Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հասան Նասրալլայի Ճառին Առիթով

November 7, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Շաբաթ մը առաջ յայտարարուեցաւ, որ Հըզպալլայի առաջնորդ Հասան Նասրալլա ուրբաթ, 3 նոյեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին պատկերասփռուած ճառ մը պիտի խօսի: Այս առիթով տեղի պիտի ունենային համակիրներու երեք համախմբումներ, տարբեր վայրերու մէջ: Համակիրներու մարդաշատ համախմբումները տեղի ունեցան, Հասան Նասրալլա ճշդուած ժամուն մօտ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ իր ճառը արտասանեց:

Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումի առաջին իսկ օրէն հարց կը դրուէր, թէ Հըզպալլա օգնութեան պիտի հասնի՞ Համաս շարժումին, մարտական ճակատ մը բանալով Լիբանանի հարաւէն: Իսրայէլ իր գոյութեան սկիզբէն ի վեր մնայուն մարտավարութեան մը կը հետեւի. դրացի երկիրներու մէջ զինուորական որակական յաջողութիւնները կամ զարգացումը վտանգաւոր կը նկատէ իր ապահովութեան համար եւ կանխարգելիչ հարուածներ կը հասցնէ: Թշնամական նկատուած ուժերը նոյնիսկ երբ ոչ մէկ յարձակողական քայլի դիմած են, երբ վտանգաւոր կը նկատուին, արժանի կ՛ըլլան հարուածի:

Լիբանանը բացառութիւն չի կազմեր. հարաւը տեղակայուած Հըզպալլայի մարտական ուժերը թշնամական դիրքորոշում ունին Իսրայէլի նկատմամբ եւ այս պատճառով Իսրայէլ հարկ կը տեսնէ պարբերաբար հարուածելու Լիբանանի հարաւը: Հըզպալլա համապատասխան կը հակադարձէ:

Կազայի պատերազմի առաջին օրերուն Իսրայէլ ուժեր կուտակեց իր հիւսիսային սահմանին, որ հանդիպակաց է Լիբանանի հարաւին: Ու սկսաւ կանխարգելիչ հարուածներ հասցնել Հըզպալլայի դիրքերուն: Հըզպալլա հակադարձեց, թիրախ դարձնելով իսրայէլեան մարտական կուտակումները սահմանին մօտակայքը:

Զարմանալի կը թուէր, որ Կազայի մէջ զինուորական գործողութիւնները արդէն թեւակոխած էին չորրորդ շաբաթը, սակայն Հասան Նասրալլան լուռ էր: Հարց է սակայն, թէ ինչո՞ւ Նասրալլա անպայման հրապարակային եղանակով ըսելիք պէտք է ունենար: Երբ արեւմտեան լրատուական միջոցները կը կեդրոնանան ընթացիկ երեւոյթի մը վրայ, մտահոգութիւն եւ տագնապ կը յառաջացնեն: Երբ Իսրայէլի ղեկավարները առանց որեւէ պատճառի կը զգուշացնեն Հըզպալլայի կողմէ սխալէ մը ու կը սպառնան, որ Լիբանանը պիտի վերադարձնեն քարէ դար, բնականաբար տագնապ ու մտահոգութիւն կը յառաջանայ: Իսկ երբ Հըզպալլա կը հաղորդէ իր ղեկավարին կողմէ պատգամի մը լուրը, կը կարծուի, որ կը գտնուինք ամբողջական պատերազմի մը վաղորդայնին:

Մտահոգութիւնները այնքան արմատացած էին, որ կարգ մը դպրոցներ փակուեցան այդ օրը, ուրիշներ իրենց աշակերտները կանուխ արձակեցին, խանութներ ու գործատեղիներ փակուեցան, փողոցները ամայացան ու տիրեց վախի համատարած մթնոլորտ: Ոմանք սննդեղէն եւ վառելանիւթ կուտակեցին, ինքնապաշտպանութեան միջոցներ ապահովեցին:

Ի՞նչ ըսաւ Հասան Նասրալլա իր մէկուկէս ժամ տեւած ճառով: Ըսաւ ինչ որ ամէն մարդ, իր հոգիին խորքը, գիտէր արդէն: Լիբանան, ինչպէս արաբական բոլոր երկիրները, պատերազմին մասնակից չէ, սակայն պատրաստ է (Հըզպալլան պատրաստ է) ինքնապաշտպանութեան, եթէ յարձակման ենթարկուի: Բոլոր կարելիութիւնները բաց են, ըսաւ Հասան Նասրալլա, եւ Հըզպալլայի վարմունքը կախում ունի Իսրայէլի վարմունքէն: Հըզպալլան նախայարձակ չէ, սակայն պատրաստ է համապատասխան միջոցներու, եթէ յարձակման ենթարկուի:

Լրատուական միջոցներու առատութիւնը, անոնց բազմազանութիւնը, սանձարձակ ու անհակակշիռ ազատութիւնը դարձած են հոգեբանական պայքարի զէնքեր: Ոչ միայն դժուար, այլ նոյնիսկ անկարելի է, սովորական մարդուն համար, զանազանումը ճիշդը սխալէն, շինծուն իրականէն: Տիպարներ ու երեւոյթներ կը հնարուին, լոզունգներ կը տարածուին, որոնք նոյնիսկ երբ ճշմարտանման չեն, իբրեւ իրականութիւն կամ իրեղէն ապացոյց կը մատուցուին մեզի: Նպատակը թմրեցնել է մարդկային բնական բանականութիւնը, քաղաքացին դարձնելով մտացածին լուրեր սպառող ապրանքատեսակի:

Կրկնուող լոզունգներէն մէկն է «Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքնապաշտպանութեան» անհեթեթութիւնը: Իսկ ուրիշներ նոյն այդ իրաւունքէն զո՞ւրկ են: Կատարուած ռմբակոծումներուն անմարդկային բնոյթը կը ստիպէ նաեւ ըսել, որ Իսրայէլ պարտի յարգել պատերազմական սահմանափակումները: Իսկ երբ Իսրայէլ չի յարգեր մարդկային տարրական իրաւունքները, դատապարտանքի չ՛արժանանար, միջոցառումներ չեն կատարուիր:

Հասան Նասրալլան խօսեցաւ, ու արտակարգ որեւէ բան չպատահեցաւ: Շուտով նորէն պիտի խօսի, ու կրկին արտակարգ որեւէ բան պիտի չպատահի: Պատերազմը կը շարունակուի: Քաղաքագէտները կը մեկնաբանեն, պետական ղեկավարները կը բանակցին, ժողովներ կը գումարուին եւ մարդիկ կը շարունակեն մեռնիլ, հազարներով, բնակավայրեր կը քանդուին ու կեանքեր կը խորտակուին: Ո՞ւր է արդարութիւնը:

 

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Նախորդը

Ոչ Եւս Է Զոհրապ Եագուպեանը (1949 – 2023)

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Տիւրենթ 41 Կէտ Նշանակեց. Լամելօ Պոլի Թրիփըլ Տապըլը Բաւարար Չէր

RelatedPosts

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.