Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտընին Ուղղուած` Հանրաճանաչ Մարդոց Նամակին Մէջ Ազրպէյճանցին «Սխալմամբ» Աւելցուած Է Կազայի Պատանդներու Ցանկին Մէջ

Նոյեմբեր 6, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Բոլորս կը հետեւինք Իսրայէլի եւ Կազայի մէջ տեղի ունեցող սրտաճմլիկ իրադարձութիւններուն, որոնց ընթացքին կը զոհուին հազարաւոր անմեղ մարդիկ, իսկ հարիւրաւորներ արդէն իսկ պատանդ վերցուած են  ՀԱՄԱՍ-ի կողմէ: Ես կը դատապարտեմ բոլոր սպանութիւնները եւ պատանդառութիւնները` անկախ ազգութենէ, ազգային կամ կրօնական պատկանելիութենէ:

Պատմութեան ընթացքին, իբրեւ զանգուածային սպանութիւններու եւ ցեղասպանութեան զոհեր, հայերը լաւ կը հասկնան մեծաթիւ ոճիրներու ողբերգական հետեւանքները: 2020-ի արցախեան պատերազմէն առաջ, ընթացքին եւ անկէ ետք ազրպէյճանցիներու կողմէ իրականացուած են ամէնէն սարսափելի յանցագործութիւնները հազարաւոր հայ զինուորներու եւ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ:

Պատերազմի աւարտին Հայաստան, Ազրպէյճան եւ Ռուսիա ստորագրեցին համաձայնագիր, որով կոչ կ՛ուղղուէր փոխանակելու բոլոր ռազմագերիները: Հայաստան կատարեց յանձնառութեան իր բաժինը` անյապաղ ազատ արձակելով բոլոր ազրպէյճանցի գերիները, մինչդեռ Ազրպէյճան երեք տարի անց տակաւին գերութեան մէջ կը պահէ քանի մը տասնեակ հայեր: Ոչ ոք գիտէ անոնց ստոյգ թիւը: Այս կալանաւորները ապօրինի կերպով դատած եւ դատապարտած են երկարաժամկէտ ազատազրկման` խախտելով ոչ միայն 2020-ի, այլեւ Ժընեւի համաձայնագիրը: Հայ բանտարկեալները ենթարկուած են խոշտանգումներու եւ անյայտ թիւով սպաննուած` ազրպէյճանական բանտերու մէջ:

Աւելի մտահոգիչը այն է, որ անցեալ ամիս Արցախը բռնագրաւելէն ետք, Ազրպէյճան գերի վերցուց Արցախի կառավարութեան ութ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ` նախկին նախագահները, նախկին պետական, պաշտպանութեան եւ արտաքին գործերու նախարարները, բանակի հրամանատարի տեղակալը եւ Արցախի խորհրդարանի նախագահը: Անոնք բոլորը կը պահուին իբրեւ պատանդներ` առանց որեւէ յոյսի, որ շուտով ազատ կ՛արձակուին:

Անդրադառնալով 7 հոկտեմբեր 2023-ին Իսրայէլի մէջ ՀԱՄԱՍ-ի կողմէ գերեվարուած աւելի քան 200 պատանդներու ողբերգական իրավիճակին, ես կ՛աջակցիմ բոլոր այն ջանքերուն, որոնք ուղղուած են այդ պատանդները հնարաւորինս շուտ ազատ արձակելու նպատակին: Քանի մը հարիւր հոլիվուտեան յայտնիներ, ինչպէս` Մատոննա, Քրիս Ռոք, Ճասթին Թիմպըրլէյք, Քուինեթ Փելթրոն, Ճերի Սայնֆըլտ եւ Թէյլըր Փերի, ստորագրած են նախագահ Ճօ Պայտընին ուղղուած միացեալ նամակ` կոչ ընելով անոր` «կանգ չառնել, քանի դեռ բոլոր պատանդները ազատ չեն արձակուած»:

Անցեալ շաբաթ ժամանցային զանազան ամսագիրներու եւ կայքերու մէջ երեւաց յօդուած մը, որ հրապարակած էր Պայտընին ուղղուած հանրաճանաչներու  ստորագրած  նամակը: Այս մասին մամուլի հաղորդագրութիւնը լրատուական միջոցներուն տարածած էր Լոս Անճելըսի մէջ գործող PR գործակալութեան  Principal Communications Group-ի կառավարման գործընկեր Մելիսա  Զաքըրմըն: Հակառակ քարոզարշաւի նախաձեռնողներուն բարի մտադրութիւններուն` ցաւալի «սխալ» մը նսեմացուց ողջունելի ջանքերը:

Նամակը կը ներառէր պարբերութիւն մը, ուր կ՛ըսուէր. «Մենք կոչ կ՛ուղղենք բոլորին կանգ չառնել, քանի դեռ բոլոր պատանդները ազատ չեն արձակուած: Ոչ ոք պէտք է պատանդ մնայ, անկախ անկէ, թէ ան ամերիկացի, արժանթինցի, աւստրալիացի, ազրպէյճանցի, պրազիլցի, բրիտանացի, քանատացի, չիլիցի, չին, դանիացի, հոլանտացի, էրիթրէացի, ֆիլիփինցի, ֆրանսացի, գերմանացի, հնդիկ, իսրայէլացի, իտալացի, ղազախ, մեքսիքացի, փանամացի, փարակուէյցի, փերուցի, լեհ, փորթուգալցի, ռումանացի, ռուս, հարաւափրիկեցի, սպանացի, սրիլանքացի, թայլանտցի, ուքրանացի, ուզպեք թէ այլ, մենք պէտք է զանոնք բոլորը տուն բերենք»:

