանի է յատկապէս Քիշ, որուն առաքելահիմն եկեղեցին եղած է մեծ ուխտատեղի: * * * Շաքի գաւառը կ՛ընդգրկէ Օրաբան, Արջկան եւ Կախաւան գետերուն միջեւ, Կովկասեան լեռնաշղթայի հարաւահայեաց լանջերէն մինչեւ Զարղունի դաշտ երկարող գօտին: Շաքի քաղաքը կը գտնուի Կովկասեան լեռնաբազուկներու...




















