ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Հոկտեմբերի 8ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի ձեռամբ։ Եպիսկոպոսութեան աստիճանին արժանացան Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Օշական վարդապետ Կիւլկիւլեան, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան Տնօրէն ժողովի ատենապետ Թէոդորոս ծայրագոյն վարդապետ Զաքարեան, նոյն պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչ Կորիւն ծայրագոյն վարդապետ Բաղդասարեան, Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Մեսրոպ վարդապետ Պարսամեան եւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս վարդապետ Դաւթեան:
Օշական վարդապետ Կիւլկիւլեան Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուեցաւ 13 Մայիս 2022ին: Կիւլկիւլեան սրբազան հայրը ծնած է Պէյրութ ու իր նախնական ուսումը ստացած է Վահան Թէքէեան վարժարանին մէջ. եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքի սան, այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ, զոր աւարտած է 1986ին. 1988ին պաշտպանած է իր թէզը Աղթամարի կաթողիկոսութեան մասին՝ Օշականի վանքին մէջ, եւ ստացած է վարդապետի աստիճան:1989ին, ան իր ուսումը շարունակած է Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքը եւ Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանին մէջ, ապա՝ 1990ին, ուսումը շարունակած է նաեւ Վըրճինիա նահանգի Ռիչմընտ քաղաքի Աստուածաբանական ճեմարանին եւ Վըրճինիայի համալսարանին մէջ: 2003ին ստացած է աստուածաբանութեան մագիստրոսի կոչում, նաեւ` կրօնական ուսուցման վկայական` Ինտիանա նահանգի Երրորդութիւն աստուածաբանութեան ճեմարանէն:
Տարբեր երկիրներու մէջ (Հայաստան, Ամերիկա, Գանատա, Հնդկաստան) եկեղեցական կարեւոր ծառայութիւններ կատարելէ եւ պարտականութիւններ ստանձնելէ ետք, ան 2009ին նշանակուած է Փենսիլվենիա նահանգի Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ եկեղեցւոյ հովիւ եւ հոն ծառայած է մինչեւ Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուիլը ու Պաղտատ փոխադրուիլը՝ Յուլիս 2022ին:
Վստահ ենք, որ դժուար որոշում մըն էր անիկա, եւ բնաւ հեշտ չէր ապահով երկրի մը մէջ թողնել եկեղեցական ծառայութիւնը եւ շարունակական խնդիրներ ունեցող երկիր մը անցնիլ եկեղեցական ծառայութեան համար, բայց սրբազան հայրը ընդունեց զոհողութիւնն ու մարտահրաւէրը՝ նախապէս իմանալով իրեն սպասող դժուարութիւնները:
Հոս կարեւոր է համառօտ անդրադառնալ Իրաքի հայ գաղութին: Անիկա իր ուրոյնութիւնն ունի եւ հարիւրաւոր տարիներու փայլուն պատմութեան տէր է: Հարուստ է իր եկեղեցիներով, միութիւններով եւ ազգային հաստատութիւններով. անիկա աւանդապահ եւ խիստ բծախնդիր է հանդէպ ամէն ինչի, որ կը վերաբերի իր ազգային եւ եկեղեցական արժէքներուն․ բախտը ունեցած է, բոլոր պարագաներուն, իր զաւակները ազգային շունչով մեծցնելու եւ պատրաստելու․ այս բոլորին կողքին՝ անիկա կալուածներու տէր է:
1950ի վերջերը, գաղութը բաւական բարգաւաճ վիճակ մը ունէր. սակայն 14 Յուլիս 1958ի, 14 Փետրուար 1963ի, Նոյեմբեր 1963ի եւ 17-30 Յուլիս 1969ի պետական կարգերու տապալումները խիստ ազդեցութիւն ունեցան հայ համայնքին վրայ եւ պատճառ դարձան գաղթի հոսանքներու, որոնցմէ ամենամեծը եղաւ 1970 սկիզբին, երբ հարիւրաւոր իրաքահայեր Պէյրութ հասնելով՝ ԱՆՉԱի միջոցով Ամերիկա անցան․ այդ գաղթը շարունակուեցաւ այլ միջոցներով, մինչեւ 1970ի վերջերը: Իրաքի եւ Պարսկաստանի միջեւ պատերազմը (1980-1988) գաղթի հոսանքները կասեցուց․ ճամբորդութիւնը արգիլուած էր․ սակայն երբ պատերազմը վերջ գտաւ 8 Օգոստոս 1988ին, շատերը հեռացան երկրէն:
Ծոցի երկրորդ պատերազմին, 2 Օգոստոս 1990ին, Իրաք ներխուժեց Քուէյթ, սակայն 17 Յունուար 1990ին, դաշնակից ուժերուն կողմէ Իրաք պարտուած դուրս եկաւ Քուէյթէն։ Այդ մէկը ծայր տուաւ գաղթի նոր ալիքի մը՝ առաջին կայանը ըլլալով Յորդանան, ապա՝ Ամերիկա, Գանատա, Հոլանտա, Շուէտ եւ այլուր։ 9 Մարտ 2003ին, Ծոցի երրորդ պատերազմը ծագեցաւ, կրկին Ամերիկայի ղեկավարութեամբ եւ Անգլիոյ ու այլ երկիրներու մասնակցութեամբ: Իրաքի մէջ սկսաւ նոր սեւ էջ մը: Անապահովութիւն, առեւանգում, կողոպուտ, պայթիւն, սպանդ, ամէնօրեայ սպառնալիքներ, առաւել եւս՝ անգործութիւն, ելեկտրականութեան, ջուրի եւ վառելանիւթերու սուր տագնապ, սղաճ եւ այլն, որոնք տեւեցին քանի մը տարիներ եւ պատճառ եղան մասսայական արտագաղթի:
Ներկայիս, գաղութը կենսունակ է ինչպէս եղած է միշտ, սակայն կորսնցուցած է մեծ թիւով անդամներ՝ գաղթի պատճառով։
Գաղութի կեանքը, մանաւանդ հաւատացեալներու եկեղեցական կեանքը, վերջերս անտարբեր եւ միապաղաղ շրջանի մը մէջ էր. սակայն անոր երակներուն մէջ նոր եւ երիտասարդ արիւն մը սկսաւ հոսիլ, անիկա ծաղկեցաւ ու ճոխացաւ իր ներկայ առաջնորդով՝ Օշական եպիսկոպոս Կիւլկիւլեանով։
Սրբազան հայրը տեղի պայմաններուն ծանօթանալէ ետք, նախ մեծ աշխատանք տարաւ լաւ կապեր հաստատելու համար հաւատացեալներուն եւ եկեղեցիին միջեւ․ ան իր անձնական պարտականութիւններէն մէկը համարեց հայկական ընկերային, մշակութային եւ մարզական միութիւններու հոգատարութիւնը, եւ որպէս հոգեւորական՝ իր խոնարհ բնաւորութեան շնորհիւ, ան յաջողեցաւ ամուր յարաբերութիւններ հաստատել բոլորին հետ: Նոյնը տեղի ունեցաւ գաղութի բոլոր անդամներուն հետ եւ ի մասնաւորի չքաւոր դասակարգին ու վատառողջներուն հետ, որոնց տնային այցելութիւնները սովորական երեւոյթ մը դարձաւ գաղութին մէջ։ Միաժամանակ, ան լաւ յարաբերութիւններ ունեցաւ քրիստոնեայ համայնքապետերու, իսլամ կրօնականներու, իսլամ յայտնի անձնաւորութիւններու եւ մտաւորականներու հետ։
Իրաքի կարգ մը շրջաններուն հայ եկեղեցական կեանքը իսկական մարտահրաւէրի դիմաց էր հաւատացեալներու թիւի նուազման եւ քահանաներու անբաւարարութեան պատճառով, սակայն, այդ ալ մեղմացաւ սրբազան հօր այցելութիւններու շնորհիւն, նոյնիսկ ամենանուազ թիւով հայութիւն ունեցող Քէրքուքի նման գաղութին մէջ։
Շարքը երկար է եւ էջերու կարիքը ունի։
Կը շնորհաւորենք սրբազան հայրը իր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման առիթով եւ սրտանց կ՛աղօթենք, որ ամենակալ Տէր Աստուած իրեն պարգեւէ անսպառ ուժ ու կարողութիւն, առողջութիւն եւ յարատեւ յաջողութիւն իր առաքելութեան մէջ:
Նաեւ, կը շնորհաւորենք Իրաքի հայ գաղութը, իր նուիրեալ ու եզակի հոգեւոր պարգեւներով օժտուած եւ բազում փորձառութիւններու հեռանկարով հարստացած խանդավառ առաջնորդ մը ունենալուն համար, եւ համոզուած ենք, որ առաջնորդ Օշական եպիսկոպոս Կիւլկիւլեանի հովուական խնամքին տակ պիտի շարունակէ ապրիլ ազգային-հոգեւոր արժէքներով, պիտի մնայ հաւատարիմ իր ինքնութեան ու պիտի նուաճէ նոր բարձունքներ:
Լոս Անճելըս
Հոկտեմբեր 15, 2023