Ես կ՛ողջունեմ  հանրաճանաչները, տիկին Զաքըրմընը եւ բոլոր միւսները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը ունեցած են նախագահ Պայտընին ուղղուած նամակի պատրաստման մէջ: Սակայն զարմացայ, երբ գերի ինկած ազգութիւններու ցանկին մէջ տեսայ «ազրպէյճանցի» պատանդներու մասին յիշատակում: Քանի որ ես չէի լսած, որ ՀԱՄԱՍ-ի կողմէ Իսրայէլէն ոեւէ ազրպէյճանցի առեւանգուած է, հետաքրքրուեցայ, թէ արդեօք այդ տեղեկութիւնը ճի՞շդ է: Ուստի, ես նամակ յղեցի տիկին Զաքըրմընի եւ հարցուցի ազրպէյճանցի պատանդի յիշատակման իսկութեան մասին: Ան չպատասխանեց ելեկտրոնային նամակիս: Ան նաեւ անտեսեց   ելեկտրոնային  երկրորդ նամակս, ինչպէս նաեւ` հեռախօսային հաղորդագրութիւնը, զոր թողած էի իրեն համար:

Յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ կատարելով` թէ պարզեցի, թէ որեւէ տեղեկութիւն չկայ ազրպէյճանցի պատանդի մասին` բացառութեամբ ութ ազրպէյճանցիներու, որոնցմէ երկուքը ազրպէյճանա-իսրայէլական երկքաղաքացիներ էին, որոնք, ցաւօք, սպաննուած էին ՀԱՄԱՍ-ի կողմէ յարձակման ատեն:

Այնուհետեւ ես կապ հաստատեցի նամակը ստորագրած  հանրաճանաչներէն մէկուն  ներկայացուցիչին հետ եւ հարցուցի անոր, թէ արդեօք ան որեւէ բան գիտէ՞ ՀԱՄԱՍ-ի կողմէ ազրպէյճանցիի պատանդ վերցուելուն մասին: Հանրածանօթ անձին ներկայացուցիչը ինծի ըսաւ, որ իր յաճախորդին կողմէ ստորագրուած նամակի տարբերակին մէջ ազրպէյճանցիի կամ որեւէ այլ ազգութեան մասին խօսք չէ եղած: Երբ ես անոր յղեցի լրատուական միջոցներու մէջ հրապարակուած նամակին պատճէնը, ան ցնցուեցաւ` գիտնալով, որ տիկին Զաքըրմընի գրասենեակը հանրածանօթ մարդոցմէ խնդրած է ստորագրել նամակին այն տարբերակը, որ չէր ներառեր 33 ազգութիւններու անունները: Այնուհետեւ տիկին  Զաքըրմընի գրասենեակը նախագահ Պայտընին ուղարկած է նամակի բարեփոխուած տարբերակը` առանց հանրայայտներուն ըսելու, որ այն, ինչ անոնք ստորագրած են, չէ ուղարկուած Սպիտակ տուն: Ցաւօք, այս հանրաճանաչները նամակի փոփոխութեան մասին տեղեկացուած չեն եղած ո՛չ զայն ստորագրելէ առաջ, ո՛չ ալ անկէ ետք: Ասիկա չափազանց ոչ մասնագիտական եւ ոչ կենցաղավարական վերաբերում է:

Այսպիսով, նախագահ Պայտընին ուղղուած նամակին մէջ Ազրպէյճան «սխալմամբ»  ներառուած է` իր քաղաքացիները պատանդառութեան զոհ դարձնելով, մինչդեռ Ազրպէյճանն է մեղաւոր հայերը պատանդ վերցնելու մէջ: Ցաւօք, տիկին  Զաքըրմըն  անտեսեց  բոլոր  փորձերս` պարզելու իրմէ, թէ  ինչպէ՞ս կրնայ նման սխալ մը ըլլալ, եւ ինչո՞ւ ջանք չգործադրուեցաւ զայն ուղղելու կամ գոնէ պատշաճ բացատրութիւն տալու համար: Որքան գիտեմ, ազրպէյճանցի պատանդներ Կազայի մէջ կամ աշխարհի որեւէ այլ վայրի մէջ չկան: Եթէ ես կը սխալիմ, տիկին Զաքըրմըն բազմաթիւ կարելիութիւններ ունէր ուղղելու իմ տեղեկութիւնս, բայց հրաժարեցաւ այդ ընելէ:

Ի վերջոյ, նամակին մէջ կ՛ըսուէր. «Ոչ ոք պէտք է պատանդ մնայ» (www.nohostageleftbehind.com), ինչ որ կ՛ենթադրէ, թէ աշխարհի բոլոր պատանդները, անկախ անկէ, թէ ո՛վ զանոնք գերի վերցուցած է եւ ո՛ւր որ ալ գտնուին, պէտք է ազատ արձակուին: Նման համապարփակ խնդրանք մը պէտք է վերաբերէր նաեւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող քանի մը տասնեակ հայ պատանդներուն:

Առանց որեւէ խտրականութեան, երբ կը հոգանք բոլոր պատանդներուն մասին, միայն այն ատեն է, որ կրնանք պնդել, թէ մենք իսկական մարդասէրներ ենք:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Նախորդը

«Օփընհայմըր Բ.» Չարագործը` Ողբերգական Հերոս

Յաջորդը

Կը Բաւէ՞

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